Միջերկրական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԼԻՔՆԵՐ

Եկեր եմ ծով՝ կարօտով։ Պէտք էր ըսել ծով, լոգանք,

Հանգիստ, վայելք… բայց ահա՝ յուշերս իմ միշտ եւ միշտ իմ

Թուղթերս, յոյզերս, եւ երբ ես վերջալոյսին դէմ նստիմ,

Լոյսն՝ արիւնող հողերուն մենէ խլուած երկրին թանկ։

 

Վերջալոյսին մէջ ոսկի՝ քաղցրութիւն ձայնն է ծովին։

Բայց կտըրուող ու կապուող կապեր… Ջուրեր կը խուժեն

Յոյսերու պէս, կը սուզուին խորշէ մը ներս, եւ խորշէն

Դուրս կը նետուին քայքայուած։ Ափէն ողբեր կը լսուին։

 

Ծո՜վ, լոյս, ծառեր, բըլուրներ եւ այգինե՜ր… պէտք էր ես

Երջանկութիւն ըսէի, բայց տխրութիւն է կրկին։

Ճակտիս գրուած է՝ որ լոյս եւ շուք տեսնեմ միասին։

Միջերկրականն այս դիտեմ խինդով, յուզուիմ խորերէս։

 

* * *

Գիշերն ափէն կը քալեմ եւ ինծի հետ կը քալեն

Լոյսեր։ Լուսնին տակ վառեալ մորենի ծովն է, բիւրեղ։

Հեռուն՝ լոյսեր ափերու՝ ողկոյզներու պէս, տեղ­տեղ,

Եւ ուղեւոր մեծութիւն՝ որ կու գայ խոր անցեալէն։

 

Գիշերը՝ ձայնն անհունէն խուժող հըզօր ջուրերուն,

Եւ բազմութիւն եւ նըւագ։ Բայց կրկէս է աւերակ՝

Լուսինին տակ, ձիթենեաց ետին եւ ձայն շարունակ՝

Փըլուզումի, հոսումի…։ Գողգոթաներ կան հեռուն։

 

Ծով՝ սուրբերու անցեալի, հանճարներու, ծով վըսեմ,

Բայց աստուածներ ահռելի՝ կէս-դեւ, կէս-մարդ, խորամանկ,

Տիրակալներ բարբարոս, վայրագութիւն, տառապանք,

Եւ կոթողներ՝ յօշոտուած մոռացութեան աւազէն։

 

Միջերկրականն այս շըքեղ՝ հեծեծանք է, ողբ, բողոք

Եկած, անցած ցեղերու։ Անցեալի մէջ ի զուր մենք

Երջանկութիւն կը տեսնենք եւ ի զուր զայն կը սպասենք

Գալիքէն. միշտ բախում, ցաւ, կեանք՝ աւելի անողոք։

* * *

Նոր երազներ կան, սակայն ես երազել չեմ կրնար,

Ես չեմ կրնար առաջուան պէս երազել, մինչ միշտ հին

Լուսինն է, լուռ երկինքն է նըման ներքին աշխարհին…

Անցեալ, գալիք կ’ընեն դառն, անբաղձալի՝ հոս իրար։

 

Գիշերներն՝ հոս կը յիշեմ, թէ հին աշխարհը՝ հեռուն՝

Կը կործանէր։ Կըռիւ էր ճամբուս վրայ, սարսափ, սով։

Հինն էր փտած, նորն էր բիրտ՝ իր հաւատքով եւ յոյսով։

Հեղեղն էր մեծ՝ իր խլած եւ իր տուած զոհերուն։

 

Մեր դարն ոմանք կը տեսնեն մեծ, հանճարեղ, վերջնական, -

Եւ չէ. ճամբայ կայ դեռ մեծ եւ անհունն է անըսպառ.

Հոգին՝ անհուն, մարդկային ըլլալն է դեռ անհնար։

Եկող յոյսերը վըսեմ՝ միշտ չարիքի պէս կու գան։

 

Եւ անձկութիւն, քայքայում, ցաւ է միշտ՝ մինչ կը շրջին

Մոլորակներ մետաղէ եւ պողպատներ կը սուրան

Անհունէն վեր, կը թռչին մեքենաներ մոգական,

Անջրպետներ կը կտրեն ուղեւորներն առաջին։

 

* * *

 

Մերթ լուսինն է այն՝ որուն կը նայէին պանդուխտներ,

Եւ այն՝ որուն նայելով վանքի քերթողն ալեւոր

Անցեալ փառքեր կ’ափսոսար, եւ յուզիչ ողբն էր անոր.

«Աստուածավառ լապտեր»ին տակ շիրիմներ կը տեսնէր [1] ։

 

Լուսինն է մերթ՝ «խեղդամահ հայրենիքին աչքին պէս»

Եւ նոր երկիր է, ծընունդ՝ ես կը յիշեմ նոյն ատեն։

Կարօտներ հին զիս անվերջ նորերուն դէմ կը նետեն,

Եւ նորերուն առջեւ՝ մեզ հիներով խեղճ կը զգամ ես։

 

Գիշերն ափէն կը քալեմ եւ ոսկորներ կը քալեն,

Եւ արծիւներ, բազէներ՝ կռուի կ’անցնին յուսաբեկ,

Եւ յօշոտող գազանին ձայնն է մութին մէջ՝ կարծէք,

Մինչ ծնունդ է, կը նայիմ՝ ոգեւորուած իր փայլէն։

 

* * *

Գիշերն՝ այս ծովն է խաւար անցեալը մեր, ներկան մեր,

Մնացորդներ քայքայուող, զոհեր յոյսի մը անցեալ,

Զոհեր յոյսի մը ներկայ, որ չի կրնար անոնց տալ

Գեղեցկութիւնն իր՝ առանց տալու քանդիչ հարուածներ։

 

Ջարդերէն վերջ՝ ի՜նչ խըռովք մընացորդաց համար դեռ

Ծընունդն այս մեր…։ Բայց եթէ ան չըլլար, ո՞վ պիտի տար

Մեզի հաւատք, ըսփոփանք եւ երեսին անարդար

Հըզօրներուն՝ պիտի մեր արհամարհանքը զարնէր։

 

Կան երազներ, կան, սակայն ես երազել չեմ կրնար,

Մինչ հին երգեր, կարօտներ եւ աղօթքներ կը յիշեմ,

Եւ կը յիշեմ ծնունդն այդ եւ կերտումներ հոյաշէն։

Անցեալ, գալիք կ’ընեն դառն, անբաղձալի՝ հոս իրար։

 

Եւ խորշին մէջ՝ իրարու կարծէք օձեր կը բախին,

Կ’իյնան կոյտեր մածուցիկ, կը զարնըւին պատերուն,

Մինչ լռութեան մէջ՝ կ’երթան լոյսեր խաղաղ, թրթըռուն։

Ալիք է մերթ՝ փայլակող նըման հնձող մանգաղին։

 

Անվերադարձ գաղթողներ կ’անհետանան միշտ հեռուն։

 

* * *

Գիշերն՝ ափէն այս օտար կ’երթամ կտրած ամէն կապ.

Աշխարհիս ծայրն եմ նետուած։ Եւ մինչդեռ զիս իմ խորքէս

Հայրենիքիս, մարդկութեան աւելի մօտ կը զգամ ես,

Աւելի շատ հեռացած՝ զիս անոնցմէ ես կը զգամ։

 

Գրուած է, որ շարունակ, անվերջ տեսնեմ թեր ու դէմ,

Եւ Արեւելք, Արեւմուտք բաժնեն իրենց միջեւ զիս,

Մանկութենէս՝ միշտ նայիմ օտար ափէն իմ երկրիս

Եւ ըլլամ խորթ՝ իբրեւ հայ՝ խորթ աշխարհին նոյն ատեն։

 

Ի՞նչ ընել պէտք էր՝ որ ես չըրի, որ զիս ընդունէր

Լոյսն ու տայի լոյս։ Տաղերս են յարաշարժ ծովին պէս։

Երկիրս է միշտ երկու, զիս՝ իր հետ երկու կը զգամ ես

Եւ մինակ եմ. ո՛չ մէկ տեղ կրցայ նետել արմատներ։

 

Խաբե՞լ, խաբուի՞լ…։ Ի՞նչ ընել, որ տայի յոյս, փերեզակ

Չզգայի զիս՝ տալով զայն ոմանց նման, մինչ ոմանց

Անկեղծ յոյսին, հաւատքին մերթ կը նայիմ ես սրտանց,

Թափառելով իմացման ճամբուն վրայ շարունակ։

 

Ինչպէ՞ս եղբայր մեզ ծախող օտարներուն ըսեմ ես։

Ճամբուս վըրայ թափառման իմ վըհատանքս է աճեր։

Ինչպէ՞ս հաւտամ մարդկութեան, երբ մարդկութիւն չեմ տեսներ,

Մինչ կը խորհիմ՝ հաւատալ պէտք է անոր, երկրիս պէս։

 

Եկեր եմ հոս, մինչեւ հոս, Թարակոնա [2] ։ Պէտք էր ես

Երջանկութիւն ըսէի, բայց խըռովանք է կրկին։

Գրուած է, որ ես նայիմ միշտ կասկածով աշխարհին։

Միջերկրականն այս դիտեմ յոյսով, յուզուիմ խորերէս։

* * *

Խաղաղութիւն է ամէն ալիքէ վերջ, սակայն խիճ,

Աւազ կարծէք կը թափին։ Ձայն է վիհի, հրկիզման,

Փըլուզման ձայն է տըխուր՝ խաւարին մէջ, եւ նըման

Խաղաղութիւնն է ներքին, եւ վըհատման պէս ճնշիչ։

 

Խաղաղութիւն մ’է թշուառ, եւ անկատար կարօտներ

Եւ ցասումներ կը խօսին, խօսքեր ցաւի եւ բարի

Բառեր՝ չըսուած…Գրուած է, որ աճելով ըսպառիմ,

Ըսպառելով աճիմ՝ միշտ՝ այս ծովին պէս տարուբեր։

 

Գիշերն ափէն կը քալեմ, մինակ, կտրած ամէն կապ…

Եւ հեռանալ կ’ուզեմ դեռ եւ աւելի շատ կարծես

Կը մօտենամ իմ երկրիս, մարդոց, ինծի, ծովին պէս

Անվերջ կապուած, կտըրուած, հզօր, անզօր զիս կը զգամ։



[1]            Ակնարկութիւնը կþերթայ Ղեւոնդ Ալիշանին: Անկէ է նաեւ մէջբերումը: Իսկ հետեւող մէջբերումը` Մ. Մեծարենցի մէկ անաւարտ քերթուածէն:

[2] Թարակոնա. - սպանական քաղաք` Միջերկրականի վրայ: