Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՑՆՈՐՔ

7, 5.

Նըման ոգեաց որ կուգան յածիլ տրտմապէս

Մօտերն իրենց սիրեցեալ վայրաց ամայի,

Հոգիս նոճեաց հըմայքին գերի է կարծես,

Ու’ անոնց մէջ հէք կարօտով կը շրջագայի:

Աւաղ, անանց իրերէն չեմ յագենար ես.

Մինչ ամեն բան կը հծծէ թէ կը քայքայի՜,

Անոնք, դալար ոյժ ու շնո՜րհ՝ ամբարձած երկրէս՝

Գեղն են որ չի ճանչնար մահն ու’ Անդրին կը նայի:

Անոնց սօսափն հոյածուփ կ’ըսէ իմ խղճիս

Թէ անկատարն՝ անԷին աւարն է ընդփոյթ.

Եւ գեղեցկին լոկ բաժինն է կեանք անսահման:

Բայց այդ ձայնէն, խեղճ տըղայ, ինչո՞ւ կը հրճուիս.

Այդ վեհաւարտ նոճերէն ի՜նչ օգուտ հոգւոյդ.

Ո՞չ ապաքէն որս մ’ես դուն անսըխա՜լ ջնջման:

22 Մարտ 1908