ԳԵՐԵԶՄԱՆՆՈՑ
7,
5.
Մեծ
սէրվիներն
ուրուային,
անմռունչ
անդրհայեաց,
Վըճիտ
աղջին
մէջ
կանգուն
այստեղ
կը
տիրեն.
Կարծես
բղխած
ըլլային
գերեզմաններէն,
Մըտածութիւնք
մեծամեծ,
յաւէտ
մահադիա՜ց:
Ի՞նչ
աննըւաճ
բան
հըզօր,
ի՞նչ
փառք
յարակեաց
Կը
պանծացնեն
բազմասլաք՝
մահու
դարվերէն.
Կամ
ի՜նչ
տեսիլ
սըգալի,
յուսահատօրէն
Կ’ամբարտակեն
մուտքին
վրայ
թաքուն
ամայեաց:
Միտքէն,
կամքէն
գերագոյն,
սէրէն
ալ
վերին
Անյեղլի
կա՞րգն
ում
ըստրուկ
են
չարն
ու
բարին,
Եւ
ուր
ամեն
ինչ
ունի
իր
օրէնքն
յինքեան,
Կամ
ապառնի
պերճ
փաստից
նանիրը
մըթին.
–
Յաւերժութի՛ւնն
անգիտա՜կ
անըզգած
Նիւթին,
Եւ
նոյն
ատեն
մա՜հն
արդեօք
հէք
գիտակցութեան:
Օգոստ.
1904
(*)