9
ԿԱՐԵԼԻ
ՉԷ,
ԿԱՐԵԼԻ
ՉԷ
ՉԸՅԻՇԵԼ
ՔԵԶ՝
Օ՜
ԱՐԻՒՆ։
Աւելի
վառ
յարձանավար
մեքենայի
մը
բորը
փոկէն՝
դուն
կը
յորդիս
ու
կը
հոսիս
երակներուս
մէջն,
արդէն
կը
տանիս
զիս
դուն
խօլաբար
ու
կը
խեղդես՝
արգելափակ։
Դուն
կ’ողողես
-
զսպուած
եռանդ
-
ու
կը
թաղես
հոգիս
համակ։
Ա՜հ,
ինչ
դառն
է
անցնիլ
մինակ,
երիտասարդ՝
ուրախութեան
մէջէն,
որուն
կարելի
չէ
ա՛լ
մասնակցիլ։
Ապակիի
ծովերու
տակ
աճող
ծիլ-ծիլ՝
այս
անտառը
տարաշխարհիկ
լոյսերուն,
կ’արհամարհեմ
փրփըրուն
այս
գիշերը
բերկրութեան
խենթ՝
պարողներուն,
բաժակները
հեղուկներուն
այս
խարդախուած,
փողոցներուն
ճիչերը
վառ,
վաւաշ
կնոջ,
ու
հրթիռներն՝
որ
կը
ցայտեն
ձողերու
պէս
ոսկի,
դողդոջ։
Ու
սիւնէ
սիւն
ու
ծառէ
ծառ,
դէմ
դիմաց
պատշգամէ
պատշգամ
օրօրուող
ցանցը
թուղթէ
շղթաներուն,
նուագածուն՝
որ
կը
սըտէ
ու
կը
կապկէ
ցատկռտելով,
ծամծմելով
երգ
մը
օտար։
ԿԱՐԵԼԻ
ՉԷ,
ԿԱՐԵԼԻ
ՉԷ
ՉԸՅԻՇԵԼ
ՔԵԶ՝
ուրացումի
երբ
ազդարար
աքլորին
պէս
թաւսըրինգներ
կը
ճչան
թեւածելով
թառէ
թառ,
երբ
հոգիներ
թոյլ
ու
հոսուն՝
կ’ուրախանան
նըման
այս
մեղկ
կարագի
պէս
լոյսերուն։
Այնքան
զոհեր
տուինք
մենէ,
արմատախիլ
իմ
սերունդէս,
որ
մինչեւ
վեր
կը
փայլակեն
դէմքեր
տրտում
Ու
ամէն
դի
ցաւ
մ’է
կարծես,
սարսուռ
մըն
է
ախտավարակ,
տրտունջ
մըն
է
վաղամեռիկ
հոգիներու։
Նաւաբեկում
մըն
է
լոյսի
ու
խաւարի,
յաջորդական
ալիքներու
մէջ
թեւածող
տանիքներու,
ծխաններու
վիթխարի։
Կոծ,
քայքայում,
ալեկոծում
մըն
է
վայրագ՝
որ
իրեն
հետ
կը
տանի
վար՝
հոսանքներէն
ցընորական,
բեկորակերպ,
սահուն
շուքեր
ու
նաւաբեկ
լաստեր
տատան,
առագաստներ,
որ
կը
ցցուին,
կը
թեւթափեն
կատաղօրէն,
կը
մաքառին
զիրենք
կիզող
լեզուներուն
դէմ
հըրեղէն։
Ողբերգութիւն
մըն
է
հսկայ.
Է՜ն
գեղեցիկ
աղջիկներն
իսկ,
Է՜ն
զըւարթուն
երգերն
անգամ
կը
խաթարուին
մըտածումէն
ահա՝
մահուան։
Կ’այլակերպուին
դէմքերն՝
ահա՝
լոյսերուն
մէջ
այս
բեմական,
կը
դառնան
մոմ,
յախճապակի
ու
փղոսկըր՝
մեռելափայլ։
Կը
դառնան
խորթ
է՛ն
կախադրիչ
պարերն
անգամ,
որոնց
ի
լուր՝
հիմա
կը
զգամ
պատրանքներու
ու
յուշերու
բեռ
մը
միայն,
մինչ,
քայլ
առ
քայլ,
կը
տառապիմ
չկրնալով
նետուիլ՝
կրկին,
երբեմնի
մեծ,
խօլ
խայտանքին,
որուն
սովոր՝
կ’ալեկոծին
միսերս
համայն՝
չկրնալով
սեղմել
կրկին՝
կին
մ’որուն
դէմ
սիրտս
անվեհեր,
կ’ուռէր
լոյսով
մը՝
երբեմն,
երազավար
կը
սահէր։
Թնճուկ
մըն
է
աներեւոյթ
շղթաներու,
որուն
միջեւ
կ’երթայ,
կու
գայ
պարողներու
կախարդըւած՝
բերկրութեամբ
լի՝
անգիտակից
բանտարկեալի
այս
հոծ
զանգուածը
շրջակայ,
մինչ
մահը
յար
անոր
ետին
գաղտ՝
սառնաբար
կը
ժպտի։
Վալս
մըն
է
մերթ՝
որ
երազել
կու
տայ
մութին
մէջ
թռչունի
նըման
թառած
պառաւներուն,
վերյիշումներ՝
տրտում,
մթին։
Պիկին
[1]
մը
մերթ՝
ու
ցնցումներ,
գալարումներ
անմիտի,
թամթամներու
կոծով
պարող
մերկ
խափշիկի
գինովութիւն
ու
մերթ՝
թանկօ
մը
մահամերձ
երեկոյի
մը
դաշտային
շշուկներով
առլըցուն,
տաք,
վաւաշոտ
արեանը
պէս
աղջիկներուն
խառնածին,
պրազիլիական
արեւներու
բոցով
օծուն.
ջութակ
մը
մերթ՝
մեղմ
հառաչող,
Կապոյտ
Թռչուն,
ընդհատ,
ընդհատ
պատմըւած
սիրային
վիշտ՝
խոր
արձագանգ՝
արեւելեան
հուրիներու
երաժիշտ,
հնչուն,
փլչուն,
բիւրեղներու,
գոհարներու
պէս
հոյաշէն,
հին
տրտմութիւն՝
որմէ
ի
զուր
կ’ուզեն
տարուիլ
արիւնէ
զուրկ
այս
աղջիկներն,
որ
ոչ
մէկ
ցաւ
կը
յիշեն,
ու
նըւաղուն,
արուեստական
աչքերով
շիլ՝
վերացումներ
կը
կեղծեն։
Ջրվէժ
մըն
է
երկինքն
ի
վար՝
արցունքներու
հըրահոսան,
շառաչուն
վէժ՝
հրեղէն
վըտակ,
հեղեղ
մը
տաք՝
որ
կը
ժայթքէ
երկնի
ծոցէն,
տերեւաթափ՝
արտասուաթոր
ուռիներու,
որ
գլխահակ՝
եղերամայր
կիներու
պէս
վշտագալար՝
կը
փսփըսան։
Սղոց
մըն
է
լոյսի
վայրագ,
որ
կը
խոցէ
միսերը
տաք,
կը
սըղոցէ
ու
կը
ցնցէ
տուներն
համայն։
Տանիքներէն
սողալէն
վար
լոյս
մը
կ’իջնէ,
հըրէշի
ձագ։
ու
փողերը
կառքերուն
խօլ
ճիչ
կ’արձակեն,
դեւերու
ձայն։
[1]
Պիկինը
լատին-ամերիկեան
ժողովրդային
պար
մըն
է,
իբր
նորոյթ
տարածուած
էր
միջ-պատերազմեան
Եւրոպայի
մէջ: