Նոճաստան

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՆԻՐՀ

5, 7.

Կը շողան աստեղք սեւլիներուն հոյլն ի վեր.

Մութ ու լուռ է հոս. քունի՜ն ամեն բան աւար.

Կարծես Յաւիտեանն այս հէք կեանքին չերեւա՛ր

Ու միայն երկնաբերձ անմեռ նոճեաց տեսնըւէր:

Երբ խաղաղութիւնը պաղպաջէ սրբանուէր,

Եւ ջինջ, բիւրկայծի՜ն արփէ ծովերը խաւար,

Լա՛ւ է որ նիրհէ մըտածումը ցնորավար,

Զի երկինքն անա՛նց է, մինչ կեանքը չի տեւեր:

Իբր ըսփոփ հոգւոյն իր սահմանին գիտակից,

Երբ գիշերն անհաս վերը պարզուի լուսողող՝

Լաւ է որ մեղմիւ քունն այս հայեացքն արգելու:

Երբ երանըշոյլ յառնէ օծուն փառքն երկնից,

Լա՜ւ է որ մարի անօգուտ խիղճը խորհող,

Փո՜րձ, օր մ’ալ մահուամբ Յաւերժութեան զոհուելու:

Օգոստ. 1904