Նոճաստան

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԾՆՆԴԵԱՆ ԳԻՇԵՐ

Վառ են աստեղք յաւերժական անուրջին.

Երկիրն անձայն կը քընանայ ձիւնասքօղ.

Եւ վերամբարձ միշտ դէպ’ Անդրը կը յանկչին

Մշտապաշտօն կիպարիսները հսկող:

Սակայն ահա՛ զանգակին հունչն առաջին,

Սաւառնաձայն մեծ ղօղանջնե՜րը դողդող.

Ու’նդհուպ ուրի՛շ գանգիւններ որ կը թռչին

Հեռուներէն՝ գիշերին մէջ լուսողող:

«Ո՜վ մոլորեալք, կ’ըսեն, ծընաւ այն Մեսիան

«Որ թիւր ու մռայլ ձեր ձորերուն խորերէն

«Պիտի ցոյց տայ ձեզի Ուղին Ստուգութեան: »

Եւ տիեզերքին մէջ մեծ նոճերն երկնասլաց,

Մեծ աւետիսը կը հծծեն մեղմօրէն.

«Օրհնեալ է սէրն ու ճանաչումն Օրինաց»:

7 Յունվ. 1905