ԳԻՇԵՐ
Կ’ելնեն
միասին,
անծուփ,
աղուահեւ,
Տիեզերքն
ի
վեր
նոճերն
ուխտաւոր,
Մութ
խոնարհութեա՜ն
ու
զմայլման
թափօր՝
Ամեհի
երկնից
հետն
են
արդարեւ:
Իրենց
խուռն
հոյլին
փեռեկմանց
մէջ
խոր
Իջե՜ր
է
Ծիրին
մըշուշն
հըրանձրեւ,
Եւ
նոճք՝,
կ’ունկնդրեն.
ծէս
հըսկայաձե՜ւ,
Անհուն
մատենի
մը
խորհրդաւոր:
Ի՜նչ
աւելի
ճիշդ,
այլամերժօրէն,
Քան
գիշերայա՜յտ
դէպ
ի
Բանն
անճառ՝
իղճերու
ա՛յս
կերպ
վերելք
մ’աշխարհէն.
Քանզի,
մուսէոն
թէ
մեհեան,
իրօք,
Պէտք
է
որ
երկիրն
ըլլայ
միշտ
տաճար,
Եւ
քուրմ
թէ
գիտուն՝
մարդկութիւնն
ալ
մոգ:
12
Օգոստ.
1905
(*)