ՆԻՐՀ
5,
7.
Կը
շողան
աստեղք
սեւլիներուն
հոյլն
ի
վեր.
Մութ
ու
լուռ
է
հոս.
քունի՜ն
ամեն
բան
աւար.
Կարծես
Յաւիտեանն
այս
հէք
կեանքին
չերեւա՛ր
Ու
միայն
երկնաբերձ
անմեռ
նոճեաց
տեսնըւէր:
Երբ
խաղաղութիւնը
պաղպաջէ
սրբանուէր,
Եւ
ջինջ,
բիւրկայծի՜ն
արփէ
ծովերը
խաւար,
Լա՛ւ
է
որ
նիրհէ
մըտածումը
ցնորավար,
Զի
երկինքն
անա՛նց
է,
մինչ
կեանքը
չի
տեւեր:
Իբր
ըսփոփ
հոգւոյն
իր
սահմանին
գիտակից,
Երբ
գիշերն
անհաս
վերը
պարզուի
լուսողող՝
Լաւ
է
որ
մեղմիւ
քունն
այս
հայեացքն
արգելու:
Երբ
երանըշոյլ
յառնէ
օծուն
փառքն
երկնից,
Լա՜ւ
է
որ
մարի
անօգուտ
խիղճը
խորհող,
Փո՜րձ,
օր
մ’ալ
մահուամբ
Յաւերժութեան
զոհուելու:
Օգոստ.
1904