ԱՇՆԱՆ
ԳԻՇԵՐ
Մեռած,
հին
սէր
մ’էր
որ
հո՛ն
կ’աղաղակէ,
հո՛ն՝
հեռուն,
Երբ
մութին
մէջ
անսահման
կ’ելլեն
շուներն
հեւասպառ
Աշնան
վայրագ
հովերուն
Ու
կը
վազեն
ծառէ
ծառ՝
Քաշկռտելով,
պատռելով,
բզկտելով
բրտօրէն
Տարածութիւնը
ցրտին,
փախչող
ամպերը
վերէն։
Մեռել
մ’է
որ
իր
շուրջի
կը
շարժէ
հողը
կարծես
Ու
կը
հեւայ
ծծելով
իր
շրթունքները
դողդոջ՝
Երբ
փրկարար
մաղձի
պէս
Ու
արցունքին
պէս
կընոջ
Կ’իջնէ
անձրեւը
աշնան՝
տանիքն
ի
վար,
պատն
ի
վար,
Մայթերն
ի
վար
ամայի,
լաստերու
պէս
հողմավար։
Գեղեցկութիւն
մ’է
սիրուած
ու
պաշտըւած,
ակամայ
Սպաննըւած…
երբեմնի
երազ
մըն
է
առնական,
Որ
կը
շնչէ,
մերթ
կ’ողբայ,
Երբ
կը
դառնան,
կը
խոկան,
Սողոսկելէն
կը
հեւան
յարալէզները
հովին,
Լափլզելով
հող
ու
քար,
արշաւելով
խմբովին։
Ա՜
յարութեան
այս
ի՜նչ
ճիգ…
Ճարճատումով
հրդեհի,
Փըլուզումով
մը
յուզիչ
կը
թաւալին,
կը
թափին
Ճիւղերն
ամէն՝
ամեհի
Հարուածներէն,
որ
քամին
Կուտայ
աջին
ու
ձախին…
Օ՜
ի՜նչ
պոռթկում.
կը
շրջին
Ու
կը
սուլեն
խուռներամ՝
թաց
տերեւները
վերջին։
Մտրակներու,
սուրերու,
կացիններու
տակ
կքած՝
Կ’աղաղակեն
տրտմագին,
կուլան
ծառերը
հսկայ…
Սոսկում՝
որ
ոչ
մէկ
արկած
Պիտի
կրնար
տալ
այսքան,
Կը
դողայ
տունը՝
որուն
պատերուն
դէմ
կը
նետեն
Պաղ
դիակները՝
խլուած
մոռացումի
անդունդէն։
Կը
խնդայ
թուփ
մը
գաճաճ,
իր
խնդուքովն
ախտագին։
Խարխափելով,
սահելով
սուր
մագիլներ
կը
ծեծեն
Պատուհանիս
ապակին,
Որուն
ետին՝
փողոցէն,
Հեռուներէն
փայլակող
սարսռուն
լոյսեր
դիւային,
Մղձաւանջի
աչքերու
պէս
սառնօրէն
կը
նային։
Ա՜
յարութեան
այս
ի՜նչ
ժամ…
Մանկութեան
մէջ
լսուած,
հին,
Հեքիաթային
ճիչեր,
ջերմ
երազանքներ
մոգական,
Պղտոր
յուշեր
կը
սահին,
Մարած
յոյսեր
կը
պոռթկան
Գիշերուան
մէջ,
մութին
մէջ
մոռացութեան
նըման
խոր,
Ուրացումին
պէս՝
որ
զիս
խաւարեցուց
օրէ
օր։
Ու
հին
կորով
մը
յետոյ,
հին
վեհութիւն
մը
արու.
Տապարներու,
նետերու
տակէն
յանկարծ
կը
ցցուին
Փաթթըւելով
իրարու
Կ’ոռնան
ծառերը՝
հովին
Ընդվզումով
կը
բախին,
կը
թաւալին
օդն
ի
վեր՝
Հեղեղատի
պէս
յորդուն,
գոռոզութեամբ
մ’անվեհեր։
Հին
տարիներս
են
ցաւի,
թափառումի
մը
մոլոր…
Վիհի
մը
պէս
կը
բացուի
ամբողջ
աշխարհ
մ’անցեալի՝
Լռութեան
մէջ,
որ
բոլոր
Այս
ճիգերէն
ահռելի,
Պայքարէն
վերջ,
ցուրտին
մէջ,
արձագանգով
մը
տըխուր,
Կախարդական
կանչերով
կը
ծաւալի
բլուրէ
բլուր։
Ա՜
ի՜նչ
հսկում
ու
ի
զուր
ի՜նչ
սպասում՝
այս
գիշեր,
Երանութեան
մը
համար
ու
մաքրութեան
մ’որ
հիմա
Կը
զգամ,
աշխարհ
մը
կ’արժէր,
Երջանկութեան
մը
համար,
Որ
անհնար
է
գտնել
ա՛լ՝
հակառակ
կարօտին
Ու
զղջումին
մեծ՝
որով
աչքերս
այրած
կ’արնոտին։
Ի՜նչ
սպասում…
ընդհարում…։
Ո՛չ,
պիտի
բնա՛ւ
չկրնամ
Մըխիթարուիլ
խորթ,
խարդախ
նըմանութեամբ
մը
ճարտար՝
Որուն
դիմեց
Շամիրամ,
Որուն
լացով
մը
երթար
Պիտի
ամէն
յուսաբեկ՝
համակերպած
իր
բախտին…
Պիտի
երբեք
չկրնամ…
Ու
դառնութեանըս
ետին,
Կասկածանքիս
մէջ
դարձեալ՝
հոգիս
իր
սէրն
առաջին
Կը
փնտըռէ,
կը
յուսայ,
երբ
փողոցները
աշնան
Անձրեւներէն
կը
թրջին,
Երբ
տերեւները
կ’իյնան
Արիւնի
պէս
կաթկթուն
ու
ցիր
ու
ցան՝
մինչեւ
լոյս
Կ’իյնան
ճիւղերը
կոտրած՝
բեկորներուն
պէս
հոգւոյս
[1]
։
[1]
«
Աշնան
գիշեր
»ը
վերարտադրուած
է
«
Սուտը
»
քերթուածով
(«
Տեղատուութիւն
եւ
Մակընթացութիւն
»):
Ներկայ
տարբերակը
վերցուած
է
«
Հայրենիք
»
ամսագրէն,
Հոկտեմբեր
1934: