Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի՞ՆՉՊԷՍ ԿԸ ՆՊԱՍՏԵՆ

Ա

Քահանան. Սիրելի ժողովուրդ, յայտնի է ձեր աստուածասիրութեան թէ մեր եկեղեցին ու դպրոցը մեր նուէրովը շէն կը մնան, ուրիշներուն պէս ուրիշ եկամուտ չունէինք, ուրիշները (միսիոնարն ու բաթէրան) հազիւ իրենց համար կը բաւականանան ու անոնք հազիւ կ՚ընդունին որ մենք ալ գոյութեան իրաւունք մը ունինք սա աշխարհին մէջ:

Մեր լուման, մեր հինiնոցն ու տասնոցը մեզի համար շատ է եթէ տալու յօժարութիւն ու կերպերը գիտնանք ու տուածնուս ալ ետեւը չուզենք հայիլ: Աղէկ խորհեցէք, սիրելինե՛ր, խելքերնիդ գլխընիդ բերելու համար: Վաղին ու միւս օրուան մի՛ հայիք, վստահ եղէք անկասկած թէ՝ մէկուն տեղը հարիրապատիկ, միոյն փոխարէն հազարապատիկ պիտի ընդունիք: Դուք գիտէք թէ՝ գաւաթ մը պաղ ջուրին ալ փոխարինութիւնը կայ: Այսօր ահա մեր լումաները մէկտեղելու յարմար օրն է, տօնի օր մըն է այսօր. ձեր տուածները պարապը չպիտի երթան, ու նորէն ուրիշ ճամբով մը ձեզի պիտի դառնան. ամէն մարդ իր կարեաց չափովը թող մէյմէկ բան գրուի եկեղեցիին ու դպրոցին համար, դրամ, բամպակ, ցորեն, ձէթ, եղ, գինի, գարի, ինչ որ կրնար, ինչ չափ որ կ՚ուզէր: Տարիին մէջ արդէն շատ պատեհութիւն չի ներկայանար սանկ հաւաքական ընծայաբերութիւն մը ընելու, հիմայ ահա ձեզ տեսնեմ, սիրելիներ, աղաներ, հացալից քէհեաներ ու բարեպաշտուհի տանտիկիններ, խաթուն քոյրեր ու ժամասէր մամիկներ, դուք ալ հիմայ ցոյց տուէք թէ՝ բարին կը սիրէք, ժամ, դպրոց կը սիրէք, շէն սրտով մը բերուընիդ բացէք:

(Լռութիւն, ձայն չելլեր վայրկեան մը):

Քահանան. Օրհնեալ ըլլաք, Դաւթի օրհնութիւնը ըլլի վրանիդ:

(Նորէն լռութիւն):

Քահանան. Դե՛հ, սիրելիներս, ձայն հանեցէք, ժամանակ չիկայ երկար բարակ մտմտալու, գանձեցէք գանձ ձեր էրկինս կ՚ըսէ, աւուրք մեր անցանեն որպէս խոտ տանեաց, ըսած է Սաղմոսերգուն:

(Նոյն անխօսութիւնը ժողովուրդին կողմէն):

Քահանան. (Յօրանջելով մը ձեռքերը կը ճմռթկէ) Զի՞նչ օգուտ է զաշխարհս շահիլ ու գանձն իւր տուժել, մի՛ մտածէք, մի՛ վարանիք սիրելիներս, վաղը միայն երեք արշուն կտաւ պիտի տանէք հետերնիդ:

(Ժողովուրդէն կը սկսին պատասխանել)

Ա. Երեք օխայ ձէթ ինծիս գրէ, տէր պապա՛:

Քահանան. Օրհնեալ ըլլայ, ձէթ եւ ճրագ ո՛չ պակասեսցի ի տանէ քումէ:

Բ. Լիր մը բամպակ, տէրտրամու:

Քահանայ. Բերան քո որպէս բամպակ՝ կ՚ըսէ, օրհնեալ ըլլիս, վարձս Նէէմայ առցես:

Գ. Եօթն ու կէս մայրուք փարայ ինծիս գրէ, տէր պապա:

Քահանան. Յիշեալ լիջիս առաջի ամմա Գառին Աստուծոյ, եօթը մահացու մեղքերէն ազատիս, որդեա՛կ:

(Ժամկոչը աս ատեն ժողովուրդին մէջ կը պտտի որ ոմանք բարձր ձայնով չըսելու համար իրենց տուածը, ժամկոչին ականջովը հասկցնեն տէրտրուն):

Ժամկոչը. Չարեկ մի ցորեն, Եղնօյին տղան Գափօն, տէր պապա՛:

Քահանան. Ցորենով առատասցի ամբարք Գաբրիէլին, օրհնեալ ըլլայ, Եղնօյին հարազատ որդին Գաբրիէլը, սրբոյն Հեղինէին օրհնութիւնն առցի:

(Լռութիւն պահ մը):

Քահանան. Շուտ սիրելիներս, շուտ բացէք բերուընիդ, տամլա տամլա սէլ օլուր, կ՚ըսէ, ախար կիտէր կէօլ օլուր, շուտ ըրէք այսօր վասն մեր ծովացեալ մեղաց, մեր երէցկինն ըլ հիւանդ է ու ճամբուս կը հայի: (Մեծ քրքիջ մը ժողովուրդէն):

Է. Լիր մը գինի ինծիս գրէ, տէր հայր:

Քահանայ. Օրհնեալ, օրհնեալ, երիցս, եւ չորիցս օրհնեալ լիցիս, ի պտղոյ, ցորենոյ, գինոյ եւ ձիթոյ իւրեանց լցուցեր զնոսա:

Զ. Աղքատ տղի մը վարժատան ծախքը, հայր սո՛ւրբ:

Քահանան. Շէ՛ն մնաք:

է. (Ժողովուրդէն մէկը) Ժամկոչ, ծօ՛ ժամկոչ, գնա՛ տէրտէրուն անկճն ի վար փսփսա քի, սա տարի էկէր տղաս Ամերիկայէն եկաւ ու 2 հարիւր կլօրիկ բերեց նը, Աստուած մեծ է, ես զինքը պարապ չեմ հաներ:

Ժամկոչը (Տէրտէրին). Զմօյին տղան կ՚ըսէ որ Աստուած մենծ է:

Քահանան. (Խեռ նայուածքով մը դէպի ժամկոչը) Մե՛ծ է Աստուած, մե՛ծ են բարձունս, մե՛ծ են լերինս Լիբանանու, Զմօյին տղան մեծ չէ՞ր ըլլիր, ժամկո՛չ:

Ժամկոչը. (Տէրտէրուն ականջն ի վար) Տղաս, կ՚ըսէ, Ամերիկայէն գայ նը, ես զինքը պարապ չեմ հաներ, երկու հարիւր դեղինի կը սպասէ:

Քահանան. Սրբոյն Վարդանայ լուսապսակին արժանացուսցէ Զմօյին տղան Վարդանը, հերիք է, որ սրտէն բարի խորհուրդ կ՚անցընէ:

(Լռութիւն):

Քահանան. Մի՛ հազաք, ժողովուրդ, Աստուածնիդ կը սիրէք նը, ատոր ատենը չէր հիմայ, կը տեսնաք քի դուրսն ըլ շատ բուք կ՚ընէ, շուտ ըրէք որ օրհնութիւն մըն ալ ու վերջ տամ քարոզիս:

Ժամկոչը. (Տէրտէրուն ականջէն), Ձեր Եղսիկան թոռը Մարթան, Տէր պապա, երկու կաժ մանած կու տայ:

Քահանան. (Հազալով) Շէն մնայ մեր Մարթան. եկէնիս կնիկն էր մեր Մարթան, ասացէք Աստուած շէն եւ պայծառ պահէ, քար բռնէ օսկի դառնայ, եկէնս ալ խարիպ տեղը թէնտրուզ պահէ, օ՛ֆ, օ՛ֆ, պապամ եկէնս:

(Լռութիւն):

Քահանան. Ա՛լ գրուող չիկայ կ՚երեւի, ժամկոչ, որոնք ետուն զլումաս իւրեանց յօժարս եւ առատանուէրս, միոյն փոխարէն բիւրապատիկս ընկալցին աստ եւ ի հանդերձելումն: Պայպանիչ հաւատացելոց, Յիսուս, պահեա պահպանեա զամենայն, որ նուիրեցինն տուրս բարեաց եւ վայելուչս, արա զնոսա արժան ողորմութեան քում, զի քեզ վայելէ փառք, իշխանութիւն այժմ եւ յաւիտեանս, ամէն:

Բ

(Մէկ քանի օր անցնելէ յետոյ ժամկոչը որ վարժապետէ պօզմա մէկն է, կ՚ելլէ որ եկեղեցիին մէջ խոստացուածները ժողվէ):

Ժամկոչը. Շէն մնայ Պաղտիկ Աղան, 3 օխա ձէթ գրուեր էր, շնորհք ընէր տէ, լմնցնէիք ասօր:

Պաղտիկ. Մենք ձէթ չենք վառեր, ժամկո՛չ, սխալ եկեր ես, էտքան ըլ էճէլէ՜… փոխ չէիք տուեր, անանկ չէ՞:

Ժամկոչը. Դուն գիտես, սիրելի՛ս, զօռ մը չունէինք ալ, երեսն ըլ քուկտ էր, աստառն ըլ:

(Ուրիշ դուռ մը):

Ժամկոչը. Լիր մի բամպա՛կը, Պօղո՛ս, աս տարի փառք բարերարին, դուրսը բամպակ չի մնաց տուն լեցուցիր:

Պօղոս. Տահա չենք կթներ, աղա ժամկոչ, աղաներուն ու տէր պապային բարեւ տար, ըսէ որ Պօղոսին վրայ հըմը թող իրենք առնելիք ունենան:

Ժամկոչը. Գլխուս վրայ Պօղոս, ինչ որ ըսես նը, էնի պիտի ըսեմ, ինչ որ տաս նը, ես էնի պիտի թէսլիմ ընեմ:

(Ուրիշ դուռ մը):

Ժամկոչը. Մեր ամօղլին աճապ իր եօթնուկէս մայրուքը չէ՞ր տար:

Ամօղլին. Քսան փարայ կայ քովս, ժամկոչ, մէյ մը հըլէ սըվի տար, մէկալին համար ըլ Աստուած ողորմած է:

Ժամկոչը. (Ինքն իր քթին տակ ուրիշ դուռ մը) Գէշ չէ, հաւատա, ժամուն մէջ բերուընին լէկէնի մը պէս կը բանան, հիմա որ տալու սըրան եկեր է նը, բերուընուն դէմ այլըխ կը բռնեն: Եղնօյին տղան Գափօ՛ն, (ցանկը կը կարդայ) Տէ՛, Գափօ, եա՛ ցորենը, եա՛ փարան, Աստուած աս տարի գետերուն ջուր, քու ամպրներդ (շտեմարան) ըլ օղորմութիւն լեցուց:

Գափօ. Պապս հիւանդ է, ժամկո՛չ, հըլէ դուռը վրայ բեր տէ բացուիր էսօր:

Ժամկոչը. Ասոր ալ փառք տանք։ (Առանձին) Սվոնց նայէ, որ չալըմնուն հայիս նը աչքդ կը խտխտայ, ասըլ իկիտութեան սըրան գայ նը, պոչերնին պաճախնին կը կոխեն. եա սա Մսրայ մա՞րդն ինտոր մարդ է եղեր որ քաղքի դպրոցին համար մէկ անգամէն 60 լիրա տուեց, անունն ալ պիլէ մարդ չգիտցաւ տուած ատենը: Կիտի մի թութի ճանճե՛ր, կարծես տուածնին ժամկոչին ճէպը պիտի լեցնեն:

(Ուրիշ դուռ մը):

Ժամկոչը. Տէ՛, Գրիգոր, ուրիշները ճէպս լեցուցին, դուն ըլ բերանս զահար, լիր մը գինի գրուեր ես եղեր, փարա՞ն կուտաս, գինի՞ն կուտաս, թէ կուժ մի թան կուտաս, ի՛նչ տաս նը խօշ ժամկոչին չես տար, թէեւ գինի տայիր նը աւելի գործիս կուգար:

Գրիգոր. Գալ տարի, պապա ժամկո՛չ, գալ տարի, երէկ խնամտէքս եկեր էին, հաւտա որ պուտ մըլ չի մընըց, կ՚ուզես գնա գիւբը ձեռքովդ խառնէ:

(Ուրիշ դուռ մը):

Ժամկոչը. Աղքատ տղուն թոշակին գայինք:

Նուիրատուն. Քեզի բան մը ըսե՞մ, ժամկոչ, ամա ինչ որ կ՚ըսեմ նը, մէջդ պիտի մնայ. իրաւ է գրուայ ամմա, պապամ, շատ խօշիս չի գար գիտես քի, գլօխս տաք էր էն օրը, ու խօսք մ՚էր որ հանեցի բերնէս, բայց ինծի նայէ, բան չըսես, դուռը զարկի, հոն չէր ըսէ:

Ժամկոչը. Աստուած պէլանիս տայ, հէրի՛ֆ, սա շողգըմներուն ըլ անունը խնծոր դրեր են:

(Ուրիշ դուռ մը):

Ժամկոչը. Երկու հարիւր կլորիկը եկա՞ւ, Զմօյին տղա՛ն, ախըրի դուն ի՞նչ կ՚ըսես:

Զմօյին տղան. Թող հէմի բոլորն ըլ տային տէ, բանը ինծի մնար, Զաքա՛ր, տէտիմ տէմէտիմ, պէ հէրի՛ֆ, մարդ մարդու հալէ չի հասկնար, կէս գիշերուն ժամ կը կանչէ:

***

Ժամկոչը յուսահատ, այս վերջինէն ալ բաժնուելով, ալ ուրիշ դուռ մը չի զարներ, կ՚երթայ զինք ղրկողներուն քովը, հանդիպածներուն տրամադրութիւնը կը պարզէ, անոնց յայտնելով նաեւ, որ ա՛լ երկրորդ անգամի մը համար ինք չպիտի ուզէր գրուածները հաւաքելու ելլել:

«Ծաղիկ», 1905