Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՁԵՐ ԽԵԼՔԻՆ ՉԻ ՊԱՌԿԻՐ

Ան օրուան պէս հիմա ալ միտքս է տակաւին: Գեղը աղուոր, ալեհեր ծերուկ մը ունէինք, Սուրբ Աստուր, լման ութսունամենի մը, իրաւ, շա՛տ տարօրինակ, շատ հին մագաղաթ, որ ո՛վ շփէր, շրջշրջէր, միշտ անոր վրայ, անոր բերանին մէջ նոյն միատեսակ խօսքերը պիտի գտնէր, որ սակայն շատ չէին հասկցուիր:

Խօսքեր ինքնատիպ կամ խորհրդաւոր, ան ատեն ո՛վ մտածէր, որ անոնց իմաստին թափանցելու համար երսունըհինգ-քառասուն տարիներու երկար սպասանք մը պէտք է:

Աս աշխարհքը, տղաքս, կ՚ըսէր, ան ատեն շէնք շնորհք բանի պիտի գայ, պիտի բարեկարգուի, երբ ան վարդապետները պսակուած կնիկ ունենան, երբ կնիկ, աղջիկ կարդալ գիտնան, երբ ան դէմի ծովակէն ալ մեր դաշտեցիները օգտուելու կերպ մը հնարաւորեն: Ծերուկը, որու հետաքրքրող կենսագրութիւնէն մաս մը դրած պիտի ըլլամ կարծեմ երբեմն իմ «Գեղի Նամակներուս» կարգին, միամիտ մենամոլութիւնով մը գիշերը կէսին ալ երբ իրեն ձայն հասցնող, իր անունը տուող մը ըլլար, ինք պատրաստ նոյն խօսքերը պիտի կրկնէր, վարդապետնե՜րը… կնիկներ՜ը… ծովակը…

Վերջինը գուցէ հասկցուէր քիչ մը: Ծովքին կողմէն դէպի դաշտ ջրանցք մը բացուելու կարելիութիւնով, գիւղացին իրաւ է, որ անհունապէս նպաստաւորուած կ՚ըլլար իր անջրդիներուն համար առատ պատրաստ ջուր գտնելով, իսկ ան առջիններուն ի՛նչ ըսել, ի՛նչ խօսքեր անոր, այն մէկուն ժոռատ ու շողինքոտ ծամոյքին տակ:

Աղջիկ կրթել, վարդապետը կարգել, ծովքը ծակել, խենթի շաղակրատութիւններ պարզապէս, ուրիշներ ցնդած մըն է կ՚ըսէին անոր, դեռ ինչե՜ր, որոնց կարգին մենք գեղի դպրոցին հովկուլներս ալ քիչ խաղ, խեղկտուքներ չէինք ըներ անոր ամէն անգամ որ զինք առանձին կը գտնէինք կծկտած կամ նստած պատի մը տակ, իր մերկ թաւամազ կուրծքը արեւելու դիրքի մը մէջ:

Է՛, Սուրբ Աստուր, կ՚ըսէր մեզմէ մէկը, ասօր ի՛նչպէս, ասօր քանի՛ ծունկ, քանի՛ խաչ, մեր տեղն ալ ըրի՞ր բան մը: Ես էն վերջը ու կեղծ լրջութիւն մը զսպած մէջս, կ՚ուզէի հասկնալ, թէ Աստուր ամուն ո՞ւր կը պառկի գիշերները. իրա՞ւ է լսածնիս, մեզի որովհետեւ այնպէս հաւտցուցեր էին թէ՝ այն ճերմակ գերեզմանամերձ ծերուկը տարին ի բուն ժամը կը պառկի ու սուրբերուն հետ կը լուսցնէ: Գիշերները եկեղեցին ու սուրբերուն հե՜տ, բայց ի՛նչպէս չի վախնար, ի՜նչ զարմանալի, մինչ մենք ու մեր հասակը ունեցող գեղին տղաքը բոլոր ու մեծերն ալ կարելի է, հէնց եկեղեցիին բակը գդակ ու կօշիկ ալ մոռցած ըլլայինք, իրիկուայ աղօթքներէն վերջը, մութին, ա՛լ մեզի անկարելի կ՚ըլլար ետ դառնալ ու բնտռտուք փորձել: Սուրբ Աստուր, դեռ կրնայ, կ՚ըսէին, գերեզմանը՝ մութին ու առանձնութեան մէջ, մեռելներուն ալ հետ երես երեսի խոր քուն քնանալ ու առտուն ալ Երուսաղէմէ դարձողի մը պէս պարծիլ: Այդ պատճառներով էլ ահա սուրբ ըսեր էին իրեն ալ, որ իր դէմքով ու դրսերեւոյթովն ալ ժամուն սուրբերէն չէր տարբերեր:

Գլխուն առատ ու համակ ճերմակ մազերը ուսերուն վրայ ու մինչեւ կռնակը կախ ձգած՝ ետեւի կողմէն սուրբէ մը աւելի մազեղ պատառ մը կ՚երեւար շատ հեղ մազերու այն խուրձը կնկայ ճաշակով հիւսկէններու վերածած ըլլալով:

Գօտին կարկտնուկ սեւ զպունի մը վրայ հանկուրցած՝ կաշիէ պարզ փոկ մըն էր, գուլպայ չունէր ոտքը, մաշած տրեխ մը, որ տարիներ ու տարիներ առաջ ճամբան գտած պիտի ըլլար կարծես, վերէն վար հին, ոտքէն գլուխը խեղճ հագուստ մը ու ամբողջութեամբ սուրբ մը կամ բարիա վերջապէս:

Ան ատեն հէքիաթունակ բաներ կը պատմէին մեզի անոր նկատմամբ, Երուսաղէմ, Էջմիածին գացեր է հետի ու բոկոտն, շատ վանք, շատ վարդապետներ ճանչցած, ան տեղերը, անոնց մօտ երկար տարիներ ծառայութիւններ ըրեր է: Իր տարիքին ու մազերուն վրայ խօսք բացուելու ատեն, խորունկ ախեր մը քաշելով, զիս անոնք ծերացուցին կ՚ըսէր, թէ ոչ՝ քարը կը մաշէր ու Աստուր իր քնարը քնճիկը չէր փոխեր:

Անոնք ո՛վ ըլլային, ո՛վ ակնարկել կ՚ուզէր, մէյ մը գեղին քահանաները, մէյ մըն ալ ապահովապէս այն անկին քահանաները, որ ինք անձամբ ու այնքան մօտէն տեսած ճանչցած ու անոնց մինչեւ քիթերնուն շուքը չափած ըլլալը կ՚ըսէր ու ամենեւին սուտ ալ չէր խօսեր, նոյն իսկ եթէ բութ զմելիով մը իր քիթն ու ականջները կտրէին:

Սուրբ Աստուր իր զոյգը չունէր գեղ, քաղաք: Առաջին ամուսնութենէ մը յետոյ, ա՛լ երբեք կին, կնկայ փէշ չէր տեսած:

Հայ կրօնքէն ու միշտ եկեղեցիէն կը բերէ եղեր իր վկայութիւնները, ամէն անգամ որ զինք մտիկ ընող գիւղացին իր աշխարհայեցողութիւններուն մէջ վարանած իր կողմէն իբր լեցուն գիտցողէ մը, միջամտող ձայնի մըն է սպասեր:

Ու այսպէս գեղը մտնող ելլող հիւր կղերներու հետ ինք բանիմաց ու համարձակ խօսողն ըլլալով, իր իսկ գեղին քահանաներուն մոլորանքները քննադատելէ չէ քաշուած:

Վայը կը բերէր անոր գլուխին, որ քէնով պատարագի կը կայնի, կամ որ իրենը չեղող ծուխ մը կը հետապնդէ, կամ ծխատէր մըն ալ իր այցելած տունէն արբած՝ քէօռխէնտիլ դուրս կը սողոսկի ու եկեղեցին պաշտամունքի կը մասնակցի:

Ծերուկ տէտէն այդ երեւոյթներուն հանդէպ թեմակալ առաջնորդի մը սաստող տիրական ձայնին չափ աղմուկ կը շինէ ան անբարոյ մոլորածին շուրջը ու իրեն ալ ոչ մէկը կ՚ըլլայ մեղադրող: Բայց, ինչպէս կ՚ըսէինք, Սուրբ Աստուր իր այնքանի ահարկութիւններովը անանկներու մասին, մեզի դէմ հակառակ ճնճղուկի անհարկիութիւններուն, ամէն անգամ ալ բարի կ՚երեւնար կամ մենք գոնէ այնպէս կ՚ըմբռնէինք:

Երբ զինք շատ կը նեղէինք, երբ քիչ մը շատ յամառ հարցասէրներ երեւայինք, «ի միջի այլոց» միայն այն մէկը հասկնալու համար թէ՝ վարդապետներն ինչո՛ւ կարգուին, կամ ինչպէ՛ս կրնան կարգուիլ քանի որ մեր գեղին վարժապետը մեզի անոնց նկատմամբ շատ մը սրբազնիկ բաներ ըսեր է. «Ձեր խելքին չի պառկիր կ՚ըսէր, տղա՛քս, գործերնուդ գացէք, Աստուր ամուն այդքան մը մի՛ նեղէք, ես ձեր պապերուն պապուն ընկոզ խաղալը գիտեմ»:

Մենք իրաւ է որ գործերնուս կ՚երթայինք, չէինք ուշանար, բայց ի՞նչ ըսել է կ՚ըսէինք, որ մեզի հետ այնքան կարճ կը խօսի, մենք դպրոց կ՚երթանք, մենք թէեւ տղայ, բայց եթէ ոչ իրեն չափ, իրմէն գոնէ պակաս չէ մեր ունեցած ու գիտցածն ալ եկեղեցիի կամ եկեղեցականի խնդիրով:

Ես դեռ իմ մօրմէս ալ շատ մը նախապաշարումներ քաղեր պահեր էի մէջս: Անգամ մը, երբ մայրս մեր տունէն դիմացի տանիքէն հիւր վարդապետի մը փռնգտալը լսելով ինք ասդիէն խաչ հանելու ձեւ մը ըրաւ, ես հետաքրքիր՝ բացատրութիւն պահանջեցի, ա՛տ ինչ, մայր, ըսի, վարդապետին հազալ փռնգտալո՛ւն ալ խաչ կը հանես, «ինչո՛ւ չէ, տղա՛ս, պատասխանեց, վարդապետ մը մեզի պէս մի՛ հասկնար, սուրբ մարդիկ են վարդապետները, անոնց ամէն բանն ալ սուրբ է, անոնց զօրքին ու հաւատքին ղուրպան, անոնք աշխարհք կուգան կ՚երթան, բայց աշխարհք չեն գիտնար, չեն կարգուիր, կնկայ երես չեն տեսնար, ան սեւ սուր բանը որ գլխնուն վրայ կը պահեն, մինչեւ աչքերնին չերեւցնելու աստիճան, անոր համար է, որ արեւ, աշխարհք չերեւնայ աչուընուն, իրենք սուրբ են ու սուրբ մնան մինչեւ վերջը»: Ան ատեն ո՛վ խելք ընէր որ ես քիչ մը երկար քրքրէի մօրս հաւատքը, անոր մաքուր ու միամիտ հայեացքները:

Բանին լուսաբանութիւնը մեր Աստուրին կը մնար վիճակուած, երբ ասկէ կ՚ուզէինք ու նոյնիսկ կ՚աղաչէինք ալ որ մեզի քիչ մը պարզելու ըլլայ թէ՝ վարդապետ մը ինչո՞ւ պէտք է ամուսնանայ, ինք ի՛նչ ունի արդեօք լեզուին տակ, որ մեզիպէսներէն ծածկելը խոհեմութիւն կը սեպէ: Այս նկատմամբ ինչ որ ալ ըլլար մեր ըսել ստիպելու կերպը, ինք նորէն իր մեղմուկ շեշտովը նոյն բանաձեւը կը կրկնէր. «Ձեր խելքին չի պառկեր, տղա՛քս, դուք ձեր ընկոզին ու վէգերուն խաղը խաղցէք»:

«Ինծի, գոնէ ինծի հետ քիչ մը երկար խօսիր, առանձին միայն ինծի հասկցուր, Աստուր ամու, երդում քեզի, որ միայն իմ մէջս պիտի մնան ըսածներդ, վարդապետ մը կ՚ըլլա՞յ որ կնիկ ունենայ. ասի ե՞րբ պիտի մոռնաս, քեզի ի՞նչ որ ամէն օր ու կ՚ըսեն կեանքիդ բոլոր օրերը աս երգը հնչեցուցեր ես ականջներու»:

Ծերուկը իր հին մարդու յամառութեանը տէր մնալ պաշտպանելու համար խօ՞սք չունէր, ինքզինք պահելու կե՞րպ չէր գիտեր, թէեւ կ՚ըսէին մեծերուն առջեւ երբեմն ինքզինք կը բանայ ու կը բացատրէ եղեր իր հայեացքները ակնարկուած հարցին նկատմամբ, անոնցմէ ուրիշի մը չըսելու համար խօսք առնելէ յետոյ: Մեզի երբեք չի բացուեցաւ օր մը: Ան վանքերն ի՛նչ տեսած ըլլար, ան մութ մեկուսացուած անկիւներուն մէջ որո՛ւ հանդիպած ու ինչերո՞ւ ականատես եղած արդեօք, որ գեղջուկ ծերուկի մը մինչեւ հոգիին խորերը այնքան ցաւոտ ու ցնցող տպաւորութիւն մը թողած ըլլար անոր ամէն օր ըսել ու ըսել տալու համար մենամոլ խենթի արտայայտութիւնով «մինչեւ աս չըլլայ, մինչեւ ան չի կատարուի, մինչեւ մանաւանդ կուսակրօն վարդապետը չամուսնանայ, աշխարհք չի շիտկիր, չի բարեկարգուիր»:

Թէ ծերուկին աշխարհքը իր գեղն ու քաղաքն եղած ըլլար միայն, ասոր համար ալ զինք, իր յիշատակը չէիք ծաղրեր կը յուսամ:

Օր մը Մովսէսի ու Համիտի աշխարհքն ալ այսչափ հիմակուանին պէս լայն չէր կը կարծեմ:

***

Անկէ վերջ, քանի՛ տարիներ անցած ըլլան կը մտածէք որ հիմա քիչ մը հասկցած ըլլայի, հիմա խելքիս պառկած ըլլար թէ՝ վարդապետ մը ինչո՛ւ պէտք է ամուսնանայ, ինչո՛ւ անպատճառ պէտք է ամուսնացած ըլլայ իր պսակուած օրինաւոր կինը ունենալով իր կուշտին: Բա՞ն է ան որ քահանայի մը վերամուսնութիւնը առեր անցեր էք ու կուրծքերնիդ կը ճաթեցնէք: Դուք Հայ եկեղեցիին համար մեծագոյն ծառայութիւնը ըրած պիտի ըլլաք, ան ատեն միայն, երբ ան կուսակրօն ըսածներուն ամուսնանալու հարցին վրայ պահէք, հաստատէք ձեր վրանին ապաւանդակները: Երսունըհինգ, քառասուն տարի անցաւ, որ ես ալ այնչափ բան գիտնայի, համոզումս ոսկորներուս ծուծին հետ խառնուած ըլլար թէ՝ վարդապետ մը ինչո՞ւ պէտք է ամուսնացած ըլլայ, ու որքա՜ն յոյժ շահեկան խնդիր մըն է ասի մէկ օրէն միւսը մէկդի չի լքուելու համար: Մենք ու մեզի պէս հարիւրներ, հազարներ, ալ պէտք չունէինք այն խօսքին որ կ՚ըսէր մեր գեղին Սուրբ Աստուրը ու կ՚ըսեն տակաւին գեղէն դուրս ան հեռուները ապրող սուրբերը թէ՝ «Ձեր խելքին չի պառկիր, տղա՛քս, դուք լռել գիտցէք»: Բայց արդեօք պիտի ներկայանա՞յ լայնկեկ, թոյլտու առիթ մը, որ մէջտեղ գամ համարձակ ու խոստովանիմ յայտնապէս, թէ ինչո՞ւ պիտի չի կրնամ լռել:

«Արեւելեան Մամուլ», 1907