ԸՍԷՔ
Կ’շարժին
սէրվիք
լազուարդ
երկնից
մէջ
կանգնած,
Սօսափելով
մեծ
աւո՜ւրց
տաղն
հոյլովին.
Բազումք,
վըհատ,
թեւատարած
կը
խռովին,
Եւ
կը
յառնեն
նորէն,
վստահ,
բազկամա՜ծ.
Յաւակնութեամբն
այս
վաղընջուց
կորովին
Մշտնջենի՜
կ’երազեն
սոյզ
մը
յԱստուած.
Վե՛հ
քրմապար,
պաշտամունքին
մէջ
տարուած,
Ուր
խնկաբերձ
ըղձանուրջներ
կ’օրօրուին:
Ակնածելի՜
այս
աւիւնն,
ո՜վ
կեանքեր
սէգ,
Կրնա՞յ
երբեք
ըլլալ
ցընորք
մը
յիմար.
իղճն
անվախճա՞ն,
հոգին
անմա՞հ
է,
ըսէ՛ք.
Ա՛հ,
եթէ
ստոյգ
չէ՛
յարակեանքն
երկնաճեմ,
Եւ
եթէ
մահն
անէացում
է
խաւար՝
Թողէ՜ք
զիս,
նո՛ճք,
որ
տխրագին
մեղանչեմ:
Յուլիս
1905