ՊՐՈՍԽՈՒՄԷ
5,
7.
Մինակ
եմ
ահա,
պաղպաջին
մէջ
գիշերուան
Գերեզմաննոցին
մռայլին
ի
տես
եւ
ի
լուր.
Վատասիրտ
կեանքին
նայուածքէն
կոյս
ու
մաքուր
Ո՛վ
անմարդահետ
նոճեդրախտ,
ո՛վ
փառք
մահուան:
Կ’լըսեմ
նոճերուն
խարշափն
աղու,
անսահման,
Ոյր
օծութենէն
պիտի
ամեն
ես
ցածնուր.
Զի
վեհատաւիղ
օրհներգուներ
հուսկ
աւուր՝
Կը
պատմեն
ունայնն
իղձերուն
ու
վայելման:
Զերծի՜ր,
կը
հծծեն,
իրերէն
ու
տեսքերէն,
Որ
չեն
նըւաճուիր
ու
կարօտով
կ’տոչորեն.
ափանէ
յուշերդ
եւ
երազներդ
անխընայ.
Անմատոյցին
դէմ
ջնջէ՛
սըխալըդ
նըկուն.
Քշուէ՛
հըլութեամբն
ըստրուկներուն
անանուն,
Եսիդ
ամօթէն
թող
դոյզն
հետք
մը
չըմընայ:
5
Օգոստ.
1907