Նոճաստան

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՆՈՃԵՐՈՒՆ ՊԷՍ

Ցորչափ կ’ընկղմի շառ սահմանն օրուան,

Եւ կը ծաւալի, կ’իշխէ ցայգն անբիծ,

Ցայգը, լրջութի՜ւնը Յաւիտենից,

Նոճերն աւելի՜ պիշ ու մռայլ կ’ըլլան:

Վերը, սրբութեան աղջին մէջ երկնից

Կը գոլորշի՜ն բոյլք հիացմամբ անսահման.

Եւ հոս, հոգիներն երկրի վրայ կը մնան,

Ու հնար չէ ելլել յՈվկիանն աստղալից.

Քանզի լիալիր ո՛չ մէկ Նիրվանայ,

Ո՛չ մէկ երկնաւոր Հօր ներում՝ կրնայ

Հոն առաջնորդել այս եսը լըքուն,

Որ, աւելի հէ՜ք՝ Անանցին ի տես՝

Ի զուր կ’վերանայ սեւլիներուն պէս

Գերեզմաննոցէն նախկին յոյսերուն:

5 Դեկտ. 1904