Միջերկրական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱՅԹՔ

Բայց լուսաբացը կու գայ, կը բանայ զիս լայնաբաց։

Եւ վեհութիւն այս ծովն է, լոյս, հաւատքի պահ է, մինչ

Վայրի, անյագ թռչուններ կ’արձակեն ճիչ ու կռինչ՝

Որ վայրագ են, բայց յուզիչ, կռունկի կանչ, քաղցի լաց։

 

Կը քալեմ մեծ կարօտով։ Չեմ գիտեր՝ ինչ կը սպասեմ։

Բայց լուսածագ է վառեալ, փառաւորեալ, յաղթական։

Մինչ ալիքներն են լոյսին զոհ արիւնող ցուլեր, կան

Յորդող, թռչող ոսկիներ։ Կարմիր այս ծովն է վըսեմ։

 

Վսեմութիւն մարդկային՝ որ ցաւերով կու գայ վեր,

Իմացական մեծութիւն, դժբախտութեամբ, հըրավառ,

Ողբերգութեամբ բարձրացող գեղեցկութիւն է, մինչ վար

Կ’իյնան թեւեր, կը բացուին անվէրջ՝ հըզօր, նոր թեւեր։

Անհունին մէջ արձակուած պողպատներու պէս ջուրեր,

Հուրեր՝ նըման կըրակին, հրթիռներուն. հոյակապ

Բարձրացում է դէպի վեր։ Աստուածային զօրութեամբ

Փայլող լոյսեր անդունդէն շընորհի պէս կու գան վեր։

 

Նարընջագոյն, լայնաբաց այս լոյսերուն մէջ՝ կարմիր,

Այս հուրերուն մէջ, առտուն, անվերջ այրեալ ոգին մեր,

Այրեալ, սակայն միշտ յարեալ եւ բարձրացեալ, լուսաբեր,

Փիւնիկին պէս մշտածին՝ մոխիրներուն մէջէն իր։

 

Անկեալ սակայն միշտ կանգուն եւ բարձրացած, եւ խորհուրդ՝

Մարդկայնութեան տառապող, մարդկայինի կերտումին,

Մեզի մտքի խորացում տըւող մեծ լոյս՝ այս ոգին՝

Հայութիւնն այս, ջերմութիւն՝ առաւօտեան մէջ այս ցուրտ։

 

Զիս լուսաբացն է բացած լայն, կապոյտ ծով է անհուն.

Արեւ, ու կեանք, անսահման ափեր, բերկրանք, եւ երբ ես

Կը դիտեմ այս վերացմամբ՝ Միջերկրականն այս, խորէս

Կը ժայթքի ճիչ մը խինդի՝ աղօթքներու այս պահուն։