Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՇԵՐ

Կ’ելնեն միասին, անծուփ, աղուահեւ,

Տիեզերքն ի վեր նոճերն ուխտաւոր,

Մութ խոնարհութեա՜ն ու զմայլման թափօր՝

Ամեհի երկնից հետն են արդարեւ:

Իրենց խուռն հոյլին փեռեկմանց մէջ խոր

Իջե՜ր է Ծիրին մըշուշն հըրանձրեւ,

Եւ նոճք՝, կ’ունկնդրեն. ծէս հըսկայաձե՜ւ,

Անհուն մատենի մը խորհրդաւոր:

Ի՜նչ աւելի ճիշդ, այլամերժօրէն,

Քան գիշերայա՜յտ դէպ ի Բանն անճառ՝

  իղճերու ա՛յս կերպ վերելք մ’աշխարհէն.

Քանզի, մուսէոն թէ մեհեան, իրօք,

Պէտք է որ երկիրն ըլլայ միշտ տաճար,

Եւ քուրմ թէ գիտուն՝ մարդկութիւնն ալ մոգ:

12 Օգոստ. 1905 (*)