10
ԿԱՐԵԼԻ
ՉԷ,
ԿԱՐԵԼԻ
ՉԷ
ՉԸՅԻՇԵԼ
ՔԵԶ՝
Օ՜
ԱՐԻՒՆ։
Լուսէ
ցանցեր
ու
նենգամիտ
սարդոստայններ
են
նետեր
թաղերէ
թաղ
ու
փեղկէ
փեղկ՝
սրճարանները
բոլոր,
հրեղէն
ճօճուն
սաղարթներ
-
վաստակի
տենդ
-
կախեր
են
գոյն-գոյն
լոյսեր՝
գոհարներ
կեղծ
ու
խարդախ,
կպչուն,
խէժի
պէս
ու
մեղկ։
Սեղաններ
են
շարեր,
շտկեր՝
պարասրահներ
բացօթեայ։
Հեղեղներ
են
սփռեր
դիւթիչ
տռփանքներու
բազմանուրջ,
մագնիսներ
են
լարեր
լոյսի՝
խելակորոյս
պարողին
շուրջ։
Հըրատոչոր,
արնագոյն՝
ահա
իրար
կը
փակչին
Հազարաւոր
շրթունքներ։
Ու
սարսըռուն
հազարաւոր
պորտեր
ահա՝
տարուբեր,
ցայտուն
զիստեր,
որ
կը
դառնան,
կը
թաւալին
հեշտագին։
Թոյլ,
քրտնխաշ
ու
կիսամերկ
ահա
հեղեղ
մը
մսեղէն
ու
շունչերու
գետ
մը՝
նըման
գաղջ,
առնական
սերմերուն։
Խնդուքներ
ժիր
ու
տռփագին։
Մեղրեր,
սերեր
ու
գինիներ՝
որ
կ՛ողողեն,
հայելիներ՝
որ
կը
յորդին
լուսածորան։
Գինիներու
շիշերու
պէս
կը
փրփըրին
ահա
եռուն
ծառերն
ամրան։
Հուր
կը
ցանէ
երկինքն՝
հեռուն,
սերմնացանի
յաղթ
թեւերով։
Բնազդը
կ’այրէ
միսերն՝
ահա։
Ու
մայթերէն
արտաբուրող
արեւահամ
օդը
կ’այրէ
այս
իրանները
վայելքի
սիրահար։
Ահա
կ’ելլեն
ամէն
վայրէ՝
դէմքերուն
սուտ,
թաց
ժպիտ,
ապակեփայլ
ու
զօրաւոր
աչքերով
պոռնիկները
խռպոտ,
կոպիտ,
գեղեցկութեան
հրէշները
պերճ,
մագիլներով
արիւնոտ։
Ստուերներու
նըման
խըռով՝
ահա
կ’անցնին
ախտագին,
ծերունիներ՝
պարարտ
զիստեր
ու
մետաքսներ
շոյելէն։
Կ’ելլեն
կեանքին
թարախոտ՝
կղկղանքները
ամէն։
ԾԱՐԱՒ,
ԿԱՐՕՏ…։
Գինին
կ’այրէ
միսերն
ահա
ու
գարշահամ՝
դուրս
կը
մըխայ
բերաններէն։
կ’առաջանան
երանադէմ,
գինով
մարդեր՝
լարախաղաց,
հընարամիտ
խեղկատակներ,
որ
կը
ցցուին,
ու
կը
ճառեն,
երգեր
կ’երգեն
զառամած։
Հընամենի,
բորոտներու
հովիտին
հիւանդներուն
պէս
յամրընթաց
կը
քալեն
շրջմոլիկները՝
զրկըւած
իրենց
նինջէն
բացօթեայ,
կեանքէն՝
որ
ճոխ՝
իրենց
դիմաց
կ’որոտայ։
ոճրագործներ,
խենթեր,
գողեր,
հիւանդոտներ,
պաշտօնեաներ
փոքրոգի,
ուսանողներ
թեթեւսօլիկ,
որ
կը
վազեն,
շղթայ
կազմած՝
կ’անցնին
ահա՝
կաղկանձելէն,
փաթթըւելէն
աղջիկներուն
պոռչըտալէն
պատերն
ի
վեր։