ԼՈՒՍՆԱԳԻՇԵՐ
7,
5.
Լուսնկա՜յ
է.
խաժասփի՜ւռ
գիշերը
կ’շողայ.
Եւ
նոճաստանը
’միաձոյլ
ու
խաւարակուռ
Կ’արձակէ
մութ
կատարներն
իր
միահամուռ
Վեր,
դէպ
ի
սուրբ
անդորրի
փառքը
շափիւղայ:
Եւ
ի՜նչպէս
մեծ
սեւլիներն
անխլիրտ
են
ու
լուռ.
Կ’լըսեն
պաղպաջն
անբծութեան
որ
վերը
կ’խնծղայ.
’Ու
աղու
հեւքն
այն
որ
իրենց
մէջ
մերթ
կը
դողայ
Իրենց
հոգւոյն
մէկ
անհաս
խօ՛սքն
է
հիասարսուռ:
Երանաւէտ
տօն
մ’է
այս
խորին
ըսփոփման,
Նախավայե՛լք
լուսեղէն
կենաց
անսահման,
Զի
սեւ
նոճեաց
էութեան
կարօտն
ես
գիտեմ.
Թո՜հն
են
փոխեալ
ի
տաւիղ,
նիւթն՝
աղօ՛թք
եղած.
Արփէ՜
սկզբան
դառնալու
իղձէն
ամօթղած՝
Հէք
Աղջամուղջն
են
ի
ծունր
անճառ
Լոյսին
դէմ:
21
Դեկտ.
1907