ՄԻՇՏ
ՆՈՅՆԸ
Մանկութեան
Ընկերիս՝
ԳԻՍԱԿԻՆ
Այն
կողմը
քաղաքը
կայ,
կ’ըսէին,
որ
գեղէն
տարբեր
աղուոր
տեղ
մըն
է։
Հիւսիսի
ժանգոտ
լեռներուն
որեւէ
մէկ
կէտին,
կատարքին
վրայ,
երկինքի
դրացի
բարձրութիւն
մը։
Քաղաք,
անունն
ալ
տարբեր,
որու
մասին
հիացիկ
բաներ
լսած
էի
ու
կը
սիրէի
հաւտալ
որ
խաբուած
ալ
չէի,
հայրս
ինծի,
իր
երեք
տղոցը
մեծին,
անկէ,
կակաչի
գոյնով
սիրուն
կօշիկներ
կը
բերէր
ու
շաքարի,
չամչի
պէս
գրպանի
գալիք
քմառիկ
բաներն
ալ
աւելի
աւելի
բաներ
մը,
ուզածնիս
բնականաբար,
որոնց
մէկ
հատին
տեսքն
ու
փրշունքին
իսկ
համը
բաւական
կ’ըլլար
որ,
երեք
եղբայրներ,
մոռնայինք
մօր
ծիծին
յուշքը
ու
մայրերնիս
ալ,
ու
կատուի
թաց
դունչով
մը
քաղքէն
դարձող
մեր
անուշ
հօրկան
անուշ
ձեռքերը
լզուըռտէինք։
Ու
դեռ
ինչե՜ր
քաղքին
ու
քաղքըցիին
վրայ,
ի՜նչ
մեղրիկ
մտածութիւններ,
որ
օրը
օրին
իմ
մէջս
վրդովիչ
ցնորքի
մը
կը
փոխուէին։
Հոն
ես
ալ
չպիտի՞
կրնայի
երթալ։
Քաղաքը,
այն
լեռան
վրայ,
տեսնելու
անհուն
փափաք
մը
ունէի։
Բայց
ի՞նչպէս։
Գեղին
դպրոցը
կ’երթամ,
դեռ
պզտիկ
խլէզ
մը,
գօտիիս
տեղը
խանձարուրքին
երիզը
կը
կապուի
տակաւին։
Հազիւ
ընտանեցած
այս
դպրոց
ըսուած
շէնքին
ներսի
տարօրինակութիւններուն,
ուր
մութ
երես
դէմք
մը,
վարժապետը,
անկիւն
մը
կը
լեցնէր,
սոսկումը
բոլոր
դպրոցին,
հազիւ
հոս
իմ
տեղս,
իմ
երկու
ծունկերուս
վրայ,
հօրս
վաղահաս
մահը
հաշուի
չառնուած
անակնկալը
եղաւ
մեզի
համար,
ու
մենք,
երեք
եղբայրներս,
այդ
դէպքով
մաղին
տակը
մնալու
դատապարտուած
հաւձագեր,
ամէն
օր
ալ
մեր
պատճառները
ունէինք
վախնալու
թէ՝
մեր
բոյնին
վրայ
նոր
ուրուական
մը,
ընտանեկան
նոր
ձախողանք
մը,
կրնայ
ըլլալ
որ
մեզ
աւելի
նոր,
աւելի
ծանր
դժբաղդութիւն
մը
լացնել
տայ։
Ի՛նչչափ
կրնայի
յիշել,
մահէն
չէր
վախերնիս
այնքան,
որքան
այն
վատոգի
ազգական
դէմքերէն,
որ
մայրս
բռնի
նոր
էրիկի
խրկելու
խորհուրդ
մը
կը
ձեւաւորէին
մէջերնին,
սպասումով
մը
որ
մենք
ու
մեր
ունեցածները
այդ
կերպով
իրենց
ձեռքը,
իրենց
քմայքին
պիտի
յանձնուէինք։
«Ե՛լ
հերտըկիր,
կ’ըսէին,
ի՛նչ
իրաւունքով
տղոցդ
մալին
վրայ
նստեր,
դուն
քեզի
օճախ
կը
մխրցնես,
կնի՛կ
մը,
չե՞ս
ամչնար,
դպրոցը
տղայ
ալ
կը
խրկես»,
մինչ
ըսել
կ’ուզէին,
կրնայիր
անոնց
ամէն
մէկը
հոս
հոն
մշակ
տալ,
մեզի
ձգել
տունն
ու
ստացուածքը,
ու
դուն
քեզի
համար
ալ
կամ
էրիկ
մը
գտնել
կամ
շլլիքիդ
յարմար
խեղդող
չուան
մը։
Գեղի
բարքերէ
հասկցող
մը
միայն
գիտէ
թէ
այդ
տմոյն
ծածքերուն
տակ,
այդ
ցածկեկ
գետնայարկերու
մթութիւններուն
մէջ
ամուսնին
մահը
լացող
կին
մը
շատ
անգամ
իր
կորուստին
առջի
իրկունէն
սկսած,
ի՛նչ
ցաւերու
կ’ենթարկուի,
ու
ասոնց
ամբողջութիւնը
ի՛նչ
ահագին
ծանրութիւն,
որուն
նայելով,
իր
ողջ
ողջ
թաղուիլը
երջանիկ
դէպքը
պիտի
մտածէր։
Ու
ըսէինք,
այրին,
երբ
քիչ
մը
հեղինակութիւն,
քիչ
մը
կորով,
ճարպիկութիւն
ունի
իրաւասութեան
հաշուով
մը,
իրեն
ու
որբերուն
շահերը
պաշտպանելու
դուրսէն
երկնցուած
ձեռքերու
հանդէպ,
նախ
անոր
երեսին
ակռայ
կճռցնող
մարդիկը
իր
տագրը
ու
տագրորդիի
պէս
մերձաւորները
կ’ըլլան,
վերջն
ալ,
նենգաւոր
հետեւողութեամբ,
էրկան
կողմէն
ալ
հեռաւոր
ազգականները,
որ
իբր
թէ
իրենք
ալ
մեռնողին
որբերուն
վրայ
սրտանց
կսկծացողներ,
խորհրդաւոր,
պատրաստ
տրամադրութիւն
մը
ունին,
որ
որբեւարին,
ա՛լ
իբր
օտար
կամ
իբր
մանաւանդ
կասկածելի,
չար
ոգի
մը,
հետզհետէ
իրենց
ցեղին
արեւը
մթնցնելու
սպառնացող,
ծախեն
զայն
հանդիպողի
մը
ու
լմննան։
Մեզի
ալ
աս
փորձանքը
կար,
տագնապ,
մտմտուք
ամէն
օր,
երբ
մեր
ալ
բարեկամի
ժպիտներով
այդ
խորամանկ
ագեւորները,
մայրերնիս
տակաւին
իր
սուգովը
քօղքուած,
իր
շուքն
ալ
չէր
տեսներ,
դռնէն
երդիքէն
ներս
կը
խուժէին
ճախրակը
առջեւէն
մէկդի
նետելով,
պահանջող
կ’ըլլային
որ
իրենց
հետեւի,
էրիկն
ալ
գտած
էին,
25-30
ոսկի
տուող
գնորդ
մը։
Դրամը,
իրենց
ձեռքը,
իրենց
մէջը
պիտի
բաժնէին,
անկէ
շատ
քիչ
մաս
մըն
ալ
դժբաղդ
կնոջ
բաժինը
պիտի
ըլլար։
Բայց
թէ
որո՛ւ
հետ
էր
որ
խաղալու
ելեր
էին,
այս
յիմար
որձերը
շատ
ուշ
կրնային
հասկնալ։
Բոլոր
այս
անիմաստ,
արտառոց
հետամտութիւնները
սակայն,
բոլորը
փրփուրներու
նման,
որ
ժայռին
կուրծքին
վրայ
կը
մեռնին,
տեղ
չի
գտան
երբեք
ու
տեղ
մըն
ալ
չի
կրցան
բռնել։
Զաւակներու
սէրը
գեղջուկ
այրիին
սրտին
մէջ,
իր
վարուժանին
կորուստէն
ետքը
մանաւանդ,
աւելի
որոշ
յայտնութեամբ
մը,
այնքան
անհամեմատ
կերպով
ծաւալ
բռնած,
անծիր,
անծայր
մեծութիւն
մը
առած
էր,
որ
բոլորին
դէմ
ալ
մաքառելու
ուժը
կուտար
իրեն։
Այս
կերպով
ահա
մենք
մեր
մօրը
կը
մնայինք
ու
մայրերնիս
ալ
մեզ
իր
թեւերուն
տակը
մարի
արծիւի
մը
քունը
կը
քնանար։
*
*
*
Կ’անցնին
ասոնք
ալ,
ես
նորէն
գեղի
դպրոցը,
իմ
տեղս,
կը
գտնեմ,
նոյն
վարժապետը,
որմէ
պզտիկ
ձայն
մը
միայն,
յանդիմանողի
թեթեւ
հունչ
մը
տղոցը
հասցէին,
պատերուն
շաղախը
վար
կը
բերէր,
բայց
ո՞վ
էր
վախցողը,
ես
իրեն
մէկ
հատիկ
ձայնաւորն
էի,
շաբաթը
անգամ
մըն
ալ
մեծկակ
փարչով
էգիի
կաթ
—
գինի
—
կը
տանէի,
որուն
տեսակը
ուրիշի
մը
տունը
չէր
կրնար
խմել։
Շատ
ատեն
մեր
հաւբունին
հաւերն
ալ
սա
վարժապետին
անունը
կ’երգէին
թարմուկ
հաւկիթներու
յանկերգով
մը։
Այս
տեղ,
վերջին
գիրքը
աւարտած,
ինչ
որ
կրնայիք
ըմբռնել,
աւուր
մեծ
գործս
ընդհանրապէս
«Սուրբ
Սուրբ»ի
ու
«Տէր
Ողորմեա»յի
եղանակներուն
վարժութիւնն
եղած
էր։
Կը
ձանձրանայի
բնականաբար։
Մարդը
կը
պահանջէր
որ
Կիրակի
առտուները
իր
մութ
երեսը
ճերմկցնողը
միշտ
դպրոցին
մէջ
ու
իր
մօտը
գտնուէր.
ձանձրանալ,
ի՞ր
ինչ
փոյթը,
եթէ
ես
խելք
չընէի
ու
չի
փախէի
ատեն
ատեն,
հունա
պահ
մը
սիրական
որիներուս
հալ-վախթը
հարցնելու։
Ու
դուն
տես
որ,
սիրելիդ
իմ
Գիսակ,
աս
«Տէր
Ողորմեա»ն
դէպի
վերերը
խրկած
ան
միամիտ
նուուկներս
[1],
ինչպէս
կ’ըլլար,
պարապութեան
մէջ
չէին
ցնդիր։
Դպրոցը
անգամ
մը
քաղքէն
այցելու
մը
կ’երեւայ,
ոտքէն
գլուխը
շնորհքով
հագուած
մարդ
մը։
Վարժապետը
ասոր
պատիւ
մը
ընելու
համար
ձայնաւոր
տղոցը
վրայ
աչք
մը
կը
լայնցնէ,
հրամանը
կը
հասկնանք,
ու
ամէնքս
ալ
ոտքի,
վազելու
պատրաստուող
բարակներու
շտկռտուածքով
մը,
երգելու
շարք
մը
լմնցնելէ
ետք,
առանձին
ինծի
փաղաքուշ
ակնարկ
մը
կը
զատէ,
որ
ես
քիչ
մըն
ալ
առաջ
անցնիմ
որ
նոր
սորված
Տէր
Ողորմեայի
մը
երգողն
ըլլամ։
Ի՞նչ
եզական
պատեհութիւն,
քաղքին
մարդը
իմ
ձայնս
պիտի
լսէ,
եթէ
հաւնի,
վերջն
ալ
ես
իրեն
չպիտի՞
կրնամ
ըսել
որ
զիս
ալ
իր
հետը
քաղաք
տանի։
Այն
լեռը,
այն
քաղաքը,
ու
հիմա
այն
քաղքին
մէկ
ուրիշ
բանը,
դպրոցը
մօտէն
տեսնելու
փափաքս,
Ծովուց
վրէն
ճամբորդող
լուսնակին
աղբար
ըլլալու
փափաքս,
բուռն
ըղձանքս
կը
մնայ։
Հոն
ես
ալ
չպիտի՞
կրնայի
երթալ։
Այցելուն,
բարի
մարդ
ու
հրեշտակ
մը,
հաւնած
էր
ձայնիս,
մէկ
օրէն
միւսը,
ժամանակ
ալ
չանցնիր,
մէկէն
աչքս
բացի
որ
տունէն
զատուած,
ընկերներէս
ու
թռչուններէն
զատուած,
այն
մարդուն
տունը
կը
գտնուիմ։
Քաղաքն
ա՛ս
է
եղեր։
Ատ
օտար
ծածքին
տակ
առաջին
օրուան
յուզումնե՜րս...
։
Դաշտէն
բռնուած
արտոյտ
մը,
զոր
տեսնելու
համար
հերիք
չէր
կարծես
աս
տանը
մարդերուն
վրաս
խռնուիլն
ու
զիս
խօսեցնելու
ցոյց
տուած
նեղող
հետաքրքրութիւնն,
դուրսերէն
ալ
մարդ
կը
կանչէին,
որ
ուրիշներ
ալ
գային
ու
արգահատելիին
հետ
գեղեցիկ
տարօրինակութիւնը
տեսնէին։
Ատ
օտար
նայուածքներուն
տակ,
շունչս
կը
բռնուէր
ամչնալուս,
որ
ատեն
եթէ
չի
փղձկէի,
եթէ
չի
փլէր
սիրտս,
ես
ալ
առիքին
դարձեկները
պիտի
համրէի
որ
խիղճ
ընէին,
քիչ
մըն
ալ
ուրիշ
կողմ,
ուրիշ
բաներով
մը
երթային
հետաքրքրուէին։
Կը
հասկնայի
թէ
չի
տարուելիք
վիճակ
մըն
էր
աս,
բայց
ա՛լ
անգամ
մը
եկած
էի
ու
վանդակն
էր
բոյնս,
ես
ո՛ւր,
իմ
ոտքերս
ո՛ւր,
իմ
թողած
պուրակներս
ո՛ւր։
Միեւնոյն
վարմունքը
դպրոցի
տղաքներէն
ու
ասոնցը
աւելի
անողոք
անհարկիութիւններով։
Մէկը
զպունիս
կարմիրը
կը
ծաղրէր,
ան
միւսը
դէմքս
ու
մազերուս
կտրտուածքը,
որ
գեղի
տձեւութիւններ
ու
իրենցինին
նման
չէին
գտներ,
ուրիշներ
ալ,
զիս
խօսեցնելու
պատրուակ
մը
գլելով,
բառերս
ու
հնչումներս
կը
ծաղրէին։
Կը
խենթեցնե՞ն
–
քիչ
կը
մնար,
ուրկէ
ազատելու
համար
սիրով
յանձն
պիտի
առնէի
որ
մերկ
կռնակով,
խուրձ
մը
փուշ
շալկեմ,
ու
դէպի
լեռը,
դէպի
ձորը
երկար
երկար
ճամբայ
մը
քալեմ։
Դպրոցն
ալ
աս
էր,
Գիսա՛կ,
որուն
կը
յիշէիք
թէ
Ճեմարան
[2]
անուն
մըն
ալ
կը
տրուէր։
Երկու
յարկէն,
պզտիկ
սիրուն
շէնք
մը,
ներսը
ճերմկցուած
պատերով,
պատուհաններն
ալ
թուղթին
տեղը
ապակի
անցուցեր
էին,
որոնք
ես
քիչ
մը
մեր
գեղին
ժամուն
մէջ
տեսածներուս
կը
նմանցնէի
ու
չի
զարմանալ
ալ
չէր
ըլլար։
Այսչափ։
Թէ
ներքնապէս
ի՛նչ
կարգ,
ի՛նչ
կազմակերպութիւն,
ի՛նչ
ուսումնական
ընթացք
կար,
կը
գործադրուէր,
որ
թողած
դպրոցէս
տարբեր՝
սըւոր
Ճեմարան
անունը
հեգնութիւն
չերեւցնէին,
ես
այն
նկատմամբ
բան
մը
չեմ
գիտեր։
Գեղի
դպրոցէն
անով
կարելի
է
կը
զատուէր
որ
մէկին
տեղը
հոս
երեք
վարժապետներ
կային
չորս
աչքերով,
մէկը
կոյր
մըն
էր։
Հէքեաթի
դասերը,
սրբազան
պատմութիւն
եւայլն,
ասոր
յանձնուած,
միւս
երկուքն
ալ
հայերէն
քերականութիւնն
ու
թուրքերէնը
բաժներ
էին
մէջերնին։
Վերջին
երկու
դասերուն
անունները
տրուելու
ատեն,
սրտիս
դբռտուքը
մուրճի
ձայն
մը
կը
լսցնէր
ականջիս։
Իրաւ
է
որ
ես
շատ
ատեն
ձայնովս
զբաղած,
պահանջ
մը,
ուրկէ
չէի
կրնար
ազատիլ,
յետնորդ
միջակութիւն
մը
կ’երեւայի
կարգիս
մէջ,
բայց
ուրիշներն
ալ,
նոյն
իսկ
շատ
մը
մտացի
ճանչցուածները,
կ’զգայի
թէ
շատ
ցայտուն
առաւելութիւն
մը
չէին
ցուցներ
միեւնոյն
դասերուն
մէջ։
Հիմա,
ցաւալի
խոստովանութիւն,
հիմա,
շատ
ուշ
եկաւ
ժամանակը
բուն
իսկը
յայտնելու,
թէ
իրենք
այդ
վարժապետներն
ալ
տէրը
չէին
ամենեւին
իրենց
դասախօսած
առարկաներուն,
որոնց
աւանդումի
կերպերու
մասին,
իրենց
անճրկութիւնը
դարմանելու
համար,
կամ
ան
էր
որ,
ճիպոտին
ծէրը
կը
շուլլէին
կուրծքներուս,
եւ
կամ,
մեր
չի
հասկցած
ճինի
ճինտառի
բառերով
երեսնիս
կը
ձաղկէին,
ոսաս,
անիմալ,
խարամանի
ծնունդ,
հայերէնի
ուսուցչէն
միտքս
մնացած
նախատող
բառերը,
եթէ
ինքն
ալ,
Սարգիս
Սողիկեան,
հիմա
պիտի
կրնար
յիշել։
Աստուած
կուտար,
որ
Եազըճեան,
գրողի
համբաւ
հանած՝
դպրոցին
մէջէն
մինչեւ
օրուան
Առաջնորդարանին
դուռը,
ուր
կարծեմ,
նորէն
հիմակուան
«մնամ
աղօթարար»ը
կը
կենար,
իր
ըմբռնած
ձեւովը
գրելու
փափաք
կ’արթնցնէր
մէջերնիս։
Դուն
ու
քեզի
հետ
եղողները
դպրոցին
ու
դասատուներուն
ընտանի
քիչ
շատ
զարգացածները
կը
սեպուէիք,
ես
ձեզի
վարէն
կը
նայէի։
Բայց
որովհետեւ
գեղը
կ’երթայի
երբեմն
ու
ինձմէ
հէնց
պարզ
նամակ
մը
գրելու
պահանջներով,
ձեռքս
բերնիս
վրայ
կը
մնար,
դարձիս
ստիպուած
կ’ըլլայի
որ
ձեզի
հետեւող
ըլլալու
համար,
ես
ինքս
ալ
իմ
գրելու
փորձերուս
հետ,
առանձին
օրկանս
ունենամ։
«Թռչնիկ»
էր
իմ
ձեռատետրիս
անունը,
սիրածներուս
անունը,
չէ՞.
շատ
հեղ
չի
կրնալով
լեցնել
մինչեւ
վերջին
երեսը,
ու
շաբաթ
օր,
ատենին
ընկերներուս
բերել,
Ուրբաթ
իրիկուընէ
գաղտուկ
Եազըճեանին
դուռը
ափ
կ’առնէի,
ինչպէս
արդէն
հիմակուններն
ալ
տարբեր
բան
մը
չեն
ըներ
—
կը
խնդրէի
որ
թերթիս
չորրորդ
երեսը
լեցնելիք
գրուածք
մը
տայ
իրմէն։
Կը
զիջանիմ
որ
մինչեւ
ձեռքն
ալ
պագնեմ,
եթէ
ոչ,
վաղը
հա՛սնողը
մատը
աչքս
պիտի
խոթէ
ու
ես
պատասխան
մը
չպիտի
ունենամ։
Կ’առնէի
ուզածս,
բերան
մը
երգելու
գնով,
որ
իր
պահանջած
փոխարժէքը
պիտի
ըլլար,
կամաց
մը
տեղս
կը
դառնայի,
ու
առտուն
իմ
«Թռչնիկ»ս
ալ
իր
լարուած
թեւերովն
ու
կտուցովը,
իր
տեղը,
խօսելու
կարգ
մը
կ’ունենար։
Սակայն
հիմա
ալ
աս
անփափկանկատ
պաշտօնակիցներս
խնդուքի
ուրիշ
պատճառներ
մը
կը
փաթթէին
մատերնին,
որոնց
հանդէպ
պաշտպանողականներս,
բամպակի
թեթեւ
կզնիկներ,
բան
մը
չէին
արժեր,
ու
որքան
աշխատէի
երեսի
բռնելիք
յարմար
բանաձեւ
մը
գտնել,
այնքան
խաղքութիւնն
ալ
մեծ
կ’ըլլար։
«Նորէն
օտար
փետուր,
եթէ
վերջապէս
ատ
է
ընելիքդ,
կ’աւելցնէին,
վիզիդ
բոլորքը
կրնայիր
ջորիի
բոժոժներ
ալ
կախել»։
Վրաս
է՛ն
կատաղի
յարձակողներն
էին
Հիւսէյնիկցի
Արիստոտէլն
ու
Սինամուտցի
բանջարաքաղը,
որ
ջղուտ
միտք
մը
ունէր
ու
գրաբարը
քակելու
համար
ալ
սուր
արօր
մը։
Իսկ
քեզ
ու
քու
հեգնութիւններդ
մէկդի
հրելու
համար,
հրեայի
վէճ
մը
կը
ձգէի
լեզուի
տակ,
այս
կերպով
բոլոր
տղաքը
ինծի
հետ,
քու
տետրակդ
կը
քննադատէինք։
Դուն
սակայն
հեշտով
չէիր
ընկճիր,
ու
բաւական
առատ
պաշար
ունենալ
կը
ցուցնէիր
քու
դիրքէդ
վար
չիջնելու։
*
*
*
Վերջը,
սիրելի
Գիսակ,
մանկութեանս
գարուններուն
յաջորդող
ժամանակներէն
վերջը,
մինչեւ
հիմա,
թէ
ի՛նչ
եղան
կեանքիս
շրջումները,
ո՛ւր
գացինք,
ո՛ւր
մնացինք,
հոգիս
ի՛նչ
գոհացում
գտաւ,
ո՛ր
հեռապատկերներու
հանդէպ,
ու
վայելքը
ի՛նչ
աստիճան։
Տարիին
մէջ
քանի
օր
ունեցայ
խնդկոտ,
քանի՛
շապիկ
կռնակի
վրայ,
որ
մետաքսին
քնքշութիւնը
զգացնէր
ու
կօշիկներն
ալ
քանի՛
զոյգ,
որ
փուշերէ
ազատ
պահէր
ոտքերս։
Շատ
երկար
ու
գուցէ
շատ
ալ
ձանձրացուցիչ
պիտի
ըլլար
ասոնց
բոլորին
պատմութիւնը
մէկ
մէկ,
ինչ
որ
ես
հիմա
սիսեռի
տերեւուկի
մը
վրայ
խտացնելու
ու
փակելու
փորձն
էր
որ
ըրի։
Հիմակ
ալ
ճիշտ
աս
պահուն,
անյագ,
անգոհունակ
բան
մը
կը
խաղայ
հոգիէս,
երբ
լուրջ
ամփոփումով
մը
խորհող
կ’ըլլամ
թէ՝
ան
գեղէն
աս
քաղաքը,
սարդի
կարճ
ճամբորդութիւն
մը,
նշանակելի
վերելքը
չեղաւ
ինծի
համար։
«Մասիս»,
1901
[2]
Սմբատեան
Ճեմարան,
որուն
ծնունդ
տուող
դէպքը,
կ’ըսուի,
Ահարոն
Վարդապետի
մը
հոս
Առաջնորդ
գալը
եղած
է։
Ատ
առիթով,
Պոլսէն
իր
հետ
բերած
է
եղեր
երեք
նշանաւոր
ուսուցիչներ՝
Աբրահամ
Այվազեան,
Տիգրան
Մանաւեան,
Բարթող
Թաթարեան։