ԲՈՒՆ
Գորշ
գիշերին
մէջ
նոճերու
բազմութեան
Սեւ
շարքն
ահա,
անփոփոխ
սեւ
շարքը
նոյն.
Սոսկո՛ւմ
անձայն.
աղջն
անհունին
բիւրստեղնեան
Կորած
է
մռայլ
լուսնի
մ’ամպոց
մէջ
տըմոյն.
Բայց
անոնք
միշտ
կը
բարձրանան
միահաղոյն,
’Պշուցեալ
անշա՜րժ
գերաշխարհի
մը
տեսլեան,
Հին
ցայգերէն
ի
վեր
անբաւ
անցելոյն
Վեհ
անուրջին
հաւատարիմ
յաւիտեան:
Թող
անշըշուկ
մընան
կիրքերն
աշխարհքին,
Ուրիշ
ամեն
խոհ
թող
լըռէ,
ու
մինակ
Նոճեաց
այս
լուռ
երազն
յԱնհունն
հառաչուի:
Բայց
ահա՛
բո՜ւ
մը
կը
պօռայ
ողբագին.
Բաբէ՜,
ներսս
ալ
այսպէս
կ’ընէ
շարունակ
Խաւարակեաց
մըտածութիւն
մը
սրաչուի:
Յուլիս
1905