Նոճաստան

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄԱՀԷՆ ՆԵՐՇՆՉՈՒՄ

Ո՛վ մշտակոթող խուռն ու սեւ նոճիք,

Որ փոսերուն վրայ կեանքին վաղազրաւ,

Բոլոր այն խանդով զոր մահն ի ձեզ դրաւ,

Դէպի վերամբարձ Անհունը կ’աճիք,

Այս նըւաստ հովտէն զեղծ ու սրտագրաւ

Ի՛նչ հեշտ է ձեր ելքն, հրաժարումն անճիգ.

Ի՛նչ սէր Անյեղլւոյն ուր կը մըխըրճիք,

Վերին լուսաղբերց համար ի՛նչ ծարաւ:

Ձեր արմատներուն ներքեւ, այնպէս չէ՞,

Կ’նեխին ամեն իղձք աշխարհանըւէր,

Եւ դուք միայն գիտէք վախճանն այս թշուառ.

Եւ ան է անշուշտ որ ձեզ կ’ներշնչէ

Սեւեռիլ Անդրին բերկրութիւնն ի վեր,

Որ միայն ձե՜ր կայքէն կը նշմարուի, վառ:


8 Յունիս 1906