Նոճաստան

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՐՇԱԼՈՅՍ

Հառաչալիր կանգնած է մռայլ դարին վրայ

Բազմակատար մութը մայրւոյն ամբոխին,

Զի լուրթ շողեր ցայգին խորէն կը բղխին,

Եւ կը ծագի՜ կոյս աւօտը շափիրայ:

Վեհամրմունջ աւիւնի մ’պէս կը սուրայ

Սեւլիներուն մէջ մեղմ հեւքը սըղոխին.

Ա՜յգն է, կ’ըսէ, խորհուրդին քա՜ղցր աղախին,

Ճաճանչագեղ օրուան անբիծ ռահվիրայ:

Կարծես աւօտն այսօր նըսեմ այս նոճեաց

Կ’աւետէ գալն այն գերագոյն տըւընջեան

Զոր դոն, ո՛վ սիրտըս, պիտի զո՛ւր տենչայիր:

Զի անոնք հե՛զ են, այս հսկայք ճգնազգեաց.

Եւ իրենց խոր վերացման մէջ մշտնջեան՝

Ճշմարտութեան գութին վրայ չեն երկբայիր:


16 Դեկտ. 1906