Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐՋԻՆ ՏԵՂԸ

«Ո՛վ կար, որ հասկնար ու ըսէր ան վերեւի Կապուտիկ Աստծուն [1] գործերը: Գարունն երբ աչուընիս էրկինքն էր մնացեր, կզնիկ մը ամպ չարցուեց գետինը: Հիմա որ աշնան ցանքը կայ, գիւղացին կարճ երկան իր տարեկան աշխատութիւնը պիտի խծպէ, լեռ, լանճ, ծով կը դառնայ»:

Ա՜խ, մեր ալ սա Բուիկ Տէտէին գունտ գունտ մրթմռթուկները, գեղին մէջ միայն ինքն ու ինքը որ, քուն արթուն վիճակին մէջ, երկնուց վրայ միշտ ներշնչուողի մը խեւ խոհուն արտայայտութիւնով, երկինքի երեւոյթներուն վրայ կը ժաժէ պռկըները:

Իրիկունները, կ՚ըսեն, անգամ մը անկողին մտնալէ առաջ կը կախուի կը մնայ երկինքէն, անգամ մը գիշերը կէսին ատենները կը կենայ ոտքի վրայ, հեղ մըն ալ, մարդս լուսբացի պահուն դուրս կուգայ առքին տակէն, աչք կը պտտցունէ ամպերու աշխարհքը, կը հայի, կը փնտռտէ, ինքնիրեն հետ խօսողի շարժուձեւերը կ՚ընէ, կը հայի հեռուն, մինչեւ աննշմար հորիզոնին ծէրուըտիքը: Բուիկ՝ անկէ վերջն է որ իր հմայեկները կը բաշխէ: Ամպերը հոն Հըլըզուրի սարերուն վրայ կուտակուեր են (արեւմուտք), վաղը, ըսել է, ողորմութիւն պիտի թորայ. ամպերը Ծովուց ջուրը խմել իջեր են (հարաւ), նշան մըն ալ այս, որ վաղուան անձրեւները ընդհատ տարափներ պիտի ըլլան, թէ արեւելքէն կամ արեւելեան հարաւէն վազող ամպերը հիւսիսայգի կարմիրով արեւը վաղը ետին պիտի հայի, բաց օր մը պիտի ըլլայ ըսել է:

Վաղորդայնի թափառկոտ մուժիկը մշուշը յաջորդ օրուան շփոթ երեւոյթներուն արհաւրոտ նախանշանը կ՚ընդունի: Ու յետոյ ամպերու տեսակ մը՝ սփիւռ, ու կաղճի գոյնով, թուխ ու կապարի գոյնով ամպերը զատ զատ, եղանակին համեմատ մանաւանդ այս մեր գեղի Գազիմիա Պապային համար թարմ թաց համբաւ մը կ՚ապահովեն: Բուիկ ըսաւ, Բուիկ կ՚ըսէ, երէկ ըսած է, այսօր ալ նոյնը կը պնդէր թէ լուսնին բակը, գիշերի լոյսերուն շատ ցոլքտուն պաղպաջը, ցորեկի տժգոյն նսեմ ոլորտը, բոլոր ասոնք ապահովաբար բարի անձրեւներու ողորմութեան նշան ըսել է: Բուիկ բայց ինչչափ երկինքէն, այնչափ մըն ալ երկրի վրայ անց դարձ ըրած բաներէն գիտէ, իր մատ մը լեզուին վրայ թանկագին մագաղաթի մը խնկոտ պատմութիւնները միացուեր են, որոնք սակայն աւելի պակաս շահեկանութիւնով, այնքան յաճախ ըսեր կրկներ է քովիններուն, շատ աւելի իրմով հետաքրքրուող պիսեկներուն [2], որ շատերուն համար անակնկալ ոչինչ մնացեր է անոնցմէ:

Հին տանտէր մը պիտի հասկնայիք Տէտէն, զաւկի տէր, մալի ըռզակի տէր երբեմն, գեղին գործերը, էրիկ կնիկի հեռքն ու անհամաձայնութիւնը ժամու տէրտէրէն մինչեւ դաշտի ջրտուորներուն [3], թնճուկ, թքոտ գանգատները իր առջեւէն կ՚անցնէին ու ինք բոլորը հաշտ ու հեշտուկ միջոցներով իրարու հետ դուրել կարելու կենցաղիկ խելքովը, յարգանքի տեսակ մը սուղ ակնածանքը ծնցուցեր էր գեղի ամբողջին մէջ: Հիմա՞ հիմա իրաւ որ մարդուն բանը Աստծու մնացեր է, անցած անհետացած մեղուընփեթակի մը ամայութիւնը կայ իր բոլորտիքը, իր մէջն ալ, որ անջուր հորին մէջ խեղդուողի տպաւորութիւնը կը թողու իրեն հանդիպողին ու պահ մը իր ի՛նչն ու ի՛նչպէսը հասկնալ ուզողին վրայ: Հին ունեւորէն բան մը երբեք չէ մնացեր հիմա, ոչ իսկ մարդակ մը բրշակէն, որ աչքին դէմ բռնէ, անով երէկն յիշէ, ու գոնէ տրտմանուշ երնեկով մը լեցնէ հոգին: Տունը քաղքի պարտքնտէրներէն կը գրաւուի օր մը, հողի ջրի պէս հարստութիւն հովցուքի [4] պէս կ՚անցնի, տղաքը երկուք-երէք, ամէնքն ալ կարգուկ, ոչ ինքը, ոչ ալ դուռ դրացին մը կրցաւ գիտնալ թէ՝ ո՛ւր գացին: Այդ պանդխտացածներուն վրայ, հարսներն ալ, դեռ հարսնիքի քօղքերնին գլխընին, թողին զինքը ու մէկիկ մէկիկ մարանց երդերուն տակ գացին:

***

Բուիկի կեանքը անկէ վերջը տառապանքով խարանուած կեանք մը կը դառնայ, տարին ի բուն ասոր անոր տանը բակին ու ձմեռն ալ շատ բուք օրերուն, ախոռն ու մսուրներուն վրայ կը քաշկռտէ ինքզինքը, աչքն էլին ձեռքէն չի զատեր, կը սպասէ որ շերտ մը հացը կատուի կերուքներէն աւելցած, ու դգալ մըն ալ տաքէն պաղէն [5] իր ամբողջ շաբթուան սնունդը ըլլին:

Միսը պարտկող լաթեղէնը՝ շապիկ, բաճկոնակ, քղլիկ [6], վրային չեն գար: Տուեր են, ողորմեր են, բայց ալ հայողը ո՞վ է, թէ այդ գօտին, այդ քղլիկը, խեղճ մարդուն լէնքին, երկայնքին չվայլող, կամ անոր խոշորկէկ մարմնոյն ձոյլը չի ծածկող բաներ կ՚ըլլան. գոմշուկին կռնակը պէպէքի շապիկը անցուած, կամ ահագին բարտին ձեռք մը թաշկինակով ծածկելու փորձն եղած: Բայց վերջապէս ինքն ալ ընդունած ու հաւտըցած է, որ հասարակաց խղճին ու քմայքին մնացած մըն է, մուրացիկ մը ըսել կ՚ուզուի, որ պիտի տանէ, որ պիտի կլլէ, որ պիտի մարսէ ինչ որ այդ հասարակութիւն ըսուածը կամք ընէ, բան մըն ալ իրեն բաժին հանէ:

Հագնի չի հագնի, կամ ուտէ ալ չուտէ ալ, աս է իր հագածին տեսակն ու ամբողջութիւնը, հացն ալ, ան չոր հացը միայն, որ կուտան իրեն, չէ այն բարութիւնով, որ մարդը ապրի, կուտան որ՝ ամպերէն անդին Յիսուս Քրիստոսի մայրը՝ մեր բոլորիս ալ մայրիկը, հացթուխ տանտիկին մը եղած է քընծոր [7], ասկէ բրդօնին [8] փոխարէն, հարիւրապատիկ մը խլեն, դգալ մը փիլաւն ալ հարկաւ զատ պահանջ: Բուիկ այս վիճակով ամառէն ձմեռը կը ճամբորդէ, ձիւնը կը տափնէ բոպիկ ոտքովը, ձիւնը երեսին ու կուրծքին վրայ կը հալի միշտ, ու անգամ մըն ալ դէպի ամառը, այդ ոտքերը անգամ մըն ալ ամրան լոյծ փոշիին միջէն կը քաշքշէ, այդ փոշին լոյծ ու տաք ալ, որ գիտէք թէ հաւկիթը կը խաշէ եւ որուն խշխիշ [9] տաքին, կ՚ըսեն ուղտին ներբանն ալ չի դիմանար:

Բայց ա՛լ ի՞նչպէս, ինչո՞վ պիտի ապրէր, ատի հեղ մըն ալ իրեն հարցնէիք: Տարիքը իրաւ որ տարիքն է ան հինօրի ուռենիին, որ ճամբուն վրայ, հոն իր աղկաղկ, նիհարուկ ոստերովը ճուկճուկ կ՚ըլլի ու կը գերեկնայ հովերուն, որ ա՛լ չի մօտենան իրեն, վերջին տերեւ մը, մորճ մը գոնէ գոյութեան նշան թողուն:

Տարիներու այս բեռին տակ, ութսունն անցուկ շատունց, հարիւրին մօտեցած՝ մազ, մօրուք, ունքերն ու մինչեւ աչքին թարթիչները բոց պիտակը հագած կ՚երեւան ա՛լ: Չի լսեր շատ, աչքին մէկն ալ վրայ տուած այն դէպքով, որ օր մը, մութին մէջէն, իր խշտին գտնելու խարխափը կ՚ընէ, ցիցի մը կը զարնուի, աջ աչքը պիտի ըլլայ, այդ պահուն խաղողի պտուղի մը պէս կը պատռի:

Այդ մարմինին, սակայն, կեանքը այդ ցաւերով զմուռը դնող, ապրողին համար, մէկ աչքն ալ բաւական չէ՞ր կ՚ըսէք, երկուքով ի՛նչ ունէր տեսնելիք, աշխարհք, մարդիկ ի՞նչ համ բերին իր բերնին, հոգուն որոնց անուշ տեսքէն չուզեր անցնիլ, ատ արեւն ալ աղէ՞կ կ՚ընէ, որ ո՛ւր երկննայ, հոն լոյս ու շարուեղ կը մէյնէ, շատ անգամ ի՛նչ պէտք կար սա արեւ ցորեկին ու ան լուսիկ գիշերին:

***

Բամպքաղի շաբաթն է հիմա, միտքս կուգայ որ այս Բուիկ Տէտէն ինքն ալ կարկտնուկ տուրուկ մը ուսն ի վար ձգած, գեղին աս կամ ան կողմը քաղի ելլող բազմութեան մէջ կ՚երեւար: Կ՚երթար, կ՚երեւար, կ՚աղակուրտէր, բայց շիտակ չէ՞ որ դժբաղդ ծնած մարդը, ուր ալ երթայ, կակուղ բամպակին արտի մէջ ալ, հոն նորէն իրեն համար կակուղը, փափուկը, անուշ խօսքին ու ընդունելութեան փշուրը գոնէ բաժին չի հանուիր:

Ծերունին միւս կէնճ քաղուորներուն հետ ատենին տեղ չի կրնար ժմնիլ, գործի գլուխը ուշ հասնողն է, այդ պատճառով ու անոնցմով ալ որ խոզան խճէճէն չի կրնար զատել կ՚ըսեն, շատ դանդաղ կը շարժի կամ բնաւ չի բանիր ու յաճախ արգելք մըն ալ միւս բանուորներուն, իր երկար անվերջ հէքեաթներովը, որ՝ արեւցթուն կը սկսի ու իրկունը՝ արեւմտուն դեռ ծայրը չի հանկուրցեր: Հարս, աղջիկ, մէջկնիկներն [10] ա՛լ բերուընին բաց իրեն մտիկ կ՚ընեն, ասոնք իրկունը, ծիւրած երեսով, մազը գլխուն, թամ ճէնէկ կ՚ուզեն: Սանկ շարք մը ահա պատճառներ, որով ո՛ւր երթայ, ո՛ր հողտէրի ալ դիմէ, մարդով, միջնորդով մուտք խնդրէ արտին մէջ, կը քշեն կը քշբեն ինչպէս չղլած եզ մը որ ջրբոսին կանանչը կաւրէ:

***

Անցած ամառը, չեմ յիշեր ո՛ր օր, ոտքս անգամ մըն ալ այն գեղը կ՚իյնայ, Ս. Դաւիթ բժիշկ սուրբ մըն է այդ գեղին մէջ, փոքրիկ Զաւէնս անոր ոտքը տարած էի որ հազէն դադրի: Կիսափուլ պատին մը տակ, այնտեղ, գզուած մազերով ճմռթկուած տղեկ մը, Ալքերէն փոխուած թէ՝ Շվոտէն ծեծուած, աչքիս կը հանդիպի, որ բայ ու փետատ ձեռքը կտոր կտոր բաներ մը կը հանէ հողէն ու խաղողի մեծկակ կթոցի մը մէջ կը տեղաւորէ:

Տղեկը անտարբեր իր ըրածին, ոչ իսկ աճապարողի երեւոյթով, կթոցը լեցնելուն կը հայի: Ի՞նչ է ատ, կ՚ըսեմ, տղա՛յ, ի՞նչ է կ՚ընես, միեւնոյն անտարբեր արտայայտութիւնով: Տէտէիս մարմինն է, կը պատասխանէ, պատը փլաւ, տակը մնաց, աս աղբերուն մէջ, պահ մըն ալ տանիմ որ գերեզմնոցը պառկի:

Ու ծերունիին այս մոռցուած թոռնիկը իր ամբողջ տէտին սակառին մէջ զետեղելով՝ կը շալկէ զայն թեթեւ տոպրակի մը պէս, օ՜ֆ մի միայն ու մօտ ճամբէ մը գերեզմանին դին կ՚անցնի: Բուիկ՝ դժբաղդ ծնած արդէն, կը հաւատայի՞ք, որ անոր վերջին տեղը գոնէ երջանիկ հանգստարան մը ըլլար:

 

«Մասիս», 1900



[1]            Աստծու վրայ կապուտիկ մակդիրը շատ լսուած է գեղացիին բերնէն։ Ժանգառի ընտանիքէն անուն մըն ալ այդ կապուտիկը չըլլա՞ր։

[2]            Հասակակից։

[3]            Արտը, էգին ջրող մշակները։

[4]            Գաւաթ մը երկուք զով ջուր, զոր կը խառնեն լոգնալու համար շատ տաքցուած եռ ջրին մէջ, բարեխառնութեան մը համար։

[5]            Տաք կամ պաղ կերակուր։

[6]            Սալթա կ՚ըսեն թուրքերը։

[7]            Իբր թէ։

[8]            Պզտիկ պատառ հացի։

[9]            Տաքին բարձր աստիճանը։

[10]          Միջակ տարիքով։