ԱՌԱՒՕՏ
Է
ՋԻՆՋ
Առաւօտ
է
ջինջ,
թէեւ
դեռ
պաղ,
Եւ
տխրութիւն
է,
լռին
տարածութիւն
ամայի։
Ծովէն
լքուած
թաց
աւազ
եւ
ժայռեր
թաց,
քարայրներ,
Ամբարտակներ,
քարափներ
եւ
սանդուխներ
ամայի,
Խրած,
ծռած
մակոյկներ
Նիզակներու
պէս
կայմեր
Նետուած
իրեր,
բեկորներ,
սեւ
ձիւթ,
կախուած
ուռկաններ,
Հետքեր՝
տիղմին
մէջ
քալած
եւ
կանգ
առած
քայլերու,
Եւ
հեռաւոր
բլուրներն
են
ամպի
պէս
տակաւին։
Խռովիչ
ձայնն
է
խուժող
եւ
մօտեցող
ջուրերուն,
Հնձում
կարծէք,
հրկիզում,
Եւ
խլրտում
աւազի
եւ
մռլտուք
խռովիչ,
Մինչ
ծովային
թռչուններ
վայրի
ճիչեր
կ’արձակեն,
Խուժան,
ժխոր
աւարի,
ափին
վրայ,
բարբանջանք,
Եւ
սարսռուն
կեանքերու
մահ
է՝
ագահ
կտուցներուն
մէջ
ոմանց։
Մակոյկներու
բաբախող
մեքենաներն
են
նման
Պողպատահունչ
քայլերու՝
Տարածութեան
մէջ՝
նման
մոռացման
լուռ,
ամայի։
Առաւօտ
է
սակայն
ջինջ։
Խաւարէն
ելած
երկինքն
է
մաքուր։
Ծովուն
ժայռերուն,
ծառերուն
կանաչ
եւ
տանիքներուն
Լոյս
տուող
ոսկի
լոյս
է,
բարութիւն։
Աւազ
ու
քար
կը
փայլին,
Եւ
կը
փայլին
սանդուխ,
պատ,
ապառաժներ
կը
փայլին։
Տխրութեան
մէջ
քաղցրութիւն,
խաղաղութիւն
է,
շնորհ։
Եւ
քաղաք
է
շքեղ,
մեծ
պարտէզ,
եւ
գիւղ
է
խաղաղ։
Այգեստաններ,
նոճիներ,
ծիծեռնակներ,
աքաղաղ,
Եւ
տեսիլ
է
հայրենի,
Եւ
կեանք
է
նոր,
սպասում։
Անծանօթէն
եկող
մեծ
ու
անսպառ
զօրութիւն
Ծովն
է
կանաչ,
մեղրի
գոյն,
կը
ծաւալի
դէպի
ափ,
Ժայթք
եւ
յորդում
լոյսերու,
բիւրեղներու
բռնկում։
Ծովն
է
վառեալ
մորենի,
լռութեան
մէջ
կը
խօսի։
Եւ
ալիքներ
կը
փայլին
ձեռքերու
պէս,
կը
խօսին։
Գեղեցկութիւն
հոգեկան
եւ
փայլակում
յոյսերու,
Եւ
ջուրերն
են
պրկուող
մկաններու
պէս
ուժեղ,
Եւ
միրգերու
եւ
փայլող
ողկոյզներու
պէս
աւշոտ։
Եւ
նժոյգներ
արշաւող
ալիքներն
են
հեռաւոր։
Տեսարանն
է
հմայիչ։
Ծովային
թարմ
հունձքերով
եկող
մակոյկն
է
վսեմ։
Ձկնորսն
է
վեհ,
կը
նետէ
մասն
աւելորդ,
սերմնացան։
Վսեմ
թռիչքն՝
հետեւող
թռչուններուն
վայրենի։
Ճիչերն
են
քաղցր
ու
յուզիչ,
Կանչ,
լաց
քաղցի,
պանդուխտին
սիրտն
յուզող
կանչ
կռունկի,
Եւ
աշխարհի
զրկուածներն
յիշեցնող
տխրութիւն,
Զրկանքներէն
մեր,
ցաւէն
բարձրացող
ճիչ,
դառնութիւն։
Թեւթափներն
են
վեհ,
նման
Կրակներէն
բարձրացող
փիւնիկներու
թեւթափին։
Ցռուկներուն
դէմ
բացուող,
սահող
ջուրերն
են
նման,
Եւ
փրփուրները
ճերմակ՝
որ
կը
ճօճուին
հրափայլ։
Տեսարանն
է
հմայիչ
յարութեան
պէս,
Եւ
անհամար
կեանքերու
ծնունդին
պէս,
եւ
շքեղ
Փառաւորեալ
Արեւելք,
Վառեալ,
յարեալ,
փառաւորեալ
հայրենիք։
Առաւօտ
է
ջինջ
եւ
ջինջ
յոյզեր
են
կրկին,
Մինչ
զօրութիւն
անխնայ
մենէ
կ’ուզէ
կեանքը
մեր,
Եւ
զայն
մեր
լոյսը
կ’ուզէ։
Խինդ,
խանդ
կրկին,
վերացում,
Վերյիշում՝
պերճ
այգերու՝
հայրենական
աշխարհի,
Կարօտ՝
երկրի
եւ
անվերջ
մեր
երեսին
զարնուած
Մեր
հայութեան,
ինքնութեան
ծաւալումն
է
այս
օտար
Ափին
վրայ
ամայի,
Խանդ,
խինդ
կրկին՝
երբեմնի
ուղեւորման
օրերու,
Եւ
ճիչերէն
առնուած
բերկրանքներու՝
նոր
կարօտ,
Կարօտ՝
դարձեալ
աշխարհին՝
սրտով,
յոյսով
նայելու։
Փայլող
ջուրերն
են
Դէպի
անհունն
արձակուած
մետաղներու
պէս
թռչուն,
Երկնասլաց,
հեռաւոր,
փայլող
ծառերն
են
նման։
Անծանօթէն
կը
խօսին
լռութեան
մէջ
առտուան։
Իրագործում՝
դարաւոր
երազներու
մարդկային,
Եւ
մոգական
աշխարհի
տեսիլ
է
մեծ,
գերբնական։
Արիութիւն
մարդկային,
-
Դժբախտութեան
մէջ
անվերջ՝
ուղեւորում
շարունակ։
Իմացական
մեծութիւն։
Տեսարանն
է
վեհափառ,
ողբերգութեան
նման
մեծ։
Եւ
մեծութիւն՝
անսահման՝
արարչական
կերտումի։
Առաւօտ
է
ջինջ
եւ
պահ
է
ջինջ
աղօթքի։
Լինելութիւն
է
դաժան։
Կան
բերկրանքներ։
Ուրախութիւն
արեւն
է,
Եւ
միրգերն
են
մարմնական
եւ
հոգեկան
բերկրութիւն։
Ուրախութիւն՝
այս
շքեղ
եւ
ծովային
քաղաքն
է։
Եղբայրական
գորովով
երկարող
ձեռքն
է
բերկրանք։
Ուրախութիւն
վերելքն
է
դէպի
վսեմ
բարութիւն։
Եւ
կան
երգեր
բերկրալիր։
Բայց
կեանքն
է
բիրտ,
ծովն
ահեղ,
Եւ
երազներն
են
յաճախ
սուրերու
պէս
փայլակող,
Դաժան՝
վառեալ
մորենին,
Եւ
աշխարհի
կերտումին
ձգտող
ուժերն
են
քանդող,
Եւ
ոչ
մէկ
ձեռք
իրապէս
եղբայրական,
ոչ
մէկ
սիրտ…
Եւ
երջանիկ
աշխարհի
երազն
է
զուր,
անվախճան
Ցաւն
է,
պայքարն
է
անվերջ,
Ուժեղ
ըլլալն
է
պահանջ,
ցաւով
քալելն
է
պահանջ,
Երջանկութիւն
չաղերսելն
է
զօրութիւն
հոգեկան։
Առաւօտ
է
սակայն
ջինջ
եւ
պահ
է
ջինջ
աղօթքի։
Կեանքին
հոգերն
են
պզտիկ,
Բարբանջանքներն
են
թշուառ՝
Լինելութեան
առջեւ
այս՝
աստուածային,
մարդկային։
Եւ
ակամայ
թէ
կամայ՝
փառաւորել
պէտք
է
մեր
Տուայտանքներն
ու
ցաւերն՝
իբրեւ
շնորհ
բեղմնաւոր։
Ծառայի
պէս
ծառայել՝
լինելութեան
այս
անհուն։
Ուրախանալ
խորհուրդին
զոհաբերուող՝
երբեմնի
Հոգիներուն
մեծութեամբ։
Առաւօտ
է
ջինջ
[1]
։
[1]
«
Առաւոտ
է
ջինջ
».
-
Լոյս
տեսած
է
«
Գրական
Ամսաթերթ
»ի
ա.
թիւին
մէջ
(1961):
Հեղինակային
երկու
սրբագրութիւն`
կտրոնի
վրայ:
Որոշ
թեմաներով
կը
յիշեցնէ
«
Միջերկրական
»ը,
նոյն
շրջանին
գրուած: