Միջերկրական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կ’ԱՅՐԻՄ

Այրիլն անուշ է, կ’այրիմ ու կը քալեմ շարունակ։

 

Կամուրջն, առուն հրաշախօս եւ տանձենին՝ վեհափառ

Կաթողիկոս, քար ու պատ կը փոխուէին դեւերու՝

Երբ կ’իջնէր մութն ու կատուն մացառներուն մէջ կ’ողբար։

Բայց քաղցրութիւն մը կար միշտ վախի այդ պաղ պահերուն։

Մարմարներու քարայր մ’էր ծովը՝ լուսնին տակ, ճերմակ։

Կը շրջէին հրեշտակներ՝ խաղաղութեան մէջ, հեռուն։

 

Աշխարհն երկու էր, երկու իմ մանկութիւնս էր նոյնպէս։

Ունէի մութ խըռովքներ, մերթ կամք մը չար, մերթ բարի,

Քաջ երազներ եւ խինդեր՝ յոյզերէն վերջ անմեկին։

Ճակտիս ետին կը վառէր միշտ աստղ մը, զիս կը տանէր

Գիսաւորի առաջնորդ մագնիսական լոյսերով։

 

Հողն էր օտար ու պզտիկ։ Այրեցի զայն, հեռացայ։

Եւ աստուածներն երազուած կ’իյնային վար երկինքէն՝

Բոցերուն հետ ռումբերուն՝ որ կ’ուզէին կերտել նոր

Կեանք մը. աշուն էր աղուոր։ Ես՝ դեռ տըղայ՝ կ’երթայի

Քաղքէ քաղաք, պառկելով ստուերներու հետ քաղցած,

Աչքերուս մէջ աւերներ եւ դիակներ, պատկերներ

Կողոպուտի ու լոյսեր ճակտիս ետին բոցավառ,

Մինչ կը դողար, կը դողար սիրտս իմ մահէն ու կեանքէն։

 

Ամէն մարդ իր կրակն ունի ճամբուն վըրայ տենչերուն։

Ու տխուր են մարդիկ միշտ ուրախութեան մէջ անգամ։

Բայց ցաւն անհուն է անոր՝ որ կը քալէ դէպի լոյս։

Խաղաղութիւնն է անհաս, պէտք է քալել շարունակ։

Այդ ցաւն է քաղցր ու կախարդ, հրկիզելով կ’անուշնայ։

Գիշեր մը զիս երկինքէն անցնող կըռունկն արթնցուց։

Ան ձայն կու տար մութին մէջ՝ կըռունկներուն հետեւող։

Եւ կարծեցի, թէ սիրտս էր որ կը խօսէր աշխարհին։

Բայց ճերմկցան հովերէն մազերս ու դեռ չկրցայ

Մեր խաւարին մէջ՝ տալ ձայնն այդ քաղցրահունչ ու արի։

 

Այրիլն անուշ է, կ’այրիս եւ կը կարծես հասնիլ միշտ՝

Պատանեկան օրերու ցընորքներով, որ կ’ըլլան՝

Տարիներուն տակ եկող՝ մէյմէկ խորունկ անդունդներ։

Եւ կը յուսաս ըլլալ լոյս՝ մեծ քաղաքին լոյսերով,

Վառ տռփանքովն ու սէրով, որ աւելի, աւելի

Կը հրկիզեն, կ’անուշնան, որքան քալել դուն սորվիս։

Ես մեծ խանդով մըտայ ներս այդ քաղաքէն, անոր մէջ,

Յաւերժութեան մէջ կընոջ պահ մը մոռցայ ապագաս։

Եւ խենթութիւն էր միայն, պար, խօլ խինդեր, յաւակնոտ

Սոնքացումներ առաջին։

 

Բայց կը մեծնայ հուրն յանկարծ։

Կ’այրէ քեզ կինն՝ այս անգամ իր չարութեամբ, թշնամի՝

Մարմնոյդ, հոգւոյդ եւ լոյսիդ։

Կը տառապիս անկումէն քու եւ անոր, չես ճանչնար

Հրեշտակն. ինչպէ՞ս փոխուեցաւ, առաւ թաթեր յովազի։

Կը թափառիս իր հոգւոյն աւազներուն մէջ՝ մոլար՝

Կ’երթաս անոր, ան վըսեմ միշտ՝ իր ծիծերն ովասիս։

Եւ ծարաւէն վերջ ահա, խօսքերէն վերջ իր կիզիչ,

Կըրակէն վերջ նախանձիդ, կիրքիդ, լացիդ եւ ընդմիշտ

Իրանէդ դուրս սահող իր միսերէն վերջ, կը ծընիս։

 

Օտարութեամբ կ’այրիս դեռ։ Նախանձ մըն է, դառնութիւն։

Կը ցայտէ օր մ’ազգային հպարտութիւնդ յանկարծ վեր։

Լեռներէն վեր կը տանիս նահատակները ցեղիդ։

Ու դուն կ’այրիս, երբ կ’ատես աշխարհն օտար, երբ նոճին

Կը պատմէ ցաւը մարդոց եւ պաստեղներ կը կախուին

Իր ճիւղերէն։ Արեւին

Ներքեւ՝ բարի ի՜նչ կամքեր անգըթութեան կը բախին։

Ի՜նչ զրկանքներ կան, ցաւեր, նըւիրումներ առնական՝

Հոն, ոստանին մէջ հսկայ՝ ուր կը գողնան, կը սպաննեն,

Կուսութիւններ կ’աղարտին՝ երջանկութեան խոստումով։

Ի՜նչ վիժումներ՝ լուսնին տակ՝ տըխուր, նըման մերթ սաղմի։

Կ’այրիս, կ’այրիս, կը ծընիս։

 

Այրիլն անուշ է, կ’այրիմ ու կը քալեմ շարունակ։

Ու քալելով շարունակ՝ կ’աճի այդ հուրը կախարդ։

Ան կը սկըսի ցընորքով եւ կը դառնայ գերութիւն,

Գերութեան մէջ՝ քաղցրութիւն, իշխանութիւն սրտերու։

 

Ան կ’այրէ զիս, կ’աւելնայ տռփանքին պէս հըրավառ՝

Երբ կ’ընկըրկիմ՝ հաւասար չգտնելով զիս կամքիս։

Ճանչնալով զիս՝ կ’անիծեմ մայրըս բարի, կը քալեմ

Կրկներեւոյթ լոյսերուն անապատէն ամայի։

 

Եւ այդ կամքին մէջն եմ ես, կ’առնեմ կրկին յոյս, կորով։

Կը գրկեմ զայն, այդ հոգիս՝ իրմէ խոցուած ձեռքերով,

Գինով՝ ծուխէն, կը դառնամ յաւերժասոյզ, իրատես

Գուշակ՝ եւ զիս իմ անձէս, ողնայարէս դուրս նետող

Սէր, կիրք, երկինքն հրկիզող ժայթք, հրաբուխ, ծիրկաթին։

Օ՜ ըստեղծման, յղացման այս ժամն՝ երբ սիրտ ու մարմին

Կը պարպըւին։ Կը հոսի դող մը անուշ՝ պրկըւած,

Խոնջ ջիղերէն հըրակէզ ու գոհացում մ’հեշտագին։

 

Ես օրհնեցի այդ կըրակն, անցեալ մեղքերն ու բոլոր

Օրերն անգութ, ծանր ու դառն ու վըտանգներն արտակարգ,

Որ բացին միտք, սիրտ, ներքին վատութիւններ քանդեցին,

Բացին աշխարհը առջիս։

Ես սիրեցի մեքենան՝ որուն առջեւ կ’անցնիմ միշտ,

Եւ Բեգասի պայտերուն երազային տրոփին տեղ՝

Կը լսեմ սեւ բախումներն երկաթներուն, փոկերուն։

Օտարութեան բարեբեր դառնութիւններն օրհնեցի։

Մահուան ըստուերն իմ սրտիս եւ իմ մտքիս մահաբաղձ

Եղաւ երկաթ մը հրաշէկ՝ վէրքեր գոցող։ Օրհնեցի։

Բուժարանին մէջ, առտուն, խաւարէն դուրս գալով՝ ես

Հիացումով նայեցայ արշալոյսին, ծառերուն,

Նոր կեանք առած մարդու պէս։ Եւ հոգերուն մեր, գըձուձ

Առօրեային ետին ես տեսայ աշխարհ մը մաքուր։

Ամէն տանիք՝ ձիւնին տակ՝ կաղանդի ծառ էր, խորան։

Ու մանկութիւն մը տեսայ կարծիքներուն, կիրքերուն

Ետին։ Գիշերն՝ արագիլ մ’էր լուսընկան. խորհեցայ

Մինակութեան, մանկութեան, կարօտներուն իմ ցեղիս։

 

Այրիլն անուշ է դեռ՝ երբ չեն սիրեր քեզ։ Այդ զրկանքն

Ու հալածանքը ոմանց

Կը վերածեն քեզ հալած մետաղներու հեղեղի։

Դըժոխք մըն ես մութին մէջ՝ մինչեւ թռչունը երգէ։

Զզուանք, զղջում՝ զուր վատնած կեանքիդ համար, փայլակներ

Վըհատութեան։ Բայց, ահա լուսաբացէն առաջ դուն՝

Ոտքի՝ կրկին կը հնձես։ Օ՜ հունձքն, օ՜ հունձքն հըրեղէն։

Ու չես վախնար քու սերմերդ ուտող թշուառ ճնճղուկէն։

Կ’ըլլաս անփոյթ՝ դուն նման սուրբին աղքատ ու մինակ,

Հըրաժարած աշխարհէն։

 

Կ’այրին մատներըդ կրկին։

Հրթիռ մըն են, կը խորհիս օր մը, սէրերն, ինչպէս եւ

Գութը՝ որ մենք կը կարծենք ունենալ, յոյսը, հրթիռ՝

Մեր մատեաններն, ինչպէս եւ

Այդ հունձքդ ոսկի։ Կը բացուին՝ լուսաճաճանչ, կը մարին

Խաւարն ի վար։ Կը հալին մեր տարիները։ Հրթիռ՝

Գաղափարները բոլոր՝ որ գոյն ու ձեւ կը փոխեն,

Բառերն՝ որ միշտ կը սահին ալիքի պէս, կը սըտեն,

Կ’անհետանան մութին մէջ։ Կ’անէանանք նաեւ մենք։

Գեղեցկութիւնն է, կ’ըսես, լոկ հըրախաղ մը եւ խաղ

Կը տեսնես դուն մարդասպան հուրերուն մէջ ռազմական,

Որ գեղեցիկ են նոյնպէս՝ երազային գոյներով։

Ժողովուրդներ՝ միշտ խաբուած, միշտ գայլերու պէս կ’ելլեն

Իրարու դէմ։ Եւ այսպէս, գաղափարին ներքեւ սին՝

Գեղեցկացած սուտերով, ոճիրներով կը գրուին

Պատմութիւններ, քերթուածներ։

Ու գըլուխներ կ’իյնան վար, ժողովուրդներ կ’անհետին։

 

Գաղափարներն են, կ’ըսես, եղբայրասպան, պառակտիչ՝

Ցեղիդ համար, մոլորած՝ արդէն օտար օձերէն։

Ու կեանքը ցեխ մ’է շըքեղ սանի մը մէջ բիւրեղէ։

 

Բայց ցեխն այդ սեւ թթխմորն է բարձրացման եւ անով

Մարդիկ դիրքի կը հասնին, ժողովուրդներն՝ յաղթութեան,

Կը լուծուին սուրբ վըրէժներ եւ կ’արձակուին մերթ անկեղծ

Ձայներ. արուեստ, գիտութիւն արարչութիւն կը դառնան։

Կը վարանիս։ Փակ՝ ահա,

Փակ կը գտնես քու առջիդ ամէն ճամբայ եւ խորան։

Կ’այրիս, կ’այրիս, կը վառիս։ Անկեղծութեան կը հասնիս։

Տըւած ես կեանք մը ամբողջ, կը զգաս, սուտին, պարապին։

Ու կը վախնաս ամլացման քամիներէն դառնաշունչ։

Եւ կը քալես, չուզելով թըւիլ պարտուած մը կեանքէն,

Երբ՝ պատրանքներդ ընկղմած՝ ոչնչութիւն կը տեսնես։

 

Տըռամ մըն է անմեկին, այրիլ մ’է, բայց կը քալես։

Քերթող մըն ես՝ որ չունիս քեզ կարդացող ժողովուրդ։

Եղածն է խեղճ, ցիր ու ցան եւ վըհատիչ։ Կը քալես։

Կարծես թէ մէկը ուսիդ ահաւոր պարտք մ’է դըրած։

Ու ցեխն այդ դեղ մ’է կարծես՝ ցեղիդ համար եւ քեզի։

Ափերուդ մէջ կ’առնես զայն եւ ան կ’այրէ քեզ, կ’այրէ։

Ճակատագիր մ’է որուն թելերն ի զուր կը փնտռես։

Խաբուիլ մըն է եւ սակայն՝ գեղեցկութիւն մը նոյնպէս։

 

Այրիլն անուշ է, կ’այրիմ ու կը քալեմ շարունակ։

Արդար սերմեր ցանեցի, բուսան փուշեր, եղիճներ,

Եղիճ ու փուշ քաղցրացան։

Ես խանդ տըւի, տխրեցայ։ Բառերս իմ բոց եղան, զիս

Այրեցին՝ երբ զանոնք պերճ գտան մարդիկ եւ անկեղծ։

Զգայնութիւնն էր յաճախ տկարութիւն մեղաւոր,

Տկարութիւնն էր սակայն արգասաբեր զօրութիւն։

Կան կեանքեր՝ որ կը սահին մեղրի վըրայ։ Ես չինկայ

Անփութութեան մէջ՝ ի շահ երջանկութեան անըզգաստ։

Իմ նաւս ունէր ցըռուկին դէմ սոսինձներ հըրակէզ։

Սիրեցի զիս հալածող հուր ու կասկած, եւ հասայ

Ազատութեան մը՝ բոլոր կարծիքներէն անդին սին,

Եւ գերութեան մէջ ինկայ։

Վիթխարի սէր մ’էր անձի եւ հրկիզում նոխազի։

Ես օրհնեցի մատեաններն, մարդերն, այրիլս օրհնեցի,

Երբ փլցուցին անոնք զիս, կերտուած գըտայ իմ հոգիս։

Եւ կերտուիլն է վերըստին զոհուիլ մարդոց համար, տա՜լ

Հոգիդ ամբողջ։ Աշխատանք տարիներու ըսպառիչ։

Եւ տալն անուշ է, կ’այրիմ եւ հուրն անվերջ կը շատնայ։

 

Կը նըմանիմ անտառին՝ որ ինք կու տայ սընունդն իր

Մոխրացումին։ Կ’երթամ միշտ՝ հրդեհին պէս անտառին։

Յուզումս է հոյզ բռընկող։

Կ’այրիմ, կ’երթամ լըսելով սուլոցն օձին մխացող

Ու սեւ գայլերն ոռնացող,

Ճարճատիւններն հեռաւոր ոսկորներու նահատակ,

Տրտում կանչերն հողմավար կըռունկներու մեր, կ’երթամ

Ես՝ հուր՝ մաքրող, չարութիւն եւ դառնութիւն եւ աւազ

Լոյսի փոխող եւ խաւար ու թաւալող մըխացում։

Ես՝ տռփակէզ շարունակ եւ խենթ՝ գեղի իգական,

Անընդունակ՝ պատրալիր կիներու հետ քալելու,

Ես՝ անհանգիստ, ալեկոծ պարկեշտութիւն եւ զգոյշ՝

Ծովուն առջեւ ախտերուն, ուր հըրէշներ կը լողան,

Ես՝ թշնամի կեղծ ու սին վըսեմութեանց օսլայուած,

Բանուոր՝ պարզէն անջատուած՝ վերացական բարդութեամբ,

Ես՝ լացող մերթ ախտերէն եւ ալքոլէն, սէրերէն

Այրած կընոջ թաւ ձայնով երգին առջեւ սեռային,

Ու պաղ, անյոյզ՝ երգին դէմ մայրապետին, կամ լացին

Քերթողական գըթահայց։

Ես՝ խորապէս տառապող՝ մեր երգերուն, պարերուն

Ուրախութեան դէմ անցեալ, որ - դարերու տխրութիւն -

Սուզուեցաւ մեր արեան մէջ։

Ես՝ անմարմին մերթ՝ միայն թըրթըռացում անանուն,

Շարականին առջեւ մեր, երկնասըլաց ցանկութիւն,

Եւ՝ արմատուած ցեխին մէջ՝ հաշուեպահանջ նախատող։

Ես՝ ապերախտ՝ ուրացող ծընողք՝ ընկեր, բայց լիճերն

Ու ծով նետուած՝ բռնելու համար ձեռքէ մը սուզուող։

Ես՝ բարեմիտ եւ ոխի անընդունակ մեղկութիւն,

Հիացող զիս քանդողին, զինք անխընայ հալածող։

Թափօրներուն հետ քալող՝ ես՝ մոլեռանդ անձնուրաց,

Ապառաժէ ինքնութիւն, աշտարակէն նայող մարդ։

Ես՝ ժառանգորդ Վահագնի եւ այդ արեւն աշխարհէն

Պահանջող զոհ եւ բողոք, կամք նըւաճման, ընդվըզած,

Օտարութեան մէջ հասած եւ հասունցած հայութիւն,

Քաղաքացի աշխարհի, արմատախիլ, աներկիր։

Ես՝ հրձիգ ջահ՝ մեր ցրուած եղբայրներուն եւ անոնց

Խեղճութենէն մամռապատ՝

Միշտ յուսախաբ՝ կծկըւած եւ ցցուած վեր՝ զիս ճզմող

Քամիներէն՝ ընդվզած ու բոցեղէն նիզակներ

Արձակելով թաւալող ծուխերէն դուրս՝ կը քալեմ։

Եւ ես՝ երկու եմ դարձեալ եւ կեանքն երկու է յաւէտ։

Ես՝ միշտ ազգէս խոյս տալու երազներէն բռընկած,

Կապուած ցըմահ ես անոր անքակտելի կապերով։

Ես՝ աննըշան իմ ցեղիս տառապանքին, մեծութեան

Առջեւ դժբախտ, եւ կարօտ, երախտապարտ միշտ իրեն։

Ես՝ ազգային դատ ու վիշտ եւ ցաւ, ցասում դարաւոր,

Դատապարտուած՝ հըրեղէն հեղեղի պէս յորդելու,

Եւ այրելու մըտերիմ, անուշ սըրտեր, դարաւոր

Սրբութիւններ վառելու։

 

Աչքերուս դէմ կը ծըփայ խաղաղութիւն մը, կ’առնեմ

Նայուածք մը մերթ՝ գոհ, ուրախ։

Եւ սակայն դուրս կը սահին իսկոյն բոցեր իմ սրտէս։

Արուեստն է միշտ անկատար։ Ճերմակ, արդար, անսահման

Մարմարներու քարայրն է միշտ, ծովն է միշտ ցոլարձակ՝

Ուր կը շրջին հրեշտակներ, ադամանդներ կը լողան։

Բայց վիհն անհուն է անոր ներքեւ, պատրանքն է անհուն։

Խաղաղութիւնն է անհաս։

Ամէն օր նոր հուր մը կայ, նոր ըսելիք մը։ Կ’ուզես

Կապել հասկերըդ բոլոր՝ վերջալոյսէն առաջ, երբ

Խոնաւութիւնն իր արդէն ոսկորներուդ մէջ կը զգաս։

Եւ ըսելիքն անըսպառ է՝ անըսպառ փափաքով,

Կը ստիպէ քեզ՝ տալ, յորդիլ եւ շարունակ կ’աւելնաս։

Եւ չես կրնար դուն նայիլ գեղեցկութեան միմիայն,

Հայ ես, եւ մերթ կը դառնաս տգեղութեան՝ բարութեամբ,

Երախտագէտ աչքերով։

Շրջանակ մ’ես հըրեղէն՝ քու շուրջըդ դուն, կը քալես։

Եւ ոսկորները ճակտիդ կը ճարճատին, խոնջ ես մերթ,

Մերթ կարօտով կը նայիս վատնած կեանքիդ՝ որմէ բա՛ն

Չհասկըցար ու քայլերդ չունին ալ ուժն երբեմնի։

Կ’այրիս սակայն, միշտ կ’այրիս, ու կը քալես, կը մեծնաս

Եւ խոնարհիլ կ’երազես, դառնալ գորով, ըլլալ լոյս։

Եւ լոյսն այրիլ է միայն։

Այրիլն անուշ է, կ’երթամ, կ’այրիմ, կ’երթամ շարունակ։

Օ՜ հունձքն հուր է, զիս այրող օ՜ կեանքն անուշ, կինն անուշ,

Զիս հըրկիզող եւ լոյսեր նետել տուող հուրն անուշ [1] ։



[1] «Կ՚այրիմ». - «Նաիրի»ի Օգոստոս 1949ի թիւէն: