Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ո՞Վ ԱՂՕԹԷՐ

Վարդապետն անգամ մը հիւանդ, շատ հիւանդ, գոնէ իր հեւքն ու գալարքը այնպէս կը ցուցնեն, քանի մը օրերու համար կը թողէ իր բուն սեպհական տունը, որ նոյն ատեն իր պաշտօնատեղին՝ առաջնորդարանն ալ է, եղբօրը տունը կ՚երթայ ապրիլ. հոն կին կայ, հոն աղբար աղբրորդիներ կան, որ եօթն օտարին համար ալ իրենց մարդավարի կերպերն ու կարեկցութիւնն ունին: Եղբօր տունն ու տունեցիները հաճելի ամէն պայմաններով:

Եղբօր տղոց մէկը դեղագործ՝ աս ալ ուրիշ առաւելութիւն մըն է որ իրեն պէս հիւանդի մը հարկաւորած դեղերը խնամոտ ձեռքով մը պատրաստուին ու վերջն ալ նոյնքան բնական որ անփոխարէն մնան: Եղբայրը յարգուած ժողովրդական քահանայ մըն է, ունի երեք-չորս հատ ժմնած տղաքներ, հարսներ, աղէկ է ժամանակը, աղքատ չըսուիր, տղոց վաստակը իրենին հետ շնորհքով տուն կ՚ապրեցնեն: Ինչպէս կ՚ըսեն, քահանային համար ըսեր են կարծեմ, անոր համար մէկ մեռել, երկու ծնունդ ճոխ ջրաղաց մը կ՚արժեն:

Վարդապետը շատոնց բաժնուած է անկէ, իր առանձին տուն տեղն ունի, հարուստ է, հարուստ անով, որ իր բուն նստած տունին մէջ կիներու բազմութիւն մըն ալ կայ, որ իր սպասուհիներուն սիրուն տարմը պիտի ըլլայ, սպասուհի՝ ու, մէկ հատ ալ չէ: Անոնց ո՛րեւէ մէկը իր ձեռքին ջուրը լեցնելու գործ մը կ՚ընէ, ուրիշ մը ոտքերուն ջուրը, վերջին մըն ալ անոր կուրծքին վրայ Լէթէի աղբիւրէն ջուր մը կը սրսկէ: Վարդապետն իր շուրջը այսքան մը ջրկիրներ ու սպասարկուներ ունենալով մէկտեղ, հիմա, ինչպէս ուրիշ ատեններ ալ, երբ քիչ մը քիթը ծռի, երբ հէնց հարբուխ մը կամ հազ մը ունենայ թեթեւ, ինքզինք չի վստահելով միւսներուն խնամքին, հոն կ՚ըլլայ միշտ, ուր ծնած էր, իրիցկինն ու ասոր հարսերը մանաւանդ մատաղ ըլլալու աստիճան անձնուէր ծառայութիւններ մը կ՚ընեն իր անկողինին բոլորտիքը:

Ան օրերը Պոլիսէն նոր դարձած առաջնորդի պաշտօնովը, ո՛վ գիտէ աս անգամ ալ ի՛նչ փոխարէնով գնած ան, քով եկող գացողներուն ալ վերջը չի գար: Կուգան մէյ մը անոր նոր պաշտօնը շնորհաւորելու, մէյ մըն ալ հիւանդութիւնը այցելած ըլլալու ազնուութիւններով: Անգամ մը եկողը կրնայ ըլլալ որ անգամ մըն ալ գլուխ երեւցնէ վարդապետին քով, այս վերջինով վարդապետը աւելի մօտէն համոզելու թէ՝ անոր բացակայութեան օրերուն՝ ինքը միայն, ինքն էր, որ ամէնէն առաջ իր սիրելի առաջնորդին վերադարձը խնդրող հանրագիրը կը ստորագրէր ու եղը կրակին վրայ ուրիշներու ալ այնքան դժուարութիւններով ստորագրել կուտար: Ու տեսնելով վարդապետը թէ՝ բարի ու ազնիւ են այն ամէնքը նոյն իսկ իրենց կեղծաւոր ու շողոքորթ խոստովանութիւններուն մէջ, զանոնք պատուելու համար, անգամ մըն ալ իր քմծիծաղին շնորհքները կը նետէ անոնց երեսին, ու ոտքի վրայ սպասող տունեցիներուն երկրորդ ու երրորդ սուրճ մը կ՚ապսպրէ. աս ապսպրանքներն ալ մի մտածէք որ անուշ շեշտեր մը ունենան:

Բայց մինչեւ ե՞րբ այսպէս: Աստծու մարդը գոնէ վայրկեան մըն ալ ինք ըլլայ խորհողը թէ՝ իրեն համար օրը օրին շռայլուած այն ծախքերն ու ծառայութիւնները քիչ մըն ալ իր քսակին մէջ գտնուածներովը փոխարինուին, քիչ մը գոնէ իր ձեռքը բռնէ իր երեսին. չէ, վայրկեան մըն ալ չի խորհիր այսպէս, տասնոց մ՚անգամ չի տրամադրեր, նոյն ատեն սակայն ախորժակն ալ բացուած ու հետզհետէ սովածի մը երախով կը կլլէ առջեւը հրամցուածները, կով մը կ՚ուտէ, դուք կ՚ուզէք, այսքանն ալ չափազանցութիւն հասկցէք:

Այս վիճակին մէջ, անցեր է արդէն ամիսը, ա՛լ հիւանդ չէ ամենեւին, բայց նորէն չի հեռանար, ու հիմա պահանջն ալ ան, որ ճաշի սեղանին վրայ, որովհետեւ բժիշկն ալ նոյն խորհուրդը թելադրած է եղեր, ջուրը գինիի փոխուի. չէ՞ որ Տէր Յիսուսն ալ այնպէս մը կը պահանջէր օր մը ու վայրկենապէս ուզածը կ՚ըլլար: Գինի, անպատճառ գինի ու անպատճառ՝ անխառն ըլլալու պայմանով:

Տունեցիները նեղուիլ կը սկսին, կարճ պիտի ըսենք, բոլորին մէջ շատ աւելի իրիցկինն է քրթմնջողը, իրիցկինը՝ խաթուն կին մը, բայց փոխուած է վերջապէս:

Հակառակ վարդապետին մտերիմ վերաբերութիւններով, ինք անոր երեսն ալ չուզեր նայիլ:

Իրիցկինը չես գիտեր ի՛նչ աղբիւրներէ, ան մէկ-երկու օրը այնպէս լսած կ՚ըլլայ թէ՝ վարդապետ տագրը իր մէկէ աւելի տուներն ու խանութները ամբողջութեամբ անոնց նուիրած է, որոնք իրեն հետ ո՛րեւէ ընտանեկան կապ մը, առնչութիւն մը չունենալով մէկտեղ այնքան մեծ հարստութեան մը կը տիրանան, ասդին ալ իրենց բաժին հանուածը տարապարտ յոգնութիւն ու հատնումները միայն, որոնց ծանրութեան տեսակին շունն ալ չի տանիր: Խնդիրն ալ իրաւ է, որ իրիցկինին լսածին պէս է, հայր սուրբը որքան որ գաղտնի ուզեր էր պահել այդ տեսակ փոխանցման գործողութեան մը պարագաները, բայց վերջապէս յայտնուեր է բանը. այն նկատմամբ հիմա շատերն են, որ նոյնիսկ իրարու մէջ հետաքրքրող մանրամասնութիւններ մըն ալ կ՚ըսեն: Քահանան ու տղաքն ալ լսեր են խնդիրը, բայց ասոնք չեն հաւտըցած, ինչպէս ուրիշ ատեններ ալ անկարեւոր գտած էին ու յաւէտ թշնամութիւններու վերագրած: Բանին մէջ ան ալ կա՞յ որ գաւաթ մը ջուրի փոխարէն ահագին հարստութիւն կը կտակուի:

Իրիցկինը ան խօսքը լսած օրն ալ համբերելու արիութիւնը կ՚ունենայ: Ձայն ձուն չի հաներ, բայց ա՛լ հոգին բերանը եկած ըլլալու աստիճան խեղդուիլ մը կ՚զգայ, քահանայ ամուսինն ալ ո՛րեւէ փափկանկատ մտածումով անհաղորդ կը պահէ իր գիտցած ու զգացածներէն:

Իրիցկինը առտու մը ժամէն կը դառնայ ու վայրկեանին ձեռքը զբաղում մը ձգելու համար, պարտէզ կ՚իջնայ ծառերուն տակ թափթփուք մը կը ժողվէ. բայց հնա՞ր է, որ անշահ տագրի մը ըրած ու վերջացուցածները միտքէ հանէ. ան ընտանիքն ի՞նչ կապ ունի վարդապետին հետ, այն կինն ու կնկան պարագաները վարդապետին բերանը ի՞նչ համ բերած պիտի ըլլան, որ աս ալ անոնց ըրածը փոխարինելու համար անոնց իր ամբողջ ունեցածը կը կտակէ եւ՝ կ՚ըսեն, օրինական պայմաններու գործադրութիւնով փակեր է խնդիրը: Իրիցկինը գետին գճկած՝ ծառներուն տակ՝ ան առտուն փէշ մը չոր թութ կը ժողվէ ու միտքը կ՚ընէ նաեւ որ ծիրանիներուն ու խնձորենիներուն տակ թափածներն ալ բանի մը բերէ. ան առտուն ճայն ու ճնճղուկները պարտէզին մէջ շատ գործ բացած են մեր խաթուն երիցուհիին: Պարտէզը՝ վարդապետն ալ ահա, ասոր ետեւէն դուռը բաց ձգուած՝ գիրուկ, կարմիր աքաղաղ մըն ալ, ասի բոլորովին անակնկալ, որ հպարտ ու համարձակ քալուածքով մը շիտակ բանջարանոցին վրայ կը յարձակի ու անմիջապէս քճքճուածքին կ՚սկսի: Իրիցկինին համար ան երկուքն ալ հիմա նախապէս անոնց ո՞ր մէկը պիտի սկսէր քճքճել ու փախցնել:

Արի տես, որ վարդապետն հիմա հոս ալ իր նազին ու պահանջներուն մէջ.

Իրիցկին, իրիցկի՛ն, կ՚ըսէ, իրիցկի՛ն, աղջիկս:

Հրամմէ, կը լսեմ արդէն:

Իրիցկին, խուզում, աս իրկու ալ աս խոռոզը մորթէիր որ բերնակս բան մի դպնար, երկու օր է որ հիչ համ չեմ առներ կերածներէս, եղով տապկէ, վերջն ալ քանի մը տամլա կաթեցուր վրան. աս ալ կը լսե՞ս օրհնած, հաւ խըսմի գինիով որ չի տապկուի, խաշած լահանի տատ կուտայ:

Հաւամոլ աբեղուկը աղւոր չի՞ բացատրեր իր բերանին այնքան նրբին ու զգայնիկ քիմքը: Խաշուած հաւը խաշուած կաղամբի համ կուտայ եղեր: Աս ատեն իրեն ալ, Տէր Աստուած, ով ըլլար փսփսացող մը թէ՝ հապա, աղա վարդապետ, քու ան քարոզներդ ինտոր կը մարսեն մտիկ ընողները, որ ջուրով խաշուած շողգամէն ալ անլի, անհամ փսխեցուցիչներ են: Իրիցկինը կը պայթի, իրիցկինը շրթունքին ծայրը եզերած լուտանք մը զսպելու համար, անդին գետինները կը ճանկռտէ:

Աս օր հիչ ձայն չես տար, աղջիկ, կ՚աւելցնէ ան՝ իր ձեռքովը խնձոր մը փրցնելով ցածկեկ տեղէ մը, հարսներուն գործ չի ձգես կ՚ըսեմ, ձեռքովդ տապկես, հարսները աս արալըխ քինթ փինջ մը կ՚ընեն կարծես, գիտեմ, շատ ձանձրացուցի անոնք ալ, ես նորէն քեզի կիւվէնմիշ եղեր եմ, իրիցկի՛ն, աղջիկս, մորթես, ձեռքովդ տապկես:

Աղէկ ա, աղէկ ա, դուն մինակ հրամաններդ ըրէ:

Հրաման չէ աս խուզիս, իրիճա հասկցիր:

Ես ձեռքովս տապկեմ որ դուն ալ ինչո՞վդ ուտես:

Ա՞տ ինչ, իրիցկին, ինչո՞վս պիտի ուտեմ, ամէն օր ինչպէ՞ս կ՚ուտէի:

Աս օր շուտիկ կեր, աս օր շան լակամանով կեր, հասկցա՞ր մի, վարդապե՛տ, ալ ասոր հերիք կ՚ըսեն, համբերութեան ալ վերջն է կ՚ըսեն:

Վարդապետը ափ ի բերան շանթահար կ՚ըլլայ, պատասխան մը ճլտորելու բառ մը, բանիկ մըն ալ չի գտներ, շլլիքը դանակին տակ քսուող այծի ձէն մը կը հանէ միայն, բա՜, բա՜, բա՜…

Բա բայիդ ալ, փա փայիդ ալ, սիւսլի շլըխտի ան չգիտեմ ինչերուդ ալ:

Ու բաղդաւոր աքաղաղն ալ այն կողմէն ուռոյցք մը պարպելով, իր շիկորակ կուրծքէն ճիչ մը կ՚երկնցնէ, աս ալ ապահովապէս իրիցկինին ըսածը կրկնելու համար, շուտի՜կս կե՛ր…։

***

Այդ դէպքէն վերջ, որուն ականատես վկան ու արձագանգողը վայրկեանին իր ճիտն ազատող աքաղաղը կ՚ըլլայ միայն, երկար տարիներ կ՚անցնին. մեռած է իրիցկինը, մեռած բարի քահանան իր ահուզարերուն մէջ ու նոյնպէս վերջացած շատոնց հաւնոցին շահապը, աքաղաղը, անշուշտ վերջապէս անբնական մահով մը, ողջ մնացողը ան առաջնորդ վարդապետն է, որ մօտիկ իննսուն տարին կ՚ապրի:

Երկու շաբաթ չըներ որ ապրելու յամառած ան եկեղեցականն ալ իր վախճանին կը դիմէ ու անշուք թաղումով մը գերեզման կ՚իջեցուի:

Վրան հանդիսութիւններ չեն կատարուիր, ո՛չ ձայն, ոչ դամբանական, ոչ թաց թարթիչ մը գոնէ որ իր գերեզմանին շիտկուած ըլլայ: Ժողովուրդը չի գնաց իսկ յուղարկաւորութեան, չլացաւ բնաւ, անոր համար, որ տարիներու ընթացքով բարոյապէս զինքը խեղդող մղձաւանջէն կ՚ազատէր, սիրածներն ալ չլացին այն որոշ պատճառով, որ հիմա քան երբեք աւելի իրական ու անկաշկանդ տէրերը պիտի ըլլան անոր հարստութեան:

Իսկ բուն ազգականները՝ իրիցկինին տղաքները, երբեք չի տխրեցան, նոյնիսկ թաղումին ալ դժուար գնաց մէկը, որ ինքզինքնին աւելի ստոյգ, աւելի հաստատուն իրողութեան մը առջեւ գտան հիմա: Վարդապետը աս վերջիններուն գէթ քահանայ աղբօրն ու լուսահոգի քահանայուհիին յիշատակ, մաշած ասեղ մըն ալ բաժին չէր հանած:

Խղճամիտ բարեյիշատակը, կ՚ըսեն, իր մինչեւ վերջին հագհագին, միտքը պահեր կամ ստամոքսին մէջ չի մարսուած գէշ թթու մը զգացեր էր ան ինչ ատենի շուտիկը, որ իրեն հրամցուեր էր: Պահեց ան, գալարուեցաւ անով, մեռաւ ան շուտիկով, որ ինքն ալ է՛ն վերջը, բուն իսկ իր ազգականներուն ըսէ ու արձագանգէ իր գերեզմանին խորքէն. «Մինչ ուրիշներ, ինձմէ եօթն օտարներն անգամ իմ ձգած ոսկեզօծ շաքարներս պիտի ուտեն, դուք ալ շապ ու շուտիկ կերէք»:

Բայց աս գործը գիտցող կրօնաւորն ալ մարդ վերջապէս ու սխալող, երեսուն տարի առաջ իր գերեզմանը իր իսկ ձեռքովը պատրաստելու ատեն, մոռցած էր անոր երեսին տապանագիրն ալ իր ձեռքովը արձանագրել. այդ տեսակ գործ մըն ալ ինծի պէս ամպարիշտ ստահակի մը ձգեց որ երկաթի ծայրով մը փորագրեմ տապանին երեսը. «ՈՒՆԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԱՅՆՈՒԹԵԱՆՑ, ՆՈՅՆ ԻՍԿ ՀԱՒՈՒՑ ՈՒ ԱՂԱՒՆԵԱՑ ՃԱՇԱԿՔՆ ԵՒՍ ՈՒՆԱՅՆՈՒԹԻՒՆ. ԵԿԻ ԿՐՕՆԱՒՈՐ, ԵՐԹԱՄ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՆ, ԱՂՕԹԵՑԷՔ ԶԻ ՈՉ ՅԻՇԵՍՑԻ ԳՈՐԾԵԱԼՍ ԻՄ ՄԵՂԱՆՉԱԿԱՆ»։

Բայց ո՞վ կար որ աղօթէր, վարդապե՛տ:

«Մասիս», 1907