Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՂՁԱՆՔ

Ժեռափունք մ’ըլլար, կ’ըսեմ, վայրենի,

Մենաւոր, խոպան, էջքով ահարկու.

Ու վրան՝ պուրակի մ’ մէջ մեծ նոճերու,

  աչակրային շէնք մը հին ատենի:

Եւ շուրջըս, դըղեակն, ովկեանն ողբերգու

Սէրվիներն ու սփիւռն երկնից հոլանի,

Ըլլային ահեղ, պարզ, մշտընջենի,

Ու ’այնտե՛ղ բնակէի աշխարհքէն հեռու:

Պատուհաններուն խոր ու բարձրայօն

Շշընջէր վարէն ծովն յոյսը քաւութեան,

Ու սփո՛փ հծծէին նոճք երկնապատում.

Թերեւս անմեղ կեանքն հընար ըլլար հոն.

Գուցէ եւ հաւատքը վերածնընդեան.

Եւ օրհասն ըլլա՜ր միակ իղձըս տրտում:

30 Օգոստ. 1905