Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Առ Մայրս, ԱՆՆԱ Գ. ՉՐԱՔԵԱՆ,

Գըթած ու ներող սիրտ,

Եւ հոգի բանաստեղծական, սիրող աստուածային խորհուրդին.,

Որ կը զմայլէր լեռներուն, ծաղիկներուն, աղբերակներուն,

Հովերուն ու անարատ ձիւնին,

Էակներուն ու անոնց ձագերուն վրայ,

Ու երկնից աստղերուն.,

Եւ բոլոր անդրապատո՜ւմ բաները կը սիրէր, երազելով,

Անձնուէր, կարեկցող ու պաշտող սիրով մը որ աղօթքի կը նմանէր.,

Առ Մայրիկս որ օրրեց զիս երբե՜մն,

Իր երկնանուէր խաղաղածո՜ւփ յոյզերով.,

Եւ որ, այս տարի, փոխուելով այլ եւս ի հող՝

Եւ ի տեսիլ, ի զօրութիւն, ի շունչ, ի գաղափար,

Ի գերմարդկային անմարմնաւորութիւն,

Կը ժպտի, կը խայտայ, կուլայ, կը խօսի ու կը մտմտայ

Իմ մէջս, ու քնարիս մրմունջներուն մէջ.,

Եւ կը թեւածէ, կը հանգչի ի յաւիտենական տեսլականն, ի Տէր,

Ձօն նոճեդալար եւ նոճեսօսափ սիրոյ…:


30 Մարտ 1908