Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԱՒԱԹ ՄԸ ՄԻԱՅՆ

«Օրհնեալ ժողովո՛ւրդ, հաւատացեալ սիրելիներս, հիմա էնպէս լսեր հասկցեր իմ թէ՝ դուք որ մնացածներդ ըլ էն հերձուածներուն ու հերետիկոսներուն պիտոր հետեւիք եղեր, ամէնքնիդ ըլ էն կողմը պիտոր անցնիք, աղէկ ա, օրհնածնե՛ր, նախ հիմի հասկցէք դուք ըլ սանկ սըթխի պիւթիւն համոզուելու եղիք թէ՝ էնոնք ո՛ւր գացին հանեցին կօշիկնին, որ դուք էս ցեղ աղըլին օչխարներուն նմանակ էնոնց ետեւէն ագի վերցուցեր էք կուրըզկուրայն:

Դուք ի՛նչ ունիք որ, ձեր ցաւն ի՛նչ ըլլէր որ, ինչո՛ւ կը փախփխիք, փա՛ռք Ասծու, սախաթ չէ ժմերնիս, փա՜ռք Ասծու, նաւի [1] մտած չէ պոչերնուդ տակ: Ձեզի ի՞նչ ըսել պէտք է հըպը, սիրելինե՛րս, երբ դուք էս տեսակ մոլոր գնացքներով հոգեկս կը խորվէք, կը խռովէք, ի՛նչ ըսեմ ձեզի, որ ցաւուս չափը հասկնաք: էն ատեն ինծի ըլ չի՞յնար մի ըսել, քանի օր դուք իբրեւ այծեամս օստոստէք, քանի օր դուք ձերինը մոռնալով ուրիշ փարախներ կ՚երթաք, կը լեցնէք, ուրիշ բոյն բրշակներ կը շէնցնէք, էն ատեն ալ ի՛նչ ըսեմ ձեզի օր հախ եւ իրաւունք տար լսողը, արդեօք խրիկ [2] կապիմ օտուընիս թէ՝ մանկուր [3] ձգեմ շլլիքնիդ, որ ա՛լ ուզէք չուզէք, դոր ճէնբէն քէլէք, ձեր իսկական բոնն ու մսուրը ճանչնաք միայն, ձեր սուրբն ու սրբատեղերը համբուրէք միայն: Ասծու սիրուն, ըսէք թէ՝ ա՛լ ինչ ճար ճանբայ մնըց ինծի:

Հէմի դուք ձեզի ըլ հէչ երբեք չի խորհեցաք թէ՝ էն տեղ օր ժամ պատարագ չըլլուիր, էն տեղ օր մաս նշխարհ չօրհնուիր, խաչ չի հանուիր, կամ ծնկաչոք աղօթելու տեղը աչք խբելով կ՚աղօթեն եղեր, ա՛լ ինտոր հաւատալնիդ գէր թէ՝ հոն էնտեղ մայրս մեր եկեղեցիին մէջ եղածին պէս, Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս կուգայ կը բազմի:

Հապա ինչպէս սուր բարկութեան տեառն չիջնայ մեր գլուխներուն, ի՛նտոր ի՛նչ կերպով ցածուցանել վերուստին իրաւացի ցասումը: Քանի տարի է օր մեր վարուցանին վրայ լոպն ու մրջիւնները կալ կը հանեն, քանի տարի է օր գեղին թարաֆ էթրաֆը մեր պէսլի հայվընակներուն գերեզմաններովը լեցուեցաւ, ցաւը, չօռը ամէն օր ախոռ կը դարտկէ, մեր տունտեղը կը պարպէ, դուք ինչի՞ կուտաք էսոնց պատճառը, մեր մեղքը, մեր ամբարշտութիւնները, մեր մոլար յիմար փախփխուկները անպատճառ: Վաղը ի՛նչ ճուղապ տալ անոր, երբ հարցնելու ըլլի, ո՞ւր են քու մանկունքդ, Տէր Պօղոս, ո՛ւր քու սուրբ մանկունքներդ: Ես պիտի կրնա՞մ սուրբ ըսել էն չարանաւորդին, որ լուսաւորչի հաւատքը կը փոխէ:

Ու երբ էսպէս, ես ըլ էն ահեղ դատաստանին օրը չպիտի՞ ըսեմ միթէ, ահա սեւ մանկունք, սեւերես մանկերանք իմ, Տէ՛ր, արա նոցա զինչ եւ կամիս:

Վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ, որ բարեխօս սուրբերն ու սուրբ զԱստուածինը չընդունողներուն հետ, մէկ գեղի հետ ապրեցանք, մէկ աղբիրէ ու մէկ ջուրէ խմեցինք, ու անոնց երեսէն մենք ալ նոյն պատիժով պատժուեցանք»:

Ծերուկ գեղերէցը ապա այս շարժմով ու միամիտ ուժգնութիւնով դեռ ուրիշ ու աւելի ծանր ծանր գուղձեր արձակելէ յետոյ այն սեւերեսներուն կամ նոր փորձերով երեսնին սեւցնել պատրաստուողներու գլուխին, անգամ մըն ալ իր սովորականին պէս, փաղաքշիկ օրհնութիւններու նախշուն ագարաթ մը կը բանաձեւէ յոգնածի կտրատ հեւքով մը որ սակայն…։

Բոլոր այս խօսքերը նախշուն կամ նշանակալի, բոլոր այդ տեղատարափը անկեղծ արցունքին, որ բարի ու հաւատաւոր հին քահանային աչքերէն կրնային հոսիլ, բան մը չեն կրնար դրջել, ամէն անգամ ալ միշտ նոյն Գէդէոններու գտակներուն վրայ կ՚իյնան:

«Պահելով հաւատքը ձեր եւ մեր օրհնեալ նախնիքներուն շատ եւ շատ բարութեանց պիտոր արժանաւորիք, շատ հաճելին կ՚ընէք բարւոյն Աստծու առջեւ, ու ես ալ վստահ ի վկայութիւն սրբոց եւ բարեխօսութեամբ Սուրբ Աստուածածնի՝ որ միշտ առատս պիտոր վայելէք, օրհնած սիրելինե՛ր, մէկ ցանելու ատեննիդ, երկուք պիտի քաղէք, մէկ խոբով երաշտ առապարները պիտոր շէնցնէք, ձեր անծինը ծնի, ձեր ամուլը բեղմնաւորի, մահ մահտարաժամը վերնայ, օրհնեալ էք եւ օրհնեալ լերուք, ամէն»:

Ամէ՜ն, ամէ՜ն, ամէ՜ն… խեղդ մռունչներով տարտամ շշուկ մը վայրկենապէս ու ոչինչ աւելի: Ունկնդիրներու կողմէն քիչերն են, որ ան ամէններուն արձագանգող կ՚ըլլան, շատեր ատ պահուն կամ բոլոր ժամանակը քարոզին, ձանձրացածի յօրանջումներով բերուընին կլորցնելու վիճակի մը՝ մէջ, անբան հոգի մը կը քնացնեն մէջերնին, այն կողմէն մաղասոտ հազ մը կը պայթի ու առհասարակ ամէն կողմ խոշոր կարմրահատ համրիչներու շխշխկոցը կը լեցնէ, քանիներ անդին խածնող լուներուն եւլն. բնտռտուքն ու քերուըտուքները կ՚ընեն յուսահատ մըրթմռթուկներով, մինչ ուրիշներ՝ քիչ մը անամօթները թերեւս, այն պահուն որ քարոզիչը ձեռքը ձեղունին դէպի երկինք, հոն յաւիտենականը ապրող երջանիկ երկայնութիւններու վրայ կը կ՚երկերցնէ ձայնը, իրենք կ՚երեւայ աւելի մօտը, նախանձելի երջանկութիւններու, այն տարփոտ աղաւնիներուն [4] ըրածներովը կը հետաքրքրուին, որոնք հոն եկեղեցիին կամարները միացնող երկաթ ձողերուն վրայ տեղ գտած՝ կտուց կտուցի մէջ իրարու փոխանակած համբոյրներովը կը գինովնան ու վարերը հեթանոս գայթակղութեան մը մեղծ շունչը կը սրսկեն փետուրներու դարձդարձիկ ծուէններու մը հետ, որ կատաղի սէրերու հով փրփուրները պիտի ըլլան ապահովաբար:

Կը վերջանան քարոզ, պաշտամունք, ժողովուրդը համ մը չի տանիր հետը լսածներէն, որոնցմէ իր կրած տպաւորութիւնը աղի, լեղի, քայլ մը անդին հովերուն կը ցանցնէ:

Ժամէն դուրս ու անկէ առաջ պահ մը ժամուն մէջ ալ, անանուն հասցէներու հայհուչներ կը նետուին ու գրեթէ ամէնքն են որ ձեռքերու խաղալիկը կորսնցնող պզտիկներուն խոժոռ մռուզը ունին: Այնպէս կ՚երեւայ որ անոնք իրարու հետ ալ չեն խօսիր. ամէն մարդ օձիքն ականջին հասցուցած իր ոտքին բթամատինը կը նայի միայն:

Շատեր արդէն քահանային կուրծքին վրայ համբուրելու բռնուած Աւետարանին ալ չի մօտեցան: Բայց ասոնք ի՞նչ ունենան կը մտածես, սատանան ասոնց ի՛նչ խնձոր կը ցուցնէ:

Կար ժամանակ, որ անոնք լուռ աղօթք մըն ալ պատկերին սուրբին առաջքը կը կատարէին, ու այս կերպով աւելի ջերմ, աւելի անկեղծ երկրպագողներ՝ հաւատքին վերջին քամը ծծած դուրս կ՚ելլէին: Պատկերին Աստուածածինը եթէ ալ սպառած դէմքով պառաւ մը կ՚երեւար, պատճառը ան պիտի ըլլար անտարակոյս, որ գեղին հազարումէկ տէրտէրով ցաւուոր հարսներուն մէկ շունչով չէր կրնար ժմնիլ ու ի՛նք գորովոտ մօր մը պէս կը հալէր:

Բայց հիմա ինչ ըլլար որ հոն այն բարի սրբուհիին առաջքը աղօթող հարսներն ալ չեն երեւար:

***

Ան օրերը՝ 35-40 տարիներ առաջ, հովերը ան գիւղին վրայէն անուղիղ վազքով մը կ՚անցնին, աքաղաղը անժամանակ ճիչեր կ՚արձկէ, ծերերուն աչքը ինկած տեղը կը պաղի, բնութեան մէջ վերէն վար արհաւրոտ տարօրինակութիւն մը կայ ու նոյն պահուն տարօրինակ մըն ալ ան, որ գեղացին իր ժամը ետեւը թողած՝ այն ինչ կողմը շիտկուեր է, շատեր այն կողմը՝ քուն աչքերով աղօթք մը կ՚երթան կատարել:

Հոն խաչ չեն հաներ, արեւելք չեն կայնիր. ծունկ գետինը չեն դպցներ, կ՚աղօթեն սակայն: Այն կողմը անոնց կնիկներն ու աղջիկները ալ այնպէս կ՚աղօթեն:

«Գեղը փրոտն է եկեր»։

Փրոտը ի՛նչ պիտի ըլլար:

Ու որոնք հէնց առջի օրէն ատ անունը կ՚ունենան, ա՛լ ոչ իսկ ետեւնին կը նային. ա՛լ երբեք նոյն երէկինը:

Երբեմնի սովորականութիւններու մասին զարմանալի պժգանքներ մը կը ցուցնեն, խունկին հոտէն չեն ախորժիր, հին ժամուն մթնոլորտը յատկանշող ո՛ր եւ է բոյր կամ ճենճ գէշ կծուածք մը կը շինէ իրենց բղող քիթերնուն մէջ:

Բոլոր ինչ որ երէկիններն են, ժանտ բուրող հիներն են կ՚ըսեն ու ախվախով մը կ՚ըսեն թէ մինչեւ այն օրը վրայ տրուած ժամանակը իրենց աչքերէն վրայ տրուած լոյսն է եղեր:

Հիմա նոր կրօնքը, նոր ճշմարտութիւնը, աժան, անպայման այն շատ մը դիւրութիւնները, որոնց ո՛ր եւ է մէկուն տիրացումովը շատեր մխիթարութիւնը ունին յուսալու թէ՝ շատ մը ձրի շնորհքներու տիրացած պիտի ըլլան կամ ոտքերու տակ մէկ-երկու աղիւս դնելով, գլուխնին ցածուկ երկինքի մը պիտի կրնան դպցնել, ինչպէս այդ տեսակ անուշ մտածութիւն մը այն պզտիկներուն մէջ, երբ անոնք ալ կը հաւտան պահ մը թէ՝ հոն լեռ մը ելլելով պիտի յաջողին երկինքի լոյսերը՝ ոսկի ընկոյզներ, իրենց գրպանները լեցնել:

Դեռ ինչե՜ր ուրիշ:

Գեղը ամբողջ այն կասկածելի նորութիւններուն բերած ազդեցութեան տակ կը սարսռայ, ա՛լ չկայ հոն հին համակերպող խաղաղութիւնը ընտանիքներու մէջ, ամէն ծածքի տակ բողոքող ճիչը բողոքական հովերը կը շշնչեն, որոնք նոյն պահուն երբ մէկ կողմէն մեռնող խիղճերու ցաւագին հռնդիւնները կը բերեն ականջի, ուրիշ կողմէ ալ նոր ծնած հաւատքին նախատօնը փառաբանողներուն գոռուն աղաղակները կը լսցնեն:

Ժողովարանին զանգակը, ժողովարանին բառաչող երգերը ու ժողովարանականին մանաւանդ ճաթած կոկորդէն ժայթքող պոռոտ շեշտերը տուներու մէջ, փողոցը ու ամէն տեղ հինի ու նորի վէճերով, այն տեսակ աղմուկ մը կը շինեն կը հանրացնեն գեղին յետին իսկ ծակուծուկը, որ ատեն, մարդ՝ գոմէշի թոքեր ունեցող մարդն ալ դժուար շունչ մը կ՚առնէ ու վայրկեան մը կը փորձէ խորհիլ, որ այս գեղը այն տուներով համայնաւեր հեղհեղի մը բռնուած ըլլայ:

Կիրակէի այդ աղմուկներէն յետոյ երկուշաբթի կը լուսնայ, ու կը տեսնուի ահա որ կիրակէի արեւով մարտիրոսացածի մը տրորուած մարմինը սայլակի մը վրայ նետուած դատարան կը փոխադրուի, որ հոն որոշուի իր վրայ կատարուած անիրաւութեան չափն ու տեսակը:

Հարուածներու տակ ճզմուողները սուրբերը նախատող դաւանափոխները կ՚ըլլան յաւէտ, մինչ միւսները որոնք վայրկենապէս փաստ կամ վկայութիւն գտնելու անճրկութեան մը ատեն, փողոցին քարերէն ու տանիքին ձողերէն կ՚ընէին իրենց մէջբերումները, հաստ բիրտ փայտերը յարդի պէս մանրելով դէմիններուն գլխուն ու քամակին վրայ անոնք էին մասնաւորապէս, թունդ, հնամոլ ծուխերը Տէր Պօղոսին, որ ձեռուընին ժողովարանին պատին քսած ըլլալու անզգոյշ սխալանք մը եօթը օր կուլային ու վերջն ալ եօթը ջուրով կը լուային պղծուած ձեռուընին:

Կիրակէն միշտ ըմբշամարտութիւն կար այս գիւղը, կիրակէն՝ ամբողջ օրը, հոն կովն ու եզը չէին բառաչեր միայն: Այն օրը մասնաւորապէս, ուր գեղը քով քովի կ՚ապրի, ժողովարանականը իրեններուն հետ հպարտ անցք մը կ՚ընէ ժամուորներու առջեւէն, ու ահա հրաւէրը տրուած կ՚ըլլար արդէն:

Այս վիճակը սակայն երկար չի տեւեր, կ՚անցնին տարիները ու նոր երեւոյթի մը նշանները կուգան աչքի տակ: Գեղին կէսը ուրիշ կողմ կ՚երթայ, կ՚աղօթէ ու ալ ոչ իսկ փսփսուք մը վէճ ու կռիւ շինող:

Առջի օրերու անօթի, բոպիկ աղքատներուն ետեւէ, որոնք պատառ մը հացին կարօտովը օձերուն լեզուն կը ծծէին, կուգայ ատեն մը, ուր ջոջ տնուորներն ու թունդ պահպանողականներն ալ անձայն անձնատուութիւն մը կ՚ընեն այն կողմին:

Այն կողմը հրապոյրը, այն կողմը շահերը, այն կողմէն մօտիկ, ցածուկ երկինք մը:

Աս վերջինները ինչպէս առաջինները զարմանալի է որ անմիջապէս ալ մոռնալով երէկի իրենց պաշտպանածնին, դէպի այն՝ սաբաններովը կը նետեն իրենց քարերը, հին եկեղեցին՝ կռատունը կամ հրեայ սինակոկը իսկապէս… Անոնցմէ շատերուն վրայ մարիլ կուգայ քահանայ մը տեսնելու ատեննին ու աս շատերը հինին վերյիշումովը խելռած խոզերուն պէս ծովն ու գետը կը բնտռէին:

Հին եկեղեցին խեղճերու ատկտուք մը կը մնայ միայն անանկները, որ քահանաներուն ընտանիքն ու ազգականներն ըլլալով, իրենց մեծաւոր հայրերուն անէծքներէն ու սպառնալիքներէն կը վախնային, թէեւ իրաւ է որ ասոնք ու ասանկներ ալ երբեմն այն կողմին հաւասովը կը հնհնային:

***

Հարուստ տուներու ամէնքն ալ դաւանափոխ, էն վերջը այն տեսակ անակնկալ մըն ալ Շալճին կը դնէ մէջտեղ:

Ես ուշ կը գտնեմ ըսելիքս, ես սակայն իրական վէպ մը պիտի պատմեմ ձեզի. վստահ եղիք թէ՝ քուն բերող յուշագրութիւնով մը չպիտի գրաւեմ ձեր ժամանակը:

Յետամնաց մը՝ որ ահա ան ալ իր տեղը կը գտնէ վերջապէս:

Բազէն բազէին քով, ճայը ճայերուն բոյնը: Շալճի Արթինն ալ դաւանափոխ մը, բայց ի՞նչ ունենար այս մէկը, ինք քանի որ իր շրջանակին յարգուած մարդը՝ իր առջեւէն անցնող ճնճղուկն ալ կտուցը կուրծքին մէջ խրած՝ զինք պատուելու կերպ մը կ՚ընէր:

Այն կողմը ի՛նչ հրապոյր ըլլար իրեն համար, կամ կը բաւէ՞ր այն, որ հոն որովհետեւ իր այարները տեղ գրաւեր են, ինքն ալ անպատճառ անոնց կուշտին պէտք էր հաստատուիլ, այս տեսակ բնազդ մը մենք կ՚ըսէինք ու աշխարհ ալ կը վկայեր թէ՝ մարդ չեղող կենդանին ունի միայն: Իր անունը իր ծախած ապրանքին անունովը համբաւուած՝ Շալճին, աշխարհ անոր համար այս վկայութիւնն ալ կուտար թէ՝ քաղաքամէջի վաճառականի մը չափ ու անկէ աւելի շահ կը հնձէ անցած տեղերէն: Չարչի մըն էր, բայց ոչ այն տեսակէն, որ ծախելիք իրեղէններու ծրարը կռնակը պտտելու կ՚ելլէ, Շալճին հէքեաթին պէզիրկեանին հովերովը կ՚անցնի դուռներու առջեւէն, ձիով կը պտտի, ու այս բոլոր ժամանակը ապրանքը էշերու վրայ բեռցուցած ուխտաւորի կարաւան մը կը վարէ կարծես ճամբու երկայնքին, մնացածը սպասաւորը կը լմնցնէ:

Այս կերպով անոր ձեռք բերած հարստութեան վրայ առասպելներ կը պատմուին: Հարուստ մը իր այն բաներովն ալ, որ վրան կը կրէ:

Ականջին արծաթ օղերուն հետ ձեռքի մատներուն գրեթէ բոլորին ալ վրայ մէյմէկ թանկագին մատնի անցուցած կ՚երեւցնէ, Սարդանաբաղ մը ու պակասը միայն դաստակին ապարանջանը կ՚երեւայ: Իր կապած շալ գօտին միայն ագարակ մը կը գնէ կ՚ըսէին, ու ինչ որ ունի կամ ինչ որ կը կրէ վրան գլուխը անոր քանի մը տեսակները ու աւելի սուղերը ունի:

Աղօյենց Մղտես Ակոբին հետ երկրորդ մը ինք է որ փիյրօլ ժամացոյց մը կը շաչեցնէ ձեռքին մէջ կափարիչին ցուցամոլ խբուածքովը, ժամացոյց մը էն պզտիկ զարդամասը իր ունեցածներունն, որուն ճոխ շղթան գօտիէն դուրս վիժած պորտը կը ծեծէ մինչեւ ու մնացած աւելիովն ալ կրնայ իշու քուռակի մը դունչը սիրունկեկ պախուրց մը անցուիլ:

Քիչ մը ետքէ տեսնողի ձեւերը նշմարել կուտայ վրան, բայց մէկէն կը մտածես, որ գեղի քաղքցիի մը առաջին նմոյշը պիտի ըլլայ ան, կամ հին ծոփեցի թերեւս:

Շալճին գեղեցիկ իր ամբողջ ձոյլին մէջ: Քառսունը անցած տարիքովը անկնճիռ ճակատ մը կը պահէ թուխ մոյնքով մը: Առնացի, թիկնեղ ու հասակն ալ աշտարակի բարձրութիւն մը: Սեւ, թաւ յօնքերուն տակ թարթած աչքերը այն տեսակ համոզիչ մեղմիչ բան մը ունին, որ կրնան վայրկենապէս չոր ժայռին երեսն ալ կանանչ մամուռ մը ծնցնել:

Պակասը, խօսելու պահուն, իր ձայնին թօնը կ՚ամբողջացնէ: Թրթռակ խազերով մեղրոտ բառեր մը, կը գենկեզնան կարծես, կամ որոնք թերեւս աղաչանք մը ըլլան այն նազոտ գեղջկուհիին, որ իր շալերուն այն ինչ հատին հաւնելու ատեն անոր արժէքին մասին յամառ անհասկացողութիւն մը կը ցուցնէ:

Բայց մարդը գիտէ մէջէն ելլել, ձեռք անցուցածը մրջնառիւծի մը պէս կը քմէ:

Շատ աւելի գեղի կնիկներն են որ անձկագին իրենց դուռներուն առջեւ, Շալճիին կ՚սպասեն: Այն օրերը գեղի հարսնուկ մը իր յետոյքին կլորութեան վրայ պարսիկ շալ մը եռանկիւն մը կապել կարենալու համար, երեք օր, երեք գիշեր ծոմ կը պահէր: Այս ճաշակը տղայ մարդերուն մէջ ալ, որոնք անկէ առաջ տեղական կտաւով մը կը պրկէին մէջքերնին:

Խ. -ցի Արթին առաջինն ինք կ՚ըլլայ որ ամբողջ դաշտը իր բերած գօտիին նորոյթովը կ՚ողողէ:

Այս կերպով տուն բերած շահերը փեթակներ կը լեցնեն, հազար ոսկի ունի կ՚ըսէին, է՜հ, չէ՛, հազարն ալ բա՞ն է կ՚աւելցնէին: Մարդուն հարստութեան չափին վրայ առասպելներ կը պատմուէին։

Ու մենք չըսինք տակաւին թէ՝ այս տեսակ յաջողուած բաղդաւոր ինչո՞ւ պիտի շապիկ փոխէր:

***

Արթինին այն ինչ մէկ ազգականը շատոնց բողոքական կրօնքին հետեւող ու աս ալ հարուստ մը իր կարգին, ամէն օր անծեղ մը կ՚ապրի իր ազգականին ականջին տակ: Ես այն մէկը Զուինկըլ մը անուանեմ, դուք նոյն ինքը Լուտեր մը հասկցէք: Օրուան միսիոնարէն փայփայուած առաջին դէմքն է գեղին մէջ:

Միսիոնարը հոգիով աղքատներուն երեսները համբուրելու ատեն, մինչեւ հիմա ալ այնպէս է որ ոսկիով բեռնաւորուածներն ալ իր աջ ծունկին վրայ կը նստեցնէ:

Բաղդիկ Պաղսար, միսիոնարին հայեացքներուն մազը մազին ծառայելու իր անձնուէր գործունէութեան մէջ, կ՚աշխատի, միշտ կ՚աշխատի որ այն գեղը ապրող արագիլներուն բոյներն ալ բողոքական ժողովարանին տանիքին վրայ շինել տայ:

Պաղսարի դաւանափոխութենէն ետքը Ֆէրնատ ժողովասրահին ժամկոչը կը մնայ ալ եւս, այն միականի Զաքարն ալ սոսկ տամճիի ծառայութեան մը մէջ: Պաղսար կաշիի վրայ գործ ընող խաղախորդ մըն է, իր ստորագրութիւնը միայն, որովհետեւ բողոքական մըն է, Ալեքսանդրուպոլցի Թրամփեաններուն առջեւ անսահման վարկ մը ունի: Պաղսարն է յանձնարարողը ու անոնք անոր ուզածին կրկնապատիկը կը բեռցնեն: Գեղին բոլոր միւս խաղախորդները, որոնք հարուստ դասակարգը կը կազմեն, որպէս զի յաջողէին, միեւնոյն տեսակ շնորհքներ մը իրենք վայելել կաշիի այն ծանօթ վաճառականներուն կողմէ, Պաղսարի դաւանափոխութենէն վերջն էր, որ իրենք ալ միսիոնարին փէշերուն տակ գացին ապաստանեցան: Պէտք եղած ատենը համոզուածներն էին ասոնք, որոնք նոյն ատեն իրենց համոզումին անկեղծութիւնը հռչակելու արտորանքով մը իրենց այգիները քակել քայքայելու ցոյցը կ՚ընէին, որ խաղող չուտեն, խաղողէն որովհետեւ գինին կ՚ելլէ, ու գինին այդ կարմիր օձը ամէն անխոստովանելի մեղքերու մայրը գլխաւոր:

Բաղդիկ Պաղսար հարկ կա՞յ ըսելու թէ վերջապէս օր մը իր ազգականին գլուխն ալ կը գերծէ:

Մէկ հատիկ աղջիկ մը ունի, որ շատ ուզողներ ունի, բայց ինք կը նախընտրէ անոր ամուսնութիւնը իրեն ծանօթ շրջանակի մը մէջ փակել, քանի որ հիմա հասի չհասի խնդիր ալ չկայ, նոր կրօնքին մէկ թոյլատու պայմանը երկու իրար հաւնող ազգականներուն միջեւ:

Արթինին համար աս տեսակ խոստում մը չսպասուածը կ՚ըլլայ, իր տղային համար պէտք եղածն ալ իրաւ է որ այն տեսակ աղջիկ մըն է, վաղը նոր հարստութիւն մը անոր շնորհիւ, վաղը Կրեսոս մը գեղին մէջ, միայն թէ՝ ու ի՛նչ հեշտ պայման, ինքն ալ ու իր ընտանիքը ամբողջ, փոխարէն այն խոստումին, խօսք տան, որ ժողովարանը աղօթեն։

Կը վերջանայ համաձայնութիւնը ու Արթինին տունին մէջ յամառողը անոր կինը կ՚ըլլայ միայն, ես քածի մը համար կրօնքս չեմ փոխեր կ՚ըսէ աս վերջինը, հէմ մեղք է այդքան մօտաւոր աղջիկ մը հարս բերել:

Մարդը մտիկ չըներ պինտ գլուխ կնկանը ու մէկ օրէն միւսը Պաղսարին հետ ծունկ ծունկի ժողովարանական մը կ՚ըլլայ։

Ամիսը երկուք չըլլար Շալճին կատարելապէս համոզուած քրիստոնեայ մըն է կ՚ըսեն ու եկեղեցիի անդամ կը հռչակեն: Լեցած է արդէն ժողովարանը Շալճիի մը մուտքով, որու ստուերը Պ…եաններու տղոց համար միայն խռովիչ բան մը ունի: Պաղսարին աղջկան առաջին հետամտողներն էին ասոնք, իրենք ալ եկեղեցիի անդամ թէեւ, բայց մարդը գիշերն ալ իր հաշուին տէրը, Արթինին միայն կը խոստանայ եւ այս անոր համար որ կը յուսայ թէ վաղը անոր հետ տղան տուն փեսայ բերելու համաձայնութիւն մըն ալ պիտի կրնայ կնքել: Օտար տղան շատ անգամ էգին աւրող աղուէսն է ճոխ տունի մը մէջ: Շալճին բաղդաւոր մը ու քանի մը տեսակ յաջողութիւններով:

Իրեն համար համոզուած պարկեշտ քրիստոնեան է ըսին հէնց առաջին երեւումով, Պաղսարին հաւասար պատուաւոր անդամակից մը նորակազմ եկեղեցիին, որուն որ եւ է մէկ անհատին այլ մասնաւորապէս անդամ նշանակուած եղբայրակցութեան մը շրջանակին մէջ, հին մեղւոր գիւղացին չի կայ ա՛լ եւս: Աս կարգինները մէջէն դուրսէն լուացուած սրբութիւններ են կ՚ըսեն, սուտ բնաւ չեն խօսիր, բամբասող մը սատանին դայեկը կը ճանչնան, մէկ մէկու հետ քրիստոնէական համերաշխութիւն մը ունին, եղբայրներ են ամէնքն ալ, չեն հայհոյեր, մէջերնին կռիւ միջադէպ չի պատահիր, պատուիրուած զգուշութիւններով կարծես իրարու հետ ժիր անգամ չեն խօսիր: Ամէն մարդ իր ունեցածին տէրը կը մնայ ու վայելքին մէջ նախանձի առարկայ չի դառնար ուրիշէ մը, եօթն օտար կնկուկ մը սիրելի քոյր կը կոչեն Քրիստոսով, ու կ՚ըսեն երբեք առջի յայրատ նայուածքը դէպի այն, կամ երբեք չար հետամտութիւն մը հինին պէս նոյն իսկ հրեշտակի դէմքով կնկան մը շուրջը: Անոնք ինչ որ խօսին Սուրբ Գիրքով կը խօսին, Սուրբ Գիրքը անութներու տակ կարուած հմայեակ մը կը ցուցնեն:

Այս կերպով անոնք շատ բարձրէն կը նային հին եկեղեցիին վերաբերւողներուն վրայ, խեղճերը որ պատկերին կը հաւատան ու խաչը կը պաշտեն տակաւին, յիմարները՝ որ Աբդլմսէհի պէս կարգ մը սուրբերու բարեկամութեան կը յուսան, ապուշները՝ որ քնաթաթախ յօրանջումներով Տ. Պօղոսի մը սնամէջ բարբառոյքներովը կը լուսցնեն, իրենք մինչդեռ աղջամղջային խաւարէն ոտքով գլուխով ազատուածներ՝ բիւրեղիկ ճշմարտութիւններու անմահական սնունդ ունին իրենց հոգիներուն համար, ջուրը ուղղակի ակէն կը խմեն, Տէր Յիսուսի կը հաւտան միայն, գառնուկին միջնորդութիւնը միայն: Միայն աղօթք, միայն խնդիրք ու միշտ Տէր Յիսուսի ձրի շնորհքներովը:

Մսավաճառ մը այնքան մոլի աղօթաւոր մըն էր կ՚ըսէին, որ երկարկեկ աղօթք մըն ալ կենդանին մորթել սկսելէն առաջ պիտի կափկափէր, «էս չորքոտանին, վուոր պիտոր մահացնենք հիմա, ո՜վ տէր, քու անունովդ ու քու միածին գառնուկիդ սիրուն համար պիտոր սպանանենք եւլն, եւլն»:

Ասոնց քարոզիչ պաշտօնեայն, ըլլար միսիոնարը Հիւիլըր կամ ասոր առաջինին Սիմոնիկը՝ կաղ Ֆէրնատ, գրեթէ միշտ անդրշիրմի երանութիւններուն գաղափարը յատուկ պահելով իրենց բնազանցիկ քվքվանքներուն, արեւի աշխարհին ունայնութիւնը կը շեշտէին, երկիրը արցունքներու հովիտը, ուր ոչինչ կայ տեւական, անկայուն վաղանց պղպջակն է ան, որ ջուրերու երեսը կը տեսնուի:

Ֆէրնատ իր ժամկոչի ծառայութեան մէջ ալ ամպիոն ելլելու արտօնուած՝ ամէն կիրակի, աշխարհի ունայնութեան հետ, աշխարհամարդուն ըրած, վայելած անմեղ զուարճութիւններն ալ մեղքերու սոսկալիները կը պօռայ «սոսկալի, եղբայրնե՛ր, սարսափելի է վիճակնիս, նոյնիսկ պիտի ըսեմ թէ՝ հէնց պարապ տեղն ալ մի՛ խնդաք»:

Քարոզիչ պարոնը շատ անգամ խօսքը քրիստոնեայ անունով մը ինքզինքնին արդարացած սեպողներուն ուղղելով, «չէ՛, կ՚ըսէ, իմ սիրելի եղբայրներս ու քոյրերս, չէ՛, էն ատեն վոր, դուք կ՚ըսէք, կը պարծենաք թէ՝ արդարներ էք, ճիշտ էն ատենն է վոր, սարսափելի մեղքը կը գործէք, բացարձակ արդարը ինքն է միայն, միենք միեր բոլլոր սրբութիւնովը, բոլլոր իստակութիւնովը նորէն միեղաւորներ կը սեպուինք, խաս չէշիտով արդար չիք ըսուիր ախըրը, քանզի իմ սիրելի եղբայրներս, էս օրը վոր կը խորհիս թէ՝ անմեղ արդար վիճակի մէջ տուն կը դառնաս, մտածելու եղիր վոր թէեւ ձեռքդ դրացիին էգիին չես երկնցուցած, թէեւ ձեռքդ ծոցդ պէյեր ես, բայց նոյն էն օրը կրնայ ըլլիլ վոր վոտքովդ ես մեղանչած, վասն զի, եղբա՛յր, դուք ըլ չէ՞ք համոզուած թէ՝ դաշտէն մինչեւ տունը շատ մը բանւոր անմեղ մրջիւններ ու մկլէզները կը մահացնէք ձեր վոտքերովը, սպաննութեան պէս միեղքը խօշ մարդուն կամ տէվէի պէս խոշորութեան վրայ չըլլիր միայն: Ահա թէ ինչո՞ւ կ՚ըսեմ որ միենք բացարձակ արդար չե՛նք կրնար ըլլիլ»:

Նոր կրօնքին աս եսսենական հայեացքները տարիներ առաջ այսպէս շատ ուշագրաւ թուական մը կը հանդիսաւորէին, ինչպես հոս Խ. մէջ այնպէս ալ Իչմէի ու բուն քաղաքի մէջ, երեք կարեւոր կեդրոնները միսիոնարական գործունէութեան, ուր ճարպիկ միսիոնարը իր առաջին տաղաւարները հաստատելու գործունէութիւնը ցցուց: Քիչ վերջը չորրորդ մը Հ… գիւղը կ՚ըլլայ անոնց հետ:

Փակագիծս գոցելէ առաջ ըսեմ որ այդ քարոզները պահ մը ան արդիւնքը ունեցան, որ՝ ժողովուրդը՝ նախ անոնք որ մօտէն ու մշտապէս լսողները կ՚ըլլան անոնց, վերջը հետզհետէ միւսներն ալ որոնք ան ատեն կամ անկէ առաջ հայ տէրտէրին նկարագրած դժոխքին եօթը անկերով կաթսաներուն սարսափը միտք պահած էին, ժողովուրդը կ՚ըսեմ, ուրանայ ա՛լ եւս արեւին տակ ժպտող գոյներուն հմայքը, ուր իր մէջը միայն անդենականի հոգերը լեցնէ, աշխարհէ ու աշխարհիկ հաճոյքներէ մեկուսանալու լուրջ ստուգանքներու մէջ:

Եւ անկէ վերջ իրաւ որ գեղին լուսաւորչական ապրող ան ատկտուքներուն ալ շատը այնպէս տեսայ, որ դրացի իրենց աշխարհուրաց բողոքականին տրտմութիւնով սգաւորի ճրագ մը կը մլմլցնէին տուներնուն մէջ: Սգաւորներ՝ պարի, պարխաղերու սովորութիւններէ հրաժարած, սգաւորներ՝ հարսնիքին թմբուկը իրենց ձեռքերովը խզտած: Թախծոտ անժպիտ ինքնամփոփումի մը մէջ ամէնքն ալ, երբ ա՛լ բարեկենդանի գինողող տանիքներուն ցնծուն ծափերն ու քրքչանքներն ալ չեն լսեր կամ չեն ուզեր լսել: Ցուլի եւ ըմբշամարտութեան խաղերու հերոսիկները իրենց երդիքներուն տակ թաղուած մեռելներ կը մնան, որ չեն իշխեր ու չեն կրնար անգամ ըսել որ երէկ ալ կեանք մը ունէին: Բոլոր ասոնք ու այս կարգի սովորութիւններ մեղաւոր հաճոյքներ ճանչուեցան:

***

Փշիկ Սիմօյին տունը հարսնիքի եռուզեռ մը կայ, ուր Շալճին ալ իր խատուտ հագուստի երանգներուն մէջ՝ իր տեղը կը բռնէ բազմոցին վերի կողմը, հիմա ու ամէն ատեն ալ միշտ այն դիրքն է անոր գրաւած աթոռը:

Հարսնետէրը ու բոլոր ուրիշներ՝ ամէնքն ալ լուսաւորչական ու պարտականները շալավաճառին, շատ աւելի անոր կը շռայլեն պատիւը, հարուստ մըն է մարդը ու նոյն ատեն խաթրլի դրացի մը, որուն հիմա պարկեշտ ու պատուաւոր բողոքականի անունն ալ գլխագրով կը գրուի:

Սիմօ աւելի պատիւ մը իր բողոքական դրացիին, այնպէս արդէն կարգադրած կ՚ըլլայ, որ դափի թմբուկի ձայն ձիւն չելլայ բնաւ, գինին ալ, է՜հ, կարելիօրէն չափաւոր ու երբեք գինովութիւն։ Խիստ պատուէր մը այսպէս ճահիլ հարսնեւորներուն ականջին «Հարսնիքը կ՚անցնի, խախկութիւնը կը մնայ, տղա՛ք, ձեզ տեսնամ, քեամի՛լ, քեամի՛լ, քեամի՛լ»:

Քեամիլ իրաւ որ մինչեւ օրանին ալ բզէզը, իսկապէս բողոքական հարկինքի մը անշշուկ լռութիւնով ու լրջութիւնովը կ՚որակուի եղածը, որուն աւելի ճիշտ պիտի ըլլայ սգաւորներու հաւաքոյթ մը ըսել:

Պատուասիրութեան մը այս կերպ շռայլանքները, ինչպէս կ՚ակնարկէինք, քիչ մըն ալ այն պատճառով, որ Շալճին Փշիկէն ունեցած հին առնելիքներուն վրայ նոր մըն ալ աւելցուցեր է անոր այս անգամ ալ ապառիկ տալով հարսնիքին համար հարկադրուած գօտիները, վճարի պայմանն ալ դէմինը ինչպէս որ կ՚սպասէր:

Փշիկ ինքնին իր համակրելիութեան հետ ինկած երկրագործ մըն է, որ միշտ պատրաստ դրամ չունենար: Ասանկներուն համար ըսուած է, թէ անոնք շատ անգամ ախոռին էշը կը ծախեն, որ տունին հարս մը բերեն, երկոտանի իշուկ մը աւելի տնտեսական գտնելով:

Հարսնիքի վերջին իրիկունը, վերջին հացին կը նստին, տարեւորները առանձին սեղանի մը շուրջը, յետոյ կարգ մըն ալ ճահիլ փեսամանուկները պիտի ունենան: Վերջինները յաւէտ տրուած պատուէրներու մը համաձայն, ոտքերու բթամատի վրայ արթուն ու ընդոստ՝ սեղանէն մինչեւ խոհանոցը կկոցի երթուդարձ մը կ՚ընեն:

Մեծերու այս սեղանին վրայ կտուց կախողներուն մէջ՝ անգամ մըն ալ ըսէինք թէ՝ դրացի Շալճիէն զատ ոչ ոք կայ ուրիշ, որ ժողովարանը ներկայացնէ:

Միւսները տասնըհինգ քսան հոգի՝ գինիին կարասին տակ քնացող Լուսաւորչական տուներու Իթուրիէլներ՝ այն հիներն են, որ ժամուն Ս. Ստեփաննոսի պատմութենէն զատ բաներ մըն ալ շատ շատ երկիրը իր վրայ կրող մեծ եզին կեանքէն գիտեն:

Սեղանին վրայ եկած երեւցած կերակուրներու կարգին՝ գլուխ գործոցը կ՚երեւայ վերջապէս, խորոված գառը գլուխովը մէկտեղ, որուն ցռկամէջը չես գիտեր ի՛նչ վայրագ հեգնութիւն մը խորհրդաւորելու համար փունջ մը թարմ ազատքեղ կը զետեղեն, բայց իրաւ սքանչելի: Դաշտեցիին թոնիրը եփուած այդ գառը վայելելու համար մէկ ստամոքս ունենալ չի բաւեր, մուպարէ՜կը… օ՜հ, մուրազ տուողը, որ վերջը վրայ կը բերեն կ՚ըսեն, վերջը որ վրան հարիր լիր խմուի կը բերէ Փշիկ հարիր ալ երկու հարիր ալ կ՚արձագանգէ ուրիշ մը: Շալճին՝ անխօս, ու կ՚երեւի անօթի քիչ մըն ալ, աջ ձեռքին մատները եռաժանիի մը պէս կը խրէ գառին կուրծքը, ուսկէ վերցուցած պատառները այնպէս կը թաղէ, ինչպէս արագիլը դօդօշները կը կլլէ: Գինին գառին վրայ չի խմողը, երկու անգամ կը մեռնի եղեր: Մեռնողներ անոնք ալ, որ հարիւր լիրին ախորժակը ունին:

Ու դոյլերը մէկէ աւելի սպասաւորողներու ձեռքին մէջ՝ գը՜լ, գը՜լ, գը՜լ, գը՜լ, բադերու ձայն մը կը հանեն: Օ՜խ, անա՛մ, պապա՛մ, ճանըմ…։

Գաւաթը պարպողը գինիին ու տիրոջը պատիւ՝ անպատճառ կ՚ունենայ ըսելիք մը:

Այն մէկը խաղողին թուփին տակ կը պառկի, ուրիշ մը գինիին բղողին մէջ սատկող մուկը կ՚ուզէ ըլլալ, «գինի, գինի, հէփիմիզըն տէ տինի ու էօմրի, կ՚ըսէ տանտէրը, իշտէ ես էսոր համար չի փոխեցի մսուրս որ ամէն օր ըլ էս մուպարէկ մեռոնով օծուիմ, ի՛նչ ըսիր, Պարոն Արթին, դուն մինակ ուտելուդ ես տալմիշ եղեր անուշներ ըլլի, սիրելիս, անուշներ խմողաց: Պարոնը, Արթին իրաւ է որ կնճիթը սեղանին վրայ միշտ՝ ուտելուն կը նայի միայն, բայց ինչ ըսել է»:

Հարսնետէրը աչք մը կ՚ընէ գինի մատռուակողներուն ու անմիջապէս գաւաթ մըն ալ անոր կ՚երկնցուի, Պարոն Արթին, աչքդ սիրեմ, կ՚ըսէ Փշիկ, գառին հոգին քեզ կ՚անիծէ, թէ որ… Մարդը՝ բայց՝ երբէ՜ն է, որ իր տունէն կարասներն անգամ կտոր կտոր ըրած ու դուրս նետած է:

Գինիի պէս խմելիք մը իրեն ինչպէս առհասարակ բոլոր եկեղեցիի անդամ եղբայրակիցներուն համար, ան օձն է, որ մտած տեղը թոյնէ աւելի մահաբեր բան մը կը տանի:

Շալճի ու գինի, երկու ի՜նչ անհաշտ հակադրութիւններ, որ կրնայիք երեւակայել: Շալճին ժայռ մը, որ քլունկով ալ չի քակուիր, կը մերժէ հրամցուածը, գինի՛, ան սոսկալի բանը, որուն նախաձեւն անգամ կասկածելի հապ մըն է իրապէս, խաղողը, ու գինի հիմա, չէ՛, եղբայրնե՛ր, չէ՛, անկարելին կը խնդրէք:

Փշիկին հետ քովիններն ալ ստիպող կ՚ըլլան, որ Արթին առնէ գաւաթը, միայն մէկ գաւաթ գոնէ, բայց մարդը միշտ նոյնին կրկնութիւնովը կը մնայ, անկարելին է իրմէն սպասուածը, եղբայրներս, սիրելիներս…։

Սեղանակիցներ վայրկեան մը վար դնելով իրենց գաւաթները աս նազոտ հարսնեւորին փնչփնչումներուն վախճանին կ՚սպասեն, բոլորին ալ փափաքն է, որ բողոքական պարոնը մենք չըսի՞նք որ եկեղեցիի անդամ մը պարոն պատուանունով կը զատուի հասարակ ժողովարանականէ մը պզտիկ չի ձգէ զիրենք, հարսնիքի առիթով Քրիստոս ալ խմեց, կ՚ըսեն պարոն, գինին պակսելու ատեն, այն ինչ հրաշքն ալ գործեց, դուք Աւետարան կը կարդաք, դուք աւելի աղէկը գիտէք:

Սա տեսակ երդուած սօֆի բողոքականի մը մանաւանդ գինի խմցնելը քիչ մը ամէն լուսաւորչականի համար ալ հետամտած քաջութիւն էր, որ վերջը իրենց մէջ ըսել պարծենալու հպարտութիւնը պիտի մնար:

Բայց սիրելինե՛րս, սիրելի եղբայրնե՛րս… մարդը՝ նոյն յամառը, անգամ մըն ալ կը գտնէ անոնց պատասխանելու բանաձեւը: Փշիկ ինքն ալ նոյն չափով յամառ մը իր ծրագիրը կը փոխէ, չէ՞ որ արդէն տեղական սովորութիւնն ալ այնպէս կը պահանջէ շատ յարգուած հիւրին համար:

Մատուցումը այս անգամ ուրիշի ձեռքով, բուն իսկ տանտիրոջ կնկան կողմէ: Նոր գինի, նոր հրամցնող մը ահա, որուն աղւոր աչքերն ալ արդէն այնքան սեւ ու պաղպաջուն զոյգ մը գաւաթ կ՚արժեն, «նոր բղող բացի, Պարոն Արթին, խուրպան, ատուկ քեզի համար բացի, խաս գինին բերի որ մեռոն կ՚լմանի»:

Պարոնը ջուր քրտինք մը կը սրբէ ճակտէն, ա՛լ հնար կա՞յ բառ, շունչ փորձելու. գինին աղւոր, տուողն աղւոր, երգն աղւոր, ձեռքը գաւաթին կը տանի վերջապէս, քովինները զեղուն զուարթութիւնով մը կ՚եռան, անուշներ, պարո՛ն, անուշ ըլլի, անուշ ըլ… իշտէ հիմա՛ հարսնիք կ՚լմանի… պարոնը գաւաթը բերնին՝ անոր մէջինը ծծելու ատեն տարիներու կարօտով երազուած սիրականի մը երեսը կը ծծէ, էն վերջին կաթիլն ալ այո՛, ու բերանը սրբելով գողի նայուածք մը կ՚ընէ քովիններուն: Գող մը, գեհենապարտ մեղաւոր մը, վերջը պիտի հասկնաք: Շալճին գաւաթ մը թոյն էր, որ խմեց:

Ժողովարանին զանգակը մէկ երկու շաբաթ վերջը, օրը երեք անգամ, օրը չորս ու հինգ անգամներ տենդոտ շեշտ մը կը տարտղնէ, հո՛ս եկէք, հո՛ս եկէք, շո՛ւտ վազեցէք…

Ժողովարանը իրարու վրայ ամէն օր կարեւոր խորհուրդներ մը կը կատարուին: Որոտագոչ աղմուկ մը եկեղեցիի անդամներուն մէջ, որոնց կարգին շատ աւելի Պ…երու տղաքն են որ պոռալու ատեննին պատերուն ծեփերը վար կ՚առնեն, օ՜հ, չէ, եղբայրներ, չըլլար այսպէս, գայթակղութեան սոսկալին կ՚ըսեն ասոր, դուք ի՛նչ կարծիք ունէիք, ժողովուրդ, կ՚ըլլա՞ր այսպէս, մենք զատուեցանք, որ… մենք ճշմարիտ աւետարանականը եղանք որ… մենք զինք իբր պարկեշտ ու նորոգուած եղբայր մը եկեղեցիի անդամ ճանչցանք որ… բայց ան հիմա մեր բոլորիս ալ խէրն անիծած եղաւ:

Այո՛, այո՛, շատ շիտակ կը խօսին Պ…եան եղբայրները, ջնջել, ձգել ու անունն ալ բոլորովին մոռնալ պէտք է, վրայ կը բերուի ունկնդիր ժողովուրդին մէկ մասին կողմէ, միւս շատերը Բաղդիկ Պաղսարին կարծիքը կը պաշտպանեն, որ Պ…երու հակառակը պնդող մեծ ձայնն ունի, սխալ էք հասկըցեր կ՚ըսէ աս վերջինը, եղբայրնե՛ր, սխալ հասկացողութեան մը հետեւանքով անմիջապէս վճիռ չարձակուիր, խմուածը գաւաթ մըն է միայն, ան ալ ի՛նչ ստիպումով, ի՛նչ չափ զօռով, դուք ալ ըլլայիք ուրիշ կերպ չպիտի ընէիք կարծեմ, ի՛նչ կ՚ըսէք ժողովուրդ, դուք կը հաճիք, բերան մըն ալ մեզի համար բացէք:

Ունկնդիրներ մեծ մասով անգամ մըն ալ Բաղդիկին թմբուկը կը զարնեն, բայց բան մը չարժեր իրենց հանած ձայնը, անդամ ըսուածներու մեծամասնութիւնն է, որ Պ…երու կողմը կը պաշտպանէ, ան յայտնի պատճառով, որ լսած կ՚ըլլան թէ Բաղդիկ մօտ օրէն իր պաշտպանածին հետ խնամիական կապ մը պիտի հաստատէ: Վաղը ան երկուքին միացած ազդեցութիւնը ամէն հաւանականութիւնով իրենց շահերուն սպառնացող փորձութիւնը պիտի ըլլայ:

Ջնջել, եղբա՛յր, ջնջելը միայն գայթակղութեան առաջքը կ՚առնէ:

Յովնան մըն ալ թող պակաս ըլլար, մանաւանդ թէ արդէն այսպէս կը պահանջեն նոյն իսկ եկեղեցիին շահերը, որոնց պատասխանատուութիւնը ժողովուրդէն առաջ, անգամ եղբայրակցութեան վրայ կը ծանրանայ։ Շալճին բացակայ այս վերջին ժողովէն, ու նոյն իսկ գեղէն ալ իր առուտուրին բերումովը, երկինքէն երկիր՝ մեղաւոր հրեշտակ մը կը նետուի, այնպէս որ ա՛լ ան անկումէն յետոյ հասարակ ժողովարանականի մը պատիւը չունենար: Այսչափ արագ կը փոխուի իր վրայ ձեւուած համարումը, ժողով կամ ժողովուրդ այսչափ բծախնդիր միջամտութեան մը կ՚արտօրան պատժելու այն մէկը, որ այնպէս կը տեսնէին թէ՝ քիչ մը լայն կը նստէր ժողովարանին մէջ, ամէն օր հարսնեւորի մը հագուստովը կ՚երեւար հոն, ու անոր աւելի անտանելիութիւնը, որ հիմա կը խօսին, ան է եղեր, որ ժողովարանին մէջ աղօթքի ատեն, մինչ ուրիշներ աչքերնին խբելով ինքնամփոփ վերացումներու մէջ կ՚ըլլան, ինք նոյն ատեն իր թարթիչներուն տակէն պահ պահ կնիկներուն կողմը կը հայի եղեր, կատարեալ բողոքական մը չէր կ՚ըսեն: Ինք ժողովարան գալու ատենը թող կուտար որ իր կնիկն ալ ժամ երթար, այս բանը քիչ մըն ալ բուն իսկ իր բարեկամ ազգականին ջիղերուն դպած էր օրին, բայց նա կը ծածկէր իր զգացումները ու կարելի է այդ իսկ պարագան ըլլար արգելիչ միակ պատճառը, որ Բաղդիկ չուզէր արտօրալ իր աղջիկը Շալճիի պէս կէս բողոքական տունի մը հարս տալու:

Պ…ներ կը շահին ան, ինչ որ միտքերնին դրած էին. քաղաքէն միսիոնարն ալ եղածին հաւանութիւն յայտնող պաշտօնական թուղթ մը կը նետէ անոնց առջեւ:

Մէկ քանի օրեր վերջը, բանադրուած պարոնը տուն դարձած կ՚իմանայ բաները ու պահ մը ապուշ կ՚ապրի, կամ աւելի շիտակը, լուռ մխացողը կ՚ըլլայ այն որոշումին հեղինակներուն դէմ ու անոնց անուններուն վրայ կը կճռցնէ ակռաները: Բաղդիկին բարեկամութեան չափն ալ աչքի տակ կը բերէ, բայց կ՚արժէ՞ փորձել բան մը, քանի որ լսած կ՚ըլլայ նաեւ թէ՝ անոնց ըրածներուն հաւնողը ուրիշ բարձրագոյն մարմին մը միսիոնարութիւնն ալ է եղեր, միսիոնարը հայ տէրտէրը չէ որ մէկ դոյլ գինիով եօթը մահացուները ներէ: Մարդուն առուտուրի պարագաներն ալ այնպէս են սա վերջին օրերը, որ քիչ մը ժիր շունչ առնել տալն անգամ վտանգաւոր յաւակնութիւն մը կը խորհի:

Ձայնը վար կը դնէ ու տունին մէջ ինքնամփոփ՝ խոշորկեկ գիրքի մը վրայ կը կախէ գլուխը:

Այս վիճակին մէջ իրեն այցելող բարեկամները իրմէն այն տպաւորութիւնը կը տանին, կը վկայեն թէ՝ մարդը հիմա ինչպէս առաջ ալ մեղրիկ մեղեսիկ քրիստոնեան կը մնայ, գէշը անոնք, որ անոր պէս մէկը գաւաթի մը մէջ խեղդելու անիրաւութիւնը ըրին:

Բանը հոն սակայն որ խոստովանանքի կամ վկայութեան մը այս կերպը ուրիշներն ալ յայտնեն ու խօսքը մինչեւ այնինչ ամպիոնը արձագանգէ:

Անոր միակ փափաքն է կորսուածը գտնել ժողովարանին մէջ, վարկի վերադարձը կամ եկեղեցիի անդամակցութիւնը անգամ մըն ալ, ինչո՛ւ չէ, ապաշխարող մեղաւոր մը ողջունելու համար երկինքի սերոբէներէն առաջ արդէն, հոն, քաղաքի միսիոնարն ալ պորտ կը նետէ:

Դատապարտուած մարդը այսպէս շատ օրեր բուն գործն ալ մոռցած՝ խիստ ապաշխարութեան մը կ՚ենթարկէ ինքզինք, միշտ կ՚աղօթէ, միշտ Ս. Գիրքն ունի ծունկերուն վրայ: Խոշոր աղիւսի մեծութիւնով Աստուածաշունչ մը, որ օրին մէկը միսիոնարն է նուիրեր իրեն, անոր հետ ուրիշներ ալ կան ձեռքին տակ թէեւ, բայց անոնք մանր գիրերով են, ինք աւելի այն մէկը կը սիրէ գործածել, որ ոսկեզօծ կողքին հետ խոշոր ալ տպագիր մը ունի: Բացած երեսին մանրագիծ վկայութիւններն անգամ աչքէ չի վրիպեցներ, կարգ մը բառերու վրայ քմայքոտ եղանակներ մը կը կզկզայ որ երգարանինը պիտի ըլլան:

Սար՜ր՜ր՜ան Աբրահամի կինը կամ քոյրը, աս անունը զռինչի մը շեշտովը կ՚երկարաձգուի իր բերանէն: Սառռռան, Աբրահամ յայտնապէս սուտ մը ծամեց իր գեղեցիկ կնկան համար: Գիշերները Ս. Գիրքով լրացուցած՝ առտուն կանուխ դէմը եկողին ալ կը պատմէ որ՝ բոլոր ատենը միածին գառնուկին հետ խօսեր է, ճիշտ դէմ դէմի նստած խօսեր է գառնուկին հետ:

Ու պարոն Շալճի գիշեր մըն ալ Ս. Գիրքին հետ: Գիշեր մը, սեւ գիշեր մը, որուն յաջորդող ցորեկն ալ գիշերի մը մութովը պիտի պարուրէ իր տունը: Այն իրիկունը պարոնը իր խոշորակազմ այն ընկերին՝ Ս. Գիրքին հետ կ՚ապրի նորէն, աքաղաղը երկու-երէք բերան խօսելէ վերջն ալ ինք նոյն անկիւնը, ու նոյն գիրքին վրայ կը մարմրցնէ աչքերը, որ ա՛լ յայտնի է, թէ չեն կրնար դիմադրել ու նոյնիսկ գիրերն ալ չեն կրնար տեսնել:

Պարոնին կինը պզտիկը կուրծքին ծծցնելու առած՝ մեղքնալով էրկանը գալարքներուն ու հատնումին, մեղմով մը շրթունքը կ՚երերցնէ ըսելու, որ քիչ մըն ալ վաղը կարդայ, մեղք ես, էրի՛կ, քիչ մըն ալ վաղը պէյէ կարդալիքդ, կը հծծէ Վարդեր: Գորովոտ զգացում մըն է կնկան յայտնածը, որուն պարոնը անմիջապէս պատասխանելու վիճակ չունենար, մրափի խրխռուկներ մը կը լսցնէ գլուխին աս ան կողմը, շրջել կախելովը ուսկէ ազատելու համար պահ պահ ջղուտ շարժումով ամփոփում մը կը փորձէ թէեւ, կը բանայ աչքերը կարկամ ու քիչ մըն ալ ապուշի թարթուածքով, գիրքին կը շիտկէ, բայց նա նորէն նոյն անկումները կ՚ունենայ, նոյն խեղճ դրութեան մէջ կը գալարուի. կինը հեղ մըն ալ կը կրկնէ ըսելիքը, «քեզի մեղք է, քիչ մըլ ինծի մեղք է ա ճանըմ, ել հիմա անկողինդ գուտ, հանգիստ մը ըրէ, մնացածը կրնաս վաղն ալ կարդալ, առտուն ես կանուխ պիտի էլլըմ, կանուխ՝ հաց պիտի թխիմ, եւն, եւն»:

Պզտիկը ծծցնող մօրը խօսքը անաւարտ տակաւին, նա այն տեսակ հարուած մը կ՚ընդունի երեսին վրայ, որ կը զգայ վայրկենապէս թէ՝ տունին ձեղունը իր բոլոր ծանրութիւնով իր գլուխը կը փլի, վո՜ւյ, անօրէն մարդ, քոռցուցիր, քոռցուցիր, վո՜ւյ, տունս աւրաւ աւրաւ… կը ճչէ այս կինը սարսափահար ու գետնէ գետին ճանկռտուելու խելայեղ վիճակի մը մէջ: Պարոնին ոտքերուն տակ, վիզէն կտրուած հաւ մը կը ցատկտէ կամ վիրաւորուած այծ մըն է, որ կը մկկայ, վո՜ւյ, անօրէ՜ն:

Արթին գազան մը կը դառնայ յանկարծ ու սեւ գիշերի մը ծոցին մէջ իր կնկան աչքերն ալ միեւնոյն գիշերին վարագոյրովը կը փակէ:

Ձեռքին աղիւսի ծանրութիւնով գիրքը լողքարի մը թափոչը կ՚իջեցնէ կնկան երեսին, հետեւանքը անմիջական կ՚ըլլայ, կնկան աչքերը «սեւ ջուր մը» կ՚իջնէ ու անմիջապէս արդէն կոյր մը կատարեալ, որու դէմ տասը արեւներ ալ բռնուին, երբեք չի տեսներ:

Խեղճ կնկան իրաւ որ տունը կ՚աւրուի: Այդ գիշերը որ հեշտ չի լուսնար, ու բոլոր այն ցորեկները, որ անլոյս գիշերներ կ՚անցնին երեք-չորս զաւակներու մայր եղող կնկան մը վրայէն, ընտանեկան աղէտներու շատ մը տեսակներուն մէջ բոլորովին նորն ու ահաւորն է որ կ՚աւելցնեն:

Բայց յանցանքն ի՞նչ այս կնկան, հիմա ու առաջ ալ ի՞նչ մեղք ունենար: Պարոնը կ՚ըսեն իր աս ապաշխարողի ծպտանքին մէջ, երբեմն նոյն իսկ իր վրան գլուխը բզքտելու նեղսիրտ նոպաներ կ՚անցնէ եղեր, թշնամիները գիտէր արդէն, վերջը բարեկամ Բաղդիկին տեսակէն ալ հասկցաւ, ու աս կարգով ատեն կ՚ունենայ, կը մտածէ նաեւ, որ զինք ու իր կացքը չի տանողները իր գիտցածէն շատ աւելի մեծ թիւ մը ունին գեղին մէջ, ծանօթ խնդիրը շատ բան հասկցուց, գաւաթ մը գինի, գաւաթ մը միայն, այնքան մը ու աւելին Քրիստոս ալ խմեց, վկայ Աւետարանը ահա, որ ոչինչ ունի սուտ կամ սխալ: Փարիսեցիները սակայն, այն վատհոգի աճպարարները, անոնց մէջ էն ցածամիտը Բաղդիկ Պաղսարը մասնաւորապէս, որ գայթակղող ժողովուրդէն վախնալ կեղծելով՝ այն ինչ ժողովին ատենը ամէնքէն առաջ ինք կ՚ըլլայ համակերպողը իր նկատմամբ արձկուած վճիռին:

Բոլոր ասոնց ու այս կարգի երեւոյթներուն հանդէպ ինք անզօր վրիժառուի մը յուսահատութիւնը կ՚ունենայ, կամ գործի մարդու նկատումներովը կ՚ապրի ըսէք, ասոր անոր հետ իյնալ ճանկըռտուելու փորձերը գուցէ աւելին տուժել տան իրեն, լաւը համբերելն է նորէն լաւագոյնը միայն քրիստոնէական համակերպութիւնն է ապահովապէս, ինչ որ իր տունը մտնող ելլողին ալ այնքան որոշ ցցուցած ըլլալու համար՝ խոշոր այն գիրքը կը պահէ ձեռքին մէջ ու զայն գիշերն ալ կը կարդայ:

Այն գիշերը, պարոնին վերին աստիճան անձկոտ մէկ նոպային, կ՚երեւի ճիշտ այն պահուն, որ միածին գառնուկը, իր կեղծաւորի ցոյցերէն ձանձրանալը կը յայտնէ իրեն ա՛լ եւս, Վարդերի պէս իր բարի կինն ալ եղջերաւոր սատանայ մը կը տեսնէ:

Սատանայ այս կինը անով մանաւանդ, որ մինչեւ ան ատեն իր հայեացքներուն հետեւող մը չերեւալով մէկտեղ՝ միշտ ալ պատճառ մը մնացեր է ու կը մնայ որ աժած չաժածների համար հազար անուններ տան իրեն, կէս կէս մըն է ըսեն, կասկածելի բողոքական մը կամ լրտես մը ժամուն հաշիւին որ անորը կը մնայ կ՚ըսեն, ինչպէս իր կինը ժամունը կը պահէ տակաւին: Պարոնը ամէն բան մէկ անգամէն միտք բերելու համար դեռ կը յիշէ որ Բաղդիկի պէս մէկուն այն ցուրտ վերաբերումներուն շարժառիթն ալ իր կինն էր, որուն երես չէր տար Վարդեր ու ամէն անգամ ալ թթուած դէմքով մը անցած էր անոր առջեւէն:

Բաղդիկի աղջիկն ալ իր տունին հարս չի կրնար ըլլալ եղեր, ինչո՞ւ որովհետեւ հայ կրօնքին ու սովորութեան մէջ այնչափ մը մօտաւոր ազգականի հետ այնպէս բան մը չէ տեսնուած: Մեծ յանցանքը Վարդերին, որուն քաւութեան համար աչքերը կուտայ ու կուլայ միայն, այն գիշերը, այն ցորեկը ու բոլոր օրերը կուլայ միայն ու կուլան տունին պզտիկներն ու ծակերուն ծղրիդներն անգամ:

Շալճիին տունը լաց ու շիւան ամէն օր, ու պահ մը ամբողջ գեղը կ՚ըլլայ մղմղացողը կնկան մը գլխուն իջած այն «կարմիր ձոնին» համար: Ոճրագործը ինք ալ բան մը կը քմէ՞ աչքերէն ո՛վ գիտէ, միայն թէ՝ ինք կ՚ըսեն անգամ մըն ալ ինքզինքը մեռած մը զգալով ժամաւորի ու ժողովարանականի այնքան արդար ցասումով արձակած քարերուն տակ, կամաց մը դուրս կ՚ելլէ ճգնարանէն ու կինը գեղէ գեղ մինչեւ քաղաք, մինչեւ այն ինչ քաղաքները բժիշկներու կը տանի, կը ներկայացնէ, խղճահարի ստրջանքով ապուշցած խենթ մը, քարէն փայտէն ալ օգնութիւն, դարման կը կողկողայ, բայց պարապ յոգնութիւն, թէեւ ինք հանդիպածին իր ամբողջ հարստութիւնը կը խոստանայ: էն մասնագէտ բժիշկներն անգամ յուսահատ իրենց անձեռնհասութիւնը կը խոստովանին: Մեռելի աչքեր իրապէս, որ բնաւ ճար չիկայ դարմանելու:

Կ՚երեւակայէք հիմա թէ՝ Արթին իր այս նոր մեղքին հետեւանքովը ինչ տեսակ դժոխք մը կը գտնէ իր տունը: Դժոխք ու աւելի բան մը ըսէք երբեմնի աս ընտանեկան խաղաղիկ բոյնին, ուր հիմա էրկանը ձեռքովը կուրցած կին մը սըկէ հոն քայլ փոխելու համար պզտիկներուն օգնութեան կը դիմէ ու պատերը խարխափելով կը հասնի տեղ մը:

Ալ ասեղ, մկրատ չի կրնար բռնել, ա՛լ երբեք առջինին պէս: Իրկու առտու քրքրցուելիք կերակուրի մը համար երբ մառանը կը փորձէ մտնել, երբ անկէ թոնիրին եզերքը կը դառնայ, զոյգ ձեռքերը մարմինէն միշտ առաջ բռնած, աչքերն ալ լայն բանալու բնազդով մը, բոլոր այս կերպերուն մէջ, ոտքերու վրայ կանգնած դիակի մը պէս կը քաշքշուի ու գլուխը ճակատը միշտ նոր փորձութիւն մը ու ամէն պահուն նոր ցաւով մը կը խշխշայ:

Մեծ տղայէն զատ միւսները երեք պզտիկ խլեզներ, վերջինը ծծկան մը տակաւին, ասոր միւսներուն ալ տուած նեղութիւնն ու սրտմաշուքները Վարդերի ոսկորը հալեցնող ցաւերը կ՚ըլլան, էրիկը կը տեսնայ այս բոլորը ու դեռ շատ աւելիները կը տեսնայ, ինք որ հիմա շատ օրեր արդէն տունէն չի զատուելու ստիպողութենէ կաշկանդուած կը մնայ, տունէն դուրս ամօթն ու այպանքը կ՚սպասեն իրեն: Դուրսը կամ ներսը կ՚զգայ իր վիճակին ծանրութիւնը, բայց ինչ ընել։

Անտանելի մըն ալ ան չէ՞, որ հիմա մօտի հեռունի յաճախորդները կը բերեն իրեն, մինչեւ իր տունը, որ իր դուրս չի կրնալ ելլելուն համար պահ մը խանութի կերպարանք մը կ՚առնէ եկող երեւցողներու ամէն տեսակներուն ներկայութիւնովը, որոնք տունին փերիշանութիւնը տեսնելով գէշ տպաւորութիւն մը կը տանին, շատ պզտիկը մանաւանդ հաւձագի մը աղտերը կը ձգէ իր սողոսկած գետինին երեսը:

Պարոն Արթին ան տեսածներուն առջեւ ամչցող երեսներ ալ կ՚ունենայ եղեր: Օրին մէկը կնկանը խորհուրդին կը դիմէ, «Վարդե՛ր, խուզում, չէքիլմէզ տէրտ տէրլէր պունա, դուն եթէ ատ աչքերովդ չես տեսնար տունին հալը, փերիշանութիւնը, ես ալ ճշմարիտ որ իմ աս սաղ աչքերովս չեմ տեսնար կոխած տեղս, Վարդե՛ր… տունէն աւելի քեզի կը մեղքնամ, ճանըքո՛ս, տունը կնկուք մի ձգիք որ քիչ մը խըզմէթ ընել գիտնայ»:

Դուն գիտես, էրիկ մա՛րդ, կը պատասխանէ կինը, տունդ ձեռքովդ քակելէ վերջ, փորձէ հիմա ալ ուրիշի մը ձեռքովը շինել, ինձմէ ինչո՛ւ խելք կ՚ուզես, դուն քու խելքիդ հարցուր:

Վարդեր այն աղէտալի գիշերին դէպքէն ի վեր միշտ այսպէս քէնը միտքէն չի հանող վիրաւորուած մտերիմի մը նազոտ ճուանքովը կը խօսի իր ամուսինին հետ, որուն ներելու համար կ՚սպասէ որ գերեզմանին վրայ թիզ մը խոտ բուսնի ու իրեն համար Աստուած միայն կայնի հախ դատաստանի:

***

Տունը կին մը սպասուհիի ծառայութիւնով, ո՛վ կ՚րնայ ըլլալ ան կամ ո՛ւր կը գտնուի այնպէս մը: Շալճին իր չարչիի ամենուրեքութիւնովը, մարդահամար պաշտօնեայի մը չափ արդէն գիտէ ու կը ճանչնայ հոս իր գեղը ու այն կողմ ուրիշ դրացի գեղեր ապրող կնիկները, անոնց նոյն իսկ կապած չիթերուն հետ մէջքերնին փաթթած գօտիներուն տեսակը միտք պահած: Պապա կամ պարոն Արթին, հէնց ըղունկին վրայ կը գրէ ու ահա անմիջապէս աղւորիկ հարսնուկ մը իր դէմը, որ թարմուկ կէնճ մը ըլլալու հմայքին հետ ճկուն եղէգի պէս հասակ մը ունի, սիրուն աչքեր մը կը քթթէ աղեղ բաղեղ յօնքերուն տակ: Վարդ մը որ Վարդաթիլէն կուգայ պարոնին տունը:

Վարդաթիլ պզտիկ գեղ մը, Խ. ի դրացի, Արթին այդ տեղին վրայ թռչկտող ճնճղուկներուն փետուրներն ալ համրած՝ միտքը կուգայ որ անկէ այն ինչ պարտականին վրայ ունեցած առնելիքը՝ հազար ղրուշ, ուրիշ կերպով չպիտի կրնայ կարգադրել: Դէմինը խեղճ մըն է, այն տեսակէն, որ օրական հացին գինն ալ չի շահիր իր մշակի բանւորութիւնովը:

Օր մը սխալ մը ըրած ու կնկան ստիպանքին չդիմանալով Շալճիէն մէկ երկու գօտի գնած կ՚ըլլայ ապառիկ: Հարիւր ղրուշ պարտք մը մէկ քանի տարիէն հազարի կը բարձրանայ վրայ գալած տոկոսովը, ու ա՛լ հետզհետէ բարին տանի առնելիքուորը:

Չիկայ, չունինք ըսողը ամէն ատեն ալ պարտականին կինը կ՚ըլլայ. «Արթին աղա, պոյիդ հէյրան, աչքերուդ խուրպան, քիչ մըն ալ համբերէ», Արթին ամէն անգամ ալ այս կնկան շռայլած անուշ փաղաքշանքներուն տակ՝ հմայուած օձի մը պէս պոչը բերանը կ՚առնէ ու հեռանալուն կը նայի։

Ու հիմա ան է, որ Արթինին տունը խըզմէթ ընելու կը խրկէ էրիկը անմիջապէս, ետեւէն յուսալով նաեւ թէ՝ յայտնի սոյն պարտքը ջնջուելէ ետքը կրնայ ուրիշ անյայտ շնորհքներու ալ տիրանալ, Շալճին ախըր շա՛տ առատ, շա՛տ խոջաղ մարդ:

Ու շուտ ըսելու համար իրաւ է որ ալ Արթին կը մոռնայ մէկ անգամէն այն մարդն ու պահանջը, հաշիւը ինքնին փակուած գտնելով, արի տես որ մարդը իր կնիկէն ալ կը մոռցուի բոլորովին, ուսկէ ոչ իսկ բարեւ մը կ՚ընդունի: Բայց ցաւ, հոգ չըներ բնաւ, հերիք որ տալիքի պէս մեծ հոգէ մը փրկուած է, մնացածը ինչ որ ալ ըլլար:

Օղաբեր խոնախի ճոխութիւնով տունին յարմարած կնիկը կ՚ըլլայ, անոր հետ հոն Վարդերն է միայն, որ կարճ կը խօսի կամ խօսելու ատենը անոր երբեմն սուր մխոցներ մը կը շուլլէ լեզուին ծայրովը: Բաները աչքով չի տեսնող տանտիրուհին երբէն ի վեր է որ ականջին ու քիթին ծայրովը կը հոտուըտայ ու գէշ մուխ մը կը ծառանայ գլուխէն: Այդ բաները մօտիկ դրացիներն ալ կը տեսնեն այնպէս, անոնց նկատմամբ բոլոր գեղին ու մինչեւ հեռաւորներու բերանը կը դառնայ խօսքեր մը, Շալճին երկու կնիկ կը գործածէ, նոր գայթակղութիւն, նոր փոթորիկ մը այս, ուսկէ բողոքական պարոնին տունը խլեակի մը պէս կ՚երերայ վտանգաւոր ջուրերու մը երեսին: Ամբողջ գեղն է յուզուողը: Շատեր աւելի ստոյգը շեշտելու համար, կոյս կնիկը բոլորովին երեսէ ձգեր է կ՚ըսեն ու Վարդաթիլցիին հետ կ՚ապրի միայն, սանկ անօրէնութիւն մը ո՛վ լսեր է կ՚ըսէ ժամուորը, օ՛հ, այո՛, եղբա՛յր, ան շնացողին պէս Սոդոմի մէջ ալ չիկար կ՚աւելցնէ ժողովարանականը. գաւաթին մէջ խեղդուող դաւանափոխը, հիմա ալ աշխարհի աչքին տակ Վարդաթիլցիին թաղարին մէջ կը թաղուի: Այն տեսակ խոշոր, բելիարի պէս մարդ մը այս տեսակ փոքրութիւններու մէջ կը խբէ ինքզինքը: Բայց աս չէ շատ զարմանալին: Ժամէն հրաժարող պարոնը, հիմա ամենեւին ժողովարան ալ չի կրնար մտնիլ, ուր ու ամէն տեղ կատաղի տրամադրութիւններ լարուած կ՚երեւան դէմը, պզտիկները իր անունով շինուած շէրեր կը պոռան մինչեւ իր դուռին առաջքը մօտենալու համարձակութիւնով, որոնց ինք ներսէն ձայներ մը երկնցնելով՝ հա՛, օղուլ, հա՛, երկու կնիկ իմ առեր, տահա իրեք ու չորս ըլ պիտի առնիմ, տահա կ՚ուզէք մարերնիդ ըլ կ՚առնիմ:

Շալճիին աս նախատինքը այս բանաձեւերով, լուսաւորչականները ամէնքէն առաջ մատերնին փաթթած օրուան Առաջնորդ Վարդապետին բողոք մը ներկայացնելով կը պահանջեն անպատճառ որ կամ այն մարդը իրենց գեղէն ելլայ գեղը շնացողի մը գայթակղութենէն փրկուած ըլլալու համար, եւ կամ իրենք թոյլատրուած ըլլան որ անոր հետ իրենք իրենց ուզածին պէս չափուին, շնացողը, անկրօնը, որ ամէն բան ուրանալով հանդերձ, հիմա ալ երկու կնիկ գործածելը արդարացնելու համար, կը պնդէ որ Աւետարանը կ՚արտօնէ իրեն այնպէս, Աւետարանին մէջ ո՞ւր կայ խօսք մը, ակնարկ մը, որ երկու կնիկ ունենալը կ՚արգիլէ, կամ քանի որ հոն եպիսկոպոսին համար մէկ կնիկ ունենալու խօսքը յայտնի իր տեղը ունի՝ ըսել չէ՞ աս, որ աշխարհական մը կրնայ երկուք ու երկուքէն ա՛լ աւելին ալ գործածել: Շալճին կ՚ըսէք իր աս ծամած չամի՞չն էր որ այնքան երկար յոգնութիւնով Ս. Գիրքին մէջ կը բնտռէր, զոր ուշ գտնելու խըրսովը, կնկան աչքերը կուրցուց, աս հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ չունիմ հիմա, դուք զարմացէք անոր որ պարոնը իր այն բանաձեւը քանի քանի անգամներ միսիոնարի առջեւ ու ամէն մարդու ալ ականջի, ըսել կրկնելէ յետոյ անգամ մըն ալ Հայ Առաջնորդարանին մէջ կը նետէ համարձակ: Իր այս խօսքը իր ուզածին պէս ըմբռնելէ խոյս տուող պաշտօնական դէմքերը պահ մը անով հասկացողութեան բերել կը յաջողի, որուն ամէն տեսակէն ալ մեծ առատութիւնով մը ունի իր ծոցն ու քսակը: Շալճին Վարդաթիլցիին տէր մնալու համար ամբողջ հարստութեան հետ, ամբողջ կեանքն ալ վրայ կուտայ վերջապէս ու մենք երկու բառով անոր այդ վերջինը, Շալճիին վերջին վայրկեանը փակենք:

Մարդը ազատելու համար իրեն հետամտողներէն, որոնք զինք ծամելէն քմելէն իրեն բան մը չեն թողուր ա՛լ եւս, ունեցած հարստութեան էն վերջին քամն ալ կը ծծեն, իր սիրական սպասուհիին հետ տունէն դուրս փախելով դէմի լեռները կ՚անյայտանայ, հոն ան տեղուանքը նոր տեսակ հովուերգական կեանք մը պահ մը, բայց պահէ մը վերջը այն անմատչելի ափափաներուն ծայրերն ալ ուզածը չի գտներ կամ վայելքը հոս ալ ձրի չըլլար վերջապէս, այդ բարձրութիւներուն վրայ մագիլաւոր բազէներու ուրիշ խումբ մը կը հալածէ զինքը, որու հետեւանքով նոր կրօնափոխութեան շրջագիծ մը կը ձեւէ վայրկեան մը, բայց ալ ժամանակ չեն տար իրեն: Պաշտելի թռչունը գիշեր մը իր ծոցէն խլել փախցնելու դէպքով, վայրագ ձեռք մըն ալ մինչեւ իր ամորձիքին վրայ կ՚երկննայ, կը խըբուի, պարոնը վայրկենապէս ալ ոչ իսկ շունչ մը կրնայ փորձել, հոգին այն կողմէն կը թողու լեռը, ու մարմինն ալ օրեր վերջը՝ ալ բոլորովին քայքայուած վիճակին մէջ, Վարդերին առջեւ կը բերուի կը նետուի: Հէք կինը, որ բոլոր այն իրադարձութիւններուն տեղեակ՝ ալ բնաւ չի լալ չի ցաւելու համար քար սիրտ մը սկսեր էր ունենալ, երբ այն ինչ իրկունը իր ամուսինին դիակը կը ձգեն առջեւը, քարերը լացնող շիւան մը կը փրցնէ, ա՜խ, մարդո՜ւկս, հոգի՛ս, աչքերս տուր որ աչքերդ տեսնայի, լոսս տուր, որ լոս երեսդ հայէի, քեզ, ո՛ր ձեռքը ըրաւ էսպէս…։

***

Այս դէպքէն վերջը, չես գիտեր ի՛նչ մը մնաց այն գեղին գեղացիին մէջ, ուր երբ մի ո՛րեւէ ժողովարանական բերան բանալ, շաղակրատել փորձէր, անդիէն լուսաւորչական աղբրուկ մըն ալ բոպիկ, անվարտի, անպատճառ պիտի ըսէր անոր. «Բերանդ, պարո՛ն, բերանդ, գաւաթը կը կլլես»: Գաւաթը չմոռցուելիք պատմութիւն մը մնաց այս գեղը: Հոն անոր մէջ Շալճիէն ետքը, ուրիշներ ալ խեղդուեցան ետեւէ ետեւ, առհասարակ հարուստ դասակարգը Խ. ցի դաւանափոխներուն, որոնք ապա իրենց պահանջատէրները շոլրցնելու համար նոյն տեսակ գաւաթներ մը պարպել տուին անոնց, մէկ կաթիլը մէկ ոսկիի արժէքով քշելով:

Աւելի զարմանալին, ո՛վ միտքը անցընէր որ Քէսրիկի եկեղեցիին մէջ պաշտօնավարող քահանան՝ Տ. Գուրգէն, ան պզտիկը ըլլար, որ իր մօրը կուրծքին վրայ անշահ հօր մը ըրածին վկան եղեր էր օր մը: Շալճիին կրտսեր մանչը հիմա աղւորիկ քահանայ մը Քէսրիկի մէջ, ուր կ՚ըսեն ամէն կիրակմուտքի խունկը իր հօրը հոգուն համար կը ծխէ նախապէս:

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1907



[1]            Նաւի թունաւոր ճանճ մը, թշնամի չորքոտանիներուն, ուսկէ ազատելու համար բռնուող կենդանիները խենթ խելառ փախ մը կ՚ընեն։

[2]            Օտար բոյներ բնտռտող հաւին ոտքը ծանրացնելու համար, հաւտէր պառաւը ծանրկեկ առարկայ մը կը կապէ որ հաւը ստիպուի իր սեպհական բոյնը մնալ ու իրենին մէջ ածել։

[3]            Նախիրէն դուրս փախփխող կովին կամ երինջին շլլիքէն կախ ձգուած հաստկեկ փայտ մը կանգնաչափ երկայնութիւնով։ Կենդանին աս ծանրութենէն ընկճած՝ կարգին մէջ քալելու կ՚ստիպուի։

[4]            Ուխտաւորներու կողմէ ժամուն նուիրուած սուրբ թռչունները, որոնց բոյնը ժամուն մէջն ու դուրսը ամէն տեղ է։