Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊՐՈՍԽՈՒՄԷ

5, 7.

Մինակ եմ ահա, պաղպաջին մէջ գիշերուան

Գերեզմաննոցին մռայլին ի տես եւ ի լուր.

Վատասիրտ կեանքին նայուածքէն կոյս ու մաքուր

Ո՛վ անմարդահետ նոճեդրախտ, ո՛վ փառք մահուան:

Կ’լըսեմ նոճերուն խարշափն աղու, անսահման,

Ոյր օծութենէն պիտի ամեն ես ցածնուր.

Զի վեհատաւիղ օրհներգուներ հուսկ աւուր՝

Կը պատմեն ունայնն իղձերուն ու վայելման:

Զերծի՜ր, կը հծծեն, իրերէն ու տեսքերէն,

Որ չեն նըւաճուիր ու կարօտով կ’տոչորեն.

  ափանէ յուշերդ եւ երազներդ անխընայ.

Անմատոյցին դէմ ջնջէ՛ սըխալըդ նըկուն.

Քշուէ՛ հըլութեամբն ըստրուկներուն անանուն,

Եսիդ ամօթէն թող դոյզն հետք մը չըմընայ:

5 Օգոստ. 1907