Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՄՊԱԿ ԲԵՐԱՆ

Խ…ցիները աս անունը կուտային ան վարդապետին, որու գլուխին ու մօրուքին մազերուն հետ յօնքերն ու քիթին վրայի աղուամազերն ալ ձիւնի պէս ճերմակ, աղնուած բամպակի չափ ալ կակուղ կ՚երեւային: Դեռ անոր երեսներուն միսն ալ ճերմակ, հրեշտակ մը կարծես կամ Էնդէմէն եկած պատգամաւոր սուրբ մը անտարակոյս: Բայց աւելի ստոյգը վանահայր վարդապետ մըն էր ան, որ տարին անգամ մը մօտակայ այն վանքէն այն գիւղը այցելելով, պտղի կամ հոգեբաժնի պէս տուրք մը կը հաւաքէր ու մէկ քանի օր վերջը իր տեղը կը դառնար, առջեւէն վարելով բեռցուած էշերու երկարաձիգ կարաւան մը, որուն վերջինին վրայ ալ ինք Հայր Սուրբը պիտի բլրանար:

Այդ ճամբան, այդ վիճակին մէկ քանի օրհնութիւններ բնականաբար տուրս ողորմութեան կամ մանաւանդ առատս բերողներու հասցէին:

Բայց ինքն ալ ի՛նչ կը ձգէր ետեւը, զոր ի վայելելն գեղացին մխիթարուէր յոեւէ դէպս: Վանահայրը մտաւոր պաշարէ զուրկ բոլորովին, հազիւ կրնայ աղօթք մը ծամծմել, հազիւ աւետարան մը երեք-չորս մոմերու լոյսով, մնացածը իր բերնին մէջ ան խօսքերն են, որ բեմին վրայէն կ՚արտասանէ, կամ աւելի ճիշտ՝ կը ռնգէ ստեպղինի չափ կարմիր ու խոշոր քիթի մը մէջէն, խօսքեր, որ հերուայ կամ առջի տարուայ ըսածներն են նորէն, էն պզտիկ շեշտը գերանի հաստութիւնով կը խրուի ականջներու, «տուք եւ տացցի ձեզ, միոյն փոխարէն հազարապատիկս տացցի, բիւրապատիկս տացցի», ու այսչափը միայն տասն անգամ, քսան անգամ ու մէկ քարոզի մէջ, լսողին գլուխին վրայ տանիքին փլիլն ալ անբնական դէպք մը չպիտի ըլլայ: Խօսքեր՝ միշտ նոյնը ու ան անգամինն ալ այնպէս, «վանք, վանական անասելի խեղճութեան մը մէջ կը գտնուին եղեր, ուրի՞շ էշն ու էշպանը ծամ ծամելիք չունին, բանուոր տղաքը շապիկ շապկընկեր չունին, ես պատարագի կը կայնիմ, պտիկ մը բաժկցու չունիմ, ի՞նչ ունիմ, որ գալող գնացողին առջեւ երես ճերմկցնէ. տարին տասներկու ամիս սոխ սխտոր կ՚ըլլի ուտածնիս, անոնց ալ որպէս խնծոր հասրէթը քաշեցինք, ոսպն ու ճուլպանտը քիշմիշ չամիչի պէս կը ծամէինք, աս տարի անոնք ալ չունեցանք ու միայն ճանճոտ բակլայ մը աղացինք չէնկընուս տակ, բանն հոն է, որ ես բամպկոտած ծեր մը պունտան պէյլէ, բակլայ ծամող ակռան ալ չունիմ բերանս: Որ՛ն ըսէի սիրելիներս, ո՛րը մոռնայի քանի տարի է որ վասն ծովացեալ մեր մեղաց, ըխտաւորն ալ պակսեր՝ իրկուն կ՚ըլլի, ճրագները շէնցնելու ձէթը պիլէ պակսած կը գտնենք: էգին կարկուտը զարկեց, թթենիներուն վրայէն սեւ ճնճղուկ ըսուած անհարկի չարերը անցան, նազենիմ թթենիներն ալ աս վերջինները զարկին ջնջեցին: Սուտ չեմ ըսեր, կարգս ու կարգաւորութիւնս վկայ, որ սուտ չեմ խօսար, աս տարի վանքին էմէքտար քմօշն (գամբռին անունը) ալ մեր մեղքէն գայլերը տարին խեղդեցին ու անշուն գիշերներ կ՚անցնենք հիմա, որ գէշ բան է ու գիշերը տարի կ՚ըլլի աչուընուս վրայ: Ան քմօշն ալ ե՞րբ անանկ թոլ կամ տկար պիտի գտնուէր որ ան գայլերէն յաղթուէր, ես աղէկ գիտեմ թէ՝ ան խեղճ էմէքտար անասումն ալ յայտնի անօթութենէ ինկաւ մեռաւ:

Հէյ վա՜խ, հէյ վա՜խ, անանկ ալ սորվեր կ՚ապրէր մարդու հետ ու մանր տաւարներուն ալ հետ, որ վանքը դի մը, ան էժտէհէրի պէս քմօշն ալ դիյ մը կը հասկնայինք, վա՛խ, զաւալլի անասում: Ան որ կը հաչէր, Դատմայ բոլոր լեռներն ու ժայռերը դող կ՚ելլային: Ուրեմն, բարեպաշտ (կ՚երեւի չըսելու համար շնապաշտ) սիրելիներս, աս տարի ալ ձեր առատ տրօքն ու ողորմութեամբը բարեզարդեցէք վանքն ու նմին եղեալքները, ինչ որ տաք, ինչով ողորմիք, տուէք, հաւեղէն ալ տաք նը, ի նոյնս գըրեսցի, խաթուն մամաներ, խաթուն հարսներ: Դատմայ վանքը հաւուց ձագուց ալ կարօտ ընկաւ աս տարի, բոլոր հաւնոցին համար երեք խոռոզ ունէանք, երեքն ալ ուրուրները տարին, հաւերն ալ ձեզնէ ոմանց պէս որբեւայրիներ մնացին:

Օրհնեալ ըլլի խմիկ Խաչօյին տղան՝ Ասատուրը, երէկ չէ առջի օրը ռուպ մի գարի տալու ատենը իր դուռը մեծցող ճինս շուներէն խոշոր գութիկ մըլ քմօշին տեղակալ տուաւ, որ վանք խաւրեցի սպասաւորին հետ, որոյ եւս փոխարէն վարձս բարեաց ընկալցի, եւ իւր տունն ու տնուորին եւս սերոբէիւք եւ քէրոբէիւք պահեսցի»: Վանահայրը ասկէ աւելի չէր կրնար լոմլոմել ու ահա հացեղէն, հաւեղէն եւ զանազանք չեղեալք ի պարկս պէսպէսս յուղւոյ անկանէր լի օրհնութեամբ բերանաւ, եւ որոյ ընդ առաջ եկելոցն ի միջի, ասի թէ վանական կրիայքն եւս ուրախ ուրախ ծափս հարկանէին:

***

Վանահայրը առատ տարիի մը հանդիպած անգամ մըն ալ կ՚այցելէ ան գեղը, ու սովորաբար միշտ նոյն տունը կը հիւրընկալուի, ուր հանգիստ բարձերուն հետ իր կռնակին ետեւը, իր սոված բերանին համար ալ կուռ կուշտ համեր կը գտնէ: Գեղին մէջ հացով տուներէն կը սեպուի այն մէկը, որուն մեծաւորը անով ալ անուշ ու ընտանի դէմք մը, որ ինքն ալ վանք ու վանական սիրող մը երեւցած է ամէն անգամ, իր հագած կապածով նաեւ վարդապետէ մը չի տարբերիր, գլուխէն ոտքը սեւ հագեր է ու ֆէսն ալ սեւ ներկուած փակեղի մը իմաստով, վրան թխորակ պատատ մը՝ ուրիշ շուշտակի մը տարազը կը յատկանշէ, վարդապետ ճիշտ, որ իր ամբողջութեան մէջ միայն այն ըլլալ կ՚երեւայ իր հակասութիւնը որ կին ունի 45-50 տարիներու երկար գիշերներու շարք մը պսակուած սիրունիկ բարձընկերի մը հետ ապրեր է: Հողատէր մըն է, տղայ ունի, հարսներ ունի, գեղը իրեն հետ ապրած պահելու պատեհութիւնն ալ ունի:

Վանահայրը ասոր տունին մէջ ընտանի դէմք մըն է, որ կը յարգուի ալ ու հոն՝ ամէն երեւալու շաբաթներով կը մնայ, քիչ մը կ՚ըսեն աղջկան կապ մը ունի այդ տունին հետ. ինչպէ՛ս, ի՛նչ թուականներով այն կապը, այդ չէր կարեւորը, քանի որ մենք ապշեցուցիչը ամենէն առաջ միտք դրած էինք պատմել, այսչափ խօսք անոր շրջանակին պիտի ծառայեն: Վարդապետը ան առաւօտը քիչ մը կանուխ դուրս իջած է իր ասպնջականին տունէն, որ ան օրը ալ բոլորովին վերջ մը բերէ իր պտոյտներուն ու ժամ առաջ վանք դառնայ, ամիսէն աւելի է, որ հեռացեր է անկէ, հոն բաներն ի՛նչ վիճակ ունին, հետզհետէ սիրտ նեղող մտմտուքներ կը դառնան: Վարդապետն ան վերջին օրը այցելած տուներուն մէկուն ալ թոնիրին եզերքը վայրկենային նստուածքով մը գինաւէտ սեղանիկի մը պատիւը աւելի բան մը կը գտնէ ու ոչ մէկունը կը մերժէ, մինչեւ քիթին կնգուղը գինի, գինիի կարմրութիւն, ու արիւնի չափ կարմրութիւն: Իր հետը պտտող քահանան ու ժամկոչն ալ թէեւ պակաս չեն խմած վարդապետէն, բայց սա շնորհազարդ ծերուկը վանքին անգոյն, անհամ ջուրը միտք բերելով, ձեռքը տրուած գաւաթին դուրսի կողմն ալ լզելու ագահութիւնը կ՚ունենայ: Վերջին տունին վերջին գաւաթն ալ կը ծծէ, վերջինն աւելի համով, աւելի անուշ, աւելի զգլխիչ: Մեղօք ծովացեալ վարդապետը այս յափրանքներուն մէջ հիմա անպատճառ ծով մըն ալ գինի կը կոհակաւորէ իր շլլիքէն վար տեղի մը մէջ, որ չեմ գիտեր ուր կ՚ըլլայ ան:

Ալ կարելի՞ է ոտքի վրայ կանգ առնել, բանը բուսած է վարդապետին, պատէ պատ կը զարնուի, տէրտէրն ու ժամկոչն ալ այն կողմը այլապէս կը խաղան թամզարա մը, որ մեռելին ալ խնդուք կը բերեն, ժամկոչը կռնակին բեռ մըն ալ ունի, իր այս ցատկտուքներուն ատենը, որ ժողվուած պտղիին տեսակները կը պարունակէ, գարի, ցորեն, ճուլպանտ ու անշուշտ չորրորդ, հինգերորդ մըն ալ որ կորեկ ու կըլկըլ պիտի ըլլան, շլլիքն ու թեւերն ալ խաթուն մամաներու ճախրակին կարժերն անցուցած: Պտղիի հաւաքոյթի մը մէջ ի՛նչ չի գտնուիր:

Մինչեւ կէս օր, ա՛լ անտեսուած տուն չի մնար ետեւնին, լմնցուցեր են ժողվտուքնին ու տեղերնին կը դառնան: Ժամկոչը մինչեւ ատ ատեն, վեց-եօթը անգամ գացած ու դարձած է վարդապետին ասպնջական տունէն, ուր պտղիին ամբարանոցը կայ, ամէն տարի ալ արդէն հոն կը հաւաքուի ու ան տունէն ալ վանք կը փոխադրուի մուրացածոյ հաւաքոյթի մը այն տեսակը, որ վանքին համար տարուան մը պարէնի ու պաշարի պիտի ծառայէ:

Վարդապետը մի՛ մոռնաք: Լոլիկացեալ սորա կաթամբ որթատնկոց, դեռ ճամբուն մէջ, հանդիպածին հետ կատակ մը կ՚ընէ, հանդիպողը կին կամ էրիկ մարդ, ամառը, ուխտին օրը, վանք կը հրաւիրէ, տունով ընտանիքով կը հրաւիրէ, վանքը դրախտի պէս տեղ մը, աչքով տեսնալու է: Թողելով այն մէկուն օձիքը, քիչ մը անդին կարմրուկ հարս մը կը դիմաւորէ, անով կը հետաքրքրուի, «մեր Զաքարին հարսը չե՞ս դուն, աղջի՛կ, Աստուած օրհնէ, բայց ինչո՞ւ զայիֆցեր ես, ձագուկս, վախնամ Կարապետը (հարսին էրիկը) շատ էզիյէթ կ՚ընէ քեզի, դուն ալ իրեն ըրէ, հայտէ խուզում», ու բերանը երգ մը ահա, որ գինիին յանգով կը վերջացնէ, երգ մը, ճամբուն մէջ, տէրտէրն ու ժամկոչը, շատոնց տեղ հասեր, ինք մինակ կը քալէ իր գինովի սրունքներով, դանդաչողը, զառանցողը ինք միայն: Գաւազանին երկաթ ծայրովը աջէն ձախէն փակ տեսած դուռները բանալու փորձեր մը կ՚ընէ, փողոցին հաւերը առջեւէն թռելու ատեննին թունդ փոշիի հետքով մը, գաւազանն ալ անոնց կը նետէ, հիմա պահ մըն ալ անոր փնտռտուքովը կը թափառի աղբակոյտերուն վրայ, ուր հարիւրներով հաւ ու հաւազգի, ասոնք աւելի չար կ՚ըլլան, քան առաջինները. երբ խմբովին փախելու իրենց փորձերովը վանահայր վարդապետը փոշիի ահագին ամպի մը մէջ կը խեղդեն: Կը հայհոյէ, կը մռթմռթայ, շատ բաներ կ՚ըսէ անոնց տէրերուն: Բայց որո՛ւ ի՛նչ փոյթ եւ ի՛նչ անիրաւութիւն, որուն ինք կ՚ըլլայ հեղինակը: Վարդապետ մը հաւերուն հետ մի՜շտ, կամ հաւ հալածելու կտուցով մը յաւէ՜տ, քանի՛ անգամ է որ մենք ալ այս երկու իրարու անընտանի չհամազգիներով կ՚զբաղինք:

Այսպէս թէ այնպէս տուն կը հասնի մեր բամպակ բերանը, ուր քեռկին Մարիամը վարդապետին ըսելակերպը գործածելով մինակը նստած հաց կ՚եփէ, տղաքն ու հարսները դաշտ գացած են, այդ պահուն հացթուխ կնկան էրիկն ալ տունը չերեւար։ Մինակ ինք, մինակ շուքը, մէյ մըն ալ թոնիրը իր առջեւ, ու քեռկին Մարիամ ինք կ՚ընէ ամէն բան, խմորին կլորցնելը, խմորին բանալը, բացուած խմորը թոնիրի հրաշէկ կողքին կպցնել ու անկէ ակիշին կեռով, բայց կը պատահի ձեռքով ալ, կարմիր, կսկուռ հաց հանելը ինքն ու ինք կ՚ընէ միայն: Ուրիշ ատեններ երեք-չորս հոգիներով կ՚եփուի այս տունին հացը, բայց այս անգամ քեռկին Մարիամէն զատ ուրիշ մը չկայ հրաբուխի բերանի մը նմանող թոնիրին եզերքը: Եփուելիք հացն ալ չարեկէն պակաս չպիտի ըլլայ, ինչ որ այն տեսակ համբայ տունի մը համար շաբաթ մը կ՚օգտէ, չօգտեր:

Ահա թէ՝ ինչո՞ւ կէս օր եղեր անցեր ալ է ու քեռկինը կէս մէջքով թոնիրը կը մտնէ, կ՚ելլէ ու դեռ հեռացած չըլլար անկէ:

Թոնիրը այն ինչ կողմ նեղկիկ անկիւն մը՝ վարդապետն ալ նոյն գինիի մռթմռթուկն «ի բերան» ու ընտանի համարձակութեամբ ներս մտած՝ նոյն իսկ առանց բարեւի, քեռկինին մօտը կ՚երթայ քեռին ու տղաքը կը հարցնէ, անոնց տունէն հեռացած ըլլալու պատճառները կը հասկնայ, ու ոչ ուրիշ տեղ, ոչ ուրիշ կէտի վրայ, արդէն սրունքներուն վստահիլ ալ չըլլար, հացթուխ քեռկինի ետեւի կողմը տեղ մը գտնելով հոն կը ճոպնուի, ինչպէս կորեկ լեցուած պարկ մը, որ ինկած տեղը ալ ձեւ մը չունենար: Դուք ալ կը յուսամ միտքէ չէիք հաներ թէ՝ սա մեր մաշած ու կտրտած պարկն ալ ինչով լեցուած էր ու է տակաւին մարմինին մինչեւ այն ծայրերը, ուր եղունգները կը վերջանան:

Քեռկինն աղուորիկ կին մը, բարի կին մը նոյն ատեն, Հայր Սուրբին թարմ հաց հրամցնելու իր յարգանքին մէջ՝ անոր ներողամիտ ըլլալը կը խնդրէ, որ ան օրը, այն պահուն կեր մը, կերակուր չունի հանելիք առջեւը, ու զինք անօթի թողեր է:

Կ՚ուզես սա կրակին վրայ անմիջապէս ձուածեղ մը եռցնեմ, Հայր Սո՛ւրբ, ըսէ՛, ուրիշ ի՛նչ կ՚ուզէիր, թան թանապուր ալ կար, աս օր իմ մեղքէս հարս աղջիկ ալ կանուխ քաղհանքի գացին որ…։

Վարդապետը չի լսեր աս խօսքերը, վարդապետը իր գինիին երգը լմնցուցած՝ հիմա սիրերգ մըն է, որ կը մրմնջէ, զոր պահ պահ ընդհատելու դադարով, քեռկինին ետեւի կողմը, անոր կռնակին դէմ ու շատ մօտը անոր մազի հիւսկէններով ծածկուած սիրուն քամակին, իր գինովի ձեւ չափերը կ՚ընէ, հացթուխը թոնիրին խորքը գճկելու ատեն՝ իր ետեւը նստողը դեռ անոր այնինչ ուռուցիկ կողմն ալ աչքէ չի վրիպեցներ:

Ին՛չ միս, ի՛նչ կլորութիւն, ու Ալփիարի բացատրութիւնով, ի՛նչ զգլխիչ ու ախորժագրգիռ գեղեցկութիւն մը հոն, ուր ածուխի սեւութիւնով մազերու սքանչելի փունջեր մըն ալ կը ծայրանան:

Օ՜ֆ, քեռկի՛ն:

Ի՞նչ, մատա՛ղ հոգուտ, չես համբերեր նը, պանիրը աւելի պատրաստ էր, հիմա կ՚ուզես նը կարաս մըն ալ բանամ:

Գինի՛, գինի՛, գինի՛, կը հռհռայ զառամ ծերուկը, պանիր ալ չեմ ուզեր, գինի՝ գաւազան ծերուկին, գինի՝ կեանք տուող մեռելին, օ՛ֆ, քեռկի՛ն, ես ալ քու հոգուտ մատաղ, անգամ մըլ ըսէ, թէ՝ ո՛ւր գացեր է քեռիս, թէզ չպիտի՞ դառնայ, աս օր միտք կ՚ընէի որ ճամբայ ընկնիմ, շատ ուշացեր իմ արդէն:

Բայց ասոնք հէնց խօսք ըլլալու համար է, որ կը տռտռայ վանականը, իր բոլոր ուշադրութիւնը հոն կը պահէ միշտ, հոն, միշտ հոն, ուր հացթուխը ամէն ծռիլ շտկուելու պահուն, նոր գրգիռ, նոր կախարդանք մը կ՚երեւցնէ: Ա՜խ, Մարիամ, անգամ մըն ալ աս մծղնոտ աւաչը, երբ Մարիամ ճիշտ նոյն ատեն, յետոյքը տնկելով գլուխովը թոնիրը կը խորունկնայ, վանականը ահա այն կողմէն մեղաւոր բթամատ մը խրելով բուռ մը միս կ՚ափէ, ու՝ Տէ՛ր Աստուած, Տէ՜ր Սաբաօթ:

Հացթուխը վայրկենապէս խրտչիլ մի զգալով այն կողմէն ընդոստ ցնցում մը կը կրէ, որ զինք երկու ձեռքովը թոնիրին բոց կրակին վրայ կը նետէ, ուսկէ՝ երկու ձեռքերուն մատները վրայ տալով, հրաշքով կ՚ազատի միայն, թէ ոչ՝ այն վիճակին մէջ՝ կրնար ըլլալ որ ամբողջ մարմինովը ածխանար: Մարիամին շիվանն ու մղմղուկը քարերը կը լացնեն, բայց ո՛վ անմիջապէս վրայ հասնի, որ անգամ մըն ալ անոր պատմէ եղածը:

Գէ՛շ մարդ, գէ՛շ վարդապետ, մազէդ մօրուքէդ ալ չամչցար: Այսչափ, միայն այսչափ իր ճենճերած մատներուն սոսկալի ցաւերուն մէջ, որ զինք նոյն պահուն գերեզմանի պատրաստելու ծանրութեան մը մէջ կ՚զգացուին: Կ՚աշխատի որ եղածը ծածկէ իրեններէն, բայց ե՞րբ նոյն կը մնայ այդ տեսակ որոշում մը ու ի՛նչ իրաւունքով:

Վարդապետը գետնէ գետին կ՚անցնի, թափեր է գլուխէն ինչ որ ունէր, հազար աղաչանք, հազար ներողութիւն ու մոռացում քեռկինէն, անոր մինչեւ ոտքը լզելու աստիճան խնդրանքներու, ստորնացումներու մէջ կը գտնուի, ինքզինք արդարացնելու խօսքեր մըն ալ կը կափկափէ, «ես հոնկէ թաշկինակս ընկած էր, պիտի առնէի, դուն ուրիշ բան հասկցար, միամիտ կնկուկ, դուն քոյրս ես, դուն քեռկինս ես, դուն բերնիս բրդօնն ու ճաշակը յայտնապէս, ըսէ՛, ըսէ՛, ուզածդ ըսէ որ անով երդուիմ, ձեռքս խղճիս վրայ, անով կատարեմ երդումս: Մարիա՛մ, համեստաշնորհ քոյրս ու քեռկինս»: Քոյր կամ քեռկին՝ խեղճը ա՛լ բան մը չի կրնար ընել, տեղը կը մնայ անեփ խմորը, երեսի վրայ ամբողջ տունը, որ ան օրը մազ էր մնացեր, իր գերեզմանը պիտի ըլլար: Քիչ վերջը էրիկ-մարդը ու տղաքը տուն կը դառնան, կը հասկնան եղածը հատ հատ ու բան մըն ալ աւելի, կարելի՞ է համբերե՜լ, սուրբերն ալ պիտի համբերէի՞ն միթէ. անմիջապէս տունէն դուրս կուգան ու ամէն ուղղութեամբ վարդապետը կը բնտռեն, որ կ՚երեւայ երեսն առնել վանք փախելու հնարաւորութեան մը ելած է, կը գտնեն վերջապէս, կամացուկ մը տուն կը հրաւիրեն ու՝ վերջինը տեսարանին: Քեռին, վանականին գլուխը սեղմելով անութին տակ, քեռորդիներն ալ կամ երկու տղաքը աս հիւրընկալ գեղացիին, ձեռքերնին մէյմէկ փշոտ, ահագին սարփինայ, կը զարնեն ու կը զարնեն, հայրերնին ալ ան իր բռնածին կռնակին ու թիկունքներուն վրայ իջուցուելիք հարուածներուն չափին ու տեղին ցուցումները կ՚ընէ. «հայտէ, եավրում, հայտէ, տղաքս, թողէք [1] բայը, հուսա պահ մըլ մըխ կըյրեցէք, թէզ թէզ կըյրեցէք, դուն, Պէյրոս, խոփ մը շինէ, Մարտիկ, դուն ալ հաստ գամ մը թափէ ան տեղ», ծերուկին հակափորը ցուցնելով:

Դարբնոցի աշկերտներ, որոնք իրենց շինած գործիքները ու գամերը այն տեսակ սալի մը վրայ կը ծեծեն կը լմնցնեն, որ վանական ծերուկ աբեղայի մը քամակը կ՚ըլլայ, ուր պէ՞տք է ըսել թէ՝ ողջ տեղ չի մնար այլեւս: Քեռիին տղոց մէկը անոր տրորուած մարմինը պարկի մը մէջ դնելով տարբեր փողոցներով գեղէն դուրս կը հեռացնէ կամացուկ մը՝ ու վանք տանող ճամբուն վրայ կը նետէ, ուսկէ կամ վանք կ՚երթայ կամ գերեզման կ՚երթայ:

Տարի մը վերջը այս դէպքէն, ան եղաւ լսուածը, որ մեր երանաշնորհ բամպակ բերանը երեսի ջրիկովը, դուն ըսէ մուրովը, շիփ շիտակ գերեզման գացեր է, իր քեռկին Մարիամն ալ իր այրած մատուըներուն ցաւովը անկէ տարի մը ետքը այն կողմը կը ճամբորդէ:

Լա՛ց թէ զայրոյթ, եւ՝ որո՛ւ յիշատակին: Վանականը իր տարիքին եօթանասուներորդին մէջ վախճան իւր գտանէ, քեռկինն ալ դեռ հազիւ քառասունին մէջ, խե՜ղճ քեռկին:

«Արեւելեան Մամուլ», 1907։



[1] Արկոդեան մը, որ կը նշանակէ ծանր ծանր զարկէք, հոն շուտ շուտ իջեցուցէք, ան տեղ՝ ուզածնուդ պէս ըրէք, եւն. ։