ՄՈՒԹԸ,
ՄԻՇՏ
ՄՈՒԹԸ
Անստոյգ,
անորակելի
կացութիւն։
Միտքերը
դադրեր
են
լաւը
խորհելէ։
Ատենէ
մը
ի
վեր
մանաւանդ
Հայերուն
բաժին
ինկածը
սեւ
կասկածը
կ’երեւնայ։
Կասկած,
յոռետեսութիւն
մինչեւ
իսկ
այն
երեւոյթներուն
առջեւ,
որոնք
ասկէ
անկէ
կամ
նոյն
իսկ
կառավարութեան
կողմէ,
քիչ
մը
այս
վերջինէն
շատ
բռնազբօս
վկայութիւնով
կը
բերուին
ըսել
որ
ա՛լ
բան
մը
չի
մնաց
խաղաղութիւնը
խանգարող
կամ
թշնամութեանց
տեսակներ
Սելանիկեան
ծանօթ
ուժերէն
ապահովցուած
իրականութիւնները
ջուրը
ձգող։
Այդ
իրականութիւնները
սակայն
հոս
պատերուն
երեսը
փակցուած
պաշտօնական
հեռագրալուրեր,
որոնց
կարգին
երբեմն
այդ
տեղէն
կուսակցութեան
մը
թռցուցած
վկայութիւններն
ալ
կը
միանան,
հազիւ
կ՚արժեն
թոյլ,
ծակոտկէն
տպաւորութիւն
մը
Հայերուն
համար.
իսկ
երէկը
ողբացող
իսլամ
այն
ինչներուն
համար
ալ,
որոնք
դէպի
այն
ցուցադրուածներն
ու
թելադրութիւնները՝
բաղձացուած
խաղաղութեան
ու
նոր
կարգերուն
ամրացումին
յոյսը
ներշնչող
—
այն
տեսակ
հեգնոտ
ու
մռայլ
նայուածքներ
մը
կը
թարթեն,
ու
կ՚անցնին
սրտնեղ՝
չըսելու
համար
բարկաճայթ,
որ
յայտնի
ըսել
կուտան
թէ՝
այն
բոլորը
որ
եղան
ու
դեռ
հետզհետէ
ըլլալու
յուսացուածներն
ալ,
որ
ան
եղածներուն
տեւականացումին
պիտի
ծառայեն,
միա՛յն
իբր
թէ՝
սա
Հայերուն,
սա
երէկի
ստրուկներուն
քէյֆը,
քմայքը
գոհացնելու
համար
ծրագրուած
ըլլային։
Եւ
իրաւ,
հոս,
զինուորական
ցանցառ
անհատութիւններէ
զատ,
մեր
իսլամ
դրացի
կամ
Օսմանցի
եղբայրներէն
(?)
ա՛լ
չիկայ
ուրիշ
մը
որ
ինքզինք
սահմանադրական
կառավարութեան
մը
բարեկամ
վկայել
տայ,
այն
սահմանադրութեան,
ուսկէ
—
ո՛վ
տուաւ
իրենց
մտածել
—
գիտեն
թէ
Հայը
միայն
պիտի
օգտուի,
տեսնալէ
յետոյ
թէ
այդ
սահմանադրութիւնը,
զոր
որակող
թուրքերէն
բառն
ալ
կայ
եղեր,
մէշրութիյէթ,
ի՜նչ
գահավէժ
անկումներ
իրականացուց
իր
երեւնալու
վայրկեաններէն
ասդին,
ի՛նչ
շահեր
ու
տիրականութիւններ
վտանգեց
որոնք
իժերու
անկողնի
մը
մէջ
սաղմնաւորած
Համիտի
մը
աստուածենի
կամքն
ու
հրամայականութիւնները
իր
ազիզ
ու
ազնուական
ճանչած
ցեղին
միայն
անձեռնմխելի
սեփականութիւնները
ըրած
ու
հռչակած
էր։
Կարեւոր
Թուրքին
մէկը,
անցածները,
դիմացը
Հայ
մը
ունենալով
«Էլէմտիւրուլլահ՝
կ՚ըսէ,
որ
ընկած
փատիշահէն
յետոյ,
այս
նոր
Կարապետ
մը
կամ
Կիրակոս
մը
չէ
գոնէ»,
այս
նորն
ալ,
ըսել
կ՚ուզէ,
թուրք
մը
ըլլալով,
նորէն
իրեն
համար
առաւելութեան
այն
ինչ
չափ
մը
բաժին
ապահոված
է։
Ահա
թէ
կարեւոր
ճանչցուած
իսլամ
հայրենակից
մը
ի՛նչ
ճարահատ՝
այլ
միեւնոյն
ատեն
մտքի
սեւամաղձ
անկիւններու
մէջ
կը
բնտռտէ
իր
մխիթարութիւնը,
որ
կը
տարուիս
համոզուիլ
թէ
այս
պահուն
ամբողջ
իր
ցեղին
բահաւանդուած
մոլեռանդութեան
կամ
տակաւին
թաթերու
վրայ
պատրաստ
դէպի
կարմիր
երէկները
վազող,
տակաւին
արիւնի
լոգանք
բնտռող
անմեռ
ճաշակի
մը
լիրբ
արտայայտութիւնն
է
պարզապէս։
Մենք
դեռ
միայն
այս
մէկունը
փակագծեցինք։
Կարելի
չէ
հետեւիլ
բոլոր
անանկներուն
եւ
այն
դաժան
մռայլութիւններուն
տակ
ծածկուած
միտքերուն,
երազներուն
կամ
զսպուած
կատաղութիւններուն,
որ
մեզի
շատ
բան
հասկցնել
կ՚ուզեն
տակաւին,
երբ
կը
մտածես
թէ՝
ներքին
գաւառներու
իսլամին
ամբողջութիւնն
է,
որ
ունի
հոգիի
այն
մխացումները
օրուան
իրականութիւններուն
հանդէպ։
Վաղը
ի՞նչ
ապահովութիւն
թէ՝
անոնք
չպիտի
բռնկցնէին
նոր
հրդեհներ՝
ամենափոքր
իսկ
շունչով
մը
արծարծուած։
Ոմանքներ
բոլորովին
անյոյս
այս
երեւոյթներէն
ու
կասկածելի
երերութիւններէն,
դարձեալ
այն
ճամբուն
երկայնքը,
որուն
միւս
ծայրը
այն
ինչ
հեռաւորութիւններուն
վրայ
կ՚եզերի,
ու
հակառակ
այն
խանդոտ
սպասանքներուն,
որոնցմով
կը
սրտապնդուէինք
թէ՝
դարձողներու
ստուար
շարքերու
մը
հետ
պիտի
դիմաւորենք
Խարբերդի
լեռներուն
ու
դաշտին
կողքին
վրայ
արեւ
ու
ծաղիկ
ցանող
Մայիսը,
հազիւ
մէկ
քանի
եկւորներու
ներկայութիւնը
կը
վայելեն
Հայ
ընտանիքներ,
որոնք
սակայն
երբ
մէկ
կողմէն
ուրախ
հոգիի
մը
շոյանքները
կը
զգան
ներսերնին,
կը
ցաւին
նոյն
ատեն,
որ
գէշ
ատենի
մը
հանդիպած
եղաւ
իրենց
սպասածներուն
դարձը,
ըսել
ուզելու
համար
թէ՝
Երկրին
մէջ
տիրող
տագնապին
ձեւերը
միայն
փոխուած
են,
կամ
սա
ամէնքն
ալ
Սահմանադրութիւնը
եկաւ
միջամտել,
որ
եղածը
սոսկ
ստորակէտ
մը
արժէ
արհաւիրքներու
պատմութեան
վայրկենային
դադարը
նիշող։
Իրաւ
է
որ
անամպ
երկինք
մը,
ու
աս
ամբողջ
գարունը
վճիտ
արեւի
մը
շողանքը
ունեցանք
գլխնուս
վրայ,
բայց
ոտքերու
տակ
կոխուածը
այն
չէ
երբէք,
որ
կակուղ
հողին
հպումը
կուտայ։
Արեւ
կայ,
իրաւ
է,
բայց
մի՛
ըսէք
թէ
կոյր
եղած
ըլլանք
անպատճառ,
երբ
մենք
ալ
ապրելու
յամառող
Հայ
ժողովուրդին
մէկ
հատը,
մութ
կը
տեսնենք
մեր
շուրջը,
շուրջինները,
ու
բոլոր
այն
բեմը
ամբողջ,
որ
այսօրուան
սահմանադրասէր
հերոսներն
ու
իրենց
հետեւորդները
իրենց
ցուցադրածներուն
շաչուն
ծափերը
կը
խլեն
իրենցմէ
երախտաւորուածներուն
կողմէն։
Այո՛,
հոս
մենք
ալ,
միայն
այն
ծափերուն
բերած
չոր
ձայնովն
է
որ
բռնաբար
ինքզինքնիս
կը
բաւականացնենք։
Ատանայէ
եկած
լուրերն
ալ
ակռայ
կը
կղպեն։
Խարբերդ
«Ձայն
հայրենեաց»,
1909,
5-18
Յունիս,
թիւ
33