ՀՈՆ…
Աշուն
էր։
Դեռ
ծառերուն
Կը
դողային
մընացորդ
քանի
մը
խեղճ
տերեւներ
Եղնիկի
գոյն։
Անձկութեամբ,
նապաստակի
քիթերու
Պէս
հովին
դէմ,
անընդհատ՝
կը
դողային։
Կը
լսուէր
Բզզիւն
մը
բիւր
լարերու,
ժխոր
մը
մերթ
կառքերու
Փողահարման,
թաւալման։
Կարծէք
անվերջ՝
կարապներ
կը
թռչէին,
կ’իյնային։
Զառիթափէ
մը
ոսկի՝
մեռելակառքը
կ’իջնէր
Ցնցըւելով։
Քարերէն,
անիւներէն
թաւալող
Կու
գար
տըխուր
արձագանգն
ետին
ձգած
անցեալին։
Կը
քալէինք.
քահանան՝
իր
սեւ
փակեղը
գլխուն,
Կին
մը,
քանի
մ’ընկերներ։
Պատերազմի
հըրավառ
գիշերներու
շարժերէն
Պայթած
տունի
մը
քովէն,
պատէ
մը
բարձըր
կ’իյնար
Մեր
վըրայ
լոյս
մը
կարմիր,
յուշերու
պէս։
Կը
սուրար
Կառաշար
մը
կամուրջին
վըրայէն
մեծ
փողոցին,
Կը
փայլէին
արցունքներ
կընոջ
քողին
ետեւ
սեւ։
Կամուրջին
տակ՝
երգերու
վաճառական
մ’երգչուհի՝
Կ’երգէր
լքուած
սէր
մը
դառն՝
որպէս
անուշ
յիշատակ։
Աքորտէոն
մը
տրտում
կ’ընկերակցէր
մերթ
անոր՝
Ալիքալիք՝
ողբերով
անդրաշխարհիկ։
Երկաթներ
Վերցընող
մարդ
մը
իր
յաղթ
բազուկներով
կը
սոնքար։
Կ’անցնէինք
մերկ
կիներու
նկարներու
առջեւէն։
Ու
իրաններն
էին
պերճ։
Եւ
մեծ
էր
սէրս
իրանի։
Կը
դիտէին
պանդոկի
մ’առջեւ
կեցած
պոռնիկներ
Մեզ։
Անոնցմէ
մէկն
անբան՝
կը
ծիծաղէր
փակեղին։
Մէկը
խըրէր
զայն
իր
մէջ,
աչքերն
իր
դուրս
իյնային։
Կը
տանէինք
մենք
հողին
երիտասարդ
մը՝
ինկած
Աւազակին
գնդակէն,
Իր
կրպակին
մէջ՝
ուր
ան
կը
շահէր
հաց
մը
լոկ
դառն։
Պիտի
ապրէր
ան
անշուշտ
դեռ,
եթէ
զինք
ընդունէր
Հայրենիքն՝
իր
բազուկներն
ու
սիրտն
անոր
պիտի
տար։
Երեք
անգամ
ան
դիմեց,
նոյն
բանն
ըսին
միշտ
իրեն.
«Պետութիւն
չենք
ամենայն
Հայոց»։
Եկաւ,
հիասթափ
Իմ
մօտըս
օր
մը,
յուզուած՝
Հայրենի
սէր
ու
կարօտ՝
իր
ձայնին
մէջ
տակաւին,
Պատասխանէն
վերջ
այդ
չոր։
Ցաւ
էր։
Անոր
հետ
նաեւ
մեր
պատմութիւնն
էր
ամբողջ
Որ
կը
քալէր
առջեւէս։
Կը
հնչէին
սմբակներն
յամրընթաց
սեւ
ձիերուն։
Հոգեր
գործի,
ինքնութեան
թուղթի,
վախեր
վըտարման,
Պատերազմի
տարիներ…
Կը
հնչէին
սմբակներն՝
Անհետացած
աշխարհէն
եկող
անյայտ
պատգամներ։
Ու
կու
տար
դող
մը՝
յիմար
ուրախութիւնն
անցեալին,
Կարծէք
թէ
մեղք
մ’ըլլային
մեր
գիշերները
պարի։
Ապրած
էի
կարծէք
ես,
որպէսզի
զիս
ճանչնայի,
Ամըչնայի՝
տեսնելով
թշուառութիւնն
իմ
ամբողջ։
Ի՛նչ
մընաց՝
ի՜նչ,
կ’ըսէի,
տարիներէն
սըրարշաւ,
Աչքերս
յառած՝
ցնցըւող
դագաղին
մէջ
իր
վերջին
Ճամբորդութիւնը
ընող
մեր
ընկերոջ,
որ
կ’իջնէր
Պաղ,
ամայի
անհունին
եւ
լըռութեան
մէջ
մահուան։
Ամէն
սմբակ
ուղեղիս
տրուած
հարուած
մ’էր
քարի։
Կը
խորհէի,
թէ
այսպէս,
այս
ոստանին
մէջ
օտար՝
Մենք՝
մէկ
առ
մէկ
ցեղ
մ’ամբողջ,
հայրենաբաղձ,
դառնացած՝
Պիտի
հողին
յանձնէինք։
Ոստանն
ինծի
կ’երեւար
խորշ
մ’ընդծովեայ
հրէշներու։
Եւ
այդ
հրէշներն
էին
խեղճ՝
այդ
ծովուն
մէջ,
որ
զիրենք
Կը
կախարդէր,
կ’օրօրէր,
կը
խորտակէր,
կը
նետէր։
Այդ
ծովն
էր
սէր
սեռային,
երկնային
սէր
եւ
պատրանք
Հերոսութեան,
մեծութեան,
կ’այլափոխուէր
շարունակ։
Ու
կ’ըսէի՝
մենք
իսպառ
կորսըւած
ենք
այս
օտար
Աշխարհին
մէջ,
վերջացած
Էր
նաեւ
մեր
աւերակ
աշխարհն
անդին՝
հայրենի։
Տասը
դարեր
պէտք
են
որ
ան
վերըստին
գտնէ
իր
Կենդանութիւնն
երբեմնի։
Կը
քալէինք,
անցորդին
մէկը
կեցած՝
կը
խօսէր
Կողքին
մարդուն
գլխիկոր։
Պէտք
է
ապրիլ,
կ’ըսէր
ան,
այս
է
վախճանը,
ապրիլ,
Չմըտածել,
յագենալ
եւ
վայելել
կարելին։
Բայց
յոգնութիւն
մը
կը
զգար
սիրտս
այդ
խօսքին
մէջ
անփոյթ։
Կ’ատէր
ամէն
յոգնութիւն։
Կրնայի
ես
ալ
ապրիլ։
Եւ
այս
ոստանն՝
հակառակ
այդ
բոլորին՝
ինձ
կու
տար
Բարիքներ
մերթ,
եւ
սընունդ
մտքի,
սրտի։
Գեղեցիկ,
Ազնըւական
էր
նոյնքան,
կեդրոնն
ամբողջ
աշխարհի։
Կը
սիրէի
մերթ
շրջիլ
գըռիհներուն
մէջ,
յիշել
Ընթերցումներ
մանկութեան,
նստիլ
Սէնի
ափին
մերթ,
Դիտել
ջուրերը
հոսող,
վառուող
լոյսերը
հեռուն,
Կամ
մշուշին
մէջ
սուզուիլ,
ըլլալ
հոգի
մ’անմարմին,
Քալե՛լ,
քալե՛լ
գերբնական
փողոցներէ
սրբացած։
Կը
սիրեմ
մերթ
եռուզեռն
առեւտրական
թաղերուն,
Ցուցափեղկերը
դիտել,
մտնել
տաճար
մը
թափուր,
Նայիլ
լոյսին՝
որ
կ’իջնէ
պատուհանէն
գունաւոր,
Կամ
արեւին
իրիկուան՝
պաստեղին
պէս
մեր
անուշ՝
Տանիքներէն
կախուած,
կամ՝
փողերու
պէս
պղինձէ
Ապակիներն
ի
վեր
բիւր՝
գեղեցկութիւն
շեփորող։
Քալե՛լ,
քալե՜լ,
նայելով
հեծելանիւը
քըշող
Աղջիկ
մը
մերկ
բումբերով,
ծիծառի
պէս
սըրարշաւ։
Եւ
բազմութեան
մէջ՝
որուն
ես
զիս
կը
զգամ
մտերիմ՝
Գտնել
ազատ
հայրենիք
մ’անհայրենիք
հոգիիս։
Կրնայի
ես
ալ
ապրիլ,
բայց
այդ
ապրիլն
էր
յիմար,
Անփութութեամբ
տանելի։
Մեռելակառքը
կ’երթար
ցնցըւելով,
ցնցելով
Դագաղ
ու
փունջ։
Եւ
կ’երթայի
ես
կարծէք
Արարիչին,
որմէ
զատ
Ոչ
ոք
կրնար
ըմբռնել
այլեւըս
զիս։
Կ’ուզէի,
Որ
ան
ըլլար
եւ
լսէր.
ըսելիքներս
էին
շատ,
Եւ
ոչ
ոքի
ըսուած
դեռ։
Լքած
էի
կեանքն
ի
վեր,
ճամբուս
վըրայ
իմ
դժբախտ՝
Ոխ,
չարութիւն,
սոնքացում
դնդերներու
եւ
մտքի,
Եւ
մանկացած
էի
ես,
միշտ
բարութեան
դիմելով,
Եւ
հեգնըւած
իբրեւ
թոյլ։
Հասած
էի
քիչ
առ
քիչ
ըմբռնելու՝
թէ
միայն
Կրօնքն
է
որ
կը
մընայ
ամէն
բանէ
աւելի
Վեր,
նոր,
մեզի
ըսփոփանք
եւ
զօրութիւն
պարգեւող,
Եւ
գթալով
աշխարհին
ես
կրնայի
մոռնալ
զիս,
Արուեստն՝
որ
սին
կը
թըւէր
այլեւս
ինծի,
սին՝
նաեւ
Գովեստն
ու
սէրը
մարդոց։
Ես
կ’երթայի,
եւ
սակայն
ճամբաս
անվերջ
կ’երկարէր։
Դագաղն
յանկարծ՝
ցնցըւած՝
պիտի
բացուէր,
կարծեցի։
Լսեցի
ձայնն
ընկերոջս՝
նոյն
բառերովն
այն
օրուան.
-Պէտք
է
որ
մենք
նայինք
հոն՝
Ուր
կէսը
մեր
կը
մըղէ
պայքարներուն
էն
հսկան,
Ճարտարութեամբ
մը
ճըկուն,
որ
չունեցանք
տասը
դար։
Տասը
դարեր
տքնեցանք
եւ
չկրցանք
մենք
ոտքի
Կենալ,
տալ
ջուր
մը
անգամ
հողերն
հերկող
գեղջուկին։
Անթիւ
գիւղեր
թրքացան,
ամայացան
ուրիշներ՝
Պանդխտութեան
աւերէն։
Մենք
չկրցանք
ըմբռնել
ջարդերէն
վերջ
անդադար՝
Թէ
կեանքը
խաղ
մըն
էր
նենգ
եւ
շընութիւն
մըն
էր
պէտք
Հերոսութեան
հետ
նաեւ։
Եւ
չկրցանք
ըմբռնել
այդ
շընութիւնը
մենք
դեռ
Ջարդարարին,
ինչպէս
եւ
քաղաքակիրթ
աշխարհին։
«Պէտք
է
որ
մենք
նայինք
հոն։
Ի՜նչ
փոյթ՝
թէ
վատ
կը
կոչէ,
կամ
մեր
այդ
կէսը
մեզի
Թշնամութեամբ
կը
նայի,
Եւ
կը
մերժէ
մեզ
ճանչնալ
իբրեւ
եղբայր,
իբրեւ
հայ։
Եղբայրութիւն
մը
կայ
այդ
ուրացման
մէջ
ակամայ,
Կայ
գուրգուրանք
մը
նոյնիսկ
թաքուն
ու
լուռ,
արիւնոտ…
Ի՜նչ
փոյթ՝
թէ
մեզ
կը
լըքէ։
Պայքարներուն
էն
հսկան
Պէտք
է
տանինք
նաեւ
մենք,
այդ
լքումին
մէջ
անգամ։
Մենք
մէկ
ենք,
նոյն
երազին
կը
բարձրանանք.
կը
կըրենք
Մեր
սրտին
մէջ
նոյն
ոգին,
կը
տառապինք
նոյն
ցաւէն։
Ի՜նչ
փոյթ՝
թէ
մենք
կ’արիւնինք,
Ան
չ’ա՞րիւնիր
միթէ
հոն,
Երբ
զրկանքով՝
կը
բանայ
ջըրանցք
եւ
կեանք
կը
կերտէ,
Կու
տայ
զոհեր
ամէն
օր,
տալէ
յետոյ
բանակներ
Զոհ՝
պայքարի
մը,
որ
ան
հայրենական
ալ
կոչեց։
Եւ
տակաւին
քիչ
է
մեր
այդ
տառապանքը
մեզի։
Մենք
չկրցանք
դեռ
անցնիլ
լացէն
անդին,
մեծութեան
Եւ
կարծրութեան
երկաթի։
«Ազատութիւն
մը
կու
գայ
գերութենէն
անդին
մեր.
Կարծիքներուն
եւ
իրար
Յաւէտ
հերքող,
փոփոխուող
ճշմարտութեանց
ետին
կայ
Մեր
ժողովուրդը՝
որպէս
ճշմարտութիւն
գերազանց
Եւ
տեւական։
Իրարու
Կը
միանան
անպատճառ՝
օր
մը՝
երկու
կէսերն
այդ։
Կը
միացնեն
իրարու՝
օտարութեան
մէջ
ցաւով
Հաւաքուած
մեր
բիւրեղներն
ու
բիւրեղները
անոնց»։
Ժողովուրդի
զաւակ
մ’էր,
երեք
անգամ
մերժըւած՝
Հայրենիքէն,
տապալած
օտար
գողին
գնդակէն։
Կորուստն
իր
զիս
կը
վառէր
հրափուշի
մը
նըման
Եւ
այդ
հուրէն
եկող
իր
ձայնն
ականջիս
կը
հնչէր
Պատերազմի
դառնալուր
սիրեններէն
աւելի։
Կը
քալէինք,
քահանան
իր
սեւ
փակեղը
գլխուն
Կին
մը,
քանի
մ’ընկերներ։
Տանիքներէն
վար
կախուած,
փռուած
արեւը
աշնան
Վերջալոյսին
կը
թըւէր
ինծի
հրդեհ
մը
հսկայ,
Դիւցազնական։
Կը
լսուէր
Բզզիւն
մը
բիւր
լարերու,
ժըխոր
մը
մերթ
կառքերու,
Կարծէք
անվերջ՝
արծիւներ
կը
թռչէին
դէպի
լոյս։
Կը
հնչէին
սմբակներն
յամրընթաց
սեւ
ձիերուն.
Մրճահարում
մ’էր
կարծէք՝
հայրենիքէն
մինչեւ
հոս։
Կը
ցցուէին
խոյակներ
եւ
կոթողներ,
գմբէթներ,
Կը
յորդէին
աղբիւրներ։
Կարծէք
ցուլեր՝
խենթացած
բեղմնաւորման
արբունքէն՝
Կը
զարնէին
քարերուն
սեւ
եղջիւրները
իրենց.
Եւ
ոգի
մը՝
պրկըւած՝
կը
մխրճուէր
իգացած,
Պոռնըկացած
սրտերուն
մէջ,
կը
ցնցէր,
կը
ցնցէր
[1]
…
[1]
«
Հոն
».
-
Քաղուած
«
Նաիրի
»ի
Յուլիս
1949ի
թիւէն: