ՑՆՈՐՔ
7,
5.
Նըման
ոգեաց
որ
կուգան
յածիլ
տրտմապէս
Մօտերն
իրենց
սիրեցեալ
վայրաց
ամայի,
Հոգիս
նոճեաց
հըմայքին
գերի
է
կարծես,
Ու’
անոնց
մէջ
հէք
կարօտով
կը
շրջագայի:
Աւաղ,
անանց
իրերէն
չեմ
յագենար
ես.
Մինչ
ամեն
բան
կը
հծծէ
թէ
կը
քայքայի՜,
Անոնք,
դալար
ոյժ
ու
շնո՜րհ՝
ամբարձած
երկրէս՝
Գեղն
են
որ
չի
ճանչնար
մահն
ու’
Անդրին
կը
նայի:
Անոնց
սօսափն
հոյածուփ
կ’ըսէ
իմ
խղճիս
Թէ
անկատարն՝
անԷին
աւարն
է
ընդփոյթ.
Եւ
գեղեցկին
լոկ
բաժինն
է
կեանք
անսահման:
Բայց
այդ
ձայնէն,
խեղճ
տըղայ,
ինչո՞ւ
կը
հրճուիս.
Այդ
վեհաւարտ
նոճերէն
ի՜նչ
օգուտ
հոգւոյդ.
Ո՞չ
ապաքէն
որս
մ’ես
դուն
անսըխա՜լ
ջնջման:
22
Մարտ
1908