ԼՈՒՍԱԾԱԳ
ԾՈՎԱՅԻՆ
ԱԼՊԵԱՆՆԵՐՈՒ
Աշխարհ
փոխած
եմ,
լեռներ,
այրած
հողեր՝
աղեղուած,
Եւ
ովասիս,
արտակարգ
տերեւներ
հաստ,
լայն,
հողէն
Ելած
սիւներ
ծառերու,
շատըրուաններ՝
բուսեղէն
Շքեղ
քաղաք,
փերուզակ
երկինք
եւ
ծով
լայնաբաց,
Նաւեր…
վայր
է
վայելքի։
Խօսող
ջուրեր,
լուսաբաց,
Սարեակ՝
ոտքի
կը
հանեն
զիս
կանուխ,
վեր
կը
մըղեն։
Հոս
կարօտներ՝
հանգիստէս
շատ
աւելի
կենսաբեր։
Անսահմանին
առջեւ
եմ
եւ
առջեւն
եմ
ծովուն
մեր։
Երկնելու
խանդս
է
աճած՝
ջուրերուն
քով
յորդահոս։
Կ’ելլեմ
կանուխ,
ջերմեռանդ,
կը
քալեմ՝
երբ
մութ
է
դեռ։
Մութ,
բայց
բեղուն,
հրայրքոտ
տարածութիւնն
առջիս՝
հոս։
Ես
տեղահան
եմ
այստեղ,
տակվըրայ՝
շատ
աւելի։
Տաք,
առատ
լոյս,
քաղաք,
ծով,
ուրախութիւն,
ազատ
կեանք,
Յիշատակներ,
քերթողանք,
վայելք
կ’ըլլան
ցանկալի,
Եւ
խռովիչ
կ’ըլլան
մերթ
եւ
բաղձալի
դարձեալ,
թանկ։
Միշտ
անցեալէն
ներկային
կու
գամ,
կ’անցնիմ
անցեալին։
Շարժ
է
հոգւոյ,
մեծ
շարժ
է
հոս
միշտ՝
ամէն
մէկ
քայլի։
Լաբիւրինթոս
թաղեր
հին։
Հնութիւններն
եմ
սիրեր։
Կը
շրջիմ։
Նոր
կառոյցներ,
ցայտաղբիւրներ,
պարտէզներ,
Ժողովուրդներ։
Ծովուն
շուրջ
միշտ
կարօտով
կը
շրջիմ։
Գեղեցկութիւն
նախնական,
մերկ՝
աւազին
մէջ
շուրջի։
Եւ
ալիքները
կու
գան
ափ՝
հեռաւոր
ափերէն։
Վեհ
շոճիները
շուրջի
հովուերգութիւն
կը
բերեն։
Այն
օրերուն
պէս
եմ,
երբ
հեռու
էի
ինէ
դեռ
Եւ
մարդերէն։
Կորուսեալ
երանութիւն
եմ
գըտեր։
Արմաւենին
է
դափնի
խաղաղութեան
յաղթական։
Լեռներ,
երկինք
կը
փոխեն,
կ’ընեն
պայծառ
զիս
հոս,
երբ
Պառկած
եմ,
գոց
կոպերուս
տակ
բազմերանգ
լոյսեր
կան,
Կու
գան
վերին
անհունէն
եւ
խորերէս
կու
գան,
կամ
Ծովէն,
որ
տաք
ժայռին
տակ՝
կ’երթեւեկէ
ծերպէ
ծերպ՝
Լուսաբարբառ։
Վերացում,
անհունացում
է,
գրգանք։
Յարութիւն՝
երբ
տարածած
թեւերուս
տակ
կը
ծըփան
Զովարար
եւ
բարձրարար
ջուրն
ու
լոյսերն
անսահման,
Միլիոնաւոր
հրթիռներ
արծաթափայլ,
խաչակերպ։
Ծովին
աստղերն
հեռաւոր՝
տապին՝
առջիս
կը
թափին։
Կու
գան,
կ’անցնին
հունչեր
ջինջ՝
ափին
վըրայ
հըրակէզ։
Եւ
մինչ
անցեալ
բերկրութեանց
երազանքին
մէջ
եմ
ես,
Մարդոց,
տըղոց
ժիր
ձայներ
կան,
բարութիւն
կայ
ափին,
Երջանկութիւն
կայ։
Լալու
չափ
յուզուած
եմ
հրճուանքէս։
Զայն
կը
մաղթեմ
բոլորին։
Ան
տրուի
միշտ
բոլորին,
Բերկրանքն
այս՝
որ
մեր
ալֆան,
օմեկան
է
իրապէս։
Վերջալոյսին՝
կը
նայիմ
երջանկութեամբն
այն
մարդուն,
Որ
վախճանին
մօտեցած
կը
սիրէ
մեծ
խանդով
դեռ
Աշխարհն
ու
ծովն
այս,
որ
միշտ
ինծի
տուած
են
խինդեր
Ազնըւական,
կը
տեսնեմ
ծփուն
զանգուածը,
հեռուն՝
Հորիզոնն
է
գունավառ
դըրախտ…
Ամէն
իրիկուն
Կ’ըսեմ՝
ապրիլն
էր
բոլոր
շնորհներէն
գերիվեր։
Եւ
այդ
կ’ըսեն
անկասկած՝
մարդիկ,
որ
լուռ
կը
նային
Իրենց
սիրտը
բացող
այդ
վերջալոյսին
ծովային,
Տարածութեան
այդ
կապոյտ,
ոսկի,
վսեմ
զօրութեան։
Վերացումով
կը
նային։
Կարծես
իրենց
կեանքն
է
ան՝
Ազատ,
անհուն,
անիմաց…
Գեղեցկութիւն
է,
կ’ըսեն,
Երբ
կը
զգան՝
լոյսը
ներքին
կու
գայ
դուրսի
ծով
լոյսէն,
Արարչական՝
որ
իրենց
մէջ
է
նաեւ,
անձնական։
Բայց
ե՞րբ
խաղաղ
ենք
լըրիւ։
Ահա
հոգեր
խըլրտուն։
Այս
վերացումն
է
խոյս
տալ,
ըլլալ
որպէս
ծառէն
վեր
Ապաստանող
սկիւռ
կամ
աղօթող
մ’որ
գոհութիւն
Կ’առնէ
ընկճեալ
ըլլալով։
Այսպէս
արդ՝
լոյսն
է
առտուն,
Ուրախութիւն՝
տխրութեան,
այսպէս՝
բոլոր
վայելքներն։
Հորիզոնն
է
այսպէս՝
երբ
կ’երթամ
նաւով
քաղցրօրէն։
Փոխուիլ,
ըլլալ
պայծառ,
գոհ՝
խաբեպատիր
դռներ
են։
Սէր
բընութեան՝
ծայրայեղ
տենչ
է
իր
մէջ
ձուլուելու,
Անանձնական
ըլլալու,
ինչպէս
բոպիկ
ոտքերով
Ասիզի
սուրբն՝
որ
ունէր
հողի,
ջուրի
սէր,
գորով
[1]
։
Բայց
ան
մարդոց
կը
ձգտէր,
Տիրոջ
ծառան
էր
հըլու։
Իմս
է
ծարաւ
ձուլուելու՝
միայն
վասըն
բերկրութեան,
Անդորրութեան
հոգիի՝
տըւայտանքէն
վերջ
երկար։
Խաղաղութիւնն
է
սակայն
ձանձրացուցիչ,
չեմ
կրնար
Լոյսին
ըսել
սիրելի
հուր՝
ինչպէս
Ժան
տը
լա
Քրուան
[2],
Եւ
ջնջըւիլ
մտքով՝
լոկ
երանութեան
մը
համար։
Իմս
է
կարօտ
ըսփոփման՝
որ
երբ
կ’ուզեմ՝
չեմ
կրնար
Ուզել,
սէր
չէ
անարատ՝
ձուլուելու
եւ
իրական
Սէր
չէ
հողի
եւ
ջուրի,
թռչուններու,
այլ
խաբկանք
Վասըն
անձիս
տիրացման
կամ
մոռացմանը
համար։
Խաբեպատիր
դուռ
մ’ուրկե
հազիւ
անցած՝
ետ
կու
գամ։
Իմս
է
մեծ
սէր
անձիս,
կամ
դժգոհութիւն.
կ’ունենամ
Անդրադարձներ
անձկոտ
մերթ՝
հոգեդարձի,
քանզի
դեռ
Ես
միշտ
մարդոց
կը
խորհիմ
եւ
միշտ
կ’ըսեմ
ներսէս՝
Տէր։
Ամէն
բանէ
վեր
է
միշտ
հոգս
երկնումի
դառնահամ՝
Ուրախութեան
այս
պահուն՝
կրկնապատկուած
տասն
անգամ։
Կանուխ,
տըղու
խայտանքով
կու
տամ
աւազն
ոտքի
տակ։
Ջուրերն
առջեւըս
կու
գան,
ինէ
հետքերըս
կ’ուզեն։
Հաճոյքով
տամ,
կը
սպասեմ՝
թող
գան
առնեն
աւազէն։
Կ՛ոգեւորուիմ
տեսնելով
ջնջեալ՝
ամէն
յիշատակ,
Բայց
մինչ
կ’անցնի
սրբողի
պէս
սահող
ջուրը
վըսեմ՝
Հոգն
է
կեցած։
Կ’ըլլամ
դառն՝
երբ
կը
զգամ
զիս
անվաստակ։
Կ’ուզէի
խոյս
տալ
գործէս։
Հազարաւոր
առտուներ՝
Զուր
ըսպառում
էր։
Միտքս
էր
իր
լոյսերէն
փեռեկտեալ։
Վըհատ
էր,
չէր
կրնար
ա՛լ
իրեն,
այլոց
հաւատալ։
Մէջըս
երախ
մը
ցաւի
մերթ
զիս
իր
մէջ
կը
ճզմէր։
Կ’ուզէի
երկըս
մոռնալ,
բայց
հոգ
ու
սէր
է
դարձեալ։
Ի՞նչ
կը
մընամ՝
եթէ
զայն
լըքեմ
ընդ
միշտ,
փոխարէն
Անդորրութիւն
ունենամ,
որ
կը
ցանկամ
ունենալ։
Ի՞նչ
զիղջ՝
եթէ
չկռուիմ…
լուսացման
տենչ
է
դարձեալ,
Թէեւ
դարձեալ
ահռելի
պիտի
ըլլայ,
զուր՝
նորէն։
Ծով,
լուսաբաց
մ’ամրան
ջինջ
եւ
նաւ
մը
մեծ՝
միասին
Յիշատակ
են
մանկութեան։
Անոնց
հետ
մայրս
էր
կողքիս։
Կ’երթայինք.
տեղ
մ’երթալու
խայտանքն
ունէր
իմ
հոգիս,
Տեսնելիք
վայրս
Հայրենիք
չէր
լոկ՝
նըման
դըրախտին,
Այլ
նաեւ
մեծ,
անծանօթ
գեղեցկութիւն
մարդկային։
Հրճուանքս
այդ
չէր
լոկ,
նաեւ
այն՝
երբ
տեղ
մը
կը
հասնիս։
Ի
զուր։
Տեղ
մը
հասնելու
բոլոր
յոյսերս
էին
սին։
Անդաստական՝
սակայն
միշտ
գիտցեր
եմ
այդ
չարիքէն
Օգտըւիլ,
միշտ։
Վարանոտ,
ես՝
կասկածոտ
ի
ծընէ,
Ունիմ
ժամեր՝
երբ
կասկած
եւ
հոգ
հոգի
կը
քակեն,
Եւ
այլ
պահեր՝
երբ
հոգին
ինքզինք
անոնց
կը
յանձնէ,
Քանզի
լաւին
կը
ձգտի՝
ունենալով
կասկածներ։
Պիտի
չուզէր
ան
ըլլալ
այն
ուժովն,
որ
խորամանկ
Ըլլալով՝
զերծ
կը
մնայ
կորուստներէ,
եւ
սակայն
Չ’ունենար
բերքն
առատ,
մինչ
ինք
յորդառատ
ունի
զայն,
Ըսելիքներն՝
որ
տըւին
իրեն
խաբկանք,
տըւայտանք,
Որ
տրուած
են
խորհուրդի
մ’հաշիւներուն
համաձայն։
Հասնիլ
չըկայ,
սակայն
կայ,
եւ
չեմ
ուզեր
առնել
կանգ։
Տակն
ու
վըրայ
եմ
այսպէս
եւ
ունիմ
լայն,
յաղթ
ուսեր։
Եւ
ջերմեռանդ
եմ
կանուխ՝
երբ
տխրութիւն
կայ
այսքան,
Եւ
կը
քալեմ
խանդով՝
երբ
մութն
ու
լոյսը
խառն
են
դեռ։
Կ’ուղղուիմ
դէպի
ծով
միշտ,
ան
այն
սահմանին
է
նըման՝
Ուր
աղօթողը
կ’ելլէ
Տիրոջ
առջեւ
անսահման։
Կանուխ
կայ
մեծ
տխրութիւն,
մինչ
խաւարէն
վեհափառ
Բարձրացում
է,
լոյսն
ոսկի
լեռ
է
բլրան
մը
վըրան։
Կիսամութին
մէջ
են
դեռ
ջուրերն
որպէս
պաղ
կապար։
Աստուածներու
այս
ծովն
է
ողբերգութեանց
թանգարան։
Աւերումներ
կան,
կարծես՝
անհըրաժեշտ
լուսացման։
Ափին
վըրայ
կը
խուժեն
աղաւնիներ՝
որ
իրար
Վանելով
կեր
կը
ճարեն։
Լճակներ
կան,
կարկամած
Լճացումներ
են
թշուառ։
Մեծ
կղզիներ՝
դէմ
դիմաց՝
Բաժանումի
թախիծով։
Կը
քալէ
ամպ
մը
մոլար։
Կը
հալածեն
հուրեր
զայն։
Մոխիրներն
իր
կ’իյնան
վար։
Դըրօշակներ
լըռութեան
մէջ
պարապին՝
կը
ծըփան։
Աւազներ
թաց,
կեղտեր
թաց
եւ
ժայռերու
դէմքեր
թաց,
Ոսկորափայլ,
եւ
մէգն
է
գիշերին
պէս
հոգեկան,
Եւ
ամէն
ինչ
անձկութեան
մէջ
ընկղմած,
կարկամած՝
Կարեկցելի
կը
դառնայ
իր
փրկութեան
ըսպասմամբ։
Հրեշտակի
թեւը՝
հեռուն՝
առագաստ
մ’է,
որուն
քով
Ձկնորս
մը՝
փոքր,
անարժէք
ձուկերն
իր
շուրջ
կը
ցանէ։
Զանոնք
իսկոյն
կը
խըլեն
կտուցներու
աքցաններ։
Կանուխ՝
կայ
մեծ
տխրութիւն,
այն
պահուն՝
երբ
հաւատքով
Կ’ուզեմ
նայիլ
-
թալան,
մահ,
խաղաղութիւն
պաղ,
զոհ
հով։
Կը
տապալին
սրարշաւ
նժոյգներ
ափ
հասնելով։
Կը
խորտակուին
գնացքներ
կարծես,
անոնց
ժխորէն
Կ’ելլէ
ալիք
մը
վեր՝
լի
փայլատակող
խօսքերով,
Կ’իյնայ՝
զանոնք
չըսած
դեռ։
Ձայնն
է
մըռունչ
ու
խըռով
Ողբ։
Թռչուններ
գիշատիչ,
երկչոտ՝
վըրան
կը
խուժեն։
Մեծ
տխրութիւն
է
կրկին։
Կրկին
այս
ցաւն
աւերման։
Պէտք
է
շրջել
ամէն
ինչ,
պեղող
աչքեր
ունենալ,
Որ
թափանցող
երբ
կ’ըլլան՝
անբաղձալի
կը
դառնան։
Երբ
չեն
կրնար
ներս
ու
դուրս
տեսնել
բան
մը
կատարեալ։
Մեզի
պէտք
են
հուներ
միշտ,
ըլլան
անգամ
պատրալիր։
Ազատութիւն,
բարութիւն,
երջանկութիւն։
Կան,
սակայն
Յառաջացման
մէջ՝
անոնք
կը
պայթին
միշտ,
միշտ
ունայն,
Յաւերժական
են
թէեւ,
կան
շարունակ,
չեն
փըլիր։
Միշտ
կը
սկըսին
թէ՛
մեր
մէջ,
թէ՛
աշխարհին
մէջ
համայն։
Բայց
ո՞ւր
գտնել
հուներն
այդ,
երբ
ծներ
եմ
գաղթական։
Անդաստական
եմ
եղեր։
Մերժեր
են
զիս
երկիրներ։
Ես
լըքեր
եմ
երկիրներ՝
որ
կ’ըլլային
ապաստան։
Կանգ
եմ
առեր
միայն
հոն՝
ուր
կրնայի
ոգեկան
Լոյսեր
առնել։
Չեմ
կրցեր
հոն
իսկ
նետել
արմատներ։
Շէնքերուն
տակ
հոյակապ,
դըրախտային
պարտէզին
Առջեւ,
ափին
վըրայ
կան
գիշերողներ՝
պառկած
դեռ,
Պատանիներ՝
մանչ,
աղջիկ,
թափառական
բեկորներ,
Աննպատակ,
վհատ,
ծոյլ։
Մարդկութիւնն
են
տեսած
սին,
Ահեղ,
կեանքը՝
անհեթեթ։
Անփութութիւնն
են
ընտրեր։
Եւ
ընտրեր
են
ծովափն
այս։
Հեռուներէն
են
եկեր։
Տհաճ
էին,
մինչ
պէտք
էր
ոգեւորիչ
ըլլային
Վանականաց
պէս,
սակայն
նըւաստներ
են
ցաւագին։
Այստեղ
նայուածքս
է
կրկնակ։
Ծովն
է
հըզօր,
բարերար,
Շքեղ,
սակայն
ահեղ
է։
Խարդախ՝
ըլլայ
իսկ
խաղաղ,
Իր
խորքն
ըլլայ
իսկ
պայծառ,
խորանի
պէս,
կու
տայ
վախ։
Երբ
իր
մէջ
եմ՝
կը
բացուիմ։
Հըրճուանքս
է
մեծ,
բայց
միշտ
վար
Քաշող
վիհն
է
անձկաբեր։
Բացերն
երթալ
չեմ
կրնար։
Ծովն՝
որ
ունի
իր
մէջ
միշտ
յիշատակաց
այլ
ծովեր,
Պատմութիւններ
մանկութեան
եւ
պատմութիւն՝
մարդկային,
Որոնք
մէջէս
լսելի
կ’ըլլան,
մէջէս
կ’ըլլային
Տաղ,
բարձըր
խօսք,
յուզում։
Այս
ծովը՝
որուն
ափն
ի
վեր
Կը
շրջիմ՝
ի՜նչ
ահեղ
է
առտըւան
մէջ
ամայի։
Հոն՝
ուր
ունի
վըրան
ջինջ
ոսկիները
երկնքին,
Կը
փարատէ
ան
զանոնք՝
երախներով
բազում,
իր
Պոչերն՝
որոնք
լուսացայտ
կը
փայլակեն,
կը
նետուին
Դաժանութեամբ…
Օ՜
սիրած
այս
ծովս
անյագ
եւ
անծիր.
Պղպըջակներն
իր
կ’ուտեն
աւազափի
սուրբ
ոսկին։
Գիշերն
ան
հեզ
է,
ծըփուն,
լոյսերուն
տակ
պարտէզին՝
Ուր
կայ
նըւագ,
երգող
կին։
Իր
վըրայ
են
օրօրուն
Ցոլքերն
ափին
լոյսերուն
եւ
տարուբեր
նաւերուն։
Լոյսեր
կու
տան
մութին
մէջ
իրեն
փարոս
եւ
լուսին,
Եւ
գոհարներ
գոյնզգոյն
իր
մէջ
անվերջ
կը
հոսին։
Գիշերը՝
ծովն
է
փարթամ
եւ
ճեմողներ
կը
նային
Ըզմայլանքով,
գոհութեամբ,
եւ
հաճոյքով
կը
լըսեն
Զայն
եւ
հարուստ
սրճատան
մէջէն
երգող
անգլուհին։
Ան
յուզումներ
կը
պատմէ
ուրախութեան
ու
ցաւի,
Երջանկութեան
մ’որ
անցած՝
չեղածի
պէս
է
արդէն,
Պար
մը
ուրախ,
ըզգլխիչ,
սրբութեան
պէս
բարձրարար։
Եւ
կարծես
ծովն
է
որ
զայն
կը
վերյիշէ
նոյն
ատեն։
Ալիքն
իր՝
մերթ
աւազին
քըղանցքի
պէս
կը
քսուի։
Մեծ
երգերը
մեծ
չեն
միշտ՝
երբ
երգելով
ապագան
Կամ
անցեալը՝
մեծցնող
գեղեցկութեամբ
կը
խաբեն։
Կը
յուզեն
մեզ՝
աւելի
երբեմն
երգեր
մանկական։
Այդպէս
կնոջ
երգածն
է։
Այդպէս
քաղցր
են
ծովափէն
Եկող
ձայներն՝
որ
կարծես
անկեղծ
սրտէ
մը
կու
գան։
Աւա՛ղ
սակայն,
խորունկէն
չեն
գար,
ծանծաղ
են
նորէն։
Եւ
մինչ
տարուած
եմ
ծովով,
դարձեալ
մոռնալ
չեմ
կրնար,
Թէ
նաւեր
են
ընկղմած՝
իր
անդունդին
մէջ
խաւար,
Եւ
կեանքեր
են
խեղդըւած,
զոհ՝
իր
ահեղ
ջուրերուն։
Մեր
եղեռնի
օրերուն՝
մեր
զոհերն
են
տարուած
վար,
Որ
լսելի
կ’ըլլան
դեռ
ալիքներուն
մէջ
կոծուն։
Ցոլքերուն
հետ՝
նաւերէն
եկող
ձէթեր
կը
փայլին։
Կը
փայլակէ
քարիւղն,
այն՝
որուն
համար
կը
զոհեն
Ժողովուրդներ,
զանոնք
վար
դասելով
այդ
մեծ
շահէն։
Մեզ
են
դասած
անկէ
վար՝
հըզօրները
աշխարհին
Եւ
անոնք
են
որ
կուտան
ցոլացումն
այս
թանկագին՝
Որ
թանկագին
չէ,
այլ
դառն
չարիքներու
հայելին…
Մտքիս
մէջ
կան
աշխարհէն
յիշատակներ
հազար-մէկ
Խենէշութեան,
ցոփութեան,
դաժանութեան
մարդկային։
Ունիմ
ահեղ
դարերով
լեցուն
նայուածք
մը
հայի,
Որ
կը
տեսնէ
ծովն
ահեղ՝
շատ
աւելի
քան
երբեք։
Օ՛
նախնիքներս,
ի
զուր
դուք
ձեր
աչքերն
էք
ըսպառեր՝
Վանքերու
մէջ,
այս
ձէթին
լոյսով,
դուք՝
որ
հաւատքով
Գացիք
Հըռոմ
կամ
Աթէնք։
Կը
տեսնեմ
ձեզ՝
կայմին
քով,
Գոհ,
խանդավառ,
ներշնչեալ՝
որ
կը
տանիք
լոյս,
յոյսեր
Ձեր
ազգին.
ձեզ
կը
տեսնեմ։
Նոյն
աստղերն
են
այսօր
դեռ
Մինչ
ծովը
հետք
չի
պահեր
եւ
ձեզմով
սիրտս
է
խըռով։
Հըզօրները
բարբարոս
իրենց
վայրագ
ձիերուն
Սմբակներուն
տակ
հանճար
եւ
սրբութիւն
կը
ճզմեն։
Լոյս
չեն
ձգեր,
կը
մարեն։
Կը
ձըգեն
այն՝
որ
ողբէն
Այլ
բան
երգել
չի
կրնար
եւ
այդ
ողբն
է
խեղճութիւն։
Մեզի
պէտք
է
մորմոքի,
բողոքի
երգ
մը
հրեղէն։
Օ՛,
երբ
կ’ելլէ
բերանէս
խօսք
մը
վըսեմ,
եւ
եթէ
Լեզուս
քիմքիս
կը
բախի
ալիքի
պէս
կատաղի,
Արտայայտման
անկարող
թշուառութեամբ
կը
բախի,
Եւ
բարկութիւնն
իր
յաճախ
ան
իմ
սրտիս
կը
նետէ,
Սիրտ
չես,
նոյնիսկ
երբ
ունիս
մարտիրոսի
մեծ
խիթեր,
Ոմանց
գացած,
զարնըւած
ես
գունդի
պէս
երկաթէ։
Բայց
գիտեմ,
ի՜նչ
անզօր
են
ծըփուն
ցոլքերն
այս
կարմիր,
Կանաչ,
կապոյտ։
Կը
ծընին
մեծ
խայտանքով,
թրթըռուն
Թիթեռներու
պէս,
կ’իյնան
զարնըւելով
իրարու։
Կը
բեկբեկին
լուսեղէն
սիւներ,
կու
գան
ցանուցիր՝
Հազիւ
թէ
հազ
բարձրացած
խորէն
մըթին
ջուրերուն։
Զսպանակներն
ոսկեղէն
կը
վերածուին
սոսինձի։
Ճօճուող
լոյսն
է
մութին
մէջ
տարանջատուող
խօլ
ուրու։
Ես
գիտեմ՝
ի՜նչ
անզօր
է
գերահըզօր
լոյսը
մեր
Ուրախութիւն
տալու,
երբ
դառն
եմ
առտուն
եւ
արդար
Լոյսն
անարդար
է,
կրնայ
այրել
հող,
ծառ
ու
կատար,
Եւ
փարատուող
զոհերուն
առջեւ
ըլլալ
անտարբեր
Եւ
ըլլալ
մայր
իժերու…
Սուրբն
իսկ
անկէ
խոյս
կու
տար՝
Որ
ան
զինք
իր
պատրալիր
պայծառութեամբ
չխաբէր։
Ոգեկան
լոյսն
է
նըման,
ըլլայ
իսկ
ջինջ
դաւանանք.
Հինն
հերքելով,
քանդելով,
զոհեր
տալով
կը
մեծնայ,
Եւ
միշտ
անբաւ
է,
չի
տար
փրկութիւնն՝
որ
կը
յուսանք։
Լոյսն
այդ
կրնայ
ըլլալ
կոյր
հաւատք
մոլի,
անխընայ,
Կամ
անարդար
քերթողանք,
ըլլայ
անգամ
անկեղծ,
թանկ։
Սուրբին
լոյսն
է
հուր՝
ըլլայ
իսկ
բերկրութեան
մանանայ։
Կրնայ
այն
լոյսն
ըլլալ՝
որ
գովասանք
է
ծայրայեղ
Վսեմացման,
կամ
այն՝
որ
բռնակալին
ահռելի
Ուղղուած
երգ
է
շողոքորթ,
իր
վատութեամբ
կը
փայլի,
Կամ
այն՝
որ
ոխ,
նախանձ
է,
զրպարտութիւն,
սուտի
մեղք,
Կամ
մատնութեան
դաւով
լի,
այլակերպող
հայելի։
Կրնայ
ըլլալ
ջինջ
յուզում
հայրենիքի,
բայց
թշուառ
Ստրկացմամբ
խաթարեալ.
կրնայ
ըլլալ
բարութիւն
Ողջագուրման՝
բաժնըւած
եղբայրներու,
որ
ժպտուն
Բայց
տըխուր
են,
տառապած,
մաքառած
են
եւ
իրար
Անկեղծօրէն
ընդունիլ,
գընահատել
չեն
կրնար։
Գերիներն
են
սահմանին
այս,
այն,
երկու
կողմերուն։
Ամէն
անկեղծ
արժէք
չէ։
Ժըպիտներն
են
գէշ,
լաւ։
Կան
Երջանիկներ
ողբալի։
Տառապանքն
է
բարձրարար,
Բայց
յաճախ՝
ոչ։
Միշտ
կ’ըլլան
տառապողներ
նենգ
ու
չար։
Բարձրացումն
է
ըսկիւռի
վախ,
խաթարում՝
շատ
անգամ,
Կայսրութեանց
պէս,
այսօրուան
մեծութեան
պէս
գիտական։
Եւ
կան
Տիրոջ
գացողներ
ջերմեռանդ՝
չեն
բարձրանար։
Լոյսն
այդ
կրնայ
ըսփինքսի
ժըպիտ
ըլլալ,
կամ
ժըպիտ
Երջանկատենչ
բայց
ամուլ
եւ
դասալիք
պուտտայի,
Կամ
այն՝
որով
աշխատանք
փառաբանող,
խորամիտ
Լենին
մարդոց
ապագայ
բարձրացումին
կը
նայի,
Բայց
բարձրացմամբ
աւելի
մեծ
քաոսն
է
մարդկային։
Լոյսն
այդ
կրնայ
խանդավառ,
բարձր
ընել
մարդն՝
որ
երէկ
Ստրուկ
էր
դառն,
ընել
զայն
գիտակից
եւ
բարձրորակ,
Բայց
կ’առնէ
զայն
նոյն
ատեն
իր
հեղձուցիչ
ճանկին
տակ,
Կը
պահանջէ,
որ
հունէն
վեր
չթռչի
ան
երբէք։
Կը
զարնըւի
մերթ
ծովին
կարմիր
տէգը
փարոսին,
Մինչ
փրկարար
է,
գիտեմ,
նաւերն
անոր
կը
դիմեն։
Սուր
տէգ
մ’որ
խոց
կը
բանայ.
զայն
կը
փակէ
նոյն
ատեն։
Խըռով
եմ։
Այս
բացուած
վէրքն
ու
բուժումը
միասին,
Հակասանք
են
եւ
նըման
մէջէս
եկող
խօսքերն
են,
Երբ
տարագիր՝
կը
քալեմ
գիշերն
օտար
այս
ափէն։
Հակասանքներն
այլազան
են,
խորանին
մէջ
իսկ
կան
Առիւծ,
արծիւ,
աղաւնի՝
խաչեալին
քով,
օձ՝
իբրեւ
Իմաստութիւն
եւ
կեղծիք,
չարիք։
Կան
գառն
եւ
արեւ՝
Որպէս
վերին
լոյս…
Ո՞րն
է,
որ
իրապէս
կը
ցանկանք
Ըլլալ…
Ասոնց
ո՞ր
մէկուն
ընել
Աստուածը
նըման։
Հայրենիքի,
Սփիւռքի
հակասանքն
է
նըման,
ան
Կապանք
է
եւ
հանգոյց
չէ
Գորդեան՝
սուրով
հատելի,
Եւ
զայն
կտրել
չեմ
ուզեր։
Թանկ
են
եւ
ցոյց
տալ
կրնան
Ճիշդն
ու
սխալն
աշխարհին՝
ամէն
բանէ
աւելի։
Բայց
երկուքն
ալ
գործիս
շուրջ
շղթայի
պէս
կը
փայլին։
Հակասանքներ,
որոնց
մէջ
երկս
էր
ինկած։
Անոնք
են
Կաշկանդած
զայն,
եւ
հիմն
են
շարժած,
խախտած
իր
խորքէն։
Մըտածումներ
են
անոնք
նաեւ
մեծ
ու
ցանկալի
Բայց
ջըլատիչ։
Յորձանքին
մէջ
էր
հոգւոյս
ամէն
օր
Այդ
երկըս,
միշտ
կ’ուզէի
փրկել,
ի
զուր։
Անդադար
Մաքառում
էր՝
տարիներ։
Մենք,
փրկելու
տեղ
իրար,
Դարձեր
էինք
իրարու
աւերիչներ
ահաւոր։
Կանուխ՝
կայ
մեծ
տխրութիւն։
Եղածի
պէս
կը
ցցուին
Ալիքներն
յաղթ
եւ
անվերջ,
միշտ
անկատար՝
կ’իյնան
վար,
Եւ
կը
ձուլուին
չեղածին
մէջ,
որ
կ’ելլէ
իր
կարգին՝
Իբրեւ
կատար,
հոսածին
մէջ
կ’ընկղմի
անաւարտ։
Այս
ծովին
ո՞վ
կայուն
ձեւ
կրցած
է
տալ
տակաւին։
Անզօր
է,
մինչ
հըզօր
է։
Ունի
մետաղ
վառ
թեփեր
Գազանի,
մինչ
վըսեմ
է,
կ’ուղեւորուի
շողալէն։
Եւ
վըրայէն
երամներ
փիւնիկներու՝
կը
քալեն։
Բայց
վեհութիւնն
իսկ
դառն
է,
ըլլայ
անգամ
խնդաբեր։
Մարդիկ
զիս
ի՜նչ
հակոտնեայ
տեսողութեան
կ’ընեն
տէր։
Տէ՛ր,
ի՞նչ
են
այս
բարձրարար
լուսաբացներն,
որ
կու
գան
Եւ
կ’անցնին
միշտ.
խաւարին
կը
կարօտին՝
որ
ծընին
Յարութիւններն
այս
անվերջ՝
մոխրացումով,
ոգեկան
Լոյսերն
այս
միշտ
ցաւերով,
կեղծիքներով
յարածին,
Յոյսերն
այս
միշտ՝
որ
իբրեւ
միրաժ
[3]
կու
տան
ապագան։
Աւերակներն
եմ
սիրած
(հայրենիքի
կարօտ՝
իր
Դեռ
աւերակ
մասին,
կամ
անմահութեան
տենչ,
գորով,
Սէր՝
մարդկութեան)։
Սիրած
եմ
կարեկցութեան
յոյզերով՝
Փարթամ
երկերն
երբեմնի՝
արդ
քանդըւած,
տարագիր,
Ոմանք
դաժան՝
դեռ,
ոմանք
արդարութեամբ՝
հոգեթով։
Ուր
որ
գացեր
եմ
սակայն՝
նոյն
տխրութիւնն
է
եկած
Ծանրանալ
իմ
երկիւղած
մտքիս
վրայ
միշտ,
մարդեր
Եկած,
անցած,
հոգիներ՝
որ
աստուածներ
բարեբեր
Ունեցեր
են
եւ
յոյսեր
եւ
վայելքներ
եւ
ցաւ,
լաց։
Աշխատեր
են,
մաքառեր,
պատերազմներ
են
մղեր,
Անցեր,
ոչ
մէկ
հետք…
Տէր,
ի՜նչ
սպառում
է
անիմաց։
Գացի
Կնոսոս,
աւերակն՝
աւելի
մօտ
մեր
հոգւոյն։
Հոն՝
ծառախիտ
բլուրին
վըրայ,
հողին
խորէն
վեր
Բերուածին
մէջ
յունական,
սիրտս
աւելի
խըռով
էր։
Սիրտըս
երբէք
չէր
կրնար
հոն
մարդկութեան
դառնալ
բոյն…
Աւերակաց
մէջ
եւ
այդ
կղզիին
մէջ
թուրք
ու
յոյն։
Եւ
յուսախաբ
էի
հոն։
Առասպելն
էր
մեծցուցեր
Լաբիւրինթոսն,
Թեսէոսն
ու
Արիանը,
պաշտելի
Ցուլն
էր
եղած՝
խորշելի
Մինոտաւրոս
[4]
։
Անցեալի
Գեղեցկութիւնն
էր
պատրանք,
այդպէս
այն՝
որ
կու
տանք
մեր
Տենչով
քարին
-
սրբութիւն,
անմահութիւն
պատրալիր…
Կը
փայլակէր
ծովն
հեռուն
արեւակէզ
լեռնէն
վեր,
Անցեալին
պէս,
կ’երգէին
միշտ
ճըպուռներ։
Բնութեան
Յաւերժութիւնն
էր
ահեղ,
մինչ
կ’երեւար
գերբնական։
Անմահութիւնն
երազուած
կարծես
անոր
միրաժն
էր։
Կուտար
զայն,
մինչ
կը
մընար
համայնակուլ,
անտարբեր,
Եւ
անձկութիւն
կու
տային
այրած
լուռ
լեռ,
ճամբաներ։
Օ՛
ինչ
են,
Տէ՛ր,
հոգիներն,
որ՝
երբ
կ’ապրին
տակաւին՝
Յարափոփոխ
կը
հոսին
իրենց
մէջէն
եւ
մէջէն
Հոգիներու,
խոյս
կու
տան։
Կ’անցնին,
կարծես
եղած
չեն,
Մահ՝
դեռ
չեղած
իրենց
տէր։
Անհունին
մէջ
կը
սուզուին,
Չգիտնալով՝
թէ
որո՛ւ
ծառայեցին,
ո՛ր
գործին…
Կ’անցնին։
Իր
հետ
կը
տանի
ամէն
ոք
լոյսն
իր
ներքին,
Որ
որոնած
էր
ի
զուր
եւ
իր
գտըածն
էր
միշտ
սին։
Կանուխ՝
խըռով
եմ
բոլոր
յիշածներուս
լոյսին
տակ։
Որոտումները
ծովին
կ’արձագանգեն
խորերէս՝
Որ
խոր-վիրապ
է
դատարկ
եւ
քաշուած
եմ
ու
մինակ։
Եւ
անժառանգ
կը
զգամ
զիս,
բեղուն
ըլլամ
անգամ
ես։
Ողբերգութիւն
է
իրօք
ամէն
ինչ
եւ
ամէն
կեանք։
Ափին
վրայ
կը
տեսնես,
թէ
հոգիներն
են
թշուառ՝
Փնտըռելով,
սիրելով
եւ
ատելով
միշտ
իրար։
Ամէն
մէկն
է
բզըկտեալ
եւ
առանձին
իրապէս։
Բայց
մինչ
խըռով
եմ՝
կանչեր
ըզգաստութեան,
լուսավառ
Կանաչ,
ոսկի՝
կու
գան
վեր
ծովէն,
զիս
վեր
կը
մըղեն։
Ափին
վրայ
թաւալող
փրփուրներէն
եւ
աղէն,
Խոտէն
կու
գան
բոյր
ու
ձայն
մաքրարար
ու
բարձրարար
Զօրութեամբ։
Չար
ոգիներ
հորիզոնէն
կ’երթան
վար։
Կ’աղեղեն
զիս՝
աղեղուող
ծով,
հորիզոն,
լեռ,
կատար։
Եւ
հեռուն
կայ
բարութիւն
մ’որ
եղած
է
անդադար։
Հորիզոնն
է
բռընկած
արծաթ,
կապոյտ
է
հեռուն։
Լերան
վրայ
փռուած
են
նարնջագոյն
մետաքսներ,
Եւ
տուներն
ու
ծառերն
են
ոսկեզօծուած։
Եւ
մինչդեռ
Լըռութիւն
է
տակաւին
յաւերժական՝
կառքերուն
Անիւները
կը
թռչին։
Փողոցներն
են
թրթըռուն։
Նաւահանգիստն
է
զարթնած։
Եւ
կայմերուն
անհամար
Նիզակները
կը
փայլին
եւ
պղինձներ,
պարաններ,
Եւ
փրկութեան
գօտիներ
կը
փայլակեն
տարուբեր։
Մարդիկ
զանոնք
ըզբօսման
ճամբորդութեան
մը
համար
Կը
պատրաստեն,
կը
լըւան։
Աշխատանք
է
խանդավառ։
Եւ
կը
լսուի
շինութեանց
երկաթ
ձողեր
ու
քարեր
Բարձրացընող
մեքենան։
Աշխատանք
է։
Կը
լըսեմ
Արարչական
երկնում
մ’այս
լուսաբացին
մէջ՝
վըսեմ,
Եւ
զայն
մէջէս
կը
լըսեմ,
տաղեր
կու
գան
ինէ
վեր։
Ջերմեռանդ
եմ
ու
տարուած՝
առաւօտեան
այս
լոյսէն։
Գիտեմ,
թէ՝
մինչ
խաբեբայ,
շլացուցիչ,
դաւաճան
Արեւն
է՝
ինչ
կարօտով
միշտ
փառք
տուած
եմ
անոր
Հայրերուս
պէս։
Ան
կու
գայ
փրկիչի
պէս,
ամէն
օր,
Կը
բաշխէ
կեանք,
բարութիւն,
ադամանդներ
թեւաւոր՝
Հողին,
ծովին,
մինչ
թռչող
գիշատիչներ
կը
ճչան։
Ոգեկան
լոյսը,
գիտեմ,
ճզմըւի
իսկ՝
չի
մեռնիր։
Պաշտպանն
է
ան
տըկարին՝
որ
բարբարոս
հըզօրէն
Շատ
աւելի
կը
տեւէ
մերթ,
շընորհիւ
անոր,
իր
Անոր
սէրով։
Ան
կու
տայ
այլ
մեծութիւն
մը
իրեն,
Որմէ՝
զէնքով
գերիվեր
մեծութիւններ
մերթ
զուրկ
են։
Գիտեմ՝
ահեղ
գիտութիւնն
հըրաշագործ
է,
մարդուն
Մաշած
սիրտը
կը
հանէ,
կը
դընէ
նորը,
ունի
Մեքենաներ
թըւաբան
եւ
պեղիչներ
անհունի,
Քերթողներէն
աւելի
երազանքի
զօրութիւն։
Լուսին
հասած
է,
կ’երթայ
վաղն
աւելի
շատ
հեռուն։
Երջանկութեան
կարօտէն
աւելի
շատ՝
իմացման
Ծարաւն
ունի
մարդկութիւնն,
որ
անով
միշտ
կը
մեծնայ,
Մինչ
անիմաց
աշխարհ
է,
բարետենչ,
բայց
անխընայ։
Կ’առաջանայ
ուղղուելով
անվերջ
դէպի
անսահման,
Ձգտելով
միշտ
հեռաւոր
աշխարհներու
մեկնութեան։
Իր
այդ
ծարաւն
է
աղօթք
եւ
աւելի
անձնըւէր
Ու
մեծարար՝
քան
աղօթքն
աշխարհական
դըրախտի,
Որ
կայ
ծառին
մէջ
անգամ՝
որ
դէպի
լոյս
կը
ձգտի։
Այդ
ծարաւն
է
ծառին
կոյր
այդ
ձգտումէն
գերիվեր,
Թէեւ
կ’ուզենք
վերելքէն
շատ
աւելի՝
մարդոց
սէր։
Օ
իմացման
ի’նչ
հոգ,
սէր
ունեցեր
եմ
առտըւան
Սեմին,
թէեւ
անհամար
հաւատքներ
են
խաթարուեր
Եւ
առասպել
են
դարձեր
արարքները
պատմական,
Բայց
մեծ
երկեր
են
տըւեր՝
սրտէս,
մտքէս
գերիվեր։
Ի՜նչ
ծարաւով
լոյսերն
այդ
ծծեր
է
միտքըս
խոպան։
Եւ
մինչ
միտքս
է
փեռեկտեալ
իր
լոյսերէն,
յոյսերէն,
Մինչ
երկին
շուրջ
կը
դառնան
շնաձուկեր՝
ան
դարձեալ
Առտուն
կանուխ
կը
լծուի
գործին։
Ըլլալ
լուսացեալ,
Լուսաւորիչ.
ջնջածին
կը
ձգտի
կեանք
տալ
նորէն,
Վհատանքէն,
ցաւերէն
օգտըւելով
լայնօրէն։
Շինել,
շինուիլ
շարունակ։
Մանկութենէն
ի
վեր
մեր
Այդ
ենք
ըրած
մենք՝
մեզի,
մարդոց
համար,
անհունին
Համար
նաեւ,
շընորհիւ
անոնց,
մեզի,
սերունդներ
Այդ
են
ըրած,
աշխատանք։
Պիտի
շինեն
ու
շինուին
Այլ
եկողներ
գերիվեր,
յարանորոգ
եւ
անվերջ…
Երթեւեկող
ջուրերուն
շարժումը
երբ
զիս
կէս
դար
Ետ
կը
տանի՝
կը
յիշեմ,
թէ
ունէի
սէրն
անոր։
Շարժումն
այդ
մէջս
էր,
անով
ծնած
արդէն,
ուղեւոր՝
Կ’երթայի
եւ
այդ
երթն
էր
շինել,
շինուիլ
անդադար,
Մարդոց
երթալ,
գալ
ինծի,
առնել
եւ
տալ
ամէն
օր,
Ընդունելով,
մերժելով,
ես՝
ի
ծընէ
շինարար։
Հայրըս,
կանուխ,
կը
կենար
Տիրոջ
առջեւ,
կը
խօսէր։
Իր
ցաւերը
կը
պատմէր,
բայց
փառք
կու
տար
դարձեալ
ան։
Աղօթքէն
վերջ՝
կը
լըծէր
իր
գործի
ձին՝
որ
թեւեր
Ունէր
լուսէ,
սմբակներ
լուսացայտ։
Հայրս՝
իր
վըրան՝
Աշխատանքի
դարաւոր
փառաբանմամբ,
ջանասէր
Եւ
բարեսէր՝
կը
մեկնէր
հուրերուն
մէջ
առտըւան։
Աշխարհ
փոխած
եմ։
Կանուխ՝
ջուրեր
խօսող,
լուսաբաց
Զիս
ջերմեռանդ
կ’ընեն
եւ
զիս
ինէ
վեր
կը
մըղեն։
Պէտք
էր
շինել,
կը
շինեմ:
Տէ՛ր,
աշխատանքս
է
քերթուած,
Եւ
ընդունէ՛
զայն՝
որպէս
աղօթք,
հաւատք
լուսեղէն,
Տէ՛ր,
որ
անվերջ
կը
շինես
եւ
կը
շինուիս
նոյն
ատեն։
[1]
Ակնարկութիւն
Սուրբ
Ֆրանսուա
տþԱսսիզի,
խորհրդանիշ
խոնարհ,
բնութենապաշտ
ու
մարդապաշտ
սրբութեան:
[2]
Ժան
տը
լա
Քրուա.
-
ԺԶ.
դարու
սպանացի
մտաւորական,
եկեղեցական
գործիչ,
միստիք:
[3]
Միրաժ.
-
տեսողական
պատրանք:
[4]
Կնոսոս,
Թեսէոս,
Արիան,
Մինոտաւրոս.
-
Վերջինները`
կերպարներ
հելլեն
դիցաբանութենէն:
Առաջինը`
հնադարեան
բնակավայր
Կրետէի
մէջ: