Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՒԱԳԻ ՁԱՅՆ

Նոճերուն մօտ ճեմքիս պահուն երկնանուէր

Գերեզմաննոցն երբ շուքերով կը ծմակի,

Կը զեղու ձայն մ’երազակոծ դաշնակի

Ճամբէն հեռու պատուհանէ մ’մըթաստուեր:

Կը ճըլուըլայ նուագն ու կ’խայտայ կշռակի,

Կարծես, անմա՜սն երկբայանքէն վատշըւէր՝

Սրովբէական տեսիլներէ գըրաւուէր.

Դաշն է այնքա՛ն այս երգն այերց աղջնակի:

Եւ մութ նոճերն որ կ’ունկնդրեն ներամփոփ

  որ ցնծկոծմանը դայլայլին քաղցրանուագ,

Երկնավստահ ձայնէն կը թուին անըսփոփ:

Կը սեւեռի՜ն մըտածելով տխրօրէն,

Մինչ ագռաւներ, սեւափետուր ու վայրագ

Անոնց վերեւ կըռընչելով կը ճախրեն:

14 Փետր. 1906