Միջերկրական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՑԱՒ է ՈՒ ԲԵՐԿՐԱՆՔ

-J’ai faim, dit l’aigle, -Mange, dit
Prométhée, en decouvrant son foie
(A. GIDE)

Ցաւ էր ու բերկրանք։

Արծիւ մըն էր ան, որ կը բզըկտէր

Լեարդն իր՝ վէրքին խորը մխըրճած կըտուցով մը չար՝

Արծիւ եւ ո՛չ անգղ,

Թէեւ խոնջ էր փոթորիկներէն՝ թոյլ ու փետրաթափ։

Ցաւ էր ու բերկրանք՝ ան՝ իմաստութեան կատարն աքսորուած այդ մարդուն համար,

Որ կը տրտնջար, մերթ կ’ըսէր անոր.

Արծի՛ւ, ցաւս է մեծ, բայց կե՛ր, զօրանաս,

Լոյսն ի վեր սուրաս…

 

Այդպէս չէ՞ր արդեօք եւ ձեզի համար՝

Վարուժան, Զօհրապ, Զարդարեան, Սեւակ եւ Սիամանթօ,

Օ՜ նահատակներ։

Չտըւի՞ք արնոտ ձեր կուշտն արուեստին,

Որպէսզի ձեզմով սնած՝ զօրանայ,

Դառնայ «Հացի Երգ», «Տրտունջ» ու «Գամբըռ»,

Կամ թէ «Սուրբ Մեսրոպ»։

Միթէ չտարի՞ք ձեր գիտակցութեան եւ խղճմտանքին

Այդ ցաւն հաճոյքով՝

Յանուն ձեր հոգւոյն յայտնութիւններուն,

Եւ յանուն ցեղին՝ որ դարերն ի վեր կը ձգտի լոյսին։

 

Այդպէս չէ՞ր արդեօք եւ ձեզի համար՝

Խաժակ, Զաքարեան, Վարդգէս, Շահրիկեան,

Օ՜ նուիրեալներ,

Ժայռերուն թառած հայդուկներ խըրոխտ եւ կամաւորներ,

Հպարտ մարտիկներ Վանի, Շատախի, Գարահիսարի

Եւ Մուսա լերան,

Որ պաշտպանեցիք ժողովուրդն անտէր։

Ձեր դրօշակն էր «Մահ կամ Ազատութիւն»։

 

Տըւիք, տըւիք միշտ։

Տըւաւ նաեւ մեր ժողովուրդն այս խեղճ՝

Որպէսզի փլած խորանը կանգնի,

Որբն ունենայ հաց ու կռուողը՝ զէնք։

Տըւաւ պանդուխտը վաստակն իր կեանքին,

«Ղուրպան լինեմ քէ» ըսելով ազգին։

 

Այդպէս չէ՞ր միթէ խաւար, ալեկոծ մեր անցեալն ամբողջ,

Պատմութիւնն Հայոց, ողբերու կոթող։

Տալ միշտ եւ յուսալ՝ գեղեցիկ տեսնել, ե՛ւ մեծ ե՛ւ շըքեղ՝

Եւ մեր անդադար կըռիւներուն հետ,

Կուրծք տալով եկող օտար ուժերուն՝

Ու մեր չարախինդ դեւերու մաղձով

Յաւէտ ջրդեղուած շղթաներուն տակ՝

Ծառանալ յաւէտ, դառնալ խանդ ու կամք,

Բարութիւն եւ սէր։

 

Այդպէս չէ՞ նաեւ այսօր, խենթեցած

Մղձաւանջային այս օրերուն մէջ,

Երբ աշխարհն ամբողջ քաոս մ’է մեր մէջ -

Կեղծիք, թմրութիւն եւ այլասերում,

Անկում՝ ցեխէ ցեխ, հայհոյանք, պարսաւ,

Մրցում փառքերու,

Ու պատրանքներու թշուառ զառանցանք,

Երկպառակութիւն,

Երբ աշխարհն Հայոց մէկ է, մէ՛կ նաեւ Ժողովուրդն Հայոց։

 

Ցաւ է ու բերկրանք։

Կը պրկենք կամքը մեր զոհողութեան։

Եւ մենք կը յուսանք։

Ցաւ էիք նոյնպէս, դուք՝ նահատակներ, եւ սակայն եղաք

Յոյս ինծի՝ երբ ես հոգւոյս ծայրն հասայ,

Հոն՝ ուր կը փըլին յոյսերը բոլոր, պատրանքներն ամէն,

Եւ կը մռընչէ օտարութեան մէջ

Խաթարուած կեանքին ցաւատանջ քամին։

Եղաք լոյս ինծի՝ երբ սէրերն անցան,

Մարեցան մէկ­մէկ ճըրագներն ոսկի,

Արձագանգեց ձեր յիշատակն յուզիչ,

Բանտ նետուած քաջեր եւ հերոս քոյրեր,

Աւելի դժբախտ, բայց աւելի մեծ՝

Աշխարհի բոլոր բանտարկեալներէն

Եւ ըմբոստներէն գնդակահարուած։

 

Արձագանգեց ձեր խօլ ճիչը ահի

Կիներ, տղաներ՝ որ հըրէշն առջին ձըգած կը տանէր,

Աւելի թշուառ, բայց աւելի մեծ՝

Քան երկրէ երկիր, դժոխքէ դժոխք

Նետուած ամբոխներն, զոհերն աշխարհին։

……………………………………………………

Թրթըռաց հոգիս յանկարծ լայնաբաց առագաստի պէս,

Ու ճարճատեցան զիս անձիս կապող գերութեան կապերն,

Երբ հասկըցայ ձեզ՝ օ՜ նըւիրեալներ։

Սիրտըս սիրտ ըրիք, դառնութիւնը՝ խանդ,

Բարձրացայ ցեղիս բաց ծովերն ի վեր,

Լքելով օտար քարափն՝ ուր վիշտ մ’էր ուրախութիւնս իսկ։

Եւ գտայ ես զիս, եւ գտայ ես զիս, ու լացի խինդէս։

 

Սուգ է եւ մեծ տօն,

Կսկիծ է եւ յոյս՝ յիշատակը ձեր,

Խոց եւ սփոփանք՝

Վիշտ է եւ ուխտ,

Անըսպառ կըրակ՝ եւ անըսպառ լոյս։

 

Տըւիք եւ անցաք, կու տանք նաեւ մենք,

Կու տանք եւ կ’անցնինք։

Յաւերժութիւնն է, օ՜ նահատակներ։

Արծիւ մըն է ան, արծի՜ւ եւ ո՛չ անգղ։

Ծարաւն է վայրագ։

Բայց փառք իր այդ մեծ, անհուն ծարաւին։

Մահ կամ մեծութիւն [1] ։



[1] « Ցաւ է ու բերկրանք »ը կու գայ « Նաիրի » ամսագրի Մայիս 1949ի թիւէն, ուր տպագրական ներկայացումը կտորը բացայայտորէն կը կապէ ապրիլեան խորհուրդին: 1951ին Փարիզի « Յառաջ »ին մէջ լոյս տեսած` քերթուածը տողով մը կը տարբերի բնօրինակէն: