ԻՂՁ
7,
5.
Պիտի
գայ
օր
մ’ուր,
լըքուած՝
կեանքէն
խաբեբայ՝
Վէս
գլուխս
հակի
եւ
խըրոխտ
թեւերս
խոնարհին.
Մթնէ,
ցրտէ
մարմնոյս
մէջ
քամիէն
վիհին,
Եւ
կորըստեան
տըմոյն
զոհ՝
իյնամ
ես
ճամբայ:
Ձեր
բոլոր
հոյլն
յայնժամ
նո՜ճք
իմ,
թող
զիս
ողբայ.
Թող
եղերգէ,
գիշերայն,
մահն
երգչին
ձեր
հին.
Ու
տաղերնուդ
ամենէն
ծանրն
ու
ամեհին
Ձեր
մըտերմին
իբր
այգողք
հեծելով
ծըփա՛յ:
Ձեր
բազմաստեղն
աղջամուղջն
ըրէք
սուգ
անոր:
Թող
ձեր
սեւ
լարք
իր
քնարին
աւիւնը
տաւղեն,
Եւ
անոր
դաշն
արցունքներն
հծծեն
իրարու:
Ըսէ՛ք,
անմեռ
խոհք
երկնից,
թէ
ան՝
մենաւոր,
Կուգար,
ձեզի
փարելով,
հոգի
խնկեղէն՝
Վաղանցութեան
իր
ցաւովն
ըզձեզ
երգելու:
19
Դեկտ.
1907