Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՓՈՔՐԻԿ ԵՐԱԶԱՏԵՍԸ

Ու տեսայ երազիս մէջ, որ թեւեր ունիմ արծիւի փետուրներով, թեւեր նախշուն ու լայն բացուած, որ զիս ամպերուն հաւասար բարձրութեան մէջ կը բռնէին: Մա՛յր, ըսի, ի՛նչ պիտի ըլլայ երազիս խորհրդաւորութիւնը, որ աս Նոր Տարիին գիշերը անուշիկ քուն մը բերաւ աչքերուս: Բարձիս տակ վարդեր շօշափեցի ձեռքովս ու շրթունքներս ալ նոյն պահուն մեղրի համով զգացի օծուած:

Ամպն ու բարձրութիւնը մեծութիւն կը նշանակեն, տղա՛ս, ըսաւ մայրս, Նոր Տարին շնորհաբեր տարի մը պիտի ըլլայ քեզի համար, երբ դուն ինքդ այդ շնորհքը քեզի պահելու արթուն նախահոգութիւնով, մաքուր ու ոսկիի պէս մաքուր աման մը ըլլաս:

Ես անգամ մըն ալ հարցուցի մեծութիւնն ի՛նչ կը նշանակէ, մա՛յր, քանի որ ես մանուկ պատանի մը տակաւին, դուն ամէն օր քու թիզովդ չափեցիր հասակս, ի՛նչպէս անմիջապէս կրնայի մեծնալ, երբ գարունին ցանուած բամպակենին չեմ, երբ ուռենիին կուշտէն բուսած մորճիկը չեմ:

Մեծ ըսելով ամէն ատեն հասակի չափ կամ տարիքի հասունութիւն չի հասկցուիր, տղա՛ս, մեծ ուրիշ բաներ ալ կ՚ըլլան, մեծութիւն միտքի, մեծութիւն հոգիի, մեծ տակաւին բարոյական նկարագիրն ալ չափահասի մը, ինչպէս քեզի պէս մանուկին մէջ:

Մեծ հոգին, մեծ միտքն ի՛նչ հապա, աւելցուցի:

Մեծ հոգին, մեծ միտքը ա՛ն է, պատասխանեց մայրս, որ ճշմարիտը կը սիրէ, բարին կը դաւանի ու գեղեցիկին համար ալ իր պաշտանքը կը բերէ:

Ատ իսկ վայրկեանին ձեռքս վար առի մօրս օձիքէն ու ես իմ մէջս ծրարուելով խորհիլ սկսայ. Ի՛նչպէս պիտի կրնամ երեք բան նոյն թափով հետապնդել ու երեքը մէկտեղ ունենալ օր մը: Շա՛տ դիւրին, շատ հեշտ, մի՛ յուսահատիր երբեք, փոքրիկ տղայ, ուրիշ կողմէ ձայն մը ականջիս, առայժմ հասակիդ գործն ըրէ, շարունակեց այն ձայնը, դպրոց գնա, պարկեշտ եղիր, կամքի ուժով հետապնդէ մտաւոր զարգացումդ, ինքզինքդ հեռու պահէ ծոյլերու դրացնութենէն, ան ատեն, օրըստօրէաբար աղւոր հոգի մը պիտի գայ խաղայ մէջդ, ան ատեն աշխարհ իր ստոյգ իսկականութեան մէջ տեսնելու համար, գիշերն ալ ատ աչքերդ զոյգ մը փայլուն արեւներու շողանքներով ապահովուած պիտի գտնես:

Նոր Տարի՛ն, ի՜նչ աղւոր երազ, ի՜նչ գեղեցիկ յոյսեր: Այս պատճառով ահա ես ալ բնաւ չպիտի զգամ սիրտ հատցնող տրտմութիւնը, երբ շուրջս դժուարութիւններ ունենամ, կամ երբ բերանիս մէջ բոլոր ակռաներս մէկտեղ կոտտան: Առ այժմ, այո՛, հասակիս գործը պիտի ընեմ, մնացածը ինծի պիտի ըլլայ կը հաւատամ: Մեծ մարդ մը պիտի ըլլամ, ու երեք աղւորութիւններ մէկտեղ պիտի սիրեմ, բարին, ճշմարիտը, գեղեցիկը:

Բարին՝ որ գիտեմ ինչ պիտի ըլլայ ու գեղեցիկը, որ պիտի գիտնամ, թէ ո՞ւր կը գտնուի: Պիտի բաղձայի, որ աս գիշեր անգամ մըն ալ նոյն քունը գար աչքերուս վրայ ու նոյն երազս անգամ մըն ալ կրկնուէր: Նոր Տարին ուրիշ ինչ ունէր, որ պիտի նուիրէր ինծի պէս ուսանողի մը, որ կ՚ընդունի ու կը հաւատայ թէ՝ գօտեպինդ աշխատողն է ուրեմն, որ պիտի շահի մրցանակը:

«Մասիս», 1907։