Միջերկրական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼՌՈՒԹԻՒՆ

Մ. Գույումճեանին

Չենք գիտեր՝ ինչպէս, քիչ­քիչ

Կը թանձրանայ մեր մէջ՝ մեր ուղեղէն ու սրտէն

Բխած

Լռութիւն մը՝ յուսալքիչ

Ու փրկարար նոյն ատեն,

Երբ ջաղացէ ջաղաց

Արշաւելով կը սպառինք,

Սպառելով պատրանք, խինդ ու սէր՝ անցնող կեանքն ի վեր։

 

Լռութիւն մը կնոջ պէս՝ որ կը քաշէ մեզ առ ինք,

Այն պահուն՝ երբ մեր առջեւ, մեր շուրջ պարապը կը զգանք,

Կ’ըլլայ զմուռս մը կարմիր՝ մեր շրթներուն զարնուած,

Լռութիւն մը անձնուէր՝

Մերթ ժպտելով տխրութեամբ, բուժելով ցաւ ու զրկանք,

Փորձելով մերթ մեզ պատրաստ ընել մահուան կամուրջին։

 

Չենք գիտեր՝ ինչպէս, քիչ­քիչ, այդ լռութիւնը վերջին

Մեր օրերուն՝

Հսկումի լռութեան պէս, կը դառնայ խորհուրդ մը մեծ

Յղացման,

Պերճ վերջալոյս մը՝ որուն

Լոյսերուն տակ կ’աղուորնայ, կը շքեղնայ ամէն բան։

 

Հմայաթափ՝ կ’ուժովնայ հոգին, որ կեանքը խաբեց։

Ուժերն ամէն կ’ամփոփուին։

Կը նմանինք ժայռին վրայ երկնամերձ սեւ արծիւին,

Որ յաղթական խոյանքով պիտի սուրայ յանկարծ վար։

Կը նմանինք սրտատրոփ Քոլոմպոսին՝ որ դժուար

Ճամբորդութեամբ մը հասած՝

Կը գտնուի իր փնտռած աշխարհին հետ դէմ դիմաց։

 

Չենք գիտեր՝ ինչպէս, քիչ­քիչ՝

Կը դառնանք կամք, կորով ու խանդ՝ ճիգերէն վերջ,

Որ եղան զուր, ընկրկիչ

Այս լռութեամբ՝ կախաղան

Բարձրանալէ առաջ իր կտակն ընող անմեղին լռութեան պէս,

Որ կը յիշէ կեանքն ամբողջ, մերթ՝ տողէ տող՝

Նետելով հուրն իր ցասման սխալներուն զինք քանդող,

Մերթ հեզութիւն մը սուրբի, ծիածանի լոյս մը վէս։

 

Լռութիւն մ’ուր կ’ըմբռնենք,

Թէ բան մը չենք, մեզի հետ՝

Մեր բիւրեղները ձգած կ’ոչնչանան մոռացութեան մէջ՝ անհետ։

Լռութիւն մը դառնադառն՝ ուր կը լսենք աշխարհին

Թաւալումը պարապին մէջ անսահման,

Կը զգանք, թէ սին առասպելն իմաստութիւն կ’ըլլայ, կեանք,

Եւ այս բոլորը կրկին առասպելի կը փոխուին,

Կամ երազի մը պատիր,

Ուր մեր լացերն անգամ չար արձագանքով կը պայթին։

 

Բայց լռութիւն մը խրոխտ՝ այս խեղճութեան ու ցաւին

Դէմ Խստութեամբ կեցողի, վրէժխնդիր.

Նաւ մ’ընկղմած պահուն վեր աշտարակուող,

Ծառացող կենդանութիւն մ’ամբողջական ու վերջին.

Չենք գիտեր ինչպէս, քիչ­քիչ՝

Ան կ’ըլլայ մեր ինքնութիւնն՝ եկած հոգւոյն խորերէն

(Ուր ցեխ է, ժանգ ու զզուանք՝

Հազարաւոր շուքերու սեւ հեղեղէն մնացած),

Եկած, դիզուած՝ հեռաւոր սահմաններէն մեր խղճին,

Մեր ինքնութիւնը խլող նմաններէն ընկրկիչ,

Երբ ձեռնթափ ենք արդէն։

 

Լռութիւն մը բարեբեր՝

Բարձրացում մը՝ երբ ցաւով մենք մեզ կը զգանք ինկած ցած,

Խոնջ՝ բառերէն, կոտրելէն զանոնք որպէս շէկ զմուռս,

Մարդոց առջեւ բանալէն ողբերգութեան դուռը մեր…

 

Ան սեւ է, ծանր՝ մեր ուսին վրայ տարուած քարին պէս,

Կամ թոյնին պէս դիւթական, երբ մեզ մեր մէջ, մենէ դուրս

Կը տեսնենք մենք,

Դուրս, ներս, մարդոց, իրերուն, բոյսերուն մէջ նաեւ մեզ,

Զանոնք մեր մէջ… Կը վախնանք արբեցումէն, կը քալենք.

Կը մոլորինք ըլլալով այսքան յստակ,

Ճանչնալով այս սփինքսին շունչին տակ՝

Մեզի, մարդոց հետ խաղցող ճակատագիր մը յիմար։

 

Ան սեւ է, դառն՝ շարունակ նոր կերտումի մը համար

Ինքզինք քակող հոգիի մաքառումի մը նման,

Տարիներուն, դարերուն մէջ կրկնուող շարունակ…

 

Բայց ինչպէս, քիչ-քիչ, չենք գիտեր՝ ինչպէս,

Մեր այս ուրացման վերջին օրերուն,

Ան կ’ըլլայ առատ յորդում մը ներքին

Եւ ամբողջական կամք, խանդ ու գորով,

Կոտրելով բոլոր կապանքներն անձին,

Արգելքներն ամէն, շուրջի՝ մեր խղճին

Խրող բողոքներն ու ողբերն, արդար բայց սին ու չնչին։

 

Կարծէք թէ մէկը, որ մենք ենք ու չենք, կը տանի զմեզ

Մեզի՝ հակառակ ցաւին, խոնջէնքին,

Հրելով միշտ մեզ՝ հուժկու թեւերով,

Որպէս զի հասնինք գալիք դարերուն։

Անցնինք ձգելով մեր հետքերն արնոտ - դղեակէ դղեակ,

Դռներուն տակ փակ - մութին մէջ փայլող

Արջասպն ու կարմիր, վառ հայելիներն անձկոտ քայլերուն։

 

Կարծէք թէ ուժ մը, անխոնջ, անսպառ՝ կրկին ու կրկին

Դարերու մէջէն նետելով բոցեր՝

Կուգայ, կը պրկէ մեր հոգին ծփուն,

Այրելով զմեզ որպէս ողջակէզ,

Որպէսզի ըլլայ մեծութիւն արնոտ ժողովուրդը մեր,

Սփիւռքի մթին, զառիթափ ճամբուն,

Որ լիրեան լիրբ, նենգալիր ու խենթ հովերն են ծեծեր։

 

Չենք գիտեր՝ ինչպէս, քիչ­ քիչ՝

Կը տարածուի մեր մէջ, մեր ուղեղէն ու սրտէն

Բխած՝ կ’աճի սպառման հասունութեան, բարձրացման

Լռութիւն մը յուսալքիչ

Ու փրկարար նոյն ատեն,

Երբ գիտենք, թէ կ’իյնանք միշտ վար՝ միշտ նման

Աչքերն հանուած արծիւին, որ կը պայթի շնչասպառ՝

Կը թաւալի,

Ազատութեան մը համար

Երթալէ վերջ լոյսին՝ միշտ անհաս, անկուշտ, ահռելի [1] ։



[1] « Լռութիւն »ը քաղուած է « Արեւմուտք »ի 4 Ապրիլ 1948ի թիւէն: Ձօնը` Մեսրոպ Գույումճեանին, ֆրանսահայ հանրային դէմք: