4
ԿԱՐԵԼԻ
ՉԷ,
ԿԱՐԵԼԻ
ՉԷ
ՉԸՅԻՇԵԼ
ՔԵԶ՝
Օ՜
ԱՐԻՒՆ։
Ազատութեան
տօն
է
այսօր.
հոգեհանգիստ.
առաւօտուն
տողանցեց
զինուորներու
թափօր
մը
մեծ,
թնդանօթներ
որոտացին
առաւօտուն
ու
տունէ
տուն,
լռութեան
մէջ
հանդիսաւոր
ու
խռով,
դըրօշներու
մէջէն
անթիւ,
հողմածածան՝
մեռելներու
բանակներ,
հեղեղատներ
հոսեցան։
Կամարին
քով
Յաղթական
-
սրբազան
փիղ,
հսկայ
մագնիս
-
բոցի
մը
շուրջ,
որ
կը
ցայտէ
զինուորին
ոսկորներէն
անծանօթ՝
մեծ
ժողովուրդ
մ’այս
առաւօտ
փառաբանեց
իր
մեռելները
բոլոր։
Վիրաւորներ,
հին
ռազմիկներ,
փշրած
դէմքեր
անցան
այսօր՝
սաւառնակներ
մխրճեցան
երկինքն
ի
վեր՝
զանգակներու
ձայնին
մէջէն
ահեղագոռ
ու
ամպերու,
որ
կուրծք
տըւած՝
լոյսի
հզօր
հեղեղներու`
կը
սահէին
յամրընթաց։
Սաղաւարտներ,
սուրեր,
փողեր
ու
սմբակներ
շողշողացին
այս
առաւօտ՝
ի
պատիւ
հոգիներու
մեծ
բոցին։
ԿԱՐԵԼԻ
ՉԷ,
ԿԱՐԵԼԻ
ՉԷ
ՉԸՅԻՇԵԼ
ՔԵԶ։
Գաւառներուն,
երկիրներուն
ու
ծովերուն
վըրայ՝
հեռուն՝
անթելները
տարածեցին
ալիք-ալիք՝
այս
առաւօտ
պատգամաբեր
ու
կորովոտ
ձայնը՝
կառքին
իրենց
շըքեղ
ընկողմանած
պետերուն,
մինչ
իմ
ձայնըս
կը
խեղդըւէր,
կը
գալարուէր
կուրծքիս
ետին։
Անհունութեան
հով
մը
այսօր,
դիւցազնական
երգ
մը
վըհատ,
եղունգներով
ճամբայ
փորող
մահապարտի
պէս
կ’ընդհարէր
պատի
մը
դէմ,
կը
ճանկռտէր
մըթին
ժայռեր։
Հեգնանք
մը
կար
վշտոտ
ու
բիրտ՝
այս
առաւօտ,
դէմքիս
վըրայ,
մինչ
կը
ծըփար
շուրջըս՝
յար
ու
սրտէ
սիրտ՝
անսահման
խանդը
անսահման
ժողովուրդին,
որուն
վրայ
շիլ,
դիւային՝
Նոթր
Տամի
կատարներէն
հրէշները
լուռ
կը
նայէին։