5
ԿԱՐԵԼԻ
ՉԷ,
ԿԱՐԵԼԻ
ՉԷ
ՉԸՅԻՇԵԼ
ՔԵԶ՝
Օ՜
ԱՐԻՒՆ։
Դատաստանի
օր
էր
այսօր.
հինցած,
մաշած
ոսկորի
գոյն՝
Նոթր
Տամի
ցուրտ
քարերէն
ցցուող
հազար
երախներուն
ճիրաններուն
հանգոյն
հըզօր՝
մղձաւանջներ
կը
պոռթկային
կարկամելով
մոլեգնաբար՝
լոյսի
մը
մէջ
երկնային,
անդունդն
ի
վար
իմ
յուշերուս
անհամար,
մինչ
վարէն
վէս
երգեհոնի
մը
-
վիթխարի
օդանաւ
-
կը
ծաւալէր
ձայնը
դանդաղ՝
կամարներու
տակէն
խոնաւ,
կը
բարձրանար
իբրեւ
ծով՝
գահավիժող
ստուերներու
զերթ
հեղեղատ,
ցնցելով
փոշիապատ
քանդակներուն
փայլփլուն՝
միսերը
սեւ
ու
աղքատ,
արձանացած
սուրբերուն։
Լոյսի
շիթեր
կը
պայթէին
աչքերուս
մէջ։
Շրթունքներէս
արիւնատենչ՝
գինովութեան
տենդի
մը
պէս,
շրթունքներուս
վըրայ
հուրեր
դառըն
մաղձեր
կը
վառէին,
մինչ
վանդակին
մէջ,
ձողէ
ձող
վայրագօրէն
թեւածող
կապիկներու,
շագալներու
ու
անգղերու
պէս
անհամբեր՝
կը
շարժէին
արեանըս
մէջ
հըրէշային
կերպարանքներ,
կը
նայէին,
կը
սպասէին
դամբաններէն
բարձրանալիք
մեռելներուն։
ԿԱՐԵԼԻ
ՉԷ,
ԿԱՐԵԼԻ
ՉԷ
ՉԸՅԻՇԵԼ
ՔԵԶ։
Կը
ջըլատէր
զի՝
ամբոխին
խինդը,
այսօր։
Կարօտ
մըն
էր
տրտում,
հզօր…
Կը
ցանկայի
ցցուիլ,
ճչալ՝
գըլուխներուն
ծովածաւալ՝
առջիս
ձըգած
անգերեզման
մեր
մեռելները
բոլոր։
Հոգիս
դժկամ,
մինակ,
մոլոր՝
կը
տառապէր
մինչ
յաղթական,
խնդումներես՝
կ’անցնէր
թափօրը
կորովի՝
ծաղիկներու,
դըրօշներու,
ժըխորներու
մէջէն
ծովի,
ձիւթին
վրայէն
մետաքսէ
մեղկ,
որ
կ’ուռենար
արեւին
տակ,
մինչ
սաւառնակը
կ’որոտար՝
հովերէն,
տեղատարափ
փամփուշտներէն
ալ
վայրագ՝
կը
սաւառնէր
արծիւներէն
ալ
վերէն,
սըղոցելէն
ամպերը
լուռ
եւ
ուրուաթեւ,
մինչ
վարը
վառ
ապակիի
լերան
ետեւ՝
լուսաթաւալ
անիւներուն
ու
փոկերուն
շողշողուն,
լըրագրական
գըլաններուն
տակէն
վարար՝
թուղթի
գետեր,
շըքեղ
տառեր
կը
յորդէին
ահեղաբար։
Գաւառներուն,
երկիրներուն
ու
ծովերուն՝
շարժանըկար
գործիքները
փոխանցեցին
այս
առաւօտ
հազար
շըքեղ
նկարներ՝
մինչ
աչքերուս
մէջ՝
արիւնոտ
կը
սահէին
ցընորաբեր
տեսիլները,
որ
չկրցան
ու
չուզեցին
տեսնել
բընաւ՝
այս
հոգիներն
արիւնադաւ,
գերի՝
կարօտ՝
ուրախութեան։