ՃՆՃՂՈՒԿՆԵՐՈՒՆ
ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
Բարին
Աստուած
անգամ
մը
ինքզինք
պստիկ
թռչուններու
խումբի
մը
առջեւ
գտնելով
արմանք
զարմանք
կը
յայտնէ
թէ՝
ի՛նչպէս
անոնք
երկիրէն
երկինք
անհուն
միջոց
մը
ճանբայ
կտրած
իրեն
կը
ներկայանային:
Ճնճղուկներ,
ամէնքն
ալ
հողի
գոյն
փոքրիկ
ճնճղուկներ,
մէկը
մէջերնէն
համարձակութիւնը
կ՚ունենայ
իր
բութ
կտուցին
բացուածքովը
հետաքրքրող
պատճառներու
պատմութիւն
մը
ընել
ան
իրենց
յանդուգն
վերելքին,
որուն
տեսակը
իրաւ
որ
ժայռերու
շահապին՝
բազէին
ալ
միտքէն
չէր
անցներ:
Երկինքի,
երկրի
մեծ
ստեղծողը
«ասոնց
ի
տես»,
կը
թողու
վերջապէս
զարմանքը
ու
պահ
մը
իր
գութի
զգացումին
տեղ
կուտայ
այն
պզտիկ
բաներուն
վրայ
ակնարկ
մը
ձգելու
վայրկեանին:
—
Գիտեմ
թէ՝
ես
ձեզ
ալ
ստեղծեցի,
ճնճղուկներ,
կ՚ըսէ,
ձեռքիս
կաւին
զանգուածովը
երբ
մեծութիւններ
մը
ծրագրեցի
ու
նետեցի
երկրի
վրայ.
մնացածը
այն
կաւէն
մանր,
աւելորդ
փշուրներ,
ձեռքս
թոթուեցի
ու
դուք
եղաք.
ես
ապա
ինչպէս
մարդուն,
մրջիւնին,
ձեզի
համար
ալ
կեանքի
աղւոր,
աժան
պայմաններ
ապահովեցի.
մացառը
ձեր
զբօսավայրը,
մարդկային
բնակարաններու
այն
ինչ
բարձրութիւնները
ձեր
անմատչելի
բոյները.
ա՛լ
ի՞նչ
ուզածնիդ.
հա՛,
աս
ալ
կար
որ
ինչպէս
դուք
ալ
կը
տեսնաք,
ձեր
քովերը
մարդիկ
երբ
պատառ
մը
հացի
համար
գլուխնին
քարէ
քար
կը
զարնեն
ու
նորէն
չի
պարտկուած
անօթութիւն
մը
կուլան,
ձերը
բախտ
մը
չէ՞
որ
դուք
չի
ցանած
ալ
կը
հնձէք.
անցորդը
ճանբան
շատ
բան
կը
թափէ,
դուք
կը
ժողվէք.
դաշտին
երեսը
միջատն
ու
մարախը
կար,
շատ
մը
անոնցմէ
ձեզի
բաժին
կ՚իյնայ
չէ՞,
ալ
ի՞նչ
է
ուզածնիդ:
—
Մերը
ուրիշ
խնդրանք,
Տէ՛ր,
կը
պատասխանէ
մէկը
առաջ
անցնելով,
մեր
ըսելիքը
շատ
կարճ,
բայց
շատ
բանաւոր:
—
Ըսէ՛ք,
շուտ
ըսէք,
վախնամ
սխալ
մը
պիտի
տաք
երեսիս:
—
Չէ,
մեղայ
իմ
լեզուիս:
—
Է,
ուրեմն,
մտիկ
պիտի
ընեմ:
—
Մերը
գանգատ
մը
ու
մեր
գեղին
տէրտէրին
դէմ
միայն,
Տէ՛ր.
նա
անցած
օր
մեզի
անանկ
մը
երուաց
յանկարծ,
որ
մեզ
ամէնքս
ալ
զարմանքի
ու
զայրութի
մէջ
քարացուց։
—
Ձեր
գեղին
տէրտէ՜րը,
ես
այն
մէկը
բարի
կրօնաւոր
մը
կը
ճանչնամ
սակայն:
—
Մենք
ալ
այդպէս,
Տէ՛ր,
մենք
ալ
բարի
դրացի
մը
գիտէինք
զինք:
—
Վե՞րջը:
—
Իրիկուայ
կողմը
խաչ
մը
ձեռքը
ժամ
կուգար,
մենք
ան
ատեն
սայլակներէն
թափթփած
հասկեր
կը
ծուոնտէինք
ճանբուն
մէջտեղը,
իրիկուայ
ճաշերնիս
կ՚ընէինք.
տէրտէրը
մեր
քովէն
անցնելուն,
բան
մը
նետեց
վրանիս,
պզտիկ
քար
մը,
ու
ժամ
մտաւ:
—
Այն
քարով
ի՛նչ
ձեզի:
—
Մեզնէ
մէկուն
թեւը
կոտրեցաւ,
խեղճ
պզտիկ
մը
որ
ինկած
տեղը
մնաց
ոտքերու
տակ,
ու
հիմա
մեռաւ
կարելի
է:
—
Օ՛հ,
գէշ
բան
իրաւ
որ.
տէրտէ՜րը…
—
Գէշ
ու
շատ
ալ
ցաւալի,
Տէ՛ր,
այն
մէկը
որուն
ա՛լ
լմնցած
է
բանը
կ՚ըսենք,
իր
ընտանիքին
մէկ
հատն
էր.
երեք
էին
անոնք,
մէկը
որին
փախցուց,
միւսը
անժամանակ
թռիչք
մը
փորձեց
ու
մեռաւ.
այն
վերջինն
ալ,
բայց
իրաւ
որ
շատ
բարի
մնացորդ
մը
այն
վերջինը,
ժամուն
գիժ
տէրտէրի
ձեռքովը
լմնցաւ.
գութ
ըրէք,
Տէ՛ր,
գութ
ըրէք,
մենք
պզտիկ
ճնճղուկներ
կը
հաւտանք
թէ
բարին
Աստուած
մեզի
ալ
կը
խորհի:
—
Շատ
լաւ,
շատ
ճշմարիտ,
ուզածնի՞դ
սակայն:
—
Ինչ
որ
դուն
կ՚ուզես,
Տէ՛ր:
—
Տէրտէրին
ձե՞ռքը
կտրէի.
հրաման
մը
շանթերուն
ու
կ՚ըլլար
այդպէս:
—
Չէ՛,
չենք
ուզեր
այդպէս:
—
Աչքե՞րը
կուրցնեմ,
հրաման
մը
արծիւներուն
ու
կ՚ըլլար
այդպէս.
անոր
կոպիճներն
անգամ
փորել
տայի,
զոյգ
մը
մութ
ծակի
վերածէի,
ուր
ալ
միայն
մամուկները
բնակէին։
—
Ան
ատեն
աւելի
գէշ,
տէ՛ր:
—
Ինչպէ՛ս:
—
Կոյր
մը
որ
չի
տեսներ,
կրնայ
ըլլալ
որ
ոտքին
տակ
ուրիշ
կեանքեր,
ուրիշ
թանկութիւններ
ալ
տրորէ.
վերջն
ալ
ի՞նչ
ըսել
անոր.
կոյր
մը
շատ
աժան
կ՚արդարանայ:
—
Ըսել
է
դուք
ձեր
մտքինը
ունիք.
օ՛ն
ուրեմն:
—
Շնորհք,
Տէ՛ր,
շնորհք
հիմա
աղաչելու
քեզի
որ
անմիջական
հրաման
մը
խրկես
գեղին
սափրիչին
որ
այն
անբարոյ
տէրտէրին
մօրուքն
ածիլէր:
—
Ըսէ,
ինչո՞ւ
այդպէս:
—
Մենք
որովհետեւ
մինչեւ
հիմա
աշխարհիկ
մարդուն
ներկայութենէն
միայն
կասկածներ
ընելով
կը
փախէինք
անոր
հէնց
հոտը
առած
հեռուէն.
ծոցը
խաչ
կրող
կրօնաւորէ
մը
ի՛նչպէս
չարիք
սպասել.
արդ՝
քանի
որ
հիմա
խաբուածներ
եղանք
մենք
անոր
մօրուքին
կամ
դրսերեւոյթին
պատճառովը,
մենք
ահա
անոր
այս
ծպտանքին
մերկացումն
է
որ
կ՚ուզենք
քեզնէ:
Այս
տեսակ
պատիժ
մը
ասկէ
վերջ
անգամ
մըն
ալ
պիտի
նորոգէր
մեր
մէջ
այն
հաւատքը
թէ՝
տէրտէր
մը,
Աստծու
մարդը,
միշտ
այն
բարի
ու
սուրբ
մարդն
է
որ
ոտքին
տակ
եկած
մրջիւնն
ալ
չպիտի
ուզէ
տրորել:
Մեր
խնդիրը
այսչափ
միայն:
Բարին
Աստուած
կը
լսէ
ճնճղուկներուն,
իրաւունք
կուտայ
անոնց,
ու
անմիջապէս
հրաման
մը
իրենց
իսկ
ուզածին
պէս,
որ
սափրիչը
իր
գործը
կատարէ,
ու
ճնճղուկները
անկէ
վերջ
այն
մէկը
անմօրուք
ու
անփակեղ
աշխարհական
մը
ճանչնալով,
անոր
հանդիպելուն,
վայրկենապէս
ինքզինքնին
ժողվռտեն
ու
թեւերնուն
վրայ
գտնուին:
Ասոր
վրայ
անոնք
երկինքէն
երկիր
զուարթ
ճռուողիւններով
հպարտ
վայրէջք
մը
կ՚ընեն,
ու
կը
խորհին
թէ
իրենց
արեւին
ու
բարիին
համար
ալ
բարեգութ
Աստուած
մը
կայ
երկինքը:
Երջանի՜կ
ճնճղուկներ:
Ու
կ՚ըսեն,
այս
դէպքէն
ի
վեր
մարդիկ
ալ
շատ
անգամ
այն
կրօնականներուն
վրայ
ըրին
պահեցին
կասկածնին,
ու
գտան
թէ
անմազ,
լերկ
փինչ
մը
ունին,
ու
գլխընուն
վրայ
ալ
ծպտանքը
ամբողջացնող
կասկածելի
փակեղը
կը
ցուցադրեն:
Բայց
մենք
ալ
ի՞նչ
պիտի
ըսէինք:
Վա՜յ
այն
ճնճղուկներուն,
վա՜յ
հէք,
միամիտ
ժողովուրդին
մանաւանդ,
որ
անանկներուն
շուրջը
կը
թռչկոտէ,
ու
անոնց
դուրսի
կեղեւանքովը
ապահովուած
կը
մնայ:
10
Մարտ,
1908,
Խարբերդ