ՎԵՐԱՑՈՒՄԻ
ՆԱՒԸ
Վարը,
առջիս,
վիթխարի
ցըռուկ
է։
Ծայրն
է
հեռուն։
Կ’առաջանայ
պաղ
մութին
մէջ
ուշ
լուսցող
առտըւան։
Հորիզոնով
եզերուած
նաւ՝
լուսավառ,
իր
վըրան
Լոյսեր
զմրուխտ։
Ծայրիններն
են
երկնամուխ,
թրթըռուն։
Իր
եզրերուն՝
բըլուրներ
վառ,
մեծ
շէնքեր
եւ
անտառ
Վենսենի.
վերը՝
ծառեր՝
մինչեւ
երկինք
կը
հասնին,
Վարը՝
Մառնը,
ադամանդ,
ոսկի,
որպէս
ծով՝
լուսնին
Տակ
կը
բացուի,
կը
գոցուի,
փայլակելով
անդադար։
Վայրի
ափեր,
խոպան,
լուռ։
Փարիզ՝
ետիս,
իր
բոլոր
Գիւղերով
եւ
գանձերով։
Կան
երամներ
լուսեղէն՝
Անշարժ,
հուրէ
թեւածող
տառեր՝
որ
գոյն
կը
փոխեն,
Գիծեր
բեկուող,
կազմըւող,
հուրեր,
ծուխեր
ուղեւոր։
Առտուն
կանուխ
նաւն
առջիս
է։
Կը
տեսնեմ
զայն
վերէն,
Նաւապետի
խուցէս։
Ան
կ’երթայ
հանդարտ։
Կան
ալիք-
Ալիք
փայլող
տանիքներ,
աշտարակներ
սըլացիկ,
Կարմիր
աստղեր։
Անտառէն
կ’անցնին
կառքեր.
կայծեր
են։
Հոս՝
բընութիւնն՝
սկսեալ
մանկութենէս
յիշելի։
Յիշատակներ
կէս
դարու,
այցելուներ
վերը,
հոս։
Քաղաքին
մէջ
այլազան
յիշատակներ՝
մշտահոս
Մոռացման
մէջ։
Զիս
ճամբորդ
կ’ընէ
հոսումն
անցեալի։
Այն
պահն
է՝
երբ
ես
ոտքի՝
վհատանքով,
ամայի
Տարածութեան
մէջ
մինակ
ու
տարագիր
զիս
կը
զգամ,
Մինչ
տուներն
են
ծըրարներս՝
աշխարհով
լի։
Կայ
հսկայ
Փողոց
մը
բաց…
Անձկութեամբ
միշտ
ետ
առաջ
կը
նայիմ։
Ի՜նչ
քաոս…
Բայց
հըմայիչ
նաւն
այս
կ’երթայ
մերթ
հոն՝
ուր
Կրնամ
հանգիստ
մը
գտնել,
կամ
այնտեղ՝
ուր
ես
կրնամ
Տալ
տալիք
բերքս,
ազատիլ
եւ
ըլլալ
գոհ
ինէ,
կամ
Տեսնել
շընորհն
աշխարհին
եւ
շընորհներն
երկնատուր։
Այս
բոլորն
են
խըռովիչ։
Գիտեմ՝
անհաս
են։
Պատրանք
Դաժան,
տաժանք
է
չորս
կողմ։
Գեղեցկութիւն
մը
միշտ
կայ
Սակայն,
առտուն՝
գերազանց
դարձող
բան
մը
ապագայ
Եւ
յուսատու։
Կը
նայիմ
գոհութեամբ։
Տեղ
մը
կ’երթանք։
Այստեղ,
վերը,
կ’երեւայ
ծովը
ներքին,
մարդկային,
Տիեզերքի
եւ
Տիրոջ
խորհուրդներուն՝
միասին։
Կ’առաջանայ
նաւն
անոնց
մէջ
եւ
տըւած
իր
յոյսին
Քաղցրութիւնն
է
բարերար։
Վերացումով
կը
նայիմ։
Նաւն
է
մերթ
այն՝
որ
մեռած
վեհ
փարաւոն
մ’ունէր
իր
Գերեզմանին
մէջ,
որով
կ’երթար
անցնիլ
կըշիռէն
Աստուծոյ
եւ
վիժիլ
կամ
անմահանալ
բարձրադիր
Նըժարին
մէջ…
լուսացեալ
ըլլալ,
աշխարհ
գալ
նորէն։
Անսահմանին
մէջ
լըռին
կը
սահի
միշտ
լուսավառ
Նաւն
այս՝
անվերջ
ուղեւոր։
Եւ
եթէ
ան
չի
հասնիր
Երբէք՝
կ’երթայ
շարունակ,
կ’ոգեւորէ
զիս
երթն
իր։
Բարձրանալով
երկինքէն
վեր
ան
կ’երթայ
վեհաբար։
Համայնական,
անձնական
լինելութեան,
կատարեալ
Եւ
սրբացեալ
դառնալու
ուղեւորումն
է
կարծես
Այս
նաւով՝
որ
յայտնութեան
պէս
է,
դուրսէն
եւ
ներսէս։
Կեցած՝
կ’ուզեմ
երկիւղած
խանդով
նայիլ
եւ
փառք
տալ
Այս
առաւօտ,
անձկաբեր
այս
խաւարին
մէջ՝
դարձեալ…