ՇԱՏՐՈՒԱՆՆԵՐ
Կը
բռընկին
հովին
դիմաց
Շատըրուաններն
ու
կը
մարին
Լուսարձակին
մէջ՝
կամարին
Տակ
ծառերուն։
Թեւերը
բաց՝
Թռչող
ձիեր,
որ
չեն
թռչիր։
Ծաղկող,
թափող
շուշան
ու
ծիռ։
Կը
ժայթքին
վեր՝
սուրբ
արբեցման
Խոյանք,
մարմար։
Կը
վիժին
վար,
Մոլար՝
մութին
մէջ
կը
ծըփան,
Վըհատութեան
ողբով
թշուառ։
Վիշապներու
երախներէն
Ցայտող
երեք
խիզախ
ակեր։
Սիրտս
առ
երկինք
կ’աղաղակէր,
Մեղքերն
էին
խըթան
իրեն։
Անձէս՝
խորշանք,
կեանքէն
խարդախ՝
Կը
բըխէին
կամք,
սէր
ու
տաղ։
Սէր,
խանդ
ու
տաղ՝
երազածին՝
Մեծցուցին
զիս,
քայքայեցին…
Շընորհներու
պէս
լուսահեր,
Փայլող,
պայթող
երեք
ջահեր։
Կ’ելլեն,
կ’աճին
մինչեւ
նրբին
Անգայտացում։
Ծուխեր
երեք։
Քողեր
բարակ,
շող,
շաղ
ու
մէգ։
Խօլ
պատրանքներ՝
որ
կը
թափին։
Երեք
սէրեր՝
որ
սուրբ
նարօտ
Չառին,
եղան
մէյմէկ
կարօտ,
Վէս
տեսիլներ
անհետացող,
Յարդգող,
հալող
բիւրեղ
ու
ցօղ,
Խայտանքներ
զուր…
երազավարս
Երեք
հարսներ՝
որ
չեղան
հարս։
Կը
սըլանան
ու
չեն
հասնիր,
Հողմագալար՝
կը
սարսըռան։
Փրթող
կոյզեր
լուսածորան։
Կ’ողբայ
ամէն
մէկն
անկումն
իր
Աւազանին
առասպելի
Պէս
ջուրին
մէջ
վառ,
ահռելի
Խորութեամբ
սին…
կը
ցնցըւին,
Կ’իյնան՝
ճանկեր
տալով
հովին,
Կ’անցնին
յոգնած
ու
սարսըռուն՝
Նման
մեռնող
կարապներուն։
Թախիծս
է
մեծ։
Անրջական
Հոսումին
մէջ՝
զանգեր
սուզուող,
Ալիքալիք
օղակուող
ոխ,
Երազանքներ՝
որ
ալ
չըկան…
Թախիծ
ու
մեծ
խինդ,
կը
ծըլին
Խիղբեր
միշտ
նոր,
միշտ
անցեալին
Զօրութեամբ
դառն։
Կը
թեւթափէ
Վըրաս
թռչուն
մը
սատափէ,
Ոգի
մը
սուրբ,
երկնասըլաց՝
Թօթափելով
խաւար
ու
լաց։
Անցեալս
է
քաղցր,
անըսպառ
ակ
Բերկրանքներու՝
որ
կը
հնչեն
Արծաթավէտ
ջուրին
մէջէն
Աւազանին։
Բիւրեղ
բարակ
Փողեր,
դողեր,
սէր,
կիրք
ու
հեծ՝
Ինչ
որ
հոգիս
վէժէն
պահեց,
Համբոյրներ
մերթ,
լըռող
կայթեր,
Քայլեր՝
որ
նոր
պիտի
գան
դեռ։
Կարօտս
է
խոր,
կորովս
է
մեծ՝
Երազէն
վերջ,
որ
զիս
խաբեց։
Ի՞նչպէս
ապրիլ
անձկութեան
մէջ,
Կասկածելով
վերէն,
վարէն՝
Անձէս
խըռով,
որ
կը
վարեն
Հըրեշտակներ
եւ
սընամէջ
Ոգիներ
չար,
Պայքարն
է
մեծ։
Կին
մը
իմ
սիրտս
առաւ,
պարպեց։
Արուեստն
եղաւ
ցնծում
ու
ցաւ։
Երկինքն
հոգւոյս
մէջ
վիժեցաւ։
Պէտք
էր
անոնց
դիմել
կրկին,
Հլու՝
հըրող
անյայտ
ձեռքին։
Երեք
հարսներ՝
որ
հարս
չեղան։
Անցեալս
ի
վեր
յորդող
յոյզեր։
Հաւատքս
իմ
վեր
միշտ
կը
հոսէր։
Հրճուանք
միսի
եւ
մտքի
խանդ։
Պերճութիւններ՝
որ
տգեղցած՝
Կը
շքեղնան,
վերելք
մը՝
ցած
Իյնալն
ըլլար
կարծէք։
Կ’աճի
Հոգիս
ընդմիշտ,
վախը
քաջի
Յանդգնութիւն,
հոսումն
ըլլար
Հասունութիւնն
յաղթերգող
լար…
Բերկրանքս
է
սուրբ։
Անցեալ
խինդեր՝
Որ
կը
մխան,
տենչեր
յիմար
Ու
յոյսեր
նոր։
Հպարտաբար
Բացուող
պորտեր
լուսադնդեր,
Թռչող
ծիծեր։
Սէրէն
վերջ
սին՝
Նոր
սէր
մը
միշտ՝
վերին
լոյսին,
Մեղուներու
վարմ,
դիւթական
Երեք
ուժեր՝
որ
կը
պոռթկան։
Հոգիս
կ’աճի
վախովն
իր
մեծ՝
Մահուան,
կեանքին՝
որ
զինք
պարպեց…
Հրճուանքն
այս
է,
ըսպասումն
այդ
Քըղանցքներուն՝
որ
կը
շրջին
Խաւարին
մէջ,
շուրջն
անուրջին.
Անմահութիւնն
այս
է՝
անյայտ
Ճամբան
անհուն
գալիքներուն,
Լոյսի
ծառերն
այդ
սարսըռուն՝
Որ
կը
ծնին
կը
բացուին
վառ
Աչքերով
բիւր,
կ’աղեղուին
վար,
Կը
նուաղին
որպէս
տեսիլ։
Խորհուրդն
այս
է
-
յորդիլ,
հոսիլ…
Կը
մագլցին
ու
կը
սպառին
Շատըրուաններն
արծաթահունչ,
Կազմըւող
խուրձ,
քայքայուող
փունջ։
Օրհնեալ
ըլլան
չարն
ու
բարին։
Կարօտ
մը
միշտ
վեր
կը
ժայթքի։
Տռփանք
միսի
ու
խանդ
մտքի։
Կը
մաքառի
միշտ
սէր
մը՝
վեր
Մետաղուելով,
մինչ
սէր
մ’աւեր
Կը
վիժի
վար,
միշտ
նոր
ու
վէս
Ու
անըսպառ՝
վեր
այդ
ցաւէն։
Սահմանին
մօտ
խորհուրդներուն,
Ծառերուն
քով
բազմաքանդակ,
Հըրէշներէն
ջուրերուն
տակ
Պոչերն
իրենց
նետած
հեռուն,
Երկնքին
դէմ
բացած
երախ,
Վիհէն
բըխող
երեք
խիզախ
Սրբութիւններ
-
ԱՐՈՒԵՍՏ
ու
ԿԻՆ,
ՀԱՒԱՏՔ,
միշտ
սին,
միշտ
թանկագին՝
Երեք
ուժեր
կախարդական,
Ադամանդներ՝
որ
կը
պոռթկան
[1]
…
[1]
«
Շատրուաններ
»
քերթուածը
վերցուած
է
«
Նաիրի
»
ամսագրի
Յուլիս
1948
թիւէն: