ՏՈՒՆ
ԴԱՐՁԸ
Դէպի
ներս,
դէպի
ներս,
պահ
մըն
ալ
ծունկ
ծունկի
ամփոփուկ
կեանքը
հոն,
ուր
առաջին
ծիծեռնիկին
դարձէն
ի
վեր
անցած
մեղուընփեթակի
մը
տրտում
պարապութիւնը
կայ,
կամ
ամայութիւնը
այնպէս,
ուր
մարդ
իր
շունչին
հետ
վայրկեան
մըն
ալ
իր
ականջին
խորքէն
կոտրտած
կիթառի
ձայն
մը,
խղուըրտիւն
մը
կը
լսէ:
Դէպի
ներս,
ու
վերջ
մը
տուէք
այն
հեղձ
ու
ցաւագին
թնծկանքներուն,
որ
ձեր
տունին
ստուերոտ
անկիւններէն
կ՚երկննան:
Սարդը
այն
տեղերուն
վրայ
պատեհութիւն
գտեր
ու
հէք
ճանճերուն
վրայ
իր
յաջողութիւնը
կ՚ըմբոշխնէ:
Դէպի
ներս,
ուր
ծղրիթներն
այնքան
մեծ
բազմութիւնով,
մրջիւններէն
շատ
ու
շամբուտին
գորտերուն
չափ
ալ
անհարկի
ու
խլացուցիչ
իրենց
ժխորովը
ձեր
բրշակը
փլած
աւերակի
մը
երեւոյթին
մէջ
դրած
են:
Ներսը
ձեզի
կ՚սպասէր
ծերուկ
մայրը,
որ
ամբողջ
օրը
ձեր
դարձին
կարօտովը
աղօթեց,
յօրանջեց
ու
յետոյ
երեսը
պատն
ի
վեր
ու
պատին
կպցուցած՝
հուսահատի
մրափը
անցուց,
արթննալուն,
երդիքին
արեւին
հայեցաւ
մէյ
մը
ու
անգամ
մըն
ալ
ու
էն
վերջը
տանիքն
ելած՝
ցվիքին
եզերքը՝
ձեր
գալիք
ճամբան
դիտեց
անձկոտ:
Դէպի
ներսը,
դաշտին
հեռաւոր
ծայրերէն
ժողուըւած
ու
տղմուտ
վտակներու
ծանծաղ
ափերէն
անցած:
Նե՛րսը,
ներսի
հանգիստ,
փակ
կեանքը
պահ
մըն
ալ,
կապելով
ու
մոռնալով
վէրքերը,
որ
մանգաղն
ու
փուշ
փուշ
խոզիթուկները
տուին
ձեզի,
ան
ատեն,
որ
կանուխ
դաշտ
կը
վազէիք
ուն
մը
աւելի
հնձելու
աճապարանքով:
Վերջին
կեռնեխն
ու
կատարահաւն
ալ
գացեր
են
ու
դուք
դուրսը
կը
մնաք:
Նե՛րսը
ու
դեռ
քիչ
մըն
ալ
եթէ
տնտնալ
ուզէք
դաշտին
երեսը,
մեռած
արտին
ու
կոխկռտուած
հնձաններուն
քովերը,
ուր
ալ
ոչինչ
չի
մնաց
ընելիք,
կասկածելի
էր,
որ
հոն
ան
տեղուանքը
գիժ
գայլերու
հանդիպիք,
աղուէսին
ու
նապաստակին
ստուերներն
ու
թերաստուերներն
անգամ
ճերմակ
ձիւնին
վրայ
խօլ,
շարժող
սեւեր
մը
ձգած՝
սոսկում
դնէին
ձեր
սիրտը:
Ա՛լ
ձմեռ
է:
Ալ
ձմեռ
է,
ձիւնը
Մաստառէն
ու
Չաղարի
կատարներէն
կամաց
կամաց
դաշտը
կ՚իջնէ
ահա,
որ
մեռած
մրշած
ինչ
որ
կար
հոս
ու
ինչ
որ
կ՚երեւար
հունա
երբեմն
աչքառու
հեռապատկերի
մը
վրայ,
անոնք
ալ
ծածկէ,
անհուն,
անծիր
պատանքի
մը
արհաւիրքը
ցուցադրելով:
Ատեն
մը
դադար
տայիք
հեւքերու
եւ
խոնջածի
ձեր
մուխ
ծուխ
փռնչումներուն,
որ
կը
հասկցուէր
թէ՝
ձեր
պղնձի
լայն
կուրծքերէն
դուրս
կուտայիք:
Բայց
ալ
ատոնց
ատենը
չէր
հիմա,
ձմեռ
է,
քրտինքնիդ
սրբեցէք
կամաց
մը
ու
առլի,
գոհունակ
շունչ
մը
քաշեցէք,
քով
քովի
տաքուկ
տումին
[1]
բոլորտիքը
շարուած:
Տունդարձ,
դէպի
ներստանքը,
տարուան
Աստծուն
արեւն
ու
անձրեւները
ձեզի
աղուոր,
առատ
բարիքներ
ընձեռեցին,
անոնցմէ
ձեր
դուռները
աշխատող
մշակներուն
իրենց
բաժինները
տուէք,
անցորդին
ու
աղքատին
տուէք,
գեղերէցին
ու
ժամուն
տուէք,
կայսերինը
կայսեր,
Աստծունն
ալ
սա
որբ
լամուկներուն
յանձնեցէք,
որ
ուղղակի
տեղ
տանին
հասցնեն:
Ու
դեռ
պիտի
ըսեմ,
ափ
մը
բան
ալ
ցվքին
եզերքները
կծկտող
ճնճղուկներուն
առաջքը
նետեցէք,
անոնք
ալ
մեղք
էին,
«Ոչ
կը
վարեն,
ոչ
կը
ցանեն,
ոչ
ալ
կալսել
գիտեն»:
Ձեզի
պէս
մտմտուք
ալ
չունին,
երբ
անօթնան,
ցվքին
աւազահատերը
կը
կրկտեն:
Դուք
քիչ
մըն
ալ
այն
ճնճղուկներուն
տուէք:
Նե՛րս
եկէք,
խծկեցէք
ձեր
բրշակին
հովանց
ծակտիքը,
դուռը
միշտ
փակ
պահեցէք
որ
հաւն
ու
հաւձագը
ներս
չի
վազեն:
Պառաւն
արդէն
շատ
էր
անոնց
համար:
Գինիին
կթղան,
կոտիկը
առջեւնիդ
առէք,
քիչ
մըն
ալ
զուարթ
կատակները
դրէք
մէջտեղ:
Ըսէք
թէ՝
ինչպէս
օր
մը,
մեծ
ուրական
մը
անցաւ
դիմացի
Չէլէմլիկի
լեռնէն,
ուր
պահ
մը
ետքը
ջուր
տարափ
մը
սկսաւ
իջնել,
հեղեղ
մը
փրթաւ,
Կարմրցոց
էգիները
աւրուեցան:
Խենթի
մը
ըրածը
ատ
ատեն,
չէի՞ք
յիշեր
որ
գեղին
ջոջերէն
մէկը,
Պիպի
Հարօն,
ի՞նչպէս
յիմար
վարանքի
մը
մէջ,
գլխուն
գտակը
նետեց
հոսանքին
առջեւ,
որ
ընթացքը
ծռէ
իր
էգիին
քովերէն
գոնէ
հեռու
անցնի,
քիչ
վերջը
սակայն
ինքն
ալ,
տղան
ալ
ու
վարերը
արծող
իր
ճէյրան
եզներն
ալ՝
ջուրին
երեսը՝
վերի
թռչուններուն
թեւ
փետուր
կ՚աղաղակէին:
Ինքը՝
Պիպին
ազատեցաւ
թէեւ,
բայց
այդ
դէպքէն
վերջը,
երբ
իրեն
պատահէր
անջուր
առուէ
մ՚իսկ
անցնիլ,
աչքը
պիտի
կապէին:
Ատեն
կ՚անցնի,
գեղին
ստահակ
տղաքը,
երբ
Պիպի
Հարօն
տեսնէին
որ
տեղ
մը
կեցած
է
առանձին
կամ
երկու-երեքներու
հետ,
ջո՜ւր,
ջո՜ւր,
ջո՜ւր
կը
պոռային,
զոր
լսելու
ատենը,
Պիպին
ոտուըներուն
բութ
մատներուն
վրայ՝
Թութիկան
կը
հասնէր:
Դուք
ուրիշ
մը
չպիտի՞
կրնայիք
ըսել:
Դէպի
ներս,
թոնիրին
բոլորտիքը
ու
տախտերուն
վրայ,
ձեզի
ի՞նչ
չի
կար
ըսելիք,
խօսելիք:
Դաշտին
ամէն
մէկ
կէտը
ձեզի
համար
պատմութիւն
մըն
է:
Հոն
օր
մը
ձեր
սիրած
աղջկան
ճամբուն
նայած
էք,
որ
չի
դառնար,
ուրիշ
օր
մը,
բարեւի
խնծոր
մը
ղրկեցիք
ու
մերժում
լսեցիք:
Կարօն
այն
փուլին
վրայէն
առեւանգեց
փախցուց
իր
անուշ
Նունուն:
Ա՛լ
ձմեռ
է,
նե՛րս,
դէպի
նե՛րս,
ու
գինին
առատ,
ամբարները
լիք,
ձեզի
կ՚սպասեն,
ձեզի
համար
են
անոնք,
ձեր
հալալ
վաստակին
դուք
էք
տէրը:
Ալ
ի՞նչ
ունէիք
մտմտալիք:
Միայն,
ինչ
որ
պիտի
խնդրէի
ձեզմէ,
ձմեռը,
սա
մեր
ծռուկ
Ասատուրին
կռնակն
ալ
իրեն
պէս
ծռուկ,
ճմռթկուկ
բարձ
մը՝
կնկուկ
մը
գտնէիք
տայիք:
[1]
Թոնիրին
հողէ
կափարիչը։