14

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
6


ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։

 

Թմրեցընող քամի մը տաք ու յարաճուն՝

երակներուս մէջէն կ’անցնէր տարօրինակ թոյն մը օտար։

Ի զուր հոգիս յորդիլ կ’ուզէր,

ոգեկոչել հին խոստումներ։

Քարացընող պժգանք մը կար

սրտիս վըրայ՝ հոգիներու այդ քաոսին՝

ուրկէ մէկ-մէկ՝ կը հոսէին,

կը սահէին վիժած յոյսեր,

հողերը մեր թափուր եւ մեր

գունդերու պէս թափառական ու հողմավար

գանկերը չոր,

գետերը մեր եւ անոնց մէջ ծըփացող յար՝

կոյսերը մերկ,

իբրեւ փշրանք եւ իբրեւ աղբ եւ աւելորդ իբրեւ մըթերք՝

նաւակներով ծովը թափուած մեր մանուկները բոլոր

ու ձորէ ձոր, արիւնաքամ՝

գահավիժող ամբոխը հեզ.

կոյուղիի ջուրի նըման,

քշուած դէպի ամայի պիղծ անապատի մը ոռոգման՝

հեղեղը մեր արեւահար, բզկտըւած միսերուն,

խնդուքը բիրտ թշնամիին քայքայող մեզ,

որ կը լըսուի հեծկլտացող հոգիներու ճիչին մէջէն,

որմէ հաճոյք մը ան կ’առնէր,

խըրախճանքի անասնական ախորժակներ։

 

ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ։

 

Պիտի գա՞յ,

օր մը, մէկը մեր որբերէն պիտի ճըչա՞յ,

թշնամիին արօրին տակ ցցուող անմեղ ոսկորին պէս,

օր մը մէկը՝ փոսփորափայլ ու հըրաչեայ՝

պիտի կանգնի՞ ապագայ մարդկութեան դէմ,

ատելութեան դէմ ընդհանուր՝ որ մեզ խաբեր է ու տանջեր։

Օր մը մէկը պիտի հասնի՞,

որ խաղաղի սիրտըս, ուր լուռ՝

կը ճզմըւին այնքան տենչեր։

Օր մը մէկը պիտի կանգնի՞ իր հասակովը դիւցազնի,

որ ես անոր ձայնին ի լուր՝

ուրախանամ, տեսնեմ անգամ մըն ալ պայծառ՝

այն որ հըզօր՝ շողաց երբեմն

իմ մանկական աչքերուս դէմ՝

որպէս հրաշքի, հերոսներու, հսկաներու լուսէ աշխարհ։

Հոծ, ալեկոծ օձերու պէս կը ցցուէին բոցերը մեր՝

որոնց լոյսը մինչեւ երկինք ուրուականներ կ’երկարէր։

Կը ցցուէին կոյրերու պէս մերկ, առխարխափ ու հըրակէզ

ծառերը մեր՝ որոնք ներկայ եղան անցնող արհաւիրքին,

որոնց վրայ դեռ կը տեւեն դողն ու ճիչերն իրենց կապուած

եւ մորթըւած մեռելներուն, որոնց մէջէն դեռ կը հոսին արիւնները նահատակաց։

Քարացընող պժգանք մը կար

սրտիս վըրայ, ընդվզում մը վիժած, տկար։

Օր մը մէկը պիտի սուրա՞յ

ռումբի նըման հըրահոսան ու որոտուն՝

որպէսզի մեզ հեգնող մարդիկ իմանային,

թէ վատութիւն մը չէր բընաւ,

երբ մեր ցեղը սիրով տարաւ

զարհուրանքը այդ դիւային,

ընկղմեցաւ խաղաղասէր՝ աստուածային յոյսին հըլու։

Ճակատաբաց՝ օր մը մէկը պիտի ելլէ՞ պոռալու,

որ մեր ազգը՝ պզտիկ, փըլած եւ բոլորին կողմէ լքուած՝

աւելի շատ զոհեր տըւաւ

ու հերոսներ աւելի մեծ,

աւելի բիրտ դեւեր ճզմեց,

յաղթանակներ տարաւ արդար,

որ ձորէ ձոր, քարանձաւէ քարանձաւ

մեր ժողովուրդը կը պոռթկար,

հայրենաբաղձ՝ կու լար ամէն մէկ զինուոր,

կը շողային մեր բանակները - գիսաւոր,

ու խենթեցած մոլորակներ՝ հեղեղատներ ադամանդէ -

ու հողն ամբողջ՝ քունէն զարթնող հսկայի պէս կը շարժէր.

որ հոն՝ հանգիստ չառած դեռ՝

յոյս մը արդէն նոր տեսիլքներ կը կերտէ։