ԱՆՎՀԱՏԸ
Դժբախտներէն
աւելի
դժբախտ
է
ան,
որ`
գերին
Իր
կարօտին,
անըսպառ
Իր
կորովին՝
կը
քալէ
երբ
ուժերն
իր
կը
սպառին։
Դժբախտ՝
երբ
ան,
երթալով
դէպի
վըսեմն
ու
բարին,
Մօտենալով՝
խանդավառ
Սրտով՝
մարդոց,
ինքն
իր
մէջ
խորանալով,
խաւարին
Հասած՝
յանկարծ,
խոնջ,
խաբուած
կը
զգայ,
տարուած
վիհն
ի
վար,
Կեանքէ
մը
վերջ
բազմաջանք,
Թշուառութիւն
կը
տեսնէ
իր
շուրջ,
չարիք
եւ
սադրանք
Ու
կը
քալէ
տակաւին՝
նոր
վերելքի
մը
համար։
Դժբախտ՝
սակայն
բախտաւոր,
քանզի
հպարտ՝
կը
կենայ
Ոտքի
կրկին,
երբ
գետին
Կը
նետէ
զինք,
խորտակել
զինք
կ’ուզէ
թեւ
մ’անխընայ,
Եւ
յոյսն
է
լուծ,
խանդն
է
ցաւ
տըւող
ոգի
մը
մըթին,
Ոտքի՝
կրկին՝
մերժելով
յանձնել
ինքզինք
հոսանքին
Պարտեալ
մարդու
մը
նըման։
Քանզի
ան
լոյս
մը
կ’առնէ
խաւարէն
իր
վհատման
Եւ
կուտայ
լոյս՝
խաւարին,
երբ
կը
վառի
իր
հոգին։
Բարիք
կ’առնէ
չարիքէն։
Աչքերն
հեռուն
կը
տեսնեն
Ու
կը
նային
անհունին։
Ուրախութիւն
կ’առնէ,
ուժ՝
մաքառելով,
քալելով,
Երթալով
իր
երազին,
Եւ
քալելով՝
կը
մոռնայ
ցաւն,
ու
սրտէն
իր
խըռով՝
Քաղցրութիւններ
կը
հոսին
[1]
։
[1]
«
Անվհատ
»ը
լոյս
տեսած
է
«
Յուսաբեր
»
օրաթերթի
19
Մայիս
1956ի
թիւին
մէջ:
Կը
կրէ
տողաշարական
մէկ
վրէպի
սրբագրութիւն,
հեղինակին
ձեռքով,
կտրոնի
վրայ: