Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏԿԵՐԻՆ ՏՂԱՆ

Սովորութիւն մը իր տարօրինակութեան մէջ անողոք ըսուելու եւ հռչակուելու աստիճան ընթացք առած՝ այս վերջին քանի մը տարիներուն, տեղացի մեր աղջիկները անստոյգ բաղդախաղի մը զոհերը կը պահէ, որուն առջեւն առնելու հնարաւորութիւնը ես ալ խելքովս չէի կրնար ծրագրել, ուրիշի գիւտին վրայ ալ հաւատք չունիմ: Երկրին տղաքը յայտնի է, թէ ո՛ւր հաստատուեր են եւ ուսկէ ձէն կուտան, ու անոնց ետեւէն ան նոր գացողներն ալ ի՛նչքան փութկոտ էին, որ հիմա նոյն իսկ եղանակին բուքն ու քամին ալ բանի չի դնելով, օր առաջ լեռն անցնիլ ու տեղ հասնիլնին կը նային:

Թէ ինչո՞ւ կ՚երթան, կամ աս նորերն ալ ինչո՞ւ ելեր կը հեռանան, որոնք ետեւնին ալ չնայելու համար շատերը ամբողջ ընտանիքով կը ճամբորդեն, առ այժմ մնային ասոնք, ու դուք միայն ժամանակ գտնելով սա դողդողացող մատիս հետեւեցէք, որ այն կողմը կը պարզեմ «որչափութիւն» մը հասկցնելու համար:

Տուները պարպուած են, կը պարպուին, այսօր ամայացած վանդակներու ձեւը առած են, որ վաղը իրենց տեղերուն վրայ անպէտ հողակոյտերու վերածուին, ու դաշտն ալ, ուրիշ կողմ մը, փուշով ու տոշկուկով [1] ծածկուած ու կորդացած մողէսներուն փորին տակը խշխշայ: Բայց դեռ աս չէր ըսելիքս:

Երկրէն նախօրով բաժնուողները, որոնք հոն ամերիկեան միսի մը վրայ ակռայ չի կրնալով բանեցնել, անոր հետ չամուսնանալու շատ մը բարդ պատճառներ կ՚ունենան եղեր, գոնէ ինչպէս իրենց գրածներէն կ՚իմացուի, գրեթէ միշտ անոնք են կամ անանկներու մէջէն այն ծեր երիտասարդն է մանաւանդ, որ գործաւորի իր հաշմած մարմինին դիմացկուն յենակ մը ապահոված ըլլալու համար, որ քիչ մըն ալ գիտցուած սիրուն ձուկ մը ըլլար, խելք կ՚ընէ, անկէ հոս մինչեւ, ոսկի կարթ մը կը նետէ, կարթ մը ոսկիէ, անով շատ անգամ կը յաջողի ճիշտ իր ուզածին ու նշան ըրածին հոգիէն բռնած ըլլալ, եթէ սակայն կարող ըլլայ զայն մինչեւ վերջը իր ձեռքին մէջ կամ իր բարձին վրայ պահել:

Խօսքս վէպի մը ստուերոտ մթամածութենէն ազատ պահելու համար, կ՚ստիպուէի հոս քիչ մը կանգ առնել: Ամերիկայէն Խարբերդ նշանուիլ ուզողը հոս իր ծնողքին, թէ չունէր այս, իր ազգական ծանօթներէն մէկուն անունին կարեւոր գումար մը հանելով, ճամբու ու նշանտուքի ծախքերուն օգտելու չափ գումար մը կ՚արտօնէր զայն, որ բնավայրին թարմագեղ կուսութիւններէն հատի մը բնտռտուքն ընէր, ու անոր հետ օր առաջ ճամբայ իյնար, եթէ ինք չէր կրնար երթալ, ուրիշի մը հետ խրկէր ան բռնուած ձկնիկը: Ուզածին պէս, ուզածէն ալ աւելի: Հաւնուելիք հարսնցուն աս տունը եթէ չիկար, ան դռան ետեւը անպատճառ երկուքը-երեքը մէկտեղ կը գտնուէին: Բաղնիքը, եկեղեցին, որբանոցները, աղջկայ պէս ապրանքի մը ճոխ ցուցադրավայրերը, հազարներ կային, որ հովիտներու շուշանի պէս ծաղկեր են ու այսօր վաղը դաշտի կակաչներուն պէս պիտի խամրէին: Մէկ օրէն միւսը՝ ուշ ալ չպիտի մնար բանը, դուռ մը կը բացուի, աղջկայ խնդրակը՝ կին մը, կամ կնկան հետ էրիկ մըն ալ ներս կը մտնեն. բազմոցին վերին անկիւնը անոնց տեղ կը ցուցուի, ընդունելութեան պայմանադրական կէտերէն բան մը չպիտի մոռցուէր: Մարդիկը առեր ու նստեր են, անոնց ետեւը խնձոր ալ խրկուէր, չէին գար, յարգանքի իմաստով աս փաղաքուշ խօսքն ալ տանտիրուհիին առաջին խօսքը կ՚ըլլայ: Ան օրը դէմինին հետ բանակցութիւնը որոշ գոյնի մը մէջ ապահովելու համար, տղուն կողմէ այն կնիկը՝ մայր կամ ազգականուհի, անանկ ալ անուշ շառլաթանութիւններ մը կ՚ստեղծեն ու կ՚արժեցնեն, որ օձը ծակէն դուրս քաշելու չափ հզօր հմայք մը կ՚ունենան: Տղան հոն լորտ մըն է եղեր, տղան հոն շաբաթը այն ինչ չափով վաստկող մը, շատ հարուստներ աղջիկնին վրան կը ձգեն եղեր, բայց ինք՝ հարիւրներուն մէջ մէկ հատիկ խելացին, անոնց բոլորը մերժելու խօսքով, իր ուզածը անպատճառ իր երկրէն տարուած մը պիտի ըլլի եղեր: Մայր կամ ազգականուհի, անգամ մըն ալ ան իրենցինին լուսանկարը քշելով ձեռքը աղջկան տէրերուն, տարիքն ալ կ՚աւելցնէ, քսանըութը անցուկ՝ բայց դեռ քսանըինը չըսուիր: Թոսունի պէս ճահիլ մը, որ իր պօսին աչքին լոյսն է եղեր…

Պատկերին տղան, այն որ ութը, ինը տարի առաջ, աս տեղէն գնալու առոյգ օրերուն լուսանկարն է եղեր խրկածը անամօթ խորամանկութիւնով մը, իրաւ որ հէնց առաջին հարուածով քիչ շլացուցիչ չերեւար: Այն ի՜նչ պերճանք է որ մէկ թեւին վրայ քօթն ու քէբը կը կրէ, միւս ձեռքն ալ սիրուն գաւազան մը բռնած՝ փարթամի հով մը ունի, սքանչելի է, նայողին մինչեւ ըղունկներուն ծայրը անուշ սարսռունք մը կը խաղայ: Ճակտին վրայ գանգուրի սեւ փունջ մը ցնորեցուցիչ ոլորքով, կնոջական քնքշանք մը տուեր է դէմքին, որը կտրիճ առնականութեան մը գիծերն ալ միացնելով, մեռելին կուրծքին տակ ալ կրնայ յանկարծ փոթորիկ մը հովել: Ու դեռ գեղեցիկ՝ ո՛րը չէ. աղւոր ինչ բանը չէ տղային: Ձախ սրունքին բացուածքը յաւակնոտ դիրքի մը մէջ, միայն աս երեւոյթը ասպետի կեցուածքով՝ ինքնին բաւական պիտի ըլլար որ զառամ պառաւի մը հոգին անգամ դգալ մը կարագի պէս հալեցնէր: Թէ այն ասպետը սակայն, պատկերին այն լորտ-ասպետը, իր այն չի տեսնուած շքեղանքին մէջ, մեր երբեմնի Իսպիրենց Բիբի-Թումիկն է եղեր, որ հոս իր ոտքը կաղալու օրերուն, ճարը հատած՝ իր դարձիկ քիթը կը քակէր ու կը գործածէր, իրկունն ալ սպասելով, որ փողոցը վարունգի կեղեւներ ըլլային իր սնունդը, հիմա կ՚ըսենք, ատ չէր խնդիրը: Ան ատեն մարդերն ու բաները ինչ որ ըլլային, մեզ հիմա պատկերին լորտն է, ճէնթըլմէնն է խօսեցնողը: Այսպէս հետզհետէ աղջկան տիրուն լեզուն թմբուկը թողած ա՛լ կարծես դըմպըլիկ կը զարնէ հիմա, հաւաներ են, աղջիկը երեւան կ՚ելլէ, անոր պօյին պօսին հետ, ակնարկ մը անոր աչքին ունքին վրայ կը պտտցնեն, տարիքը կը հասկնան, մազերուն հիւսքն ու հանկորցները կը չափչփեն, երկու կողմերն ալ կատարեալ հասկացողութեան մէջ, միւս օրը ահա հարսնցուին կուրծքը խաթ խաթ ոսկիներու տակ՝ գեղին դէմ, քաղքին դէմ, բոլորին աչքը՝ քիչ մըն ալ նախանձի խոստուկով լայն բացուած իր վրայ կը պահէ: Աղջկան ալ ուզա՞ծն էր ան եղած լմնցածը. Ծնողքը քանի որ առաջին հաւանողներն եղած էին, անոր ո՞վ խօսք պիտի ձգէր: Կարթը ոսկի ըլլալու եզականութիւնովը՝ շատ անգամ նոյն իսկ ծնողքներ իրենք են, որ զայն իրենց զաւակներուն կուրծքին շուլլելու անգթութիւնը կը գործեն: Թէ մինչեւ հիմա այդ տեսակ ոսկի կեռի մը հրապոյրովը քանիները եղան, որ հոս միամիտ արտօրքով մը բերաննին առին զայն կամ առնել ստիպուեցան ու գացին հոն արինի լերդեր փսխեցին որ այն կուլ տուածնին դուրս բերեն ու չարաչար մահէ մը ազատին, բոլորին ալ պատմութիւնը այդ միամիտ զոհերուն միտքս էր տակաւին, երբ անցածները հատի մըն ալ հանդիպեցայ, ականատես եղայ ու չեմ գիտեր ինչպէս, միտքս պահեցի:

Ճամբու վրայ խումբ մը կնիկներու կը հանդիպիմ, որ թիկունքնին իրար կպած՝ քով քովի, դար վար գնացք մը կ՚ընեն, եկեղեցի կ՚իջնեն, իմ ճամբաս անոնց հակառակ ուղղութիւնով ցից վերելք մըն է, ուր քիչ մը շունչ առնելու համար, բայց շատ աւելի այն կնիկներուն երեւոյթին անակնկալովը՝ կ՚ստիպուիմ մէկ քով ելլել, ես զիս հաւասարակշռութեան մը կը բերեմ։ Աչքս անոնց վրայ՝ կը մտածեմ, օրը Կիրակի չէ. բայց այս խաթունները իրենց գլխու շալերուն տակ բաւական մըն ալ լուրջ քալուածքով Կիրակէի աղօթաւորներու ձեւը ունէին: Հետերնին աղջիկ մըն ալ կայ, որ ճամբուն ու կնիկներուն ալ ճիշտ մէջտեղէն կը քալէ նազոտ ու քիչ մըն ալ թափթփուն, բոլորին գլուխը անոր կողմը շտկուած կ՚երեւայ, ամէնքը անոր կը հետեւին, մէկը եթէ մայրն է, կը մտածես, միւսներն ալ անոր ազգականի պէս դէմքեր պիտի ըլլան անպատճառ:

Աղջիկը՝ խումբին թարմ աղուորութիւնը, պսակելո՞ւ կը տանին կ՚ըսեմ, անգամ մըն ալ ես ինծի: Պատրաստ մտածութիւն մը, բայց չեմ ապահովուիր: Մէկը կը ճանչնամ քիչ մը, մեզի դրացի պիտի ըլլայ, երկայն հասակով, միջին տարիքով կնիկ մը, ու գուցէ ամէնքէն շատ դիւրամատչելին անկէ բան մը հասկնալու համար, կը հարցնեմ, ո՛ւր բարի այսպէս, խաթուն, բոլորը երեսնին իմ կողմը կը դարձնեն ու խօսողը այն մէկն է միայն. ժամ… էֆ… աղջիկնիս կը խրկենք, հիմա ժամ կը տանինք, որ հաղորդ առնէ, քիչ մը վերջն ըլ առապաճիին յանձնենք պիտի, բայց սպասել որ անձրեւը կտրէր գոնէ: Ան օրն ալ իրաւ որ երկինքը փլեր՝ վար կուգար:

Եկեղեցիին ճամբուն վրայ օդը կուլայ, կնիկները կուլան, արցունք մըն ալ այն աղջիկը կը քըմըտէ իր տրտմանուշ աչքերէն: Ես իմ ճամբուս կը հետեւիմ, այն մայրն ու այն ամէնքն ալ իրենց արցունքներուն մէջ, եկեղեցի կ՚երթան: Դեռ կը նայիմ ետեւս, թող տուած են որ թափի ինչ որ կայ վրանին, այնպէս որ եթէ իրարու այնքան մօտիկ կամ կռթնած չի քալեն, ճանբուն լայնքին վրայ տակէն կտրուած ծառներու պէս պիտի շրջուին մէյ-մէկ կողմ: Կը մոռնամ վայրկենապէս աղջիկն եկեղեցի առաջնորդող այն մայրն իր ցաւին ահագնութեանը մէջ, միտքս շատ աւելի այն ճանբորդ աղջկան վրայ կը պահեմ: Ամերիկա խրկուելիք հարսնցու մըն է եղեր:

Կը հասկնամ վերջապէս թէ՝ այն աղջիկն ալ իր կարգին ոսկի կեռէ մը բռնուած ըլալու դէպքովն է, որ ճամբայ ելեր է ու կ՚երթայ, որ հոն անծանօթ հեռաւորութեան մը վրայ իր պատրանքին մէջ խեղդուի:

Ամիս մը, ամիս ու կէս անցնելէ ետքը, երբ լեռներուն շարքը հատնի, երբ իր 16-17 տարեկան աղջկայ ծիրանի անուրջներովը օրօրուն, կապոյտ ջուրերէն անդին, նոր եզերք մը կոխէ, երբ հոն երկինքին նայի ու ալ իրենց երդիքին արեւն ալ չտեսնէ, խեղճ աղջիկը, մտածել վայրկեան մը թէ՝ ի՛նչպէս յանկարծ ինքզինք իր ամբողջութեան մէջ շանթահարուած պիտի զգայ, հոն ծովափին վրայ մէկը տեսնելով որ իրեն ձեռք կը կարկառէ: Տարիքը քառասունի մօտ ձախաւէր դէմք մը, փոսն ինկած աչքերով, երիտասարդ մը, որ ուղտի սապատ ունի, տասը տարի առաջ ծերացած ու մաշած գործաւոր մը, ու ոչինչ աւելի:

Ծովափը իր նշանածը դիմաւորելու եկած է: Աղջիկը իրմէ առաջ հասնող իր լուսնկարին իսկական նմանութիւնը՝ ճիշտ նոյն հրեշտակն է ապահովապէս, որը դեռ կրնայ ծովերէն ծնած պաշտելի նայադ մըն ալ ըսուիլ. անամօթը, ի՞նք հապա Այն աղջիկն ալ հիմա իրաւունք չունէ՞ր որ բուն իսկ պատկերին տղան կամ անոր պէս մը որոշէր փնտռել:

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1905



[1]            Բուրդի պէս բոյս մը որ կորդ ձգուած տեղերը կ՚ըլլայ։