ՆՈՐ
ՀՈՍԱՆՔՆԵՐ
Քաղքի
շուկային
մէջ,
ճանբաները
ու
մինչեւ
խաներու
շէն
բակերը
երբեմնի,
մրջիւններու
տիրապետութեան
ձգուած
են
ու
դաշտի
մը
ամայի
բացատները
ըլլան
կարծես։
Չիկայ
առջի
բանուկ
եռուզեռը,
փութկոտ
արագ՝
գործի
մարդուն
ու
յաճախորդին
քով
քովի
ու
իրար
արմկող
երթ
ու
դարձը
զգալի
կերպով
պակսած՝
շատ
մը
խանութներ
ալ
արդէն
կղպուած
բերաններու
ձեւը
առեր
են։
Գործ
չկայ,
վաճառականին
կարաւանները
հինին
պէս
չեն
աղմկեր,
չեն
ոգեւորեր
առեւտրողին
գործունէութիւնը։
Խարբերդ
բուն
իսկ
սիրտէն
սկսեր
է
մեռնիլ։
Կը
գաղթեն,
հիմա
աւելի
շատ,
այսօր
երէկինէն
աւելի
բարդ
ու
կնճռոտ
պատճառներու
հետեւանքով
մը։
Ու
նորէն
Ամերիկան
կըլլայ
ու
կը
մնայ
այսպէս
չորս
ոտքով
վազողներու
ապաստանարանը
կամ
մէկ
քանիներուն
ալ
ցանկալին
Էլտօրատօն։
Ամերիկան,
միշտ
ան,
որ
օր
մը
Խարբերդցիներուն
Երուսաղէմը
կ՚անուանէր
բարեկամս
Մ.
Եպիսկոպոս
իր
մէկ
նամակին
մէջ,
բայց
ան
ատենները
այս
անունով
տեղ
փոխող
Խարբերդցին,
մէկ
քանի
շաբաթէն
կ՚երթար
ու
շուտ
մը
կը
դառնար
գոնէ։
Գացողներն
ալ
յաճախ
«անկաճներուն
ետեւը
դեղնած»
ծերերը
կ՚ըլլային,
որոնք
ձեռուընուն
երեսը
սեւ
նշաններ
մը
սպիացնել
տալով,
կամ
անկէ
ուղղակի
կ’երթային
«վերին
Երուսաղէմը»
կամ
կը
դառնային
հոս,
աս
տեղէն
կ’սպասէին
ճանբորդել։
Հիմա
չըլլար
այնպէս,
ճաշակներու
անհուն
փոփոխութիւն
մը,
տարբերութիւն
մը
կերեւայ։
Հիմա
դէպի
այն
կողմը,
որ
մեծ
ջուրերէ
անդին,
Ամերիկա
կը
կոչուի,
մեր
երիտասարդ
կեանքերն
են
որ
կը
լեցուին
արդէն
լեցուած
ու
կարծեմ
փճանալու
դատապարտուածներուն
քովերը։
Դեռ
գիտնայիք
թէ
հերուան
Յուլիսէն
մինչեւ
աս
տարիինը,
դպրոցներէ
խլուած
փոքրիկներն
ալ
այն
ճամբուն
վրայ
կը
նետուին։
Առջի
օրը
տեսայ
պատուհանէն
որ
քանի
մը
կնիկներ,
մէկը
մայրը
ըսին,
կ՚օգնեն
հինգ-վեց
տարեկան
պզտիկի
մը
որ
հեշտ
մը
կառքին
փորոքին
մէջ
խբուի
ու
ճանբայ
իյնայ։
Սովորական
տեսարաններ
մեզի
համար,
որ
ա՛լ
չեն
յուզեր.
ես
այնպէս
տեսայ
որ
այն
տղեկան
մայրն
ալ
աչքէն
բան
մը
չի
սրբեր,
պզտիկը
հոն
ժամուն
կողմը,
դպրոց
խրկէր
կարծես։
Այս
երեւոյթը
այսչափ՝
ա՛լ
սովորական,
կամ
խրկողին
ու
խրկուողին
համար
ալ
հեշտ,
համարձակ,
գիւղերու
ճանբաներուն
վրայ
երեւակայել։
Ասկէ
առաջ
արդէն
մեր
գեղերը
տուն
մը,
երդիք
մը
չի
կար
բնաւ,
ուսկէ
հատ
մը
երկուք
կամ
շատ
մը
տուներէ
ամբողջ
ընտանիքը
պարպուած
չ՚ըլլային.
հերուէն
ի
վեր
ահա
այն
մնացածներն
ալ
ոտքի
վրայ,
որոնցմէ
ոմանք
իրենց
ուզելովն
է
որ
կ՚երթան,
շատերն
ալ
նախապէս
գացած
իրենցիններուն
ստիպող
հրաւէրները
ունին
ձեռուընին։
Այս
վերջինները
կանչուած
իրենց
հայրերէն,
մեծ
եղբայրներէն
ու
հոն
իրենց
համար
պատրաստուած
գործը
ձեռքէ
չի
հանելու
զուարթ
միտքով
մը
կը
վազեն,
մինչ
առջինները
չեն
այսպէս,
ու
նոյն
իսկ
ճամբու
ծախքն
ալ
պարտքով,
գրաւատուութիւնով
հնարաւորած,
կ՚երթան
որ
գործ
գտնան
ու
ետեւնին
ձգած
սովատանջ
ընտանիքը
փրկեն։
Խարբերդցիին
համար
երեք
չորս
տարիներէ
ի
վեր
սով,
սովալլուկ
տագնապներ,
երբ
քիլէ
մը
ցորենը
հարիւր
ղրուշով
ստիպուած
է
աղալ։
Ու
դժբաղդութիւն
մըն
ալ
ան
որ
ոչ
ցորեն
կայ
առատ,
ոչ
դրամ,
ոչ
ալ
աղօրիքը
հարկաւորած
չափով
ջուր
ունի.
չէ՞
որ
հայուն
ցաւը
միշտ
մէկ
չի
մնալու
համար,
պէտք
է
անպատճառ
երկինքին
ցուիքներն
ալ
փլցուած
ըլլան։
Իրաւ
է
որ
այս
տագնապները
մեր
դրացի
Իսլամներուն
համար
ալ
ճնշիչ,
անտանելի
են,
բայց
անոնք
գոնէ
բան
մը
ունին,
բանով
մը
ապահովուած
են,
որու
շնորհիւ
երբ
օրերով
անօթի
ալ
քնանան,
չեն
մեռնիր
ու
ոչ
իսկ
տրամ
մը
ճարպ
կը
պակսի
միսերնէն։
Ազատ
են
անոնք,
անվախ
կ՚ապրին,
ու
իբր
այսպէս,
չոր
հացն
ալ
կարկանդակի
մը
համովը
կը
ծամեն։
Այս
չորը
ծամել
չի
կրցողը
կամ
չուզողը,
կրնայ
ուզած
վայրկեանին
թաց
թարմ
սնունդ
մըն
աւելցնել
հետը,
որ
եթէ
պանիրի
եղի
կտորներ
չեն
իր
այգիին
ու
մաքիին
արդիւնքներէն,
դուք
գիտէք
արդէն
ու
հարկ
ալ
չկայ
կրկնելու
թէ՝
ո՛ւսկէ
փրցուած
միսի
կտորները
կրնային
ըլլալ։
Դեռ
կան
ուրիշ
շատեր,
որ
ամսականներով
կ՚ապրին,
վագըֆները
մեծ
ապահովութիւն
մը
հարիւրներով
համրուած
տուներու
համար,
հողերու,
ջրերու
երեք
չորրորդը
ու
աւելին
իսկ
անոնց
կը
վերաբերի։
Այնպէս
որ
եթէ
իրենք
գիտնան
վայելել,
ու
ի
հարկէ
մարդավարի
վայելքով,
իրենց
քիթերնէն
փինչերնէն
բերողը
ո՞վ
համարձակի
ըլլալ։
Մերիններուն
համար
սակայն
աս
ապահովութիւններն
ալ
չի
կային։
Եւ
որոնք
հիմա
մէկ
քանի
շաբաթներէ
ի
վեր
երկրէն
դուրս
կը
նետուին.
չըսի՞
թէ
մէկ
պատճառը
ու
է՛ն
մեծը
անտարակոյս,
այն
վախն
ալ
է,
ջարդի
ու
չգիտեմ
ինչի
այն
սարսափը,
որ
կա՛մ
շաբաթն
անգամ
մը,
օրն
անգամ
մը
սա
տեղի
հովերը
կը
ծնցնեն
ու
կամ
ատեն
ատեն
դուրսերէն,
Ամերիկայէն
կուգան
ջղայնացնել
ամէնէն
յուսահատեցուցիչ
թափով.
—
Մի՛
կենաք,
եկէք,
կամ
մի՛
խաբուիք
եղածներէն,
դուրս
նետուելնիդ
նայեցէք։
Անցած
թղթաբերով
նամակին
մէկն
ալ
սա
տեսակ
փակագիծ
մը
ունի
եղեր.
«նմանը
չի
տեսնուած
կարկուտ
մը
պիտի
գայ
Խարբերդ»։
Ատանայի
դէպքերը
արդէն
լսողին
մազերը
ծունկերուն
վրայ
բերելով,
ան
օրերէն
ի
վեր
խնդուք
չի
տեսնուեցաւ
հայ
երեսի
վրայ։
Ու
երբ
հիմա
ալ
գուժկան
լուրերու
ուրիշ
տեսակներ
կուգան
պայթիլ
սա
տեսակ
ներքին
գաւառներու
խորերը
նոր
սարսռանքներ
ստեղծելով,
ա՛լ
կրնաք
գուշակել
թէ՝
վերջին
մնացողը
հոս
ո՛վ
պիտի
ըլլայ։
Մինչեւ
հիմա
այսպէս
ո՛ր
եւ
է
պատճառով
հայրենիքէ
բաժնուողներուն
թիւը
երկու
հազարէն
պակաս
չեն
հաշուեր։
Հիմա
կ՚ըսէինք
թէ՝
դպրոցներն
դարտկուիլ
սկսան.
կը
փախին
զինուորագրութենէ
ալ։
Եկեղեցին
արդէն
ան
հաստ
սիւներուն
կանգունութիւնն
էր
որ
շէնլիք
մը
կ՚երեւցնէր։
Վաղը
աս
եկեղեցիներն
ալ
հունա
լեռներու
ամայի
ծոցերը
լքուած
վանքերուն
վրայ
նոր
թիւեր
մը
պիտի
աւելցնեն։
Կ՚ըսեմ
այս
բոլորը
այսչափ
անվերապահ,
որ
բան
մը
մոռցուած
չըլլայ
օրուան
կսկծացնող
իրականութիւններէն։
Կ՚ըսեմ,
որ
մեր
նորընտիր
Պատրիարքն
ալ
իր
ժողովներուն
հետ
մէկտեղ
գիտնայ
թէ
ի՞նչ
կայ
հոս,
ի՛նչ
դարմանի
կարօտ
ցաւեր,
ու
այն
Տեղապահին
ժամ
առաջ
փութացումն
ալ
որքա՛ն
անհրաժեշտութիւն
մըն
է
սա
տագնապոտ
պարագաներուն։
(Խարբերդ)
«Ձայն
հայրենեաց»,
1909,
21օգոստոս
-
3
սեպտեմբեր,
թիւ
43-44